կարևոր
3619 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-17 13:07
Քաղաքական

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Ուղղեց` Ազդու Կերպով Արգելակելու Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Ծրագիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Ուղղեց` Ազդու Կերպով Արգելակելու Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Ծրագիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 16 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, որ քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ 3 դեկտեմբերին բնապահպանական պատրուակով փակեցին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին` նշելով, որ անոնց այդ քայլը հեգնական էր, որովհետեւ անոնք լուռ էին, երբ ազրպէյճանական բանակը 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ իր չհրահրուած յարձակումին ընթացքին արցախեան խաղաղ բնակավայրերուն դէմ միջազգայնօրէն արգիլուած ֆոսֆորով զէնքեր կ՛օգտագործէր: Այդ արշաւը նաեւ կեղծ է, որովհետեւ անոր անդամներէն շատեր ազրպէյճանական մասնայատուկ ուժերու հաստատուած անդամներ են:

Մինչ ճամբան 3 օր ետք վերաբացուեցաւ, յստակ էր, որ անոր նպատակը քաղաքային բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկման ենթարկելն ու միջազգային ընտանիքին մարդու իրաւունքները պաշտպանելու վճռականութիւնն ու լրջութիւնը փորձելն էր: Դժբախտաբար վերջինիս կողմէ հակազդեցութեան բացակայութիւնը ազրպէյճանական բռնատիրութեան յանդգնութիւն տուաւ 12 դեկտեմբերին Լաչինի միջանցքը փակելով Արցախի Հանրապետութիւնը պաշարելու, ատկէ բխող բոլոր մարդասիրական հետեւանքներով: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ Արցախի կազի մատակարարումը այսօր վերականգնուած է, սակայն ենթակայ է Պաքուի կամայականութեան:

Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային միակ ճամբու փակումը Ազրպէյճանի չհրահրուած յարձակումին վերջ տուած 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կոպիտ խախտում մըն է` աւելցնելով, որ վերոնշեալ ոտնահարումները կու գան անգամ մը եւս ընդգծելու Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ անոր անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց` ընդհանուր յայտարարութիւններէ եւ կոչերէ հեռու եղող ուժեղ եւ վճռական դիրքորոշում որդեգրելու` այդպիսով ազդու կերպով արգելակելու համար Ազրպէյճանի կողմէ ցեղասպանական ծրագիրի գործադրումը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: