կարևոր
5050 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-17 14:22
Քաղաքական

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023ին` 550 Հիւրերով

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023ին` 550 Հիւրերով

Կլէնտէյլ, Քալիֆ.- Աւելի քան 600,000 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան ԱՄՆի Կալա 2023ին, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 12ին Տաղլեան սրահին մէջ եւ նշուեցաւ շրջանի հիմնադրութեան 40-ամեակը: ՀՕՄի Արցախի, Հայաստանի, Ջաւախքի, Լիբանանի եւ երկրաշարժէն աւերուած Սուրիայի համահայկական աշխատանքներուն զօրակցող 550 ներկաներ, ներառեալ ընտրուած քաղաքական դէմքեր, գաղութի ղեկավարներ, ուղեկից եւ տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի անդամներ եւ ձեռնտու նուիրատուներ:

Տաթեւիկ Էքիզեանի եւ Վրոյր Դաթէւոսեանի հանդիսավարութեամբ յայտագիրը սկսաւ ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով թենոր Ռաֆֆի Քերպապեանի կատարողութեամբ։ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան օրհնեց ՀՕՄն ու ՀՕՄի նուիրատուները ըսելով, «Աստուածային օրհնութիւնը անպակաս մնայ ՀՕՄի ընդհանրական կեանքէն, Կեդրոնական Վարչութեան վրայէն, մեր շրջանի Շրջանային Վարչութեան վրայէն եւ բոլոր մասնաճիւղերու վրայէն, որովհետեւ ՀՕՄը իր եզակի նկարագրով եւ իր յատուկ առաքելութեամբ մեր Ազգային, հայրենական ու Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ սփիւռս աշխարհի շատ յատուկ անմրցելի ծառայութիւն կը կատարէ որու համար մենք … բոլորս կը խոնարհինք ՀՕՄի ծառայութեան առջեւ»։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգելով յիշատակը Հայաստանի պաշտպանութեան զօհուած հերոսներուն եւ Սուրիոյ երկրաշարժի զոհերուն։

Պատւոյ հիւրերու շարքին էին Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան (Արցախի նախկին Առաջնորդ), Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Տ. Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի Ատենապետ Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ անդամներ, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Միրէյ Համբարեան, Ազգային Առաջնորդարանի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան, եւ Ազգային Վարչութեան Անդամ Ծովիկ Զէյթլեան:

Ընտրուած քաղաքական ներկայացուցիչներու կարգին էին Քալիֆորնիայի Նահանգային Ծերակոյտի անդամ Անթոնի Փորթոնթինօ, Նահանգային Խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն, Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչ Աննա Մուրատեան, Արտաշէս Քասախեան Կլէնտէյլ քաղաքի քաղաքապէտը, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլլէն Ասատրեան, Պըրպէնքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զիզէթ Մալինզ, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Ատամ Շիֆի ներկայացուցիչ Մարի Յովակիմեան։

ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան փոխանցեց վարչութեան խօսքը, ըսելով, «Չորս տասնամեակներ շարունակ ՀՕՄի մեր ակնառու միաւորը, իր նուիրեալ ընկերուհիներուն անխոնջ փաղանքով, հոգեկան ու ֆիզիքական անքակտելի կապերով ապրած է հայ ժողովուրդի մութ թէ լուսաւոր օրերուն մէջ: Շրջանս կարողացաւ իր նիւթական եւ բարոյական անընդհատ օգնութիւնը հասցնել հայրենի աղէտեալ շրջաններուն եւ սփիւռքի հայրենակիցներուն, ու կը շարունակէ նոյն ոգիով»: Ան աեւելցուց, «վստահ եղէք թէ կը ցանկանայինք որ այս ձեռնարկի հասոյթը հատկացուէր մեր ամբողջական եւ միասնական հայրենիքի զարգացման, հայրենիքի բարգաւաճման եւ հայ ազգի բարօրութեան: Ցաւոք սրտի՝ այս չէ այսօրուայ իրականութիւնը: Պարտաւոր ենք մեր ուղղութիւնը կեդրոնացնել լայնածաւալ մեր աշխատանքներուն տեղական եւ միջազգային գետնի վրայ՝ հասնելու մեր ժողովուրդին կարիքներուն, վտանգուած հայրենիքին, տեղահան եղած ընտանիքներու, զոհուած ազատամարտիկներու ծնողազուրկ երեխաներու եւ այրիներու, աղէտէ տուժած Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող անյոյս հայ ժողովուրդին, եւ բազմազան այլ ծրագիրներու»։

Մարաշլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր եւ Տիկ. Ճագ եւ Զարիկ Եուրեճեաններուն, որոնք երկու յաջորդական տարիներ սրտաբուխ կերպով ստանցնեցին ՀՕՄի Կալա ձեռնարկներու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Եմենիճեան եւ Քուճաքեան ընտանիքներուն, եւ ՀՕՄի Լաս Վէկաս Շուշի Մասնաճիւղի Վերժին Քուճաքեան Շաբաթօրեայ Վարժարանին, որ, ի յիշատակ իրենց մօր եւ վարժարանի հիմնադրին, առատաձեռն եւ իշխանական նուիրատուութիւն կատարեցին նպաստելու կարեւորագոյն ծրագիրներու:

Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Կազմակերպիչ յանձնախումբին, որուն ատենապետութիւնը ստանձնած էր Անի Քէշիշեան, եւ օգնութիւն ստացած Շրջանային Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Ջարահեանէն եւ Ընկերային Ծառայութեան Տնօրէն Դալար Այնթապլեանէն։

Ընկերուհին իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ «Հաւատարիմ ըլլալով “Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար” իր կարգախօսին, աւելի քան մէկ դար ապրած ՀՕՄը, ձեռք ձեռքի տուած իր անհամար համակիրներուն, ու իր ազգաշէն գործունէութեան զօրավիգ կանգնած հայ ժողովուրդին, անընկուն կամքով ու հաւատքով պիտի շարունակէ բարձր պահել մարդասիրական իր երկնագոյն դրօշը՝ մինչեւ մեր ազգային երազանքներու իրականացման պանծալի օրը»:

Մոմավառութեան արարողութիւնը առիթ տուաւ որ յիշատակուին անոնք որոնք եկան, գործեցին ու անցան, ինչպէս նաեւ առիթ տալու որ վերահաստատուի մեր յանձնառութիւնը ՀՕՄի առաքելութիւնը շարունակելու։ Ցուցադրուեցան ՀՕՄի շրջանի պատմութեան եւ ներկայ աշխատանքներուն վերաբերեալ տեսաերիզ մը, նաեւ հանգուցեալ Վերժին Գուճաքեանի յիշատակին նուիրուած տեսաերիզ մը։

Ընկերուհի Վիքի Մարաշլեան յուշատախտակ մը յանձնեց ձեռնարկի հովանաւորներ Տէր եւ Տիկին Յակոբ (Ճէք) եւ Զարիկ Եուրէճեաններուն իրենց շարունակական ներդրումներուն համար՝ որ այս տարի 50,000 տոլար էր։ Բարերարը, որուն կողակիցը ՀՕՄի Կարս Մասնաճիւղի անդամ է, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ՀՕՄի մասնաճիւղերուն ի նպաստ գաղութին իրենց կատարած հիանալի աշխատանքներուն համար։

Կալային գլխաւոր բարերարներ՝ Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքեները, նուիրած էին 250,000 տոլար ի յիշատակ իրենց մօր ։ Ընկերուհի Վերժինը ՀՕՄի անդամ եղած էր եւ հայեցի կրթութեան ջատագով։ Ձեռնարկին ընթացքին անակնկալ 25,000 տոլարի նուիրատուութիւն եւս յայտարարուեցաւ Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեաններու որդիին՝ Տէր եւ Տիկ. Արմէն եւ Անուշ Եմենիճեանին կողմէ ի յիշատակ իրենց մեծ մօր:

Ընկերուհի Վերժին Գուճաքեանի յիշատակի յուշատախտակը նախ փոխանցուեցաւ Արտա Եմենիճեանին, որ իր կարգին զայն փոխանցեց ՀՕՄի Լաս Վեկաս Շուշի Մասնաճիւղի Վարչութեան Ատենապետուհի Սիրուն Պետիրեանին։ Պետիրեան յայտնեց թէ իրենք շատ հպարտ են որ իրենց ընկերուհի Գուճաքեանը որ 30 տարիներ առաջ Լաս Վեկասի անապատին մէջ սկսած էր ցանել հայ ազգի հոգի եւ հայապահպանման հունտեր, այսօր իրենց մէջ ունին անոր ցանած ծիլերը որոք իրեն հայապահպանման քայլերուն կը հետեւին շարունակելով հայ լեզուի ու մշակոյթի փոխանցումը։

Գուճաքեան եւ Եմենիճեան ընտանիքներուն անունով խօսք առնելով Արտա Եմենիճեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իրենց մօր ժառանգութիւնը յարգող գեղեցիկ երեւոյթին նկատմամբ յիշելով թէ իրենց մայրը իր ժամանակակիցներէն յառաջադէմ էր, միշտ ինքնազարգացման կը դիմէր եւ միշտ մտահոգ էր յաջորդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեամբ։ ՀՕՄը մօտիկ եղած էր իր սրտին եւ ան նուիրուած էր ՀՕՄին, ինչպէս հազարաւոր ՀՕՄուհիներ աշխարհի չորս ծագերուն։ Այդ կամաւորները իսկական հերոսներն են ՀՕՄի մարդասիրական ծրագիրներու իրագործման մէջ։ Մենք հպարտ ենք որ մեր մայրը փոքր դեր մը ունեցած է այդ համաշխարային բարեսիրական առաքելութեան մէջ։

Ընկերուհի Մարաշլեանը յայտարարելով թէ վերջին 25,000 տոլարը, որ անանուն նուիրատուի մը կողմէ էր, օրուան հասոյթը հասցուցած էր 600,000 տոլարի:

Օրուան յատուկ մթնոլորտէն մղուած, ձեռնարկին մասնակցող երաժիշտները՝ 9-ամեայ Տարրըն Չիլինկիրեանը, Անդրէ եւ Անի Օհանեանները, Սոֆի Մխէեանը, Այտա Սարգիսեանը եւ Գէորգ Սիրէկանեանը:

Յայտագրի աւարտին, անոնք որոնք մասնակցած էին լռելեան աճուրդին, վերցուցին իրենց զատած նուէրները։

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանը, ՀՕՄ-ի Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանէն բաժնուած էր 1984-ին, կեդրոնատեղի ունենալով Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիան։ Շրջանս ունի չորս Նահանգներու վրայ տարածուած 23 մասնաճիւղերու պատկանող շուրջ 1,100 անդամներ։ ՀՕՄը ունի Ընկերային Ծառայութեան բաժանմունք մը, ինչպէս նաեւ Հոգեբանական Կեդրոն մը, 15 միօրեայ վարժարաններ, մանկամսուր մը եւ բազմաթիւ երիտասարդական ծրագիրներ, կրթաթոշակներ եւ այլ մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներ։