Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Մեր ետեւ մնաց Հին աշխարհը։
Պայծառ երկինք մըն է։ Լոյսը կ՚ընկերանայ մեզի։ Վարը, ցիր ու ցան ամպերուն մէջէն Ատլանտեանի կապոյտն է, որ մերթ ընդ մերթ կը դիտեմ՝ կարծես կողմնորոշուելու համար պարզապէս։
Տակաւին երկա՜ր ժամեր կան մեր առջեւ, ժամեր՝ վերյիշելու համար այն ամենը, որ ձգեցինք Հին աշխարհին։
Գահիրէ՝ Տահեր թաղամասի մեր բնակարանը, ուր անցաւ մանկութիւնս ու վաղ պատանեկութիւնս։ Մեր տունէն ո՛չ շատ հեռու՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն սուրբերը հայու աչքեր ունէին։ Թաղը՝ հանրակառքի ճռնչիւններով ու շրջիկ վաճառորդներու անվերջ կանչերով։
Դպրո՜ցս՝ Գալուստեան ազգային վարժարանը, որուն պատերէն հայութիւն կը ծորէր մեր հոգիներուն մէջ, եւ ուր անցան կեանքիս ամենէն կարեւոր տարիները։ «Յուսաբեր»ը՝ շէնքը, թե՛րթը մանաւանդ,որ իր հմայքին տակ առաւ զիս։ Հայկական միւս ակումբները, միւս դպրոցները, այլ կալուածները։ Առաջնորդարանը՝ եկեղեցիին կողքին։ Միւս եկեղեցիները։»
Այսպէս կը սկսի այս հատորը, որ իւրայատուկ ձեւով կը ներկայացնէ Վրէժ-Արմէնի անցած ուղին՝ Ի. դարու կէսերէն մինչեւ մեր օրերը։ Անոր յուշերուն ընդմէջէն, Եգիպտոսէն Գանատա, ընթերցողը մասնակից կը դառնայ մեր ազգային կեանքի տարբեր իրադարձութիւններուն, որոնց ականատեսը եւ յաճախ դերակատարը հանդիսացած է գրողը ինքը, անոնք առնչուած ըլլան մեր կրթարաններուն, կազմակերպութիւններուն թէ մամուլին, կամ հայրենիքի հետ կապերուն, այլեւ հաղորդակիցը կը դառնայ այն ոգիին, որ այդ բոլորին ճամբով փոխանցուած է գրողին ու իր սերունդին սերունդին։
Աղբիւրները չեն պակսած այդ բոլորը վերյիշելու եւ իրարու քով բերելով հետաքրքրական պատումի մը վերածելու համար։ «Բարեբախտաբար այն մեծ սնտուկը, որ մեզմէ առաջ ճամբայ էր ելած արդէն, ոչ միայն մեր կահ-կարասին ու հագուստ-կապուստը կը փոխադրէր, այլեւ մեր հազարաւոր գրքերուն հետ նաեւ մեր թուղթերը՝ շարադրութեան տետրակներէս, նամակներէս, օրատետրերէս սկսեալ մինչեւ հրատարակուած յօդուածներս, լուսանկարներու մի քանի տասնեակ ալպոմները, որոնք մայրս կազմած էր տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ իր ալ օրատետրերն ու նամականին։ Այս թռիչքը ըրած պահուս, դեռ չէի գիտեր ե՞րբ պիտի գար առիթը օգտուելու այդ բոլորէն ու գրելու։» կը կարդանք գրքին ներածականին մէջ։ Օգտագործուած է նոյնպէս հեղինակին շուրջ կէս դարու արխիւը՝ հաւաքուած Գանատայի՛ մէջ։
Վրէժ-Արմէնի կեանքի ուղին կը զուգադիպի Եգիպտոսի հայ գաղութի բարձրակէտին, այլեւ կծկումի սկզբնաւորութեան, ապա Գանատայի, յատկապէս Մոնթրէալի հայ գաղութի կերտման ու զարգացման տարիներուն։
Յակոբ Խաչիկեան կը վկայէ. «Իմ ուղեպատումը» վառ գոյներով ներկայացուած ինքնաճանաչման ուղի մըն է։ Զայն կարդալով նախ եւ առաջ կը ծանօթանանք գրողին ընտանիքին ու իր երիտասարդ օրերու ինքնութեանը, այնքան մօտէն՝ ինչպէս կերպարներու կը ծանօթանանք գրականութեան մէջ... Այս քնարական ու ճարտարահիւս յուշագրութիւնը երեւան կը բերէ աշխարհ մը՝ մտաւորականներու եւ գրական հսկաներու փարթամ ու գունագեղ կերպարներով եւ չնաշխարհիկ արեւելեան տեսարաններով։
Իսկ Կարէն Սիմոնեան կ՚աւելցնէ. Վրէժ-Արմէնը մեր դիմաց բացել ու փռել է իրադարձութիւնների մասին յիշողութիւնները եւ ընթերցողը տեսնում է այն գլխաւորը, ինչը բացայայտւում է հեղինակային իւրօրինակ արձակի կշռոյթով։Արմատնե՞րը… Անշո՛ւշտ արմատները… Արմատները ծիլ են տալիս, ճեղքում են տասնամեակների տափանած գետինը, դէպի լոյսն է ձգւում ընձիւղը… Որպէսզի դառնայ շիւ, յետոյ՝ դալար մի ծառ… Որպէսզի դառնայ մարդկայինի, հայկականի, հոգեւորի եւ ազատագրութեան գաղափարի հաւատի կաղնին։
Գեղատիպ ու յիշատակները կենդանացանող լուսանկարներով հարուստ այս հատորը հրատարակուած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ Հորիզոն շաբաթաթերթի հովանաւորութեամբ։