կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-23 12:54
Քաղաքական

«Այս Իշխանութեան Մնալը Ազգային Աղէտ Է, Որովհետեւ Ամէնօրեայ Դրութեամբ Ականատես Կ՛ըլլանք Պարտուողական Նոր Դրսեւորումներու» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Այս Իշխանութեան Մնալը Ազգային Աղէտ Է, Որովհետեւ Ամէնօրեայ Դրութեամբ Ականատես Կ՛ըլլանք Պարտուողական Նոր Դրսեւորումներու» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

21 դեկտեմբեր 2020-ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ կատարեց «Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական զարգացումները» նիւթով հարցազրոյց մը, զոր վարեց կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, եւ որուն առաջին մասը կը ներկայացնենք ստորեւ:

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Վերջին երկու ամիսները ճակատագրական եղան մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: Քաղաքական զարգացումները այնքան մեծ ու արագ էին, որ տակաւին ժամանակի պէտք ունինք ըմբռնելու համար կատարուածին իսկական տարողութիւնը: Դուք` իբրեւ հայ մարդ, ինչպէ՞ս հետեւեցաք այդ զարգացումներուն եւ ինչպէ՞ս կը բնորոշէք կատարուածը:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Իբրեւ հայ ունէի հետաքրքրութիւն առաւելագոյն չափով մօտէն հետեւելու այդ զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մօտէն ծանօթանալու կացութեան, իսկ իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ունէի նաեւ պատասխանատուութիւնը մեր Հայաստանի կազմակերպութեան, Բիւրոյի ընկերներուն եւ համաշխարհային կառոյցին հետ ծրագրելու եւ համադրելու այն աշխատանքները, զորս պէտք է տրամադրէինք հայրենիքին, եւ հայրենիք ըսելով ես կը հասկնամ Հայաստանն ու Արցախը միասնաբար, որպէսզի այդ պատերազմին ընթացքին մենք ներդրենք մեր առաւելագոյնը հայկական կողմին յաղթանակը ապահովելու համար: Արդարեւ, պատերազմի առաջին օրերէն, նոյնիսկ անոր նախորդող օրերէն սկսեալ մենք ծրագրեցինք չորս ուղղութիւններով յստակ աշխատանք, որպէսզի նախ գոյանայ այն համահայկական միասնութիւնը, որով կարելի պիտի ըլլայ աջակցիլ մեր հայրենիքին այս ճգնաժամին ընթացքին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր յատուկ դերակատարութեամբ աշխատանքի լծուեցաւ չորս մարզերու մէջ, որոնցմէ առաջինը մարդուժի տրամադրման գործն էր, բան մը, որ սկսած էր պատերազմէն շատ առաջ, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար մենք ստեղծած էին պահեստազօրի դրութիւն, որպէսզի կամաւորներ շարունակաբար մարզուին եւ պատրաստ ըլլան երթալու ռազմաճակատ, երբ ճգնաժամ յայտարարուի, եւ բանակը կամաւորներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտութիւն նկատէ` ազգ-բանակ հասկացողութեամբ: Երկրորդը քաղաքական աշխատանքն է, զոր միշտ տարած ենք, բայց պատերազմի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք յստակ աշխատանք տարուեցաւ, որ աշխարհով մէկ մենք կարենանք հունաւորել մեր զայրոյթը` թշնամիին յարձակողապաշտ քաղաքականութեան դէմ, այսինքն` թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ազրպէյճանի, եւ թէ՛ վարձկաններու այդ միացեալ ճակատին դէմ անհրաժեշտ էր բանալ համաշխարհային պայքար, որ քաղաքական էր դուրսը, եւ ինչպէս մենք միշտ կ՛ըսենք, վերջ ի վերջոյ մեր մարմինները եւ Հայ դատի յանձնախումբերը հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակն են, ուստի, եթէ բանակը կեդրոնական կորիզն է, աշխարհի չորս կողմը ծուարած Հայ դատի եւ հայ իրաւունքներու համար պայքարող այդ բանակն է, որ կ՛օժանդակէ Հայաստանի դիւանագիտութեան եւ յառաջ կը տանի հայութիւնը հետաքրքրող հարցերը:

Այս անգամ ալ այդ բանակը անմիջապէս անցաւ գործի, որպէսզի քողազերծէ ազրպէյճանական մտադրութիւնը, Թուրքիոյ անընդունելի դերը` Կովկաս թափանցելու, վարձկաններու մերժելի մասնակցութիւնը այս պատերազմին, ինչպէս նաեւ կարգ մը պատերազմական ոճիրներ լուսարձակի տակ բերէ, ինչպէս` ֆոսֆորի գործածութիւնը եւ այլ յանցագործութիւններ, որոնք զայրացուցած էին ամբողջ հայաշխարհը: Երրորդը քարոզչական դերակատարութիւնն էր` մամուլի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններուն ճամբով, ընկերային ցանցերու ընդմէջէն, որովհետեւ այս հարթակներուն վրայ եւս հսկայական պատերազմ կը մղուէր մեզի դէմ, ուստի մեծ անհրաժեշտութիւն կար այդ պատերազմին հակադարձելու եւ հայկական տեսակէտները տարածելու: Քարոզչականին մէջ էր նաեւ ցոյցերու բաժինը, մենք նոյնիսկ տարբեր երկիրներու մէջ փողոցները բախումներ ունեցանք ազերի-թուրքերու հետ, որոնք կ՛ուզէին իրականութիւնը խեղաթիւրել եւ զայն ներկայացնել իբրեւ հայկական յարձակում Ազրպէյճանի վրայ եւ ազրպէյճանական հողերու զաւթում: Չորրորդը տնտեսական-նիւթական աջակցութիւնն է, որ բաւական յաջող ձեւով ընթացաւ, եւ գիտենք, թէ աննախընթաց գումար հաւաքուեցաւ` շուրջ 170 միլիոն եւ աւելի, որ տրամադրուեցաւ Հայաստանին ու Արցախին:

«Վ. Ձ.».- Իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ի՞նչպէս կը գնահատէք Հայրենիքի փրկութեան շարժումը, ցարդ անոր կտրած ճամբան եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք անոր յառաջիկայ քայլերը:

Յ. Տ. Խ.- Նման պարտութիւն կրած իշխանութիւնը, որ նաեւ պարպուած է իր էութենէն ու այս ամբողջ ընթացքին յստակ դարձուցած է իր անկազմակերպ եւ անճարակ ըլլալու հանգամանքը, երբեք չի կրնար շարունակել բանակցութիւնը, որպէսզի կարենայ առաւելագոյնս ապահովել հայանպաստ դիրքորոշում: Իսկապէս ալ այս իշխանութեան մնալը մեզի համար ազգային աղէտ է, որովհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ ականատես կ՛ըլլանք պարտուողական նոր դրսեւորումներու, հողային նոր յանձնումներու, սահմանագիծի նոր ճշդումներու, որոնք բոլորն ալ զիջումնային տարբերակներ են, փոխզիջում հասկացողութիւնը իմաստը կորսնցուցած է, որովհետեւ նման բան չենք տեսներ, ամէն ինչ կը կատարուի միակողմանի զիջումներով, այդ ալ` Հայաստանի կողմէ: Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է կտրուկ փոփոխութիւն կատարել, եւ ՀՅԴ-ն եղաւ այն մղիչ ուժը, որ կրցաւ համախմբել խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը եւ կազմել Հայրենիքի փրկութեան շարժումը:

Այս շարժումը միայն կուսակցութիւններէ չի բաղկանար, նաեւ իր մէջ կը ներառէ մտաւորականութիւն, այդ պատճառով ալ ունի լայն խորհուրդ, որ ընդհանուր ուղղութիւնները կը ճշդէ, անոր հովանիին տակ կը գործեն գործադիր, իրաւական հարցերու, քարոզչական եւ կազմակերպական մարմինները, որոնց աշխատանքով կը տարուի գործունէութիւնը: Բնական է, որ մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, կը ծրագրենք այդ շարժումը վերածել ժողովրդային լայն հիմք ունեցող շարժումի, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել հայութեան համար անհրաժեշտ կտրուկ փոփոխութիւնները: Մեր հիմնական աշխատանքը կը կեդրոնանայ այն կէտին վրայ, որ այս իշխանութեան մեկնումէն ետք պէտք է ստեղծուի ազգային համերաշխութեան համաձայնական կառավարութիւն մը, զոր գլխաւորելու համար մեր առաջադրած թեկնածուն Վազգէն Մանուկեանն է, որովհետեւ ան ունի այդ փորձառութիւնը` իբրեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար, պատերազմին մէջ կտրուկ եւ հայանպաստ դիրքորոշում բերելու: Նաեւ Վազգէն Մանուկեան այն դէմքն է, որ երբեք չէ զիջած իր ազգային գաղափարախօսութենէն, ինչ որ շատ կարեւոր հանգամանք է, մանաւանդ որ ան կոչուած է ըլլալու այն համախմբող եւ միացնող դէմքը, որ նախորդ 2,5 տարուան ընթացքին բեւեռացնող քաղաքականութիւնը, սեւի եւ սպիտակի, ներսի եւ դուրսի, հինի ու նորի բաժանման վերջ մը պիտի կարենայ դնել, որպէսզի մեր ժողովուրդին մէջ վերահաստատուի իսկական միասնականութիւն, նաեւ արթննայ յոյսը, որովհետեւ մենք շատ աւելի մեծ մտահոգութիւններ ունինք, թէ այս պատերազմական վիճակի որոշ եզրայանգումէն ետք կրնան նաեւ ծայր առնել այլ տագնապներ` տնտեսական, արտագաղթ եւ այլն: Ուստի այդ ուղղութեամբ եւս նոր կառավարութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ գործելու, կայունացնէ կացութիւնը, ապա կազմակերպուին արտահերթ ընտրութիւններ:

«Վ. Ձ.».- Վարչապետ Փաշինեան յաճախ կը կրկնէ, որ ինք թիւ մէկ պատասխանատուն է ստեղծուած վիճակին` միեւնոյն ատեն շեշտելով, որ ինք մտադիր չէ հրաժարելու: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս հակասութիւնը` մէկ կողմէ պատասխանատու ըլլալ, իսկ միւս կողմէ ձախողութեան, պարտութեան մատնուելու պարագային` չհրաժարիլ պատասխանատուութենէն:

Յ. Տ. Խ.- Դժուար է բացատրել, որովհետեւ տարօրինակ կացութիւն է. համաշխարհային շատ մը օրինակներ եկած են ցոյց տալու, որ նման լուրջ կորուստներու պարագային, երբ քաղաքական ղեկավարներ ընդունած են իրենց ձախողութիւնը, միեւնոյն ատեն գլխահակ հեռացած են քաղաքական բեմէն` քաջ գիտակցելով, որ պէտք է տեղ ու առիթ տալ ուրիշ իշխանութիւններու, որպէսզի անոնք աւելի լաւ ափ առաջնորդեն երկիրը: Մեր պարագային ալ անհրաժեշտ է ներկայ իշխանութեան հեռացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել բանակցութիւնները եւ փորձ կատարուի քիչ մը աւելի հայանպաստ դիրքորոշումներ կորզել բանակցութիւններուն ընթացքին: Բնականաբար մենք միամիտ չենք ենթադրելու, որ որեւէ նոր իշխանութիւն կրնայ պատռել ստորագրուած այդ յայտարարութիւնը, բայց հոն կան շատ մը անորոշ կէտեր` Արցախի կարգավիճակի, սահմանագծումներու, յատկապէս ապագային վերաբերող, ուստի այդ ուղղութեամբ կայ կատարելիք հսկայական գործ, զոր ներկայ իշխանութիւնը` նման վարչապետի մը ղեկավարութեամբ, ամբողջովին անատակ է իրականացնելու:

Տարօրինակ է եւ իսկապէս անհասկնալի, որովհետեւ եթէ պատասխանատուութիւնը կ՛ընդունի, ատիկա կ՛ենթադրէ հաշուետուութիւն, ամբողջ աշխարհին մէջ ալ պատասխանատուութիւնն ու հաշուետուութիւնը ձեռք-ձեռքի կ՛ընթանան, ուստի Հայաստան չի կրնար միակ բացառութիւնը ըլլալ, իսկ պատասխանատուութեան ստանձնումը կը նշանակէ, որ Փաշինեան պէտք է հեռանայ քաղաքական բեմէն: Դժբախտաբար, անոր մօտ կայ, այսպէս կոչուած, փրկիչի բարդոյթը, որ 2018-էն ի վեր ի յայտ եկաւ, իսկ հիմա անգամ մը եւս փաստուեցաւ, եթէ կարիք կար ատոր, որ Հայաստան պէտք չունի փրկիչի, պէտք ունի ամուր, ազգային գաղափարախօսութեան տէր, ժողովուրդը միացնելու, բռնցքելու ջատագով ղեկավարութեան ու հաւաքական իշխանութեան, որ մեզ պիտի առաջնորդէ աւելի բարօր ապագայի:

«Վ. Ձ.».- Այսօր մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ յետանկախութեան շրջանի ամէնէն խոր տագնապը: Այսօր խնդրոյ առարկայ են Հայաստանի եւ Արցախի հողային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, հայրենիքը հայրենիք դարձնող կռուանները` բանակը, պետականութիւնը, տնտեսութիւնն ու ազգային հարստութիւնները: Արցախի առաջին պատերազմը յաղթելէ ետք մենք պէտք է յաղթէինք նաեւ խաղաղութիւնը: Չյաղթեցինք եւ շատ սուղ գին վճարեցինք մեր պարտութեան համար: Կրնայի՞նք հոս չհասնիլ, ո՞ւր ձախողեցանք եւ ինչո՞ւ:

Յ. Տ. Խ.- Միանշանակ կրնամ ըսել, որ պէտք չէ՛ հոս հասնէինք: Բնականաբար, ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն ամբողջ մեղքը բարդել նախկին իշխանութիւններու ուսերուն, սակայն ատիկա ճիշդ չէ: Կասկած չկայ, որ մենք ալ ազգովին, վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին հաւանաբար քիչ մը գինովնալով մեր յաղթանակներուն առթած յարբեցողութենէն, քանի մը աշխատանքներ պէտք եղած ձեւով չէինք իրականացուցած, եւ պէտք է ատիկա համեստօրէն ընդունինք: Օրինակ, Արցախի ազատագրումէն անմիջապէս ետք պէտք էր շատ աւելի մեծ թափով ու տարողութեամբ վերաբնակեցման աշխատանքը կարենայինք իրականացնել. ոչ թէ փորձ չէ եղած կամ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ չեն ծաւալած, կատարուած են, սակայն որակն ու քանակը անհրաժեշտութեան համազօր չեն, որպէսզի այդ 30 տարիներուն ամուր հողին կառչած բնակչութիւն ունենայինք մեր բոլոր ազատագրուած շրջաններուն մէջ: Ազգովին պէտք է խոստովանինք, որ այս առումով աւելի լաւ կազմակերպուած պէտք է ըլլայինք: Հաւանաբար այս բոլորը ունին առարկայական եւ ենթակայական պատճառներ, բայց եւ այնպէս ՀՅԴ-ին համար ասոնք արդարացուցիչ չեն, պէտք է յաջողած ըլլայինք այս առումով: Երկրորդ օրինակը այն է, որ պէտք է ստեղծուէր համահայկական համախոհութիւն Արցախի ընդհանուր բանակցային գործընթացի հաւանական ծալքերուն եւ ելքերուն, այսինքն` բեմագրութեան վերաբերեալ: Ատիկա տեղի ունեցած է անցեալին` նախորդ իշխանութեան օրով, սակայն այս իշխանութիւնը` «անցեալին ոչինչ ճիշդ էր»-ի իր ամբարտաւան մօտեցումով, «ամէն ինչ պէտք է կասեցնել եւ նորը սկսիլ»-ի տրամաբանութեամբ մեզ հասցուց այսօրուան կացութեան: Թշնամիին համար ոսկի առիթ էր լսել, որ այդ երկար տարիներու բանակցութիւններուն մէջ, ուր հայկական կողմը գոնէ յաջողած էր միջազգային ճնշումը տեղափոխել Ազրպէյճանի վրայ, եւ Հայաստանը նկատել տալ իբրեւ աւելի բարի կամեցողութիւն եւ դրական մօտեցումներ ունեցող կողմ, պատկերը շրջուեցաւ, եւ նախորդ 2,5 տարիներուն ընթացքին Փաշինեանի անզգուշ յայտարարութիւններուն եւ դրսեւորած կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի այլ մակարդակներու վրայ արտասանուած խօսքերուն ճամբով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Հայաստանի անզիջող կեցուածքներուն վրայ, խաղ մը, որ աւելի ճկուն ձեւով պէտք է յառաջ տանէր Հայաստանը: Երրորդ, կասկած չկայ, որ որեւէ պատերազմէ կարելի է խուսափիլ, մանաւանդ երբ կը զգաս, կը նկատես, կը վերլուծես, թէ դուն պատրաստ չես պատերազմի: Ճիշդ է, որ մենք իբրեւ կուսակցութիւն կամ հայկական որեւէ շերտ չէր կրնար ունենալ այն տեղեկութիւնները, զորս ունին իշխանութիւնները` գիտնալու բանակին վիճակը, դիւանագիտական զարգացումներուն մակարդակը: Այս երկու հիմնական տուեալները ունենալով, Հայաստան ամէն գնով պէտք է միտէր կանխել կամ յետաձգել այդ պատերազմը, որ, գիտէինք, օր մը չէ օր մը անպայման պիտի բռնկէր, սակայն այսքան արագօրէն, այսքան ողբերգական հետեւանքի հասցնող պատերազմէ մը կարելի էր խուսափիլ, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ, ընդհակառակը, 2,5 տարի առաջ ծագած այս շարժումի սխալ մօտեցումները եւ կառավարութեան ուղղուածութիւնը հասցուցին այն կացութեան, որ ամէնէն ցած մակարդակին հասան հայ-ռուսական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները` աղէտալի հետեւանքներով: Արդարեւ, եթէ շրջանին մէջ կան տիրական երեք ուժեր, որոնք բաւական ազդեցիկ են եւ կ՛ուզեն իրենց ներդրումը ունենալ, անոնք Իրանն են, Ռուսիան եւ Թուրքիան, որուն համար տարիներու երազ էր հատել սահմանն ու մուտք գործել կովկասեան շրջածիրէն ներս: Թուրքիա անցեալին չէր յաջողած իր այդ երազը իրականացնել, սակայն այս անգամ Ազրպէյճանի կողքին գտնուելու իր քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, նաեւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ նախագահ Էրտողան ամէն տեղ նոր հարցեր ստեղծելու տրամադրութիւն ունի` առանց համաշխարհային որեւէ կարծիքի կարեւորութիւն տալու, անգամ մը եւս փորձեց ընդարձակել իր ազդեցութեան սահմանները` հասնելով Կովկաս եւ դժբախտաբար իրականացնելով իր այդ մտադրութիւնը:

«Վ. Ձ.».- Ձեր նշած այս մտահոգութիւնները ներկայացուցա՞ծ էք իշխանութիւններուն, իսկ եթէ ներկայացուցա՞ծ էք, ի՞նչ հակազդեցութեան հանդիպած էք:

Յ. Տ. Խ.- Մենք պատերազմի սկիզբէն քանի մը տեսակցութիւններ ունեցած ենք վարչապետին հետ, նաեւ բազում հանդիպումներ` տարբեր մակարդակներու վրայ, բայց վերջ ի վերջոյ որոշ ժամանակ մը ետք հասած ենք այն եզրակացութեան, որ այս իշխանութեան համար խորհրդակցութիւն բառը տարօրինակ հասկացողութիւն մը ունի. խորհրդակցութիւն կը նշանակէ երկկողմանի հաղորդակցութիւն, բայց մեր տպաւորութիւնը միշտ այն եղած է, որ տեղեկութիւններու փոխանցումը միակողմանի եղած է, իսկ դիմացը այդ ընկալումը չէ ստացուած: Մեր բազմաթիւ հանդիպումներուն ընթացքին վարչապետը կամ այլ նախարարներ առհասարակ համաձայն գտնուած են մեր վերլուծումներուն եւ ներկայացուցած դժուարութիւններուն, բայց որեւէ ատեն ալ լուծման պատկերացում չեն ունեցած, թէեւ մեր թելադրանքները, առաջարկները կրնային իբրեւ լուծման տարբերակներ նկատի առնուիլ, բայց եւ այնպէս լուծման հասնելու պատասխանատուութիւնը իշխանութեան եւ կառավարութեան ձեռքն է, որովհետեւ իրենք կը տիրապետեն տեղեկատուութեան ամբողջական համակարգին: Այն ապատեղեկատուութիւնը, որ տարածուեցաւ ամբողջ պատերազմին ընթացքին, եթէ մասամբ հասկնալի էր, որ «Յաղթելու ենք»-ը շարունակաբար վերածուեցաւ «Կը յաղթենք»-ի, բայց եւ այնպէս ասիկա ստեղծեց աւելի մեծ հարց, որովհետեւ ժողովուրդին ակնկալութիւնները այնքան բարձրացան, որ պատերազմի իսկական վիճակին ի յայտ գալով այդ բարձրութենէն անկումը շատ աւելի ծանր ու խոր թուեցաւ: Այս գծով ալ զգուշաւորութիւն թելադրած էինք մենք, որովհետեւ ռազմաճակատէն մեր ստացած տեղեկութիւնները չէին համապատասխան իշխանութեան տարածած տեղեկատուութեան: Մենք մեր պարտականութիւնը լաւապէս գիտէինք, այդ պատճառով ալ ոչ մէկ ձեւով հրապարակաւ արտայայտուեցանք այս մասին, որովհետեւ անհրաժեշտ էր պահպանել համահայկական միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ պէտք չէր բարոյալքել ճակատին վրայ կռուող բանակը, կամաւորներու խումբերը եւ այլն: Բայց եւ այնպէս, երբ եղան յայտարարութիւններ, մենք արտայայտեցինք մեր տեսակէտը, թէ թափթփած ու անկազմակերպ վիճակ կը տիրէ, արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է յայտարարել, որ գիւղերուն մէջ ջոկատներ կազմուին եւ անոնք ընտրեն իրենց հրամանատարը, երբ կանոնաւոր բանակ գոյութիւն ունի, ինչպէ՞ս կարելի է ծածկել իրականութիւնը ժողովուրդէն եւ չըսել իսկական ահաւոր կորուստներուն մասին, իսկ անկէ ետք արդէն ստեղծուեցաւ քաոսային վիճակ մը, որ ունեցաւ իր ծանր հետեւանքները ռազմաճակատին վրայ, եւ թշնամին ալ լաւագոյնս օգտագործեց այդ կացութիւնը:

(Շար. 1)