Փոխարժեքներ
11 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.17 |
EUR | ⚊ | € 423.33 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.03 |
GBP | ⚊ | £ 505.68 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.05 |
Հոկտեմբեր 1-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Հայ Դատի Արեւմտեան Գանատայի պատուիրակութիւնը Վանգուվըրի մէջ յատուկ հանդիպում ունեցան Գանատայի Նոր Ժողովրդավար կուսակցութեան (NDP) ղեկավար Ճակմիդ Սինկի հետ։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան իրավիճակի հարցերը։ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի այսօրուան ճգնաժամին մասին եւ շեշտեց, որ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութիւնը ճնշում բանեցնէ Օթթաուայի կառավարութեան վրայ, որպէսզի խստիւ դատապարտուին Ատրպէյճանի յարձակողաղաշտ վարքագիծը Հայաստանի հանդէպ։ Արցախի հարցով, նոյնպէս շեշտադրում կատարուեցաւ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծելու եւ արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու մասին։
Գանատահայութեան պարագային, Հայ Դատի պատուիրակութիւնը գնահատեց Նոր Ժողովրդավար կուսակցութեան հետ երկարամեայ համագործակցութիւնը, դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ։
Նոյն օրը, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պըրնըպիյի քաղաքապետ Մայք Հըրլիի հետ, որուն հետ նշուեցաւ վերջին տարիներուն Պըրնըպի ներգաղթած սուրիահայերու այդսօրուան իրավիճակին մասին։
Հանդիպումներու ընթացքին Հայ Դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Դատի Գանատայի Արեւմտեան շրջանի անդամներ՝ Վահէ Անտոնեան, Մեղրիկ Չափանեան եւ Էտի Փափազեան։
horizonweekly.ca