Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Անցնող 15 հոկտեմբերին, Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան (Օ.Էյ.Էս) ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրօ նամակ մը յղած էր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, ուր անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէր Արցախի ժողովուրդին` Ազրպէյճանի հետ պատերազմի կապակցութեամբ: Աւելին, ան կը նշէր ազրպէյճանի նախայարձակ հանգամանքը, թուրքիոյ յստակ մասնակցութիւնը Պաքուի կողքին եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը: Նոյնպէս պէտք է արձանագրել պատերազմի առաջին օրերուն իսկ անոր ուժեղ ու հիմնաւորուած նամակը ուղղուած Ուաշինկթընի մէջ ազրպէյճանի դեսպանին։
Քաղաքական կարեւոր այս կեցուածքը ըստ արժանւոյն գնահատելու համար պէտք է յաւելեալ լուսաբանութիւններով սեփականութիւնը դարձնել հասարակական կարծիքին:
Ուրուկուայցի Ալմակրոյի ղեկավարած Միջազգային այս կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1948-ին եւ գործնապէս աշխատանքի սկսած է 1951-ին: Անոր անդամ են ամերիկեան ցամաքամասի (հարաւային, կեդրոնական, հիւսիսային) 35 պետութիւններ, ինչպէս նաեւ 67 դիտորդ երկիրներ աշխարհի տարածքէն, որոնց շարքին Եւրոպայէն: Կազմակերպութեան կեդրոնը Ուաշինկթըն է: Կազմակերպութեան հինական նպատակը ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնն ու ամրապնդումն է, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը: Իրաւաբան Ալմակրօ ընդհանուր քարտուղարի այս բարձրագոյն պաշտօնը կը վարէ 2015 մայիսէն ի վեր:
Ալմակրոյի հետ Ուրուկուայի հայ համայնքին կապերը սերտ են: Ուրուկուայի ՀՅԴ հայ դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ տեղւոյն ՀՅԴ յաջորդական մարմիններ անոր հետ տարած են ու կը շարունակեն տանիլ նկատառելի աշխատանք: Անշուշտ ընդգծելի է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի էական ներդրումը սոյն հոլովոյթին մէջ։
Ալմակրոյի հետ սերտ գործակցութիւնը արդէն ունի տաս տարուան կեանք: 2010-ին սկսած այս գործակցութեան նպատակը այն ժամանակ արդէն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերումն էր: Օրին Ալմակրօ Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարարն էր: Այնուհետեւ այս գործակցութիւնը հետզհետէ ամրապնդուեցաւ եւ երկուստեք փոխադարձ վստահութիւն ստեղծուեցաւ:
2011-ին, Ալմակրօ մասնակցեցաւ հայ դատի կազմակերպած սեմինարին, Ուրուկուայի Խորհրդարանին մէջ, որ այն տեղ գրաւեց մամուլին մէջ: Տարի մը ետք, մայիս 2012-ին ան ՀՅԴ հայ դատի պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Երեւան, ապա նոյն տարուան նոյեմբերին Ուրուկուայի բազմակուսակցական պատուիրակութեամբ մը մեկնեցաւ Ստեփանակերտ եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Պատուիրակութիւնը կը գլխավորէր Երեսփոխանական Ժողովի նախագահ Խորխէ Օրրիքօ,
որ խօսք առաւ Արցախի Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին։
Այնուհետեւ, 2015-ին, 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, անցնող ամրան Տաւուշի ճակատամարտին թէ ներկայ պատերազմին, ՀՅԴ հայ դատի սերտ գործակից, հայաստանի, Արցախի, հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամ Ալմակրօ միշտ ալ արտայայտուեցաւ ի նպաստ հայկական կողմին, յանուն արդարութեան, հականէ անուանէ դատապարտելով ազրպէյճանն ու թուրքիան:
Ծանօթ է, որ հայ-ուրուկուայեան սերտ յարաբերութիւնները կու գան առաւելաբար 1965-էն, Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն, երբ հարաւամերիկեան այս երկիրը իր խորհրդարանին ճամբով հանդիսացաւ աշխարհի առաջին պետութիւնը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը: Աւելին, 1970-ին, Սեւրի դաշնագրի յիսնամեակին առիթով Ուրուկուայի խորհրդարանի զոյգ պալատները որոշում կայացուցին Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ Սեւրի Դաշնագրի հիման վրայ, եւ հարցը տանիլ ՄԱԿ-Ի Ընդհանուր Ժողովին, որ իրականացաւ 1971-ին, երբ Ուրուկուայի պատուիրակութիւնը այդ աշխատանքը նախաձեռնեց Նիւ Եորքի մէջ:
Կարեւոր է նշել նաեւ, որ սոյն պատուիրակութեան կ‘ընկերակցէր ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչը։
Հուսկ, Ալմակրոյի հայանպաստ դիրքորոշումը անպայմանօրէն կը բխի նաեւ հայեւուրուկայեան բարեկամական երկարամեայ այս յարաբերութենէն: