կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-06-18 08:09
Քաղաքական

Իլհամ Ալիևի մղձաւանջը

Իլհամ Ալիևի մղձաւանջը

Այսօր անգամ մը ևս կ՚անդրադառնանք, թէ ինչպիսի՜անասելի նուէր մըն է, որ ըրած է թշնամիին Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը սնուցանելով Ալիևի հիւանդկախ երևակայութիւնը։ Եւ ինչպիսի՜ աններելի առաւելութիւն մը զիջած ենք թշնամիին մենք՝ ՀՀ քաղաքացիներս 44-օրեայ պատերազմի վաղորդայնին լքելով մեր անկախ պետականութեան սանձերը և արտօնելով, որ Փաշինեան խլէ այդ սանձերը և իր աւերը շարուանակէ գործել անպատիժ։ Եւ ամէն օր աւելի նուաստացնել մեզ և մեր երկիրը Ալիևի լկտի գոռոզամտութեան առջև։

Ինչո՞ւ չենք խօսիր մեր այս հաւաքական անփութութեան մասին։ Չե՞նք յիշեր Հայաստանի Փրկութեան Շարժման գերմարդկային ճիգերը մեր հաւաքական խղճմտանքը ցնցելու և երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը իր տեղէն շարժելու…

Հիմա կը տեսնենք, որ մարդիկ լայն զանգուածներով փախուստ կու տային երկրէն. այսինքն՝ Փաշինեանական աղէտէ՛ն՝ երբ ազգին անկեղծ զինուորները գիշեր-ցերեկ կ՚ողողէին հրապարակները դէմ դնելով պարտութեան վարչակարգի ոստիկանութեան կամայական միջամտութիւններուն։

Այժմ, կարևոր է, որ անկեղծ գնահատական տանք վերջին ամիսներու իրականութեան։ Ոչ մէկ կասկա՛ծ ՝որ պարտութեան վարչակարգի թուլամորթութիւնը Իլհամ Ալիևի երազած դրախտն էր յետպատերազմեան այս կացութեան մէջ։ Ան հրապարակաւ կը ծաղրէր Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը։ Ան կը ժպրհէր նախատել մեր ժողովուրդը։ Ան կը սոնքար իրեն շնորհուած յաղթանակներով։ Հրապարակաւ կը սրբապղծէր մեր սրբատեղիները։ Կ՚անարգէր մեր դրօշը։ Կը բռնաբարէր մեր հայրենիքի սահմանները։ Ամենէն անուանարկիչ ձևերով, ան կ՚անպատուէր հայ ռազմագերիները և ի լուր աշխարհի կը յայտարարէր, թէ մեր ազգը անջիղ հաւաքականութիւն մըն էր և արժանի չէր ինքնիշխան պետականութիւն ունենալու։ Այսինքն էինք այնքան ապիկա՛ր՝ որ յանկարծ ինք ևս սկսաւ հաւատալ իր կարծեցեալ ուժին և հաւատաց, որ կրնար քաղաքականութիւն պարտադրել Հայաստանին և կրնար նոր պատերազմով սպառնալ այս զգետնուած անզօրին…

Այո՛, սահման չունէր Իլհամ Ալիևի մտքի սատիզմը, քանի որ սահման չունէր պարտութեան վարչակարգի անորակելի ձեռնթափութիւնը ալիևեան քմահաճոյքին առջև։ Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագրին յաջորդեցին Ալիևի շարունակական ոտնձգութիւնները։ Ալիևի զօրքերը ազատօրէն մտան մեր տուներէն ներս։ Ազատօրէն բանակեցան մեր դռներուն առջև։ Իսկ պարտութեան վարչակարգը օրը-օրին փորձեց արդարացնել իր յանցաւոր անգործութիւնը պատճառաբանելով, որ Ալիև իրաւունք ունէր, քանի որ այդ տարածքները — ի՜նչ հեգնանք և ի՜նչ ստորնութիւն — մաս կը կազմէին Խորհրդային Ազրպէյճանին…Մենք կ՚ապրէինք մեր ազգային հոգեվարքը և այս գէշ երազը պէտք էր անպայման թօթափել մեր ճնշուած երևակայութենէն։ Ան այժմ վերջ կը գտնէ Հայաստան Դաշինքի հզօր յաղթարշաւով։

Այսօր յստակ է։ Եթէ Հայը պիտի կրնայ ապրիլ ինքզինքին հետ, միանգամընդմիշտ վերջ պէտք է գտնէ Ալիևներու այս լպիրշ մեղրամիսը։ Եւ ան արդէն վերջ կը գտնէ։ Պէտք է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՜ մղձաւանջ կը տիրէ այս պահուն Ազրպէյճանի նախագահական պալատի միջանցքներուն մէջ։

Իլհամ Ալիև լաւ կը յիշէ իր հօր՝ Հէյտար Ալիևի սարսափը ամէն անգամ, որ վերջինս ինքզինք կը գտնէր Նախ. Քոչարեանին հետ դէմ դիմաց Արցախի բանակցային գործընթացի սեղաններուն վրայ։ Իլհամ Ալիև գիտէ, թէ համրուած են իր ամբարտաւանութեան օրերը։ Ան լաւ գիտէ, թէ հասած են նաև իր հաշուետւութեան օրերը։ Բադին, Կոզբադին, Սիւդին, Չարխադին արդէն շոգիացած են մէջտեղէն։

Շուտով պիտի փոխուին խաղին կանոնները։ Շուտով խաղատախտակը շուռ պիտի գայ Ալիևի աչքերուն առջև և նոր, ինքնավստահ, արժանապատիւ և ուժեղ Հայաստանն է, որ պիտի մտնէ պատմութեան ասպարէզ։

Այո՛, դժուար է ըլլալու անցման այս շրջանը։ Այո՛, ականապատուած է մեր կեանքի այս տարածքը։ Բայց այսօ՛ր է ճշմարտութեան վայրկեանը դիմագաւելու օրը։ Հայ ա՛զգ, այս մարտահրաւէրը քեզի կ՚ըսպասէ։ Ուժեղ մարդոց մարտահրաւէրն է ասիկա։ Դուն կրնաս շրջել ծուռ դարձած այս անիւը։ Դուն կրնաս այրել բոլոր շինծու սահմանները։

Հիմա արդէն Ալիևի կարգն է «քառսուն գոմշու կաշիով» պաշտպանուելու։ Դուն կրնաս այդ մեծ շրջադարձը իրագործել։Դուն կրնաս տէր կանգնիլ քու հողիդ և արժանապատւութեանդ։ ԴՈՒՆ ԿՐՆԱ՛Ս։ ԴՈՒՆ ԱՆՊԱՅՄԱ՛Ն ԿՐՆԱՍ։ ՔՈՒ ՏԵՍԱԿԴ Է, ՈՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼՉՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ։ ԴՈՒՆ ԵՍ ԱՅՍ ՏԱՆ ՏԷՐՆ ՈՒ ԾԱՌԱՆ։ ԱՅԼ ՄԱՆԱՒԱՆԴ՝ ՄԻԱՅՆ ԴՈՒՆ ԵՍ ԱՅՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԵՒ ԱՆՆԿՈՒՆ ԶԻՆՈՒՈՐԸ։ ՊԱՏԻ՛Ւ ՔԵԶԻ։

Կարօ Արմենեան
Յունիս 16, 2021