կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-23 11:15
Աշխարհ

Մոնրեալում բացվել են ՀՅԴ «Մ. Փափազյան» կոմիտեն ու «Արմէն Կարօ և Շաքէ Կէօնճեան» կենտրոնը

Մոնրեալում բացվել են ՀՅԴ «Մ. Փափազյան» կոմիտեն ու «Արմէն Կարօ և Շաքէ Կէօնճեան» կենտրոնը

Աղբյուրը`Horizonweekly

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ բացումը ՀՅԴ «Մ. Փափազեան» կոմիտէի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնին, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, ներկայութեամբ կեդրոնի բարերարներուն` տիկ. Շաքէ, օրդ. Նորա եւ պրն. Զաւէն Կէօնճեաններուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով ազգայիններու։

Սրբազան հօր եւ բարերարներու ժապաւէնի հատումէն ետք, ներկաները մուտք գործեցին վերանորոգուած կեդրոնը։

Օրուան հանդիսավար ընկ. Գէորգ Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ պատմական մը ներկայացուց կեդրոնի վերանորոգման ծրագրի իրականացման մասին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կէօնճեան ընտանիքին, որոնց շնորհիւ իրականացաւ երկարամեայ երազ մը։ Կալուածը վերածել այն վայրին, որ պիտի ծառայէ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին յարկին տակ գործող բոլոր քոյր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն, որոնք անսակարկ եւ անշահախնդիր ձեւով իրենց ժամանակը տրամադրեցին՝ բծախնդրութեամբ հսկելու եւ իր աւարտին հացնելու շինարարական աշխատանքները։

ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Հուրի Զաքարեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, յայտնելով թէ սոյն ծրագրին իրագործման հիմնական դրդապատճառները հանդիսացան հայ համայնքի թիւի աճը եւ ՀՕՄ-ի գործունէութեան ընդլայնումը, բարձր գնահատելով Կէօնճեան ընտանիքին ազգանուէր կեցուածքը։

Խօսք առաւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Թամար Փոլատեան, որ յայտնեց, թէ այս պատմական օրը Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին համար տօն է, որովհետեւ կ’իրականանայ միութեան տարիներու երազանքը՝ մշակութային կեդրոնի մը ստեղծումը:

Խօսք առաւ տիկ. Շաքէ Կէօնճեան, որ յիշատակումը կատարեց իր մեծ ծնողներուն, որոնք Եգիպտոսի մէջ սիւները եղած են Համազգայինի Մշակութային միութեան, Հայ Կարմիր Խաչի, Կամքին եւ Յառաջդիմասէրին: Ան մէջբերում կատարեց իր ողբացեալ ամուսնոյն՝ պրն. Արմէն Կարօ Կէօնճեանի նորամուծութեան «Innovation»ի գաղափարախօսութիւնը, մաղթելով որ սոյն կեդրոնը լիիրաւ կերպով ծառայէ հայ մշակոյթին, հայ լեզուի պահպանման, ընկերային ծառայութեան, հայ պատանիին ու երիտասարդին հայաշունչ դաստիարակութեան ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք յամառօրէն եւ առանց յուսահատելու աշխատեցան ու իրականացուցին այս ծրագիրը։

ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ատենապետ ընկ. Սագօ Նոխուտեան խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր, որ ընդունեց հովանաւորել սոյն ձեռնարկը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կէօնճեան ընտանիքին ոչ միայն իրենց առատաձեռն նուիրատուութեան համար, այլ նաեւ աշխատանքի բծախնդիր հետապնդման ու հաւատքին՝ սոյն ծրագրին նկատմամբ, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի վարչութիւններուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են կոմիտէի աշխատանքներուն, եւ վերջապէս բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան ու իրենց ժամանակը տրամադրեցին սոյն ծրագրի իրագործման մէջ։ Ան նշեց, որ այսօր կը զուգադիպի ՀՅԴ-ի հիմնադիր երրորդութենէն Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) մահուան 100-ամեակին ու ընդգծեց անոր անձայն աշխատողի բնաւորութեան տէր ըլլալու յատկանիշը: Ան հաստատեց, թէ Ռոստոմի օրինակին հետեւելով երթը պիտի շարունակուի վճռակամօրէն, միշտ նպատակ ունենալով հայապահպանում, անշահախնդիր, անսակարկ աշխատանք ու Հայ Դատի արդար լուծում:

Վերջապէս Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհաւորեց ու գնահատեց «Մ. Փափազեան» կոմիտէի մտայղացումը եւ ծրագրի իրականացման համար տարուած աշխատանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մոնթրէալի հայ գաղութին եւ յատկապէս՝ Կէօնճեան ընտանիքին եւ յաջողութիւն մաղթեց հաւատքո՛վ շարունակելու միութիւններուն աշխատանքները, որպէսզի մեր յաղթական երթը, իբրեւ մեծ ընտանիք, անխաբանօրէն շարունակուի:

Մ. Նազարեան