կարևոր
2062 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-17 12:59
Հասարակություն

Բազմաձայն Զրոյց` «Հայ Դատի Հոլովոյթը. Իրադարձութիւններ Եւ Տեսլականներ» Խորագիրով

Բազմաձայն Զրոյց` «Հայ Դատի Հոլովոյթը. Իրադարձութիւններ Եւ Տեսլականներ» Խորագիրով

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 6 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց` «Հայ դատի հոլովոյթը. իրադարձութիւններ եւ տեսլականներ» խորագրով:

Նախքան ձեռնարկի մեկնարկը` ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ, հանգուցեալ ընկեր Անդրանիկ Մսըրլեանի յիշատակը, ապա Վարդան Ազնաւուրեան կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները եւ բացուած յայտարարեց ձեռնարկը:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին եւ նպատակին` նշելով անոր գլխաւոր մասերը: «Աշխարհասփիւռ հայութիւնը կ՛ապրի յուսալքումի եւ խոր մտատանջութեան հանգրուան մը, որուն արմատները կ՛երթան մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ու Ա. Աշխարհամարտի յառաջացուցած արհաւիրքի քաոսային վիճակը», ըսաւ ան` թուելով հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ շեշտուող ազգային զարթօնքի մթնոլորտին հիմնական փուլերը: «Ներկայիս, 9 նոյեմբեր 2020-ի տխրահռչակ համաձայնագիրի յանձնուողական տակաւի՛ն շարունակուող զիջումներու վարքագիծը երկրորդ անգամ կը սպաննէ արցախեան գոյամարտի 44-օրեայ պատերազմի ռւ զայն կանխած հազարաւոր հայ նահատակներու մատղաշ հոգիները», ընդգծեց Ազնաւուրեան: «Հայութիւնը, համա՛յն հայութիւնը նման մարտահրաւէրներու դիմաց ձեռնածալ չի կրնար մնալ: Յատկապէս երիտասարդ հայ սերունդը իր յղելիք պատգամը ունի», եզրափակեց Վարդան Ազնաւուրեան:


Ձեռնարկի զրուցավար Լութֆիկ Այվազեան ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները` Հայկազեան համալսարանի դասախօս, դոկտ. Շաղիկ Խիւտավերտեան, քաղաքական վերլուծաբան, համալսարանի դասախօս Եղիա Թաշճեան, Հայ դատի Լիբանանի մարմինի ատենապետ, «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Լ. Այվազեան հերթաբար իւրաքանչիւրին հարցումներ ուղղելով վարեց զրոյցը:

Մէջ ընդ մէջ պաստառի վրայ ներկայացուեցան, հեռակայ մասնակցութեամբ, Հայ դատի առնչակից մասնագէտ պատասխանատուներու կարծիքները:

Վահրամ Էմմիեան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց Հայ դատի սահմանումը, Լիբանանի մէջ անոր գործունէութեան ուղեգիծը, թուելով անոր հիմնական բաժանումները` Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի, Ջաւախքի եւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման հարցերը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ գլուխներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ենթաբաժանումները, ինչպէս` Ցեղասպանութեան պարագային, որ կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային հոլովոյթը, փոխհատուցում եւ իրաւունքներու վերականգնում, յատկապէս` Արեւմտեան Հայաստանի հողային պահանջի եւ համայն հայութեան մէկտեղում` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի մէջ: Էմմիեան ընդգծեց նաեւ, որ զինեալ պայքարը մաս կը կազմէ Հայ դատի գործունէութեան:


Ապա ցուցադրուեցաւ արձանագրուած տեսագրութիւն մը, ուր միջազգային օրէնքի մասնագէտ, միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան ծրագիրի տնօրէն, դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան անդրադարձաւ Արցախի վերաբերեալ Ալիեւի ծաւալապաշտ ախորժակներուն եւ Արցախի շրջափակումը որակեց Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան դրսեւորման մէկ նոր հանգրուանը եւ ցեղային մաքրագործման (ethnic cleansing) առաջնորդող դրսեւորում, յստակ պետականօրէն ծրագրուած միտումով, որպէսզի արցախահայութիւնը լքէ իր հողերը, եւ Արցախի տարածքը «մաքրագործուի» հայկականութենէ: Դոկտ. Յակոբճեան այս մասին թուեց միջազգային օրէնքի իրաւական հիմնական երեք քայլեր, որոնց միջոցով կարելի է դիմակալել Ազրպէյճանի քայլերը, որ կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային օրէնքները:

Այս իմաստով, կարելի է դիմել Միջազգային արդարադատութեան դատարան (ICJ), ուր դիմած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յատկապէս` ցեղային խտրականութեան պայմանագիրի ծիրին մէջ:

Երկրորդ քայլը` վերջին երկու տասնամեակներուն ձեւաւորուած «Պաշտպանելու պատասխանատուութիւն» (Responsibility to protect) խորագրեալ իրաւական միջոցն է, ըստ որուն, միջազգային ընտանիքը, կամ հանրութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին միջոցով կրնայ քայլերու դիմել, ինչպէս` պատժամիջոցներու ենթարկել Ազրպէյճանը, յոռեգոյն պարագային` զինուորական միջամտութեամբ վերջ դնել Ազրպէյճանի յանցագործութիւններուն:

Իրաւական երրորդ ձեւը` Միջազգային քրէական դատարանի (Interntionl Criminal Court-ICC) ծիրին մէջ, Հռոմի պայմանագիրին (Rome Treaty) միջոցով, ըստ որուն, կարելի է պատժամիջոցի ենթարկել մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու եւ պատերազմական գործողութիւններու յանցագործները:


ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի մարմինի բանբեր Էլիզապէթ Չուլճեան զեկուցեց ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վարած գործունէութեան մասին, յատկապէս 2020-էն ետք` Արցախի վերաբերեալ, նշելով, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը դէպի Արցախ, Հայաստան եւ Հարաւային Կովկաս, հիմնուած է դէպի Ռուսիա, Թուրքիա եւ դէպի Պարսկաստան դրսեւորուող ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ: «Այսօր ամերիկեան շարունակական ռազմական օժանդակութիւնը պարզապէս կանաչ լոյս կու տայ Ալիեւի բռնապետութեան, որ կը շարունակէ Արցախի շրջափակումն ու Հայաստանի դէմ յարձակումները», շեշտեց ան: Չուլճեան յիշեցուց, որ Հայ դատի պատկան յանձնախումբը երկու շաբաթ առաջ լսումներ (Hearings) ունեցած է ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ, ըստ որուն, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, զօրակցութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան, կը ծրագրէր երկրորդ ցեղասպանութիւն գործել ընդդէմ հայ ժողովուրդին, սկսելով Արցախէն եւ շարունակել նոյնինքն Ալիեւի խօսքերով` Հայաստանի դէմ: Էլիզապէթ Չուլճեան այս գծով անհրաժեշտ նկատեց Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յատկացուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան կանխարգիլումը, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու տնօրինումը, որ եօթը ամիսներէ ի վեր կը շարունակէ Արցախի դէմ իր ապօրինի շրջափակումը: Չուլճեան ընդգծեց, որ Ամերիկայի Հայ դատի մարմինը կ՛աշխատի ճնշում բանեցնել Պայտընի վարչակազմին վրայ, յատկապէս` Ազգային պաշտպանութեան օրէնքի բանաձեւին (National defense authorization act), ինչպէս նաեւ` 2024-ի Ամերիկայի արտաքին օժանդակութեան բանաձեւը, որ կը ներկայացուի Ներկայացուցչական տան եւ ծերակոյտին հետ: «Այլեւս ամերիկեան կառավարութիւնը որեւէ ձեւով պէտք չէ զօրակցի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական օժանդակութեան», ընդգծեց Էլիզապէթ Չուլճեան:

Եղիա Թաշճեան անդրադարձաւ Հայաստանի իրավիճակին` ներքին թէ արտաքին հարթակներու վրայ, ուր լուրջ մարտահրաւէրներ կան, ինչպէս` «հայկական ընկերութիւնը պառակտուած վիճակի մէջ է ու` փճացած»: «Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն չկայ», շեշտեց ան: Իսկ հողային առումով, Արցախի կողքին, խնդրոյ առարկայ են նաեւ Սիւնիքի «միջանցքներու» հարցերը: Այսօր հարցական է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը որքանո՞վ կը տիրապետէ Սիւնիքի կացութեան: Պատկերներու եւ քարտէսներու ցուցադրութեամբ Թաշճեան դիտել տուաւ, որ նշեալ միջանցքներու հարցը թրքական ծրագիր է: Ան նաեւ պարզեց Արցախի վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Իրանի կեցուածքները, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները եւ յարակից հարցեր: Թաշճեան յիշեցուց, որ Ռուսիոյ հիմնական նպատակը` «Միջերկրականի տաք ջուրեր իջնելն է Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի ճամբով»: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի պայմանագիրի հնգամեակի աւարտին` նոյեմբեր 2025-ին, երեքի փոխարէն երկու պետութեանց` Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայանայ խորհրդակցութիւնը, եւ Հայաստան դուրս ձգուի բանակցութիւններէն:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, հեռակայ մասնակցութեամբ, անդրադարձաւ Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի կացութեան: Զուգահեռ մը գծելով ներկայի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան` մայիսեան անկախութեան (1918-1920) ընթացքին պատահած սահմանային վէճերուն, Մանոյեան յիշեցուց, որ 1918-ին Ազրպէյճանի հիմնադրութենէն ի վեր հողային այդ վէճերը կան: «Մեր թշնամիները` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, ունին դարաւոր երազանք` այդ տարածքը հայութենէ պարպել այնքանով, որ իրենք կարենան ազատօրէն իրենց համաթուրանական ծրագիրները իրականացնել», յիշեցուց Մանոյեան` նշելով, որ Ազրպէյճանի հիմնադրութենէն ի վեր Թուրքիա կ՛օգտագործէ այդ հանրապետութիւնը, որ ի՛նք եւս լծուած է նոյն համաթուրանական ծրագիրի իրականացման: «Այսօր ալ նոյն նպատակները կը հետապնդէ Ազրպէյճան Թուրքիոյ հետ գործակցաբար եւ հիմնական նպատակը` ստեղծել այնպիսի վիճակ Արցախի մէջ, որ արցախցիները չկարենան այդտեղ ապրիլ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան` «շատ ծանր» բնութագրելով Արցախի այժմու իրավիճակը: «Մեր մօտեցումը, Դաշնակցութեան մօտեցումը այն է, որ այս բոլորին պէտք է դիմադրել միասնական ձեւով», ընդգծեց Մանոյեան` նշելով, որ Դաշնակցութիւնը միակ կազմակերպութիւնն է, որ կազմակերպականօրէն ներկայ է ե՛ւ Արցախի մէջ ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ե՛ւ սփիւռքի մէջ: Մանոյեան անհրաժեշտ նկատեց Արցախի եւ արցախցիներու հանդէպ զօրակցութիւնը` յիշեցնելու համար արցախցիին, որ ինք մինակ չէ:

Ապա ցուցադրուեցաւ Հայ դատի բարեկամներէն` թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտինի յատուկ այս ձեռնարկին առիթով արաբերէն լեզուով փոխանցած ողջոյնի խօսքը, ուր ան հայերէն «բարեւ» ըսելով` ողջունեց ներկաները, անդրադառնալով Արցախի եւ Հայաստանի այժմու կացութեան: Ան յիշեցուց, որ այս ամիսը կը զուգադիպի 24 յուլիս 1923-ին կնքուած Լոզանի դաշնագիրի 100-ամեակին, ընդգծելով, որ հարիւր տարի ետք տակաւին առկայ են ու կը վերակենդանանան օսմանեան արտասահմանեան ախորժակները` թրքական ազգայնական, կրօնական ընտրանիին կողմէ: Դոկտ. Նուրէտտին զգուշացուց հակահայ կեցուածքներէն` ընդգծելով, որ հայութեան դէմ կիրարկուող շրջափակումը «աւելի վտանգաւոր է, քան` 1915-ի Ցեղասպանութիւնը», դիտել տալով, որ անիկա «բացայայտօրէն կը սպառնայ հայու ինքնութեան»: Լիբանանցի մտաւորականը զգուշացուց նաեւ Արցախի շուրջ տիրող վտանգաւոր կացութենէն, «ուր աւելի քան` վեց ամսուան շրջափակումը պատճառ դարձաւ Արցախի կէս տարածքի գործնապէ՛ս կորուստին եւ Լաչինի` Բերձորի անցքին փակումը կը սպառնայ նաեւ Արցախի մնացեալ տարածքին»:

Նշենք, որ կամքէ անկախ պատճառներով կարելի չեղաւ ներկայացնել մարդաբան-ժողովրդագէտ (anthropologist), համալսարանի դասախօս, դոկտ. Էլի Էլիասի կեցուածքը ընդգրկող տեսերիզը: Փոխադարձաբար, ան խոստացաւ ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր աշխատասիրած նորագոյն ուսումնասիրութիւնը եւ թելադրեց հետեւիլ այս գծով վերջերս իր ունեցած հարցազրոյցին (*), ուր ան նորայայտ տեղեկութիւններ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ծալքերուն եւ շարժառիթներուն մասին:

Ապա զրուցավար Լութֆիկ Այվազեան իր հարցումները ուղղեց դոկտ. Շաղիկ Խիւտավերտեանին, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայ սփիւռքեան իրականութեան մէջ Հայ դատի ըմբռնումին ու յատկապէս` սփիւռքահայու ինքնութեան, որ` «Կարելի չէ անջատել Հայ դատի մեր ըմբռնումէն»: Ան թուեց ասոր դէմ ծառացող ազգային մարտահրաւէրները: Ան շեշտեց ազգային ինքնութեան կազմաւորման կարեւորութիւնը, յատկապէս` ընկերային հոգեբանութեան ծիրէն ներս, ուր անհատը կայ իբրեւ խումբի մը, իմա` հայ ժողովուրդին պատկանող մասնիկ: Դոկտ. Խիւտավերտեան ընդգծեց, որ պատկանելիութեան զգացումը պէտք է ըլլայ գիտակցաբար, ուր տուեալ անհատը պէտք է ունենայ նաեւ հայութեան առնչուածութիւն, ներգրաւուած զգայ ճանաչողութեան փնտռտուքին, յանգելով գործօն մասնակցութեան: Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ հայ անհատը մեր ազգային հարցերը, մտահոգութիւնները, հաւաքական տեսլականները ի՛րը նկատելու յանձնառութիւնը ունենայ: Խիւտավերտեան թուեց ազգային ինքնութեան սահմանումի չորս կարեւոր բաղադրիչները` ճանաչում, իմացութիւն, գնահատում-արժեւորում, երրորդ` պատկանելիութեան հպարտութեան զգացումի ազդեցիկ փոխանցում եւ չորրորդ` քննական միտքի զարգացում, իրազեկութեան խթանում: Դոկտ. Խիւտավերտեան այս գծով անդրադարձաւ նաեւ դաստիարակչական ոլորտներուն եւ որդեգրելի միջոցներուն: Ան սահիկներու ցուցադրութեամբ նշեց դաստիարակչական ծրագիրի գլխաւոր կէտերը` շեշտելով անհատի ընկերային հաւասարակշռութեան կարեւորութիւնը: Դաստիարակչական ծրագիրը պէտք է փոխանցէ մտածելու այնպիսի եղանակ, որ հիմնուած ըլլայ յստակ չափանիշներու վրայ, ինչպէս` առարկայականութիւն, ճշգրտութիւն, արդար դատողութիւն: «Եթէ մենք կ՛ուզենք, որ ունենանք իրագործուած, առո՛ղջ ինքնութիւն մեր նոր սերունդին մօտ, պէտք է հաւասարապէս կարեւորութիւն տանք միտքին, ոգիին, զգացումին, բայց մանաւանդ` անոնց մէջ ստեղծուած ներքին հաւասարակշռուածութեան», ընդգծեց դոկտ. Խիւտավերտեան` թելադրելով կրաւորական հետաքրքրութենէ անցնիլ գիտակից իրազեկութիւն:

Ապա զրուցավար Այվազեան ներկաներու հարցումները փոխանցեց օրուան զեկուցաբեր-պատգամախօսներուն, որոնք հանգամանօրէն պատասխանեցին արծարծուած հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն:

aztagdaily.com