Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրին, գանատահայութիւնը խուռներամ բազմութեամբ, Օթթաուայի Խորհրդարանին դիմաց կայացած ցոյց-քայլարշաւով Գանատայի կառավարութիւնէն պահանջեց՝ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը, դատապարտել Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ վարած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնարարքները, եւ զօրավիգ կանգնիլ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին ու արդար դատին:
Ցոյց-քայլարշաւը կը կրէր «ATSAKH STRONG» լոզունքը, որ սկիսբ առաւ Օթթաուայի Խորհրդարանէն եւ ապա, ուղղուեցաւ դէպի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գրասենեակ: Աւելի քան 5000 հայորդիներ, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն եւ այլ վայրերէ՝ ժամանած էին Խորհրդարանին դիմաց, ընկերակցութեամբ եկեղեցական, յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներու ու պատասխանատու մարմիններու: Ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանն ու անդամներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ:
Խօսք առին՝ Գանատայի Ազատական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամ Փիթըր Ֆրաճիսկաթոսը, Ընդդիմադիր «Նոր Դեմոկրատ» կուսակցութեան փոխ նախագահ Ալեքսանտր Պուլըրիսը, Պլոք Քէպէքուայի ներկայացուցիչ Ալեքսիս Պրունէլը, որոնք կոչ ուղղեցին կառավարութեան՝ գործի լծուիլ, կոտրել լռութիւնն ու կանխել նորօրեայ այս ցեղասպանութիւնը, որ ի գործ կ’ածուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ: Ապա, անոնք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին ու գանատահայութեան:
Գանատայի խորհրդարանի Հայաստան-Գանատա խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ, յանուն իր խմբակցութեան յայտարարութիւն մը հրապարակած էր, որուն մէջ կը դատապարտէր Ատրպէյճանի ու Թուքիոյ կիրառած բռնութիւններն ու դրսեւորած քաղաքականութիւնը, որոնք կ’ուզեն բռնութեամբ լուծել Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքը:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանն ու Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը:
Այնուհետեւ, ցուցարարները միահամուռ ուղղուեցան դէպի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գրասենեակ, Մայրաքաղաքին փողոցները որոտացնելով՝ «Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը» լոզունքով ու դատապարտիչ կոչերով:
horizonweekly.ca