Փոխարժեքներ
10 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.85 |
EUR | ⚊ | € 408.8 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8762 |
GBP | ⚊ | £ 487.25 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.07 |
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Արմէն Սարգսեան հրաժարականի դիմում ներկայացուց 23 յունուարին: Հրաժարականը վերջնական կը դառնայ, եթէ դիմումին յաջորդող ԵՕԹԸ օրերուն ընթացքին նախագահը իր հրաժարականը ետ չվերցնէ: Սպասելի է ուրեմն, որ Ազգային ժողովի նախագահը յայտարարութեամբ հաստատէ հրաժարականը, որմէ ետք ան ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները, մինչեւ նորընտիր նախագահի պաշտօնի ստանձնումը: Նոր նախագահ պիտի ընտրուի հրաժարականի ընդունումէն նուազագոյն 25 եւ առաւելագոյն 35 օրերու ժամանակամիջոցին: Այսինքն, մօտաւոր հաշուարկով, 25 փետրուարէն 6 մարտ տասնօրեակին:
Ափսոսանք պէտք է յայտնել, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան իր հրաժարականը հրապարակեց, երբ կը գտնուէր Հայաստանէն դուրս: Հրաժարական նամակը բաւական մանրամասնութեամբ կը նշէ ուշացած հրաժարականին պատճառները: Հանրապետութեան նախագահը, ըստ Սահմանադրութեան 123-րդ յօդուածին, «պետութեան գլուխն է»: Ան իր պաշտօնը կը ստանձնէ երդումով. «Ստանձնելով հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` երդւում եմ հաւատարիմ լինել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը, իմ լիազօրութիւնները իրականացնելիս լինել անաչառ, առաջնորդուել միայն համապետական ու համազգային շահերով եւ իմ ողջ ուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործում»: Սահմանադրութեան 23 յօդուածներ, թիւ 123-էն 145, կը սահմանեն նախագահին լիազօրութիւնները, սակայն այդ լիազօրութիւնները իրականացնելու համար ոչ մէկ միջոցառում կ՛արտօնեն: Առաւելագոյնը` յօդուած 128-ով սահմանուած իրաւունքն է. «Հանրապետութեան նախագահն իր իրաւասութեան մէջ մտնող հարցերի վերաբերեալ կարող է ուղերձ յղել Ազգային ժողովին»:
Շատեր իրաւամբ հարց տուին, թէ ընտրուելէ առաջ պրն. Արմէն Սարգսեան ծանօթ չէր Սահմանադրական կաշկանդումներուն, իրականացնելու համար երդումով ստանձնուած պարտաւորութիւնները: Վստահաբար գիտէր, սակայն ունէր այն համոզումը, որ խորհրդարանական կառավարում ունեցող այլ երկիրներու նման, նախագահը, իբրեւ պետութեան գլուխ, պիտի վայելէր յարգանք ու կարեւոր որոշումներ ու որդեգրման առիթով պիտի դիմուէր իր խորհուրդին: Ո՛չ միայն նման բան տեղի չունեցաւ, այլեւ երկու անգամ առնուազն, երբ նախագահը թելադրեց վարչապետին հրաժարական տալ, կամ սահմանին վրայ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններու առիթով թելադրեց չթերանալ ապահովել «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անոր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը», ան անպատասխան մնաց գործող իշխանութեան կողմէ եւ քննադատութեան առարկայ` իշխանական ուժերու կողմէ:
Նման պայմաններու առկայութեամբ զարմանալի կը թուի, որ նախագահը համբերած է շուրջ չորս տարի: Կը կարծենք, որ ան ազգային միասնութեան իբրեւ երաշխաւոր, խուսափած է, անիրատեսօրէն, սրելէ ստեղծուած վիճակը, զոր ազգային ճգնաժամ կը կոչէ իր հրաժարականի նամակին մէջ: Յոյսը կորսնցնելով ճգնաժամի յաղթահարման կարելիութենէն, ան որոշած է դադրիլ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ նախատեսուող ծանրակշիռ որոշումներէ, որոնց կայացման համար ինք որեւէ ազդեցութեան հնարաւորութիւն չունի:
Հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը չստեղծեց այն ցնցումը, զոր ան հաւանաբար կ՛ակնկալէր: Մեկնաբանութիւնները ընդհանուր առմամբ մակերեսային են եւ կ՛առնչուին ոչ թէ հրաժարականին տուն տուող պատճառներու խորքին, այլ կողմնակի, երկրորդական հարցերու: Դժբախտաբար` ինչպէս միշտ, բոլոր տագնապ յարուցող դէպքերու առիթով:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, քաղաքական առումով ներդաշնակութիւն պէտք է ըլլայ նախագահութեան, կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ: Այսինքն, վարչապետը կը մերժէ ժողովրդավար վարչակարգերու յատուկ հակակշիռներու գոյութիւնը: Պէտք է սպասել ուրեմն, տարաբախտաբար, յաջորդ նախագահի ընտրութեան առիթով, «ներդաշնակութեան» գոյացման, աւելի եւս ուժեղացնելով միահեծան իշխանութեան գործառոյթը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com