Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեք տարի առաջ հայրենիքը վտանգի ճանապարհին տեղադրելու ուղեւորութեան մը արկածախնդրութիւնը տեղի ունեցաւ։ Եղան մարդիկ, ներառեալ այս տողերուն հեղինակը, որոնք զգուշացուցին, նոյնիսկ ահազանգեցին այս փորձութեան աղիտաբեր հետեւանքներուն մասին։ Բայց էֆորիայի մէջ ինկած ժողովուրդը չէր կրնար լսել ու տեսնել Հայաստանի, Արցախի, ազգային արժէքներու եւ Հայ Դատի դէմ արտաքնապէս սարքուած վտանգաւոր բեմադրութիւնը։
Այս բեմադրութեան գլխաւոր դերակատարութիւնը յանձնուած էր պրն. Նիկոլ Փաշինեանին, որուն հրապարակագրական գրգռիչ եւ քաղաքական ցուցականութեան յատկութիւնները ծանօթ էին շատերուն՝ առաջին հերթին Հայաստանի իշխող դասակարգի շարքերը խտացնող պետական այրերուն եւ այսպէս կոչուած մենատիրական օլիգարխներուն։ Այսպիսի մարդոցմէ շատերը, սեփական շահէ կամ վախէ մղուած, հանդուրժեցին պրն. Փաշինեանի երկիրը ղեկավարելու վերելքը։ Անոնցմէ ոմանք նաեւ գործակցեցան ու սատարեցին այդ վերելքին, այդպէս վաստկելով նոր պիտակներ՝ իբրեւ իմաստուն այրեր կամ գործարարներ։ Սփիւռքի մէջ եւս ուռճացան շարքերը փաշինեանական թմբկահարներուն՝ ոմանք մղուած պրն. Փաշինեանը հովանաւորող արտաքին ուժերու նիւթական խայծով եւ ուրիշներ՝ անձնական գձուձ հաշիւներով։
Պրն. Փաշինեանին սատարողները դիտաւորեալ անտեսեցին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին սպառնացող վտանգաւոր հետեւանքները, իսկ ժողովուրդի մէկ կարեւոր մասը մեծ յոյսերով եւ ակնկալութիւններով ողջունեց նոր իշխանափոխութիւնը։
Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ իշխանութեան տիրացաւ պրն. Փաշինեան, որուն միակ արժանիքները կը կայանային իր խառնակիչ հրապարակագրութեան եւ արկածախնդիր քաղաքական գործիչի յատկութիւններուն մէջ։ Այսպէս, հայրենիքի ղեկը ստանձնեց մարդ մը, որ զուրկ էր պետական առաջնորդի հասկացողութենէ, վարչագիտական կարողութենէ, ռազմական, տնտեսական, ֆինանսական, ընկերային, մշակութային, ազգայինն գիտելիքներու տարրական ըմբռնումներէ։
Ահաւորագոյնը, պրն. Փաշինեան զուրկ էր ժողովուրդ մը եւ երկիր մը առաջնորդելու կարողութիւնէ, կարողականութենէ եւ հասկացողութիւնէ։ Ան զուրկ էր ժողովուրդը միացնող, հայրենի հողը պաշտպանող եւ պետականութիւնը ամրակայող տեսլականէ։ Ան չուէր եւ տակաւին չունի հեռանկարային վարքագիծ։ Իր միակ տեսլականը է՛ր ու կը մնայ իշխանութեան պահպանումը՝ նոյնիսկ երբ փուլ առ կը փուլ քանդումի ընթացքի մէջ են պետական կառոյցի բոլոր ոլորտները։ Իր միակ վարքագիծը եղաւ եւ կը մնայ գրգռութիւններու եւ գռեհկութիւններու ուղին։
Այս բոլորի հանրագումար եղաւ այն, որ պրն. Փաշինեան, իշխանութեան վրայ մնալու իր մոլուցքով, նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծեց զինակցական ռազմավարութիւն մէջ։ Փոխանակ Հայաստանի ու հայութեան համար ռազմավարական ճիշդ բարեկամներ ընտրելու, ան որդեգրեց «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ԹՇՆԱՄԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՍ Է» սկզբունքը։ Հիմա իսկ ան կը յուսայ իշխանութիւնը պահել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի աջակցութեամբ։ Ասոր մէկ վերջին դրսեւորումն էր Սիւնիքի շրջանը ընտրապայքարի այցելութեան ընթացքին իր հրապարակային ելոյթը, ուր, յիսուն մղոն անդին Շուշիի մէջ Էրտողան եւ Ալիեւի գրկախառնումի համայնապատկերին ետին, ան դատապարտեց Դաշնակցական երիտասարդներու թրքական դրօշակ այրերու քաղաքական աքթը եւ կոչ ըրաւ Յունիսի 21-էն ետք այրել Դաշնակցութեան դրօշակը։ Կոչ մը՝ որմով ան տակաւին կը յուսայ շոյել զգացումներ թրքօ-ազերիական ղեկավարութեան, որոնց վախի մնայուն մղձաւանջն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին արտահերթ ընտրութիւններու պիտի երթայ հայրենիքի ղեկավարման այսպիսի մթնոլորտին մէջ։ Պրն. Փաշինեանի երեք տարիներու ղեկավարման քանդիչ հետեւանքները կրկնելու հարկ չկայ։ Գիտենք այդ հետեւանքները։ Գիտենք նաեւ գալիք հետեւանքներու ահաւորութիւնը, եթէ պրն. Փաշինեան եւ իր գերազանցապէս անկարող շրջապատը վերարտադրեն իրենք իրենց եւ շարունակեն մնալ իշխանութեան վրայ։
Պէտք է կեդրոնանալ այս հետեւանքներու բուն աղբիւրին վրայ։ Այդ աղբիւրը պրն. Փաշինեանի ձախող ղեկավարումն է։ Այս ընտրութիւնները այդ ձախողութեան մասին են։ Շարունակուող աղետալի ու տակաւին աղիտաբեր հետեւանքներու աղբիւրին արմատական վերացումի պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուի հայրենի քաղաքացին։
Ընտրութիւնը վատ ղեկավարումի եւ լաւ ղեկավարումի միջեւ է։ Երեք տարի յամեցող վատ ղեկավարումի տագնապներն ու հետեւանքները քանդեցին երկիրը, փոքրացուցին հայրենական տարածքները եւ ջլատեցին մեր ժողովուրդի թէ՛ կամքը, թէ յոյսը։
Պրն. Փաշինեանի իշխանութեան վատ ղեկավարումը հայրենիքին ու ժողովուրդին գոյութեան եւ գոյատեւելիութեան գլխաւորագոյն սպառնալիքն է։ Երեք տարի առաջ, Ամերիկայի Նեվատա Համալսարանէն քաղաքական գիտութիւններու հայանուն փրոֆեսոր մը Երեւան լոյս տեսնող EVN Report-ի մէջ կը գրէր, թէ պէտք է թոյլ տալ, որպէսզի պրն. Փաշինեան Հայաստանի պետական կառոյցին մէջ նշանակէ ու զետեղէ իր սեփական քատրերը։ Անշուշտ գիտէինք եւ գիտենք, թէ այս փրոֆեսորը եւ անոր կարծիքները սփռողները ուրկէ կը խմեն իրենց ջուրը։
Ու այդպէս, պրն. Փաշինեան մեր պետականութեան մեքենային մէջ թխմեց իր քատրերը՝ արդարադատական, վարչական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներէն մինչեւ ազգային ուժային եւ բանակային կառոյցները։ Եւ ստացանք ո՛չ թէ վատ, այլ վատագոյն ղեկավարման դրութիւնը, որուն անխուսափելիօրէն պիտի հետեւէին եւ հետեւեցան այն ահռելի հետեւանքները, որոնց մասին գրեթէ բոլորս գիտենք ու մտահոգուած ենք։
Պրն. Փաշինեանի վատ ղեկավարումով օրէնքի եւ սահմանադրութեան գերակայութիւնը վերացաւ, պետական ու կառավարական գործերու թափանցիկութիւնը անյայտացաւ, հասարակական աշխատանքներու մէջ ժողովուրդի եւ մնացեալ խմբակցութիւններու մասնակցութիւնը անտեսուեցաւ, համախոհութեամբ ղեկավարելու սկզբունքը մերժուեցաւ, արդարութեան եւ անկողմնակալութեան գործելակերպը վերածուեցաւ միահեծանութեան, հաշուետուութեան պարտականութիւնը ջնջուեցաւ...։ Պետական կառոյցներու եւ յատկապէս ուժային միաւորներու մօտ հաւատարմութիւն ձեռք բերելու համար դիմուեցաւ կաշառքի եւ սպառնալիքի։
Այսօր ա՛յս է պատկերը պրն. Փաշինեանի վատ ղեկավարման։ Այս պատկերը լաւագոյն կերպով կը մերկացնէ անոր ձախողութիւնը իբրեւ վարչապետ, առաջնորդ, ղեկավար եւ քաղաքացի։ Այս բոլորի վանումի եւ մերժումի մասին են այս ընտրութիւնները։
Բայց գոյութի՛ւն ունի լաւ ղեկավարման յոյսն ու խոստումը։ Զայն կը տեսնենք յատկապէս «Հայաստան» Դաշինքի ղեկավարներուն մօտ, անոր ծրագրային ու գործելակերպային տեսլականներուն մէջ։ Այս յոյսն ու խոստումը ունին վաւերականութիւն, որովհետեւ Դաշինքը ի մի համախմբած է երկրի լաւագոյն, գիտակից, մասնագէտ, փորձառու եւ նուիրեալ տարրերը։
Հայաստանի քաղաքացին այս ընտրութիւններուն ազգային գերագոյն պարտաւորութիւնը ունի դիրքորոշուելու վատ կառավարումի մերժման եւ լաւ կառավարումի որդեգրման միջեւ։ Իրեն կը պատկանի հայրենիքի ճակատագրի որոշումը։ Այդ որոշումը պէտք է ըլլայ վճռական ու տարերային, որպէսզի Յունիս 21-ին կայանայ իշխանութեան խաղաղ փոխանցում՝ ի հեճուկս պրն. Փաշինեանի երկիրը վտանգաւոր կացութիւններու մղելու սպառնալիքներուն։
Այս անգամ Հայաստանի քաղաքացին պիտի քուէարկէ լաւ ղեկավարումի համար, հզօր Հայաստանի համար, ամբողջական Արցախի համար, պահանջատէր Սփիւռքին համար։
Լոս Անճելըս
Սեդօ Պոյաճեան