Փոխարժեքներ
01 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.62 |
EUR | ⚊ | € 421.19 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.99 |
GBP | ⚊ | £ 503.29 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.27 |
Վրէժ-Արմէն
«Ինչի՞ պէտք ունինք» (De quoi avons-nous besoin?) վերնագրուած հետաքրքրական յօդուած մը ստորագրած է Մուսթաֆա Ֆահմի (Mustapha Fahmi)՝Շիգութիմիի մէջ Քեպէգի համալսարանի անգլիական գրականութեան դասախօսը, «Լը Տվուար» (Le Devoir) օրաթերթի 2020 դեկտեմբեր 24ի թիւին մէջ։
Ինչի՞ պէտք ունինք…
Հարցը կը ծագի համաճարակի շրջանին նուազագոյն կարիքներու բաւարարման խնդիրէն. ո՞ւր պէտք է դրուի շեշտը, մեր ո՞ր կարիքները կենսական պիտի նկատուին ու անպայման գոհացուին պետական յատուկ նախաձեռնութիւններով, եւ ո՞ր կարիքները կրնան սպասել կամ անտեսուիլ գէթ այս օրերուն։ Ի՞նչ բաներէ կախում ունին մեր վերապրումը, համավարակի յաղթահարումը։ Խիստ այժմէական այս հարցին պատասխանը գրողը կը գտնէ Շէյքսփիրի «Լիր արքայ» գործին մէջ։ Ծեր արքան իր թագաւորութիւնը եւ հարստութիւնը կը բաժնէ երկուքի ու կը յանձնէ իր երկու դուստրերուն` պայմանաւ, որ տարուան կէսը ապրի անոնցմէ առաջինին, իսկ միւս կէսը՝ երկրորդին քով` իրեն վերապահելով արքայի տիտղոսը եւ հարիւր ասպետ պահելու իրաւունքը, ասպետներ, որոնք իրեն պիտի ընկերանան իր ճամբորդութիւններուն եւ ելոյթներուն ընթացքին։
Դուստրերը, սակայն, շուտով կ’անդրադառնան, թէ այնքան ալ դիւրին չէ իրենց շուրջ այդքան ասպետ պահելը։ «Ի՞նչ պէտք ունիս այդքան ասպետի»,- կ’ըսեն անոնք իրենց հօր։ «Արդէն այնքան մեծ թիւով սպասաւորներ ու պահակներ ունինք, ի՞նչ պէտք կայ 100 ասպետի, նոյնիսկ 50 ասպետի կամ 25 ասպետի»։
Թագաւորի պատասխանին մէջ Ֆահմի կը տեսնէ գրականութեան բարձրակէտերէն մին, ուր Շէյքսփիր կու տայ կեանքի ամբողջ իմաստասիրութիւն մը։ «Ո՜հ,- կ’ըսէ Լիր,- մի՛ կշռադատէք կամ մի՛ հաշուէք կարիքը, եւ այդ՝ պարզ այն պատճառաւ, որ եթէ մարդ արարածները սահմանափակուէին միմիայն իրենց պէտք ունեցածով, անոնց կեանքը պիտի նմանէր անասուններու կեանքին»։
Այո՛, դիտել կու տայ յօդուածագիրը, «Իրապէս ինչի՞ պէտք ունինք ապրելու համար՝ ուտել, խմել, ցուրտէն ու շոգէն պաշտպանուիլ ու սերնդագործել՝ մեր տեսակը շարունակելու համար։ Ասոնք ճիշտ այն բաներն են, որոնց պէտք ունին անասուններն ալ։ Ուրիշ ի՞նչ կը մնայ զանազանելու համար մեզ անոնցմէ. երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, արուեստները, մարզախաղերը, որոնք կենսական չեն մեր վերապրումին համար, բայց որոնք կը նպաստեն` հարստացնելու մեր կեանքը ու բարձրացնելու մեզ մակարդակի մը, որուն չեն կրնար հասնիլ անասունները»։
Աւելի չեմ ուզեր անդրադառնալ այս յօդուածին, որուն շարժառիթը, ինչպէս ըսի, համավարակն է ու պետութեան ցոյց տուած աջակցութիւնը՝ զայն յաղթահարելու համար։ Պահանջքը, իհարկէ, այն է, որ կարեւորութիւն տրուի նաեւ արուեստներուն, արուեստի գործիչներուն ու տուներուն եւ այլ հասարակական միաւորներու, որպէսզի անոնք ալ կարենան շարունակել գործել, ստեղծագործել ու հարստացնել մեր կեանքը։
Յօդուածը, սակայն, զիս կը տանի այլ մտորումներու՝ մեր անցեալի բաւիղներէն անցընելով զիս։
Ի վերջոյ, եթէ մեր պատմութեան ակունքներուն դրուած է Հայկի ու Բելի առասպելը, այդ նշանակութիւն մը պէտք է ունենայ մեզի համար։ Չէ՞ որ Բելը Հայկին ու իր ժողովուրդին կը խոստանար հանգիստ կեանք ու կարիքներու ամբողջական գոհացում բարեբեր հողատարածքի մը վրայ` պայմանաւ, որ ան յօժարէր ապրիլ ի՛ր մականին տակ, ի՛ր ուզած ձեւով։ Իսկ Հայկ կը նախընտրէր երթալ վե՜ր`լեռնե՜րը`գուցէ ժայռոտ-տատասկոտ, բայց ըլլալ ազատ, ըլլալ սեփական կենցաղին ու հաւատալիքներուն տէրը։
Այդ երեւոյթը կը կրկնուի մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին։ Ո՛չ պարսից արքայից արքաներու, ո՛չ արաբ նուաճողներու սպառնալից կեցուածքներն ու վայրագ յարձակումները կրցան մեզի պարտադրել իրենց կրօնն ու ապրելակերպը, հակառակ որ ենթարկուելու պարագային պիտի ապրէինք ու վստահաբար նաեւ բազմանայինք, ինչպէս այլ ժողովուրդներ, որ ենթարկուեցան, մինչ մենք որդեգրեր էինք քրիստոնէութիւնը, որովհետեւ ան հարազատ էր մեր բնութեան, թէկուզ ան ալ դուրսէն կու գար մեր երկիրը։ Եւ այսպէս՝ մինչեւ մեր օրերը։
Վերջին հաշուով, ի՞նչ է ինքնորոշման իրաւունքը, եթէ ոչ վերապրելու այդ անմիջական կարիքներէն անդի՛ն ապրելու, գործելու եւ ստեղծագործելու իրաւունքը՝ մեր էութեան հարազատ ըլլալու ու մնալու վճռականութեամբ։
Ի՞նչ է, այո՛, մեր սեփական հողին վրայ մեր սեփական կեանքը ապրելու մեր երազը, եթէ ոչ մարդը անասունէն տարանջատող այդ ամէնէն մարդկային, ամէնէն տարրական իրաւունքին պահպանումը։
Ամեն անգամ, երբ այս բաներուն մասին կը գրեմ, չեմ կրնար չվերադառնալ մեր գաղափարախօս մեծ ընկերոջ՝ Նաւասարդեան Վահանի այսպէս կոչուած «Քաղաքական կտակ»ին, որուն հետեւեալ բառերը յաւերժ դրոշմուած կը մնան մտքիս մէջ.
-«Արիւն եւ արցունք չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ։
-Հայ շինականը տէր դարձնել իր արդար վաստակին։
-Հաւատացեալը ազատ ձգել`անվախօրէն իր Աստծուն աղօթելու։
-Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները։
-Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն։
-Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ իր ազատ հայրենիքին մէջ։
-Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին ազատ Հայաստանի մէջ»։
Իրաւունք չունէ՞ր Լիր արքան։