կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-11-30 23:50
Սփյուռք

Կը պահանջենք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անցնցում հեռանալը իշխանութիւնէն. Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Կը պահանջենք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անցնցում հեռանալը իշխանութիւնէն. Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային ՄիութեանԳանատայի Շրջանային Վարչութիւնը պաշտօնական նամակ մը յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանին զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան

Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան,

Օթթաուա

Ձերդ վսեմութիւն,

Սոյն գրով կը դիմենք ձեզի, որպէս Գանատայի մօտ ՀՀ պետական ներկայացուցիչ, յայտնելու մեր ընդվզումն ու ցասումը՝ նոյեմբեր 9-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած նուաստացուցիչ ու պարտուողական փաստաթուղթին վերաբերեալ։

Մենք կը գտնենք, որ այդ փաստաթուղթով ի չիք կը հանդիսանան 90-ական թուականներու սկզբին ծանր կորուստներու գնով ձեռքբերուած հայկական յաղթանակները, իսկ այսօր՝ անով լրջագոյն հարուած կը հասցուի թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի անվտանգութեանց։

Այդ փաստաթուղթին տակ ստորագրող ՀՀ վարչապետը արձակեց մեր բազմադարեայ պատմա-մշակութային յուշակոթողներու՝ վանքերուն ու եկեղեցիներուն խաթարման վճիռը։ Թշնամիին ձեռագիրը ծանօթ է բոլորիս, ինչպէս եղաւ պարագան Արեւմտահայաստանի կամ Հին Ջուղայի հայկական գերեզմաններու խաչքարերու սրբապղծման, ախոռներու վերածման կամ վերջնական ոչնչացման։

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը օղակ մըն է համայն աշխարհի տարածքին աւելի քան 90 տարիներէ ի վեր հայ մշակոյթի ու կրթութեան ջահը բարձր պարզած մեր միութեան, որ չի կրնար անտարբեր մնալ ի տես վերոյիշեալ մտահոգեցուցիչ կացութեան։ Առ այդ, ստեղծուած իրավիճակին բարւոք լուծում գտնելու եւ երկիրը ներկայ փակուղիէն դուրս բերելու նպատակով, կը պահանջենք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ինքնակամ, անյապաղ եւ անցնցում հեռանալը իշխանութիւնէն։

Մենք հպարտ ժառանգորդներն ենք 1918-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը կերտած եւ 1928-ին մեր միութիւնը հիմնած՝ Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ Համօ Օհանջանեանի եւ այլոց։ Ժառանգորդներն ենք ա՛յն միութեան, որ մինչեւ օրս իր ուսերուն վրայ վերցուցած է հայրենիքէն դուրս՝ հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման սուրբ առաքելութիւնը։ Մեր ներշնչման աղբիւրը սակայն միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ մեր հայրենիքն ու պետութիւնը։ Ուստի, Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ օժանդակութեան աշխատանքները պիտի շարունակենք` մեր պետութեան բարգաւաճման ու հայրենի բնակչութեան բարօրութեան։ Մեր կամուրջը պիտի մնայ անխախտ՝ այնքան ատեն որ ունինք հայրենի իշխանութիւն մը, որ կը գնահատէ մեր ազգային եւ մշակութային արժէքները։

Ընդունեցէք Տիկին Յարութիւնեան, մեր խոր յարգանաց հաւաստիքը։

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան

Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն