կարևոր
1432 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-09-05 13:08
Հասարակություն

Ժայռեր խորտակելու կամքով

Ժայռեր խորտակելու կամքով

Ինչ որ տեղի ունեցաւ 2 Սեպտեմբերին, հայկական աշխարհի տարածքին՝ աննախընթաց չէր, սակայն ունեցաւ նոր եւ ուժգին հնչեղութիւն, դէպի պայքարի ծովափ նետեց նոր ալիքներ: Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհի տարածքին շուրջ 30 քաղաքներու մէջ հայը ոտքի կանգնեցաւ եւ անգամ մը եւ յայտարարեց, որ՝

– Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ, չէ եղած ու պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ,
– Արցախը առանձին չէ իր պայքարին մէջ, այլ ամբողջ հայութիւնը կը կանգնի անոր կողքին, նոր թափ ստացող պայքարը պիտի շարունակուի եւ նոր տարածքներ պիտի գրավէ,
– Արցախը անբաժանելի մէկ մասնիկն է հայկական աշխարհին, իր պատմութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ, իր մշակոյթով ու ժառանգութիւններով,
– Արցախի տագնապը կարելի չէ դիտել սոսկ մարդկային ողբերգութեան մը պարունակին մէջ, որովհետեւ մինչեւ իսկ այդ դիտանկիւնէն, ողբերգութեանց արմատը է ու կը մնայ նոյնը՝ Արցախի ժողովուրդին ինքորոշման ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ԱՆՏԵՍՈՒՄԸ, ո՛վ որ ալ ըլլայ անտեսողը:
– Արցախի ինքնորոշման՝ Ազրպէյճանէն անկախ ըլլալուն փաստը, ապա, վախճանական հանգրուանին Հայաստանի վերամիանալու որոշումը անվիճելի են, անդառնալի: Այդպէ՛ս էր 32 տարի առաջ, երբ հաստատուեցաւ սեփական կամքի տնօրինման իրաւունքը, իբրեւ ուղղակի արդիւնք՝ 36 տարի առաջ ճամբայ ելած պայքարին՝ Արցախեան Շարժումին: ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔԸ ԳԵՐԱԿԱՅԷ միջազգային նուրիականացած այս կամ այն օրէնքին, դրութեան:

– Արցախը… Արցախը… Արցախո՛վ…

***
Հայաստանի եւ Արտերկրի մէջ հանրահաւաքներուն եւ ցոյցերուն մասնակցող հայորդիները գործնապէս պատգամներ ուղղեցին Երեւանի իշխանաւորներուն, թուրք-ազերիին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն վերոյիշեալ շրջագիծէն դուրս տեսնել Արցախի հարցին լուծումը: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը անգամ մը եւս ամրագրող ցուցարարները խորքին մէջ քաղաքական աքթ մը իրականացուցին (կրկնենք. ո՛չ առաջինը, ո՛չ ալ վերջինը), արցախցիին «ազատ կամքի բռնութիւն» պարտադրել փորձողներուն հասկցնելով, որ ո՛չ ոք իրաւունք ունի աչք փակելու Ազրպէյճանի ե՛ւ Թուրքիոյ երէկի ու շարունակուող ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒՆ վրայ, ոճիրներ՝ որոնք սկիզբ առած են ո՛չ միայն խորհրդային տարիներուն, այլ անկէ ալ առաջ:

Պատգամը նաեւ կ’ըսէ, որ ո՛չ ոք իրաւունք ունի իբրեւ հաւասարներ դիտելու հայկական եւ թուրք-ազերիական կողմերը եւ սպասել, որ լուծումը ճամբայ ելլէ «փոխադարձ զիջումներով»: Հայկական կողմը պաշտօնապէս ներկայացնող անճարակները քանի՜-քանի անգամ իջեցուցին նշաձողը, եւ սակայն, թշնամիին սադրանքներն ու օր-աւուր կրկնուող ոճիրները կանգ չառին, սահման չեն ճանչնար (Արցախի հեղձամահութիւն, կրակոց, ռմբակոծում, առեւանգումներ…): Քաղաքական այս աքթը իրականացնողները յիշեցուցին, որ պատմական իրականութիւնները չեն կրնար փոխուիլ ու խեղաթիւրուիլ կամայական կերպով, համաձայն այս կամ այն շահերուն, կայ գլխագիր ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, կան ժողովուրդներու ճանչցուած եւ միջազգային ընտանիքին ամրագրուած իրաւունքներ, հետեւաբար, հայութեան զիջում թելադրողները պէտք է վերադառնան… մանկապարտէզ ու նախակրթարան եւ սորվին այդ բոլորը, չմնան բթամիտ-շահամոլի կօշիկներուն մէջ:

Հայութիւնը կրկնելու գնով յայտարարեց. մենք զիջելու տեղ-բան չունինք, հայը թուրք-ազերիէն առնելիք շա՜տ բան ունի, տալիք՝ ոչինչ: Ան, որ համակերպած է պարտութեան, նշաձող իջեցնելու եւ «Արցախը տանք ու հանգիստ ապրինք» ընտրանքին՝ չի ներկայացներ հայութեան, մինչեւ իսկ… իր հետեւորդներէն շատերուն կամքը: Իշխանաւորներուն սնանկ քարոզչութեան եւ կորուստէ-կորուստ տանող ուղիին հետեւողները շուտով պիտի գան այն գիտակցութեան, որ «քալողներու» խմբակը ինչպիսի՜ սուտերով ողողած-մթագնած է իրենց ուղեղն ու հոգիները, աչքերը պիտի բանան եւ հասկնան, որ «նախկիններ»ու յանցանքները կապ չունին իշխանաւորներու այն աճպարարութիւններուն հետ, որովհետեւ «թաւիշ» ծախողները երէկ Արցախի քաղաքական իրաւունքներէն եւ անոնց միջազգային ճանաչում ապահովելու յանձնառութենէ կը քարոզէին, իսկ հիմա, Արցախի մեծ մասին գործնական կորուստէն եւ հազարաւոր զոհերէ ետք, կը յայտարարեն, թէ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս կը յոխորտան Պաքուն ու անոր ետին կանգնող Թուրքիան: Ազգադաւութեան վկայականը ունի յաւելուած մըն ալ՝ նոյնինքն Հայաստանէն հողեր նուէր տրուած են եւ աւելին տալու խոստումներ ալ կը հնչեն «վասն խաղաղութեան», մինչդեռ թշնամիին կողմէ միայն մէկ յանկերգ կը հնչէ՝ «տուէք Զանգեզուրի միջանցքը, տուէք Սիւնիքն ու Տաւուշը, տուէք Սեւանն ու Երեւանը»: Ահա՛ թէ ինչպէ՛ս կ’արձագանգէ թշնամին՝ բթամիտներու «խաղաղութենէ այլ ընտրանք չունինք» մաշած ձայնապնակին:

***
Արցախի զօրակցութեան հաւաքները, ճիշդ է, Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնն էին, սակայն Դաշնակցութիւնը հաւաքներէն առաջ ու անոնց ընթացքին կրկին ու կրկին հաստատեց, որ սա ՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐՆ Է, ՀԱՅՈՒԹԵԱ՛Ն ԿԵՑՈՒԱԾՔՆ Է: Եթէ կորստաբաշխ իշխանութեան դէմ դիմադրութիւն կայ, ամբո՛ղջ ազգը՝ Հայաստանէն Արցախ եւ Սփիւռք, դարձած է պայքարի մէկ փաղանգ:

44-օրեայ պատերազմէն ետք, քանի՛երորդ անգամ ըլլալով, դիմադրական շարժումը կ’ահազանգէ. ամբողջ ազգն ու հայրենիքը, հայկական պետականութեան գոյութիւնը վտանգի տակ են, Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութիւնը ճամբայ ելած է, հայաթափումի վաղահաս է. դիմադրական պայքարը չէ մղուած ու չի կրնար մղուիլ միայն մէկ-երկու կուսակցութեան եւ անոնց համակիրներուն բազուկներով: Յաջողութեան յոյս ունենալու համար, հրամայական է, որ նախաձեռնողին շուրջ համախմբուին բոլո՛ր-բոլորը:

«Մենք մեզ ո՛չ մէկից չենք գերադասում»-ին պէտք է տալ այժմէական նոր մեկնաբանութիւն, որ յամենայնդէպս աննախընթաց երեւոյթ չէ: Հայկակական յեղափոխական շարժումն ալ սկզբնաւորող եւ համախմբող ունեցաւ. մեկնակէտն ու վախճանակէտը Հայաստանի ու հայութեան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ իրաւունքներն էին: Սարդարապատն ալ ունեցաւ քաղաքական ու զինուորական առաջնորդներ, սակայն ԱՄԲՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ներգրաւուեցաւ ճակատամատին մէջ, միացուց բազուկները եւ անգամ մը եւս յաղթական դուրս եկաւ անհաւասար կռիւէն: 1988-ին սկիզբ առած Արցախեան Շարժումն ալ ունէր անհատն առաջնորդներու խումբ մը, սակայն անոր յաջողութեան գրաւականը եղաւ ժողովուրդին՝ ամբողջ ժողովուրդին համախմբումը ղեկավարութեան շուրջ: Յաջորդող փուլերուն պատմութիւնը չէ հինցած…

***
Ժողովուրդը չի կրնար վերածուիլ կամազուրկ հետեւորդի եւ մնալ հայրենիքն ու պետութիւնը կորստեան տանողներու անհեռանկար, թշնամիին եւ զայն հովանաւորողներուն քմահաճոյքին խաղալիքի կացութեան մէջ:

2 Սեպտեմբերի շարժումը փաստեց, թե աշխարհացրիւ հայութիւնը ի՛նչ կ’ուզէ: Փաստեց՝ որ Արցախեան Շարժումին ու ազատագրագրական պայքարի ոգին կանգուն է ամէն տեղ, պատրաստ է անգամ մը եւս հաւաքելու բազկի ու մտքի ուժ, խորտակելու համար Արցախի ու առհասարակ հայութեան իրաւունքներուն շուրջ բարձրացուող պարիսպները:

Եւ ի զուր չէր, որ շատեր 2 Սեպտեմբերին մէջ տեսան Արցախեան Շարժումը դարձեալ վեր-ա-կանգնելու աքթ մը: Չէ՞ որ ծովուն իրերայաջորդ ալիքները կարողութիւնը ունին մաշեցնելու եւ խորտակելու ծովափի ամէնէն կարծր ժայռերն իսկ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ