կարևոր
2872 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-10-23 10:17
Աշխարհ Քաղաքական

Իրանը Սիւնիքի ինքնակոչ երաշխաւո՞րը

Իրանը Սիւնիքի ինքնակոչ երաշխաւո՞րը

19 Յուլիսին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ հակամարտութեան լուծման Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր երկիրներ՝ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Փութինի, Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Էրտողանի վեհաժողովը։ Այդ ծիրին մէջ Էրտողան հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ։

Խամենէի Թուրքիոյ նախագահին յիշեցուց «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերաբերեալ Իրանի բազմիցս յայտարարուած դիրքորոշումը։ «Եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութիւն ըլլայ, Իսլամական հանրապետութիւնը ատոր դէմ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ սահմանը կը նկատուի հաղորդակցութեան ուղի, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր եղած է», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը։ Խամենէի նաեւ այդ կեցուածքը փոխանցեց Փութինին՝ նկատի ունենալով, որ Ռուսիան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի միջնորդ է։ «Իրան Հայաստանի հետ սահմանի փակում պիտի չհանդուրժէ», ըսաւ Խամենէի։

Այդ թուականէն ետք եւս իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարները բազմիցս վերյիշեցուցին այդ զգուշացումը, որոնք, սակայն, վերջերս առաւել յստակ ու հասցէական սկսան դառնալ։ Իրան յայտարարութիւններով չբաւարարուեցաւ, այլ նաեւ Ատրպէյճանի հետ իր սահմանին վրայ ռազմափորձերու ձեռնարկեց՝ շրջան ուղարկելով ամէն տեսակի ռազմական սարքեր եւ ստորաբաժանումներ։ Ճիշդ է, որ սկիզբը նշեց, թէ անոնք տարեկան ծրագիրին համահունչ են, սակայն հետագային յստակացուց անոնց, արդէն իսկ բոլորին համար յստակ եղող, իսկական նպատակը՝ հիւսիսի դրացիներուն պատգամ փոխանցումը։ Թեհրան այդ մէկը ըրաւ որեւէ շփոթ, սխալ մեկնաբանութիւն բացառելու համար՝ այլ խօսքով, «քարտերը դրաւ սեղանի վրայ»։

Այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը առնողներէն մէկը եղաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը, որ 19 Հոկտեմբերին Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն կատարած իր յայտարարութեամբ յստակացուց իրանեան ռազմափորձերուն իսկական նպատակը։ «Իրան պիտի չարտօնէ փակել Հայաստանի հետ իր հաղորդակցութեան ուղին, եւ այդ նպատակին հասնելու համար Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը նաեւ այդ շրջանին մէջ ռազմափորձերու սկսաւ», ըսաւ ան։

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Հուսէյն Սալամէ նոյն օրը՝ ռազմափորձերուն 3-րդ օրը փակագիծերը քիչ մը աւելի բանալով յայտարարեց. «Մեր դրացիներուն (Հայաստանին ու Ատրպէյճանին) կոչ կ’ուղղենք՝ իրենց խնդիրները լուծելու համագործակցութեան եւ ոչ թէ զինուորական մօտեցումներու միջոցով։ Մենք այս շրջանին մէջ շահեր ունինք, ուստի, եթէ շրջանի որեւէ անկիւնը միջադէպ տեղի ունենայ, եւ մեր շահերը վտանգուին, ապա մենք չեզոք պիտի չմնանք եւ պիտի պաշտպանենք մեր շահերը»։

Այսպիսով յստակ դարձաւ, որ Իրանի զգուշացումը միայն Ատրպէյճանի ուղղուած չէ՝ այլ նաեւ վերջին շրջանին Արեւմուտքի գիրկը նետուած Հայաստանի իշխանութիւններուն։ Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ 20 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանեան կողմը ամբողջութեամբ դէմ է, որ շրջանին մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ներկայ ըլլան օտարերկրեայ ներկայացուցիչներ»։ Ան կ’ակնարկէր 6 Հոկտեմբերին Փրակայի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Մաքրոն-Միշէլ քառակողմ հանդիպումի ընթացքին գոյացած Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու շուրջ համաձայնութեան։

Ի՞նչ բան Թեհրանը մղեց իր դիրքորոշումը առաւել յստակ դարձնելու եւ աւելի բաց կերպով արտայայտելու։ Հարցն այն է, որ 12-13 Հոկտեմբերին Ասթանայի մէջ Ասիոյ համագործակցութեան եւ վստահութեան քայլերու վերաբերեալ խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Երեւան եւ Պաքու կը նախատեսեն մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, իսկ Էրտողան ատկէ ետք նշեց. «Ես «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին մէջ խնդիրներ չեմ տեսներ»՝ այդպիսով մանտանշելով, որ այդ հարցը գործնականին մէջ լուծուած է, ինչ որ իրանեան կողմը մղեց յռետորաբանութեան մէջ եւ գետնի վրայ «մագլցողական» քայլերու դիմելու՝ այս անգամ հասցէագրելով նաեւ իրանեան շահերուն վնաս հասցնող այդ համաձայնագիրին շուրջ բանակցող եւ զայն ստորագրելու պատրաստակամ եղող Երեւանը։

Իրան որեւէ պարագայի չի կրնար հիւսիս-հարաւ մայրուղիի, դէպի Ռուսիա, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովի ճամբով դէպի Եւրոպա ելքի փակումը ընդունիլ։ Այս վերջինը Ուքրանիոյ հակամարտութեան ու Եւրոպայի ուժանիւթի ճգնաժամի լոյսին տակ յատուկ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ մաս կը կազմէ հեռանկարային կարելիութեանը Եւրոպայի իրանեան կազի մատակարարման. քայլ մը, որուն դիմելու պատրաստակամութիւնը Թեհրան վերջերս քանի մը անգամ բարձրաձայնեց։

Հետաքրքրական է նաեւ 21 Հոկտեմբերին Իրանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ Կապանի մէջ Իրանի ընդհանուր հիւպատոսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Կապանի մէջ Իրանի ընդհանուր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամիի, Հայաստանի տարածքին դէմ Ատրպէյճանական յարձակումի վերաբերեալ հարցումի մը տուած պատասխանը. «Իրան տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի չճանչնայ. Եթէ որեւէ երկիր իր սահմաններէն դուրս գործողութիւններ կատարէ, Իրան համարժէք հակազդեցութիւն պիտի ցուցաբերէ», ապա յստակացուց, որ այդ հակազդեցութիւնը պիտի ըլլայ տուեալ գործողութեան համարժէք։ Աւելին, «ես Կապանի բնակչութեան համար անգամ մը եւս կը շեշտեմ՝ չմտահոգուիք, ես Կապանի մէջ եմ», ըսաւ ան՝ այդպիսով բոլորին յուշեց, որ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը, իր շահերէն մղուած, այսուհետեւ ինքնակոչ կերպով դարձած է Սիւնիքի անվտանգութեան երաշխաւորը։

Առաջին հայեացքով զարմանալի կը թուի, որ հիւպատոսութեան շէնքին մէջ վերանորոգման աշխատանքները տակաւին չաւարտած, զայն բանալու հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի ունեցաւ։ Սակայն ամէն ինչ կը յստականայ երբ նկատի ունենաք, որ իրանեան կողմի շտապումին պատճառը Նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ Փաշիեան-Ալիեւ-Միշէլ եռակողմ հանդիպումն է, որուն ընթացքին կը նախատեսուի եթէ ոչ ստորագրել, առնուազն քննարկել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի թեքստը, որուն պատրաստութիւնը 31 Օգոստոսին տեղի ունեցած Փաշիեան-Ալիեւ-Միշէլ եռակողմ հանդիպումին ընթացքին վստահուած էր երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ այդ հանդիպումի նախօրեակին կատարուած իրողութեան ստեղծման եւ հայկական կողմին վրայ ճնշումի բանեցման համար Հայաստանի հանրապետութեան գերիշխան տարածքին դէմ սպասուող թուրք-ատրպէյճանական նոր յարձակումի մը կանխարգիլումը։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»