կարևոր
1939 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-05 15:58
Հասարակություն

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Գրաւումը` Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կոչ Ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Գրաւումը` Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կոչ Ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Արցախի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու առհասարակ Արցախի իրավիճակը առանցքը կազմեցին լիբանանցի հայ եւ ոչ հայ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ կայացած խորհրդաժողովին, երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արդարեւ, ընդառաջելով լիբանանցի զանազան անձնաւորութիւններու եւ պատասխանատուներու` «Արցախի անկումէն քաղուած դասերու» քննարկման եւ ընդվզումի դրսեւորման ուշագրաւ կոչին, լիբանանեան պետական ու տարբեր կուսակցութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու հոգեւոր հայրեր աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ քննարկեցին Արցախի նորագոյն իրադարձութիւնները:

Նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել, բացումը կատարելով խորհրդաժողովին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով եկած էին զօրակցելու հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս քննարկելու Արցախի տագնապը: Ան խիստ վտանգաւոր նկատեց պատահած դէպքերը` թելադրելով դասեր քաղել անոնց դառն հետեւանքներէն: Ապա Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ իր կարգին զօրակցելով հայ ժողովուրդի արդար դատին նշեց ասորիներու պարագան եւս: Ան զարմանք յայտնեց, որ 21-րդ դարուն, 2023-ին տակաւին ազգային մաքրագործումներ ու բռնի տեղահանումներ կը կատարուին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովի գումարման այս նախաձեռնութեան համար` դիտել տալով, որ կարելի չէ անտարբեր մնալ Արցախի մէջ պատահած բռնի տեղահանութեան դէպքերուն: Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ պետութիւններ, պատասխանատու մարմիններ, կղերական ղեկավարներ լուռ մնացին: Ան նաեւ ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան Արցախ մեկնումը անտեղի նկատեց, յատկապէս ողբերգական դէպքերէն եւ արցախցիներու տեղահանութենէն ետք: Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ եթէ օրին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները պատժուէին, աւելի ուշ Հիթլեր պիտի չկատարէր իր աւերները: Ու եթէ Հիթլեր օրին պատժուէր, հետագային նման ողբերգութիւններ պիտի չպատահէին: Բագրատունի կարեւոր նկատեց այս խորհրդաժողովի գումարումը, ուր տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներու հետ խորհրդակցաբար զօրակցական քայլի կը դիմենք:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Ժիհատ Բագրատունի, նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ռիշար Գույումճեան, նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել, Կոմիտաս արք. Օհանեան` գլխաւորելով հոգեւոր հայրերու պատուիրակութիւն մը, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Ասորիներու Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Ասիօ, «Արեւելքի քրիստոնեաներու օժանդակութեան» պատուիրակութիւն մը, լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, տնտեսագէտներ եւ մտաւորականներ:

Մասնակիցները սեղմ գիծերու մէջ արտայայտեցին իրենց ներկայացուցած կառոյցներուն կեցուածքները` յանգելով դատապարտումի եւ ընդվզումի արտայայտութեան: Անոնք նկատեցին, թէ Արցախի ողբերգութեան վտանգը կը բխի ոչ միայն ռազմավարական շահերու բախումէն, այլեւ` ապաստանեալներու եւ գաղթականութեան հարցերու մօտեցման գծով տիրող միջազգային անորոշութենէն, իբրեւ օրինակ նշելով Սուրիոյ տեղահանուածներու հարցին հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Անոնք գերպետութիւնները պատասխանատու նկատեցին ազգերու գոյատեւման, անոնց արժանապատուութեան ու ազատութեան իրաւունքէն զրկումին: Անոնք շեշտեցին տիրող մարդկային ողբերգութեանց շարունակման կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը: Խորհրդաժողովին մասնակիցները նշեցին Արցախի ողբերգութենէն բխած դառն դասերը, ուր ամբողջ հաւաքականութիւններ, ժողովուրդ, կը ջնջուին մատիտի գիծով մը, եւ կոչ ուղղեցին Լիբանանի քաղաքական ընտրանիին` միաւորուելու, միասնաբար խորհրդակցելու եւ կառչելու պետութեան ըմբռնումին ու անոր ծրագիրին` պահպանել կարենալու համար անոր գոյութենականութիւնը:

Մասնակիցները սեղմ գիծերու մէջ արտայայտեցին իրենց ներկայացուցած կառոյցներուն կեցուածքները` յանգելով դատապարտումի եւ ընդվզումի արտայայտութեան:

Խորհրդակցութեանց աւարտին ներկաներէն լրագրող Միշել Ապու Նաժմ համադրելով դրսեւորուած կեցուածքները, ընթերցեց խորհրդաժողովէն բխած յայտարարութիւնը, ուր հիմնականին մէջ շեշտուեցան հետեւեալ կէտերը.

1.- Ներկաները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար Դատի պահանջներուն, դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած յարձակումն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը իրենց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող բնօրրանէն:

2.- Կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Արցախի կացութեան քննարկման յատուկ հրատապ նիստի գումարման, պահանջելով արցախահայութեան ապահով տունդարձը դէպի շրջան:

3.- Արցախի հարցի պաշտպանութեան գծով իրաւական եւ լոպիինկի միջազգային մարմնի կազմութիւն` միաժամանակ դիմելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ու Մարդկային իրաւանց միջազգային խորհուրդին:

4.- Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Արցախի գծով դատապարտումի յստակ կեցուածքի հրապարակում:

5.- Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Արցախի դէպքերուն գծով դատապարտումի հաղորդագրութեան հրապարակում, միաժամանակ Ազրպէյճանի դեսպանէն հաշուետուութեան պահանջ եւ դատապարտումի յուշագիրի յանձնում:

6.- Լիբանանեան խորհրդարանի արտաքին հարցերու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց յանձնախումբերէն Արցախի գծով յստակ կեցուածքի դրսեւորում:

7.- Այս մասին յատուկ յուշագիրներ յղել Արցախի ողբերգութեան ականատես ու առնչակից միջազգային թէ շրջանային գերպետութեանց դեսպաններուն: