կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-29 13:38
Քաղաքական

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը 100 Միլոն Տոլարէն Աւելի Աջակցութիւն Կը Պահանջէ Հայաստանի Եւ Արցախի Համար

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը 100 Միլոն Տոլարէն Աւելի Աջակցութիւն Կը Պահանջէ Հայաստանի Եւ Արցախի Համար

ՉՈՒ ԵՒ ՔՈՍԹԱ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՄԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբի ատենապետ Նիթա Լոուիի յղուած նամակով մը, կոչ ըրաւ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2021ի ամավարկին մէջ առնուազն 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն նկատի առնուի։

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համատենապետներ Ֆրենք Փալոն եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ նամակին մէջ կը շեշտեն, որ Հայաստանին յաւելեալ աջակցութիւն հարկաւոր է՝ զարկ տալու համար Հայաստանի մէջ մամլոյ ազատութիւն, արդարադատութեան անկախութիւն եւ զեղծարարութեան դէմ աւելի ազդու պայքար երաշխաւորելու ջանքերուն՝ աւելցնելով, որ Արցախի պարագային, աջակցութիւնը կենսական է յատկապէս ականազերծման նպատակով սկսած աշխատանքին ամբողջացման համար։

Քոնկրեսականները կ՛առաջարկեն հետեւեալները.

– 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին՝ ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը.

– 1.5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Արցախի մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ականազերծման աշխատանքները ամբողջացնելու համար.

– Արցախի դէմ արտաքին գործոց նախարարութեան հաստատած ճամբորդական եւ հաղորդակցութեան յարաբերութիւններու արգելքներու վերացում.

– Արգիլում Ատրպէյճանին որեւէ ռազմական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն, որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին:

Նշեալ քոնկրեսականներուն կողքին, Տէյվիտ Սիսիլին, Աննա Էշու, Քերոլայն Մըլոնի, Պարպարա Լի եւ Կրէյս Նափոլինաթօ եւս ստորագրեցին նամակին տակ։

Միւս կողմէ, քոնկրեսականներ Ճուտի Չու եւ Ճիմ Քոսթա, հակադարձելով յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին մէջ արտաքին օժանդակութիւնները կրճատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ներկայացուած առաջարկին, որուն զոհերէն մէկը կրնայ ըլլալ Արցախը ականազերծելու ծրագիրը՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբին առջեւ վկայութիւններ տուին, շեշտելով ականազերծումը իր լրումին հասցնելու կենսական կարեւորութիւնը։

Քոնկրեսականները կոչ ըրին՝ 10 միլիոն տոլար տրամադրելու այս նպատակին՝ յիշեցնելով, որ 10 միլիոն տոլարը միայն 10 տոկոսն է արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ատրպէյճանի համար առաջադրուած 100 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութեան։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս քայլերը։ Յիշեցնենք, որ Հայ Դատը երկու շաբաթ առաջ կոչ ըրած էր ամերիկահայութեան, որ Քոնկրեսին վրայ ճնշում բանեցնէ՝ Արցախի եւ Հայաստանի յատկացուելիք օժանդակութիւնները ապահովելու համար:

asbarez.com