կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-12 12:17
Սփյուռք

Ցայգալոյս. Լիբանանցի Մտաւորականներու Քաղաքական Անկեղծ Կեցուածքը` Արցախի Հանրապետութեան Նկատմամբ

Ցայգալոյս. Լիբանանցի Մտաւորականներու Քաղաքական Անկեղծ Կեցուածքը` Արցախի Հանրապետութեան Նկատմամբ

Անցեալ տարի, ինչպէս յայտնի է, ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական օրակարգին ուշադրութեան հիմնական առարկան դարձաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, այս ծիրին մէջ շարունակուեցաւ հայասէր օտար գործիչներու Արցախ այցելութիւններու կազմակերպումը, տարբեր տեսակի աշխատանքներ տարուեցան Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման առնչութեամբ, Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական պայմանագիրի ստորագրութեան հարցը նկատուեցաւ քաղաքական առաջնահերթութիւն: Այս առաջադրանքները իրագործելու նպատակով ՀՅԴ-ն նաեւ կազմակերպեց երկու համաժողովներ, որոնցմէ երկրորդը, կայացած` հոկտեմբեր 2019-ին, Ստեփանակերտի մէջ, համախմբեց աշխարհի տարածքէն Արցախի Հանրապետութեան զօրակից բարեկամները:

Օրին, ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի պատասխանատու մարմինի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, Արցախի բարեկամներու համաժողովին մասնակցեցան նաեւ լիբանանցի մտաւորականներ, քաղաքական վերլուծաբաններ, լրագրողներ: Յայտնենք, որ Արցախի բարեկամներու այս համաժողովին կայացումէն դեռ շատ առաջ, 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, դարձեալ ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցին նախաձեռնութեամբ, լիբանանցի լրագրողներու պատուիրակութիւն մը այցելած էր Արցախ` գետնին վրայ իրազեկ դառնալու համար արցախահայութեան արդար պայքարին:

Եւ ահաւասիկ, Արցախի բարեկամներու համաժողովէն ընդամէնը ամիսներ ետք, ուրբաթ, 6 մարտին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-զրոյց մը, որուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մասին իրենց անկեղծ վկայութիւնները ներկայացուցին այդ համաժողովին մասնակցած լիբանանցի անուանի մտաւորականներ` թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, համալսարանի դասախօս դոկտ. Լէյլա Նիքոլա եւ մտաւորական-հաղորդավար Ղասսան Շամի:

Պիտի չանդրադառնանք կլոր սեղանի մանրամասնութիւններուն, օրին այս առումով արդէն ընդարձակ թղթակցութիւն մը լոյս տեսած է: Միայն կ՛ուզենք շեշտը դնել քանի մը կարեւոր կէտերու վրայ, որոնք իրապէս, մանաւանդ քաղաքականօրէն ուշադրութեան արժանի էին:

Նախ ամէնէն կարեւորը ձեռնարկին քաղաքական բարձր մակարդակի ներկայութիւնն էր, որ չսահմանափակուեցաւ միայն գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայ եւ նախկին ներկայացուցիչներով, այլ նաեւ ձեռնարկին ներկայ էին լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու եւ մամուլի մեծաթիւ ներկայացուցիչներ: Բարձր մակարդակի քաղաքական այս ներկայութիւնը անհրաժեշտ գրաւական էր, որ բեմահարթակէն լիբանանցի մտաւորականներուն ներկայացուցած վկայութիւնները հասարակական կարծիք ձեւաւորեն ներկաներուն մօտ` արցախեան տագնապին եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ: Նաեւ կարեւոր էր զեկուցաբերներուն դրած շեշտը այն կէտին վրայ, որ արցախեան հարցը ազգային ինքնորոշման հարց է, եւ անիկա անբաժանելի մէկ մասնիկն է ընդհանուր Հայկական հարցին:

Ինչո՞ւ շեշտեցինք այսպիսի ձեռնարկի ընթացքին արցախեան հարցի արդարացիութեան եւ արցախեան տագնապին վերաբերեալ լիբանանեան դրական հասարակական եւ քաղաքական կարծիքի ձեւաւորման կարեւորութիւնը: Յայտնի իրողութիւն է այն, որ որոշ ժամանակաշրջանէ մը ի վեր թրքական ազդեցութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ Լիբանանի մէջ, այս ազդեցութեան դրսեւորումներէն են ժամանակ առ ժամանակ Թուրքիոյ զօրակցութեան ցոյցերու կազմակերպումը, ընկերային, մշակութային եւ առողջապահական մարզերուն մէջ թրքական ներթափանցումը, թրքամէտ գործօնի ձեւաւորումը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ եւ երբեմն նոյնիսկ լիբանանեան ներքին հարցերուն թրքական զգալի միջամտութեան փորձերը: Թրքական ազդեցութեան այս աճն ալ իր կարգին պատճառ կը դառնայ, որ ժամանակի ընթացքին Լիբանանի մէջ քարոզչութիւն կատարուի եւ հասարակական քիչ թէ շատ ազդու կարծիք ձեւաւորուի յօգուտ արցախեան տագնապին վերաբերեալ ազրպէյճանական պնդումներուն: Արցախի հարցին գծով դրականօրէն տրամադրուած լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական, ակադեմական, մտաւորական եւ լրագրական շրջանակներու գոյութիւնը լաւ գրաւական մըն է, որ հաւասարակշռուի թրքական վերոյիշեալ ազդեցութիւնը եւ ձեւաւորուի ընդհանրապէս հայկական հարցերուն վերաբերող դրական մթնոլորտ:

Կլոր սեղան-զրոյցի նախաձեռնութիւնը կարեւոր էր նաեւ մէկ ուրիշ առումով: Անցեալ տարուան հոկտեմբերեան համաժողովը մեկնարկը յայտարարեց աշխարհի տարածքին «Փրօ Արցախ» ցանցի կայացման, եւ այս ծիրին մէջ ալ զանազան երկիրներու մէջ, աշխարհատարած Հայ դատի գրասենեակներուն, յանձնախումբերուն եւ մարմիններուն նախաձեռնութեամբ սկսան ձեւաւորուիլ «Արցախի բարեկամներու շրջանակ»-ները, որոնց նպատակն է կեանքի կոչել համաժողովին առաջադրանքները: Եւ մենք կը կարծենք, որ կլոր սեղանին եւ նմանօրինակ ուրիշ նախաձեռնութիւններու կազմակերպման միջոցով ի վերջոյ կարելի կ՛ըլլայ նաեւ Լիբանանի մէջ ձեւաւորել Արցախի բարեկամներու շրջանակ մը, որ իր ուսերուն վրայ կը վերցնէ բեռը արաբական աշխարհի մէջ յառաջատարը դառնալու Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման եւ Արցախը յուզող հարցերու արծարծման:

Ահաւասիկ վերոյիշեալ բոլոր պատճառներով, բայց մանաւանդ կլոր սեղանին մասնակցած լիբանանցի մտաւորականներու քաղաքական եւ քաղաքացիական անկեղծ կեցուածքին պատճառով մենք այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր կը նկատենք` յառաջիկային ընդհանրապէս Հայկական հարցին եւ մասնաւորապէս արցախեան տագնապին գծով լիբանանեան հայամէտ հասարակական կարծիք ստեղծելու իմաստով:

aztagdaily.com