կարևոր
3157 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-28 18:56
Աշխարհ

Լուրեր «Ազատ օր»ից

Լուրեր «Ազատ օր»ից

«Ա­զատ Օր» թե­ւա­կո­խեց իր հրա­տա­րա­կու­թեան 79-րդ ­տա­րին

Օ­ղակ մը եւս ա­ւել­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին լոյս տես­նող հայ­կա­կան միակ օ­րա­թեր­թին՝ «Ա­զատ Օր»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­մու­թեան վրայ։

­Շա­բաթ, 25 ­Փետ­րո­ւա­րը, որ­պէս ա­ռա­ջին թի­ւի հրա­տա­րա­կու­թեան նշա­նա­կա­լից թո­ւա­կան, յատ­կանշեց թեր­թի եր­կար ու­ղիին վրայ կա­րե­ւոր մէկ տա­րո­ւան բո­լո­րու­մը հայ կեան­քի բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու ու փո­թոր­կոտ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­պա մեր առ­ջեւ դրաւ ա­մուր հի­մե­րու վրայ նոր հանգ­րուան մը ա­ւելց­նե­լու պարտ­քը։

Այս յանձ­նա­ռու­թիւ­նը միայն թեր­թի ե­տին գտնո­ւող պա­տաս­խա­նա­տու մար­մի­նին կամ­քը չէ։ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին ու գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու լոկ ար­տա­յայ­տի­չի պաշ­տօ­նին մէջ եր­բեք չմնաց մեր թեր­թը, այլ ա­ռա­ջին օ­րէն ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին յե­նա­րան, ան­սա­սան մնա­լով իր հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցող­նե­րու ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան դարբ­նո­ցի, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կե­նա­րար սիր­տը ըլ­լա­լու դե­րին վրայ։

Այս տա­րո­ւան մեկ­նար­կին ալ նշե­ցինք, թէ ժա­մա­նակ­նե­րու պա­հանջն է թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը տես­նել ար­դիա­կան ու նո­րա­ձեւ ըմբռնում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Դիւ­րին չէ ո­րե­ւէ փո­խա­կեր­պու­թեան մա­սին մտա­ծել ու զայն գործ­նա­կան մի­ջո­ցի վե­րա­ծել։ ­Դեռ, ա­նոր մա­սին խօ­սե­լու եւ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ խա­ւին հետ զրու­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ գործ­նա­կան ճամ­բան ո­րո­նե­լու կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ։

­Կը թե­ւա­կո­խենք 79-րդ ­տա­րին, մեր առ­ջեւ ու­նե­նա­լով բազ­մա­պի­սի մար­տահ­րա­ւէր­ներ՝ ազ­գա­յին ու գա­ղու­թա­յին, ո­րոնց ներ­կա­յա­ցու­մը, հան­րա­յին խօսք ու կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, վեր­ջա­պէս՝ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը միշտ բե­ղուն ու հայ­րե­նա­կեդ­րոն պա­հե­լու ճի­գը պի­տի շա­րու­նա­կեն մնալ թեր­թի ա­ռա­քե­լու­թեան ու գո­յու­թեան էա­կան պատ­ճառ­նե­րը։

­Կը շնոր­հա­ւո­րենք ­Յու­նաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մեր ըն­թեր­ցող­ներն ու աշ­խա­տա­կից­նե­րը, բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք սա­տար կը հան­դի­սա­նան թեր­թի գո­յա­տեւ­ման։

Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կը պատասխանէ Ատրպէյճանի դեսպանի կեղծ պնդումներուն

«­Փա­րաս­քի­նիօ» կայ­քէ­ջը հրա­տա­րա­կած է ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Ա­նար ­Հու­սէյ­նո­վի մէկ յօ­դո­ւա­ծը, նիւթ ու­նե­նա­լով «Ատր­պէյ­ճան կը պա­տո­ւէ ­Խո­ջա­լո­ւի կո­տո­րած­նե­րու 31-րդ ­տա­րե­լի­ցը»։
Ինչ­պէս կը պա­տա­հի բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն, ատր­պէյ­ճան­ցի դես­պա­նի յօ­դո­ւա­ծը հա­կա­հայ յե­րիւ­րա­ծոյ գրու­թիւն մըն է, կեղ­ծիք­նե­րու շա­րան մը, որ կը փոր­ձէ ազ­դել յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին վրայ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս ցե­ղաս­պան։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը ան­մի­ջա­կան պա­տաս­խա­նով մը կը հեր­քէ ա­զե­րիին շին­ծու ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ եւ կը խօ­սի յոյն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը շփոթ­ի մէջ մատ­նե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան փոր­ձին մա­սին։

­Յանձ­նա­խում­բի նա­մա­կին մէջ ման­րա­մասն կը ներ­կա­յա­ցո­ւին ­Սում­կա­յի­թի ջար­դե­րու ի­րա­կան պա­տա­հած­նե­րը ան­զէն հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ, ինչ­պէս նաեւ ­Խո­ջա­լո­ւի փաս­տագ­րո­ւած ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք եւս հաս­տա­տո­ւած են ա­զե­րի քա­ղա­քա­կան այ­րե­րու, ա­նոնց կար­գին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի կող­մէ։

­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը խօ­սի Ար­ցա­խի վեր­ջին շրջա­փակ­ման մա­սին Ատրպ­էյ­ճա­նի կող­մէ, ո­րուն են­թա­կայ դար­ձած են երկ­րի 120.000 բնա­կիչ­նե­րը, պատ­ճա­ռե­լով մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէտ, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ նշում կ­՚ըլ­լայ ­Լա ­Հէ­յի մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մին շուրջ, որ կը ստի­պէ Ատր­պէյ­ճա­նը ան­յա­պաղ բա­նալ ­Բեր­ձո­րի մի­ջացն­քը։

­Նա­մա­կը կոչ կ­՚ուղ­ղէ կայ­քէ­ջին հե­տե­ւիլ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման ու ե­ղե­ղու­թիւն­նե­րու առն­չու­թեամբ լրա­հո­սին եւ իր ըն­թեր­ցող­նե­րը տե­ղե­կաց­նել ար­ժա­նա­հա­ւատ աղ­բիւր­նե­րու մի­ջո­ցով։

Հան­դի­պում ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հետ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Հինգ­շաբ­թի, 23 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տուն, նա­խօ­րօք դա­սա­ւո­րո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մա­քիս ­Վո­րի­տի­սի հետ։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին ըն­կեր­ներ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Սեր­գօ ­Ման­կո­յեան, Րաֆֆի Գազարեան եւ ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, ինչ­պէս նաեւ պ. ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեան։

­Յոյն նա­խա­րա­րի ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­քոյ, տե­ղի ու­նե­ցաւ լայն խօ­սակ­ցու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­կիրճ պատ­մու­թիւ­նը, ա­պա զրոյ­ցը ծան­րա­ցաւ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը յու­զող այժ­մէա­կան հար­ցե­րուն վրայ։

­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, նշում ե­ղաւ գա­ղու­թի թո­ւա­կան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին, ա­պա յա­տուկ անդ­րա­դարձ՝ ազ­գա­յին-հա­մայն­քա­յին կեան­քի կա­ռու­ցա­յին ի­րա­կա­նու­թեան ու գա­ղու­թի բազ­մաբ­նոյթ գոր­ծու­նէու­թեան, վար­ժա­րան­նե­րու աշ­խա­տան­քին հետ կա­պո­ւած հար­ցե­րուն, հո­գե­ւոր, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան եւ ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ ­Նա­խա­րա­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ լսեց նաեւ հայ հա­մայն­քի տա­րա­ծուն ներ­կա­յու­թեան մա­սին հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նէն մին­չեւ Կ­րե­տէ, ի­րա­զեկ դառ­նա­լով իւ­րա­քան­չիւր հա­մայ­քէն ներս ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի լայն գոր­ծու­նէու­թեան։

Ա­նոնց կող­քին, կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ մա­մու­լի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը որ­պէս ար­ձա­գան­գո­ղը գա­ղու­թի աշ­խուժ կեան­քին, որ իր ա­ւե­լի քան 100-ա­մեայ ներ­կա­յու­թեամբ, պատ­մա­կան հա­րուստ շտե­մա­րան մը ու­նե­նա­լու եւ զայն ա­ւե­լի ար­դի մի­ջոց­նե­րով պահ­պա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կը գտնո­ւի։ ­Մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»-ին, որ իր 78-ա­մեայ ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեամբ դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւի իր հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոն, նաեւ ան­կէ ա­ռաջ ալ «­Նոր Օր»-ի բո­լոր տո­մար­նե­րը թո­ւայ­նաց­նե­լու եւ ա­նոնց պահ­պա­նու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու բարդ ու պա­հանջ­կոտ ծրա­գի­րին։

­Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը, իր կար­գին, գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­յա­ցո­ւած պատ­կե­րին հա­մար եւ իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց՝ նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րու ճամ­բով օգ­տա­կար եւ զօ­րա­վիգ դառ­նա­լու յու­նա­հայ կազ­մա­կերպ գա­ղու­թի զա­նա­զան ե­րես­նե­րուն։ Ան նաեւ իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­լով ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, շեշ­տեց իր տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մօտ ա­պա­գա­յին տես­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու գործ­նա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։