Փոխարժեքներ
24 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 395.58 |
EUR | ⚊ | € 411.09 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.93 |
GBP | ⚊ | £ 496.33 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.2 |
Բախտաւորներէն եմ. մեծ մասամբ քաղաքականացուած լրատուական ցանցերէն ինքզինքս պաշտպանելու միջոցներէն մէկը գտեր եմ: Հեռատեսիլէն հեռու կը փորձեմ մնալ:
Բայց այս պարագային փախուստ չկայ. ուզեմ կամ չուզեմ համակարգիչիս պաստառին վրայ կը ցատկեն «հրատապ» լուրերը` Ուքրանիա… Դուրսը քալած ժամանակս կ՛անցնին պարզուած դրօշները` Ուքրանիա… Աշխատանքիս ժողովները կը սկսին` Ուքրանիա… Ուտեստեղէնի խանութին մէջ շարքի կեցած եմ, ականջիս տակ` Ուքրանիա… Տան մէջ նստած, գիրքս բացած` կը կարդամ, ու բջիջային հեռախօսս այս բոլորին լաւատեղեակ` չի ձգեր պոչս, կը տզզայ քովէս անդադար` Ուքրանիա՜:
Համաճարակն ալ մէկ օրէն միւսը չքացաւ կարծես. պատուաստներու պատմութիւնը ասդին անդին փսփսուքի վերածուեցաւ:
Ուքրանիա ամէն բանէ վեր կը թուի ըլլալ:
Մութն ու լուսին ի՞նչ կը կատարուի հոն եւ ինչո՞ւ. ընկերային ցանցերու վրայ «մասնագէտ»-ներու կարծիքները չեն պակսիր այս պարագային եւս:
Նախանձս կը շարժի ըսելը ճիշդ պիտի չըլլար: Ո՞վ կը նախանձի հարիւր հազարաւոր գաղթականներու հոսանքին, ընտանիքներ, որոնք երէկ իրենց կեանքը կ՛ապրէին ու այսօր իրենց փոքրերուն ձեռքէն բռնած, տուն-տեղ, ամուսին ետեւ ձգած` կը քալեն, յայտնի չէ, թէ դէպի ո՞ւր: Ահաւոր է իրավիճակը. մանաւանդ երբ վերջը յայտնի չէ:
Կը յիշեմ այն տարիները, երբ երկու քոյր մօրս ձեռքէն բռնած, կը փախչէինք Պէյրութէն` հայրս ու պուպրիկներս ետեւ ձգելով: Կը մտաբերեմ պատկերները Հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ ազատած տասնեակ հազարաւոր որբերուն: Կը մտաբերեմ մեծ հօրս աչքերը: Կը մտաբերեմ պատկերները հայ գաղթականներու շարանին, սովամահ մայրերուն: Կը կենդանանան Արցախի նկուղներուն մէջ պատսպարուած փոքրիկները, աղօթող մամիկները, նոր տեղահանուած ու անորոշութեան գիրկը ինկած ընտանիքներուն պատկերները, Արցախի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած պատանիներուն, երիտասարդներուն աչքերը, հազիւ ազատած հաշմանդամներուն իրավիճակը, գերինե՜րը…
Կ’ուզեմ փողոց վազել ու գոռալ. մե՜նք, մե՜նք, հայե՜րս, մե՜նք ալ նահատակներ ունինք, մե՜նք ալ հերոսներ ունինք, մե՜ր վրայ ալ յարձակեցան, մե՜նք ալ ցեղասպանուեցանք, մե՜ր վրայ ալ միջազգային օրէնքներով արգիլուած զինամթերք գործածեցին, մեր ալ մանկապարտէզները, մայրանոցներն ու հիւանդանոցները ռմբակոծեցին, մեր քաղաքներն ալ հրոյ ճարակ դարձուցին, մեր երկիրն ալ… եւ տակաւին կը յարձակի՜ն:
Մեր մասի՜ն ալ սփռեցէք: Մեր կո՜ղմ ալ ձեր աչքը դարձուցէք: Մե՜նք ալ մարդ ենք ի վերջոյ:
Կը մտածեմ. այս փախստականներուն մէջ քանի՞ հայ ընտանիք կայ: Կարդացեր էի, որ Խրիմը ժամանակին Հայաստանէն դուրս հայկական մեծագոյն սփիւռքը կը կազմէր: Այվազովսկին հոնկէ էր: Ուքրանիոյ մէջ հայկական մեծ համայնք գոյութիւն ունէր ժամանակին ու տակաւին գոյութիւն ունի այսօր: Արդեօք նաեւ հոն կա՞ն Արցախէն կամ Հայաստանէն նոր տեղափոխուած հայեր:
Արդեօք ռուսական բանակին մէջ քանի՞ հայ կայ…
Ամէն տեղ հայ կայ…
Արիւնս կ՛եռայ:
Ուքրանիան չէ՞ր Ազրպէյճանին զինամթերք հայթայթողներէն մէկը:
Բայց ժողովուրդին յանցանքը ի՞նչ է:
Մեր կանչը լսելի դարձնելու ջանքերը ի՞նչ արդիւնք տուին: Եւրոպան քիչ մը ականջ դրաւ. մէկ ձեռքով ատեաններու առջեւ իր խօսափողը բռնեց եւ միւսով գրպանը շոյեց:
Մինչ մենք աշխարհիկացման ճամբան բռնած երկրագունդին վրայ «առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք» ըսինք ու սպասեցինք, որ առնուազն քրիստոնեայ աշխարհը շարժի:
Մարդու իրաւունքները ոտնագնդակ դարձուցած «քաղաքակիրթ» աշխարհին մէջ մարդու իրաւունքներ պոռացինք:
Զէնք-զինամթերքի առուծախով զբաղած մեծ պետութիւններուն մօտ` աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկն ենք` ըսինք, ցեղասպանուած ազգ ենք` ըսինք, վերապրած ազգ ենք` ըսինք…
Վառելանիւթի առուծախով զբաղած պետութիւններուն մօտ այս հողը հայկական է` ըսինք, ասիկա մեր եկեղեցին է` ըսինք, սա մեր մշակոյթն է, մեր խաչքարերն ու գերեզմանաքարերն են, մեր Տիգրանակերտն է…
Ի՞նչ օգուտ կը սպասէինք:
Կը շարունակուին պատկերները: Պաստառները լեցուն են հարիւրհազարաւոր գաղթականներով. թիւը անցած է մէկ ու կէս միլիոնը, կ՛ըսէ հաղորդավարը: Մէկ ու կէս միլիոն. հապա մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակնե՞րը: Հայրը նորածինին գրկած` հրաժեշտ կու տայ շուրջը հաւաքուած արցունքոտ աչքերու հայեացքին ներքեւ. սրտաճմլիկ է տեսարանը, չյուզուիլ կարելի չէ: Հապա մե՞ր հայրերը, մե՞ր մայրերը, նորածիննե՞րն ու տակաւին տասնեակ հազարաւորնե՞րը, որոնք պիտի ծնէին…
Երկու հոգի իրարու ձեռք կը սեղմեն լուսանկարներու տարափին տակ, մինչ Արցախի մէջ հայուն վրայ յարձակումները կը շարունակուին: «Խաղաղութի՜ւն…»:
Ներսս մէկը կանգնած` միամտօրէն կը պոռայ անվերջ. «Կոյր մի՜ ըլլաք, մե՜նք ալ մարդ ենք»:
ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ
aztagdaily.com