Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը օգոստոս 16-ին արտակարգ նիստ մը գումարեց` Հայաստանի պահանջով: Նիստին մասնակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ ներկայացուց Հայաստանի բողոքն ու պահանջը: Արցախը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս ընդունելէն շատ առաջ, Հայաստան Արցախի ժողովուրդին համար կը պահանջէր ապահովութեան եւ իրաւունքներու ճանաչման երաշխիքներ: Այդ երաշխիքները պէտք է սահմանուէին Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններով` միջազգային մասնակցութեամբ: Ազրպէյճանի համար նման բանակցութիւններ մէկ նպատակ ունէին` Արցախի հայութեան վերահամարկումը ազրպէյճանական հանրութեան մէջ: Արցախը համարելով Ազրպէյճանի մաս, Հայաստան առիթ ընծայեց Ազրպէյճանին իրը համարուած հողամասին վերահսկողութիւնը պահանջելու եւ փակելու Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը: Արցախեան հարցը վերածուեցաւ լոկ մարդասիրական խնդիրի մը եւ պարպուեցաւ իր քաղաքական-պահանջատիրական նկարագիրէն:
Արարատ Միրզոյեանի անատամ ելոյթը այս իրողութիւններուն ցոլացումն էր: Ան նոյնիսկ չյիշեց իրաւական այն սկզբունքը, որ բանակցութիւններուն ընթացքին ընդունուած միջանկեալ համաձայնութիւնները կիրարկելի չեն, այնքան ատեն որ բանակցութիւնները չեն աւարտած` սեղանի վրայ դրուած բոլոր հարցերու շուրջ համաձայնութեամբ:
Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները, ժողովին մասնակից Հայաստանը, Ազրպէյճանը, հրաւիրեալ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը քննարկեցին պաշարուած Արցախի մարդասիրական կարիքները, զայն սովամահութեամբ ցեղասպանութեան ենթարկելու հարցը: Բոլոր խօսողները, բացի անշուշտ Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն, դատապարտեցին Հայաստանը Արցախին կապող միջանցքին փակումը եւ կոչ ուղղեցին` անյապաղ վերացնելու արգելքը: Գտնուեցան նաեւ քանի մը երկիրներ, որոնք մատնանշեցին Աղտամ-Ստեփանակերտ ուղիի այլընտրանքը, ինչ որ ցուցանիշ է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած դիւանագիտական նախնական աշխատանքին: Ասոնց շարքին տարօրինակ հնչեց Պրազիլի դիրքորոշումը. Պրազիլի մէջ ունինք հայկական գաղութ, եւ Հայաստանը ունի դեսպան. ասոնք ոչինչ ըրած էին կացութիւնը բացատրելու համար երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան:
Ապահովութեան խորհուրդի ժողովը վերջ գտաւ, երբ բոլորը խօսք առած էին: Ո՛չ եզրափակիչ յայտարարութիւն եղաւ, ո՛չ ալ բանաձեւ ներկայացուեցաւ: Սովորաբար նման քննարկումներէ ետք, անդամ պետութիւնները կը խորհրդակցին եւ կը մշակեն լուծման բանաձեւ, զոր երկրորդ ու կարճատեւ նիստի մը կը ներկայացնեն Ապահովութեան խորհուրդի քուէարկութեան: Ոչինչ: Պատահած է, որ բանաձեւի բացակայութեան, Խորհուրդի նախագահը յայտարարութեամբ մը ընդհանուր տրամադրութիւնը կը բանաձեւէ: Ոչինչ նաեւ այս գծով:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ՄԱԿ-ի քաղաքական մարմինն է: Իբրեւ քաղաքական մարմին ան պէտք է զբաղի Արցախի ապահովութեան եւ իրաւունքներու հարցերով. իրաւունքներուն մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեամբ ամրագրուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Մարդասիրական հարցերու համար ՄԱԿ-ը ունի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը, որ պէտք է դերակատար ըլլայ Արցախի պաշարուած 120.000 հայութեան մարդկային տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Բազմիցս կրկնած ենք, որ Հայաստան պէտք է փոխէ իր որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը: «Խաղաղութեան» քաղաքական գիծին սնանկութիւնը բացայայտ է: Ան վերածուած է խաղաղութիւն մուրալու վարքագիծի, մինչդեռ Հայաստանն ու Արցախը կարիքը ունին իրաւունքներու սահմանման ու հետապնդման` պահանջատիրական խրոխտ քաղաքական հայեցողութեան:
Դժուար է համոզուիլ, բայց հետզհետէ կը գիտակցինք, որ աւելի քան հինգ տարիներէ ի վեր հանդիսատես ենք նախապէս բեմագրուած դէպքերու եւ դիրքորոշումներու շարանի մը, որուն կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը Արցախի հայաթափումն է եւ աւարտին` փոքրացած ու նսեմացած Հայաստանի մը մէջ «երջանիկ ու ապահով» կեանքը:
Վերջին տասնամեակներուն մեր վկայած բոլոր գունաւոր յեղափոխութիւնները, տարբեր անուններով եւ յեղափոխուող իւրաքանչիւր երկրի ժողովուրդին յատուկ քարոզչական արհեստագիտութեամբ, երբեմն նոյնիսկ զինուորական միջամտութեամբ, նպատակ ունին աշխարհաքաղաքական նոր համակարգի մը ստեղծումը: Ժողովրդավարութիւն հաստատելու խաբուսիկ լոզունգներով օրօրելով բազմութիւնները, քանի ու քանի երկիրներու ժողովուրդներ դժբախտացան` կորսնցնելով նոյնիսկ այն քիչ բարօրութիւնը, զոր կը վայելէին իբր թէ բռնատիրական վարչակարգերու տակ: Ուրիշ, իսկապէս բռնատիրական վարչակարգեր, ժողովրդավարութեան նշոյլն անգամ չունեցող երկիրներ կը մնան յարգուած, եթէ նպաստող են նոր աշխարհակարգ ստեղծող արեւմուտքի գործողութիւններուն:
Հայաստանն ու Արցախը յայտնուած են նոր աշխարհակարգի ստեղծման խաչմերուկներէն մէկուն վրայ: Երկիր մը ու ժողովուրդ մը կը զոհաբերուին այդ ճանապարհին. որո՞ւ հոգը: Զոհաբերուող, մատաղի կարգավիճակի արժանացած ժողովուրդն է, որ կրնայ մերժել իրեն վերապահուած ճակատագիրը ու ի՛նք որոշել իր քաղաքակրթական ուղին: Վճռականօրէն մերժել է պէտք Հայաստանի, Արցախի ու ընդհանուր առմամբ հայ ազգի համար նախատեսուած ճակատագիրը եւ ժողովրդային գիտակից ցնցումով մը շեղել որդեգրուած կորստաբեր ուղին ու որդեգրել ազատագրական պայքարներով ջրդեղուած անկախութեան ու ազատութեան քաղաքական ուղին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com