կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-24 18:59
Աշխարհ

Անցնող երեք տասնամեակներուն մենք պայքարի առաջնագիծին վրայ էինք. Րաֆֆի Համբարեան

Անցնող երեք տասնամեակներուն մենք պայքարի առաջնագիծին վրայ էինք. Րաֆֆի Համբարեան

Yerkir.am-ը ներկայացնում է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարյանի հետ հարցազրույցը  

- Ինչպէ՞ս կը գործէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, ի՞նչ կառոյցով։

- Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ԱՀԴՅ) հպարտօրէն կը գործէ իբրեւ ամերիկահայ համայնքին եւ մեր գործընկերներուն ձայնը, միաժամանակ աշխուժ կերպով կը փորձէ, մեր համայնքին ուժերը լծակի վերածելով, հայանպաստ վարքագիծ ապահովելու համար երկրի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մէջ։

Յանձնախումբը կը ղեկավարուի Ամերիկայի արեւելեան եւ արեւմտեան գօտիներէն ականաւոր ամերիկահայերու կողմէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը երկար տարիներու փորձառութիւն ունի կազմակերպչական բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ խոր արմատներով կապուած է համայնքին հետ՝ երկրի ամբողջ տարածքին։

Աշխարհագրական այլազանութիւնը եւ անդամներուն՝ համայնքին հետ սերտ կապուածութիւնը մեզի կարելիութիւն կու տան համախմբելու երկրի ամբողջ տարածքին սփռուած ամերիկահայութեան ուժը։ Այս մէկը կենսական է, որովհետեւ մեր աշխատանքին մեծ մասը կը կատարուի տասնեակ հազարաւոր կամաւոր նուիրեալներու կողմէ, որոնք կը գործեն իբրեւ տեղական գործիչներ, ղեկավարներ եւ նիւթապէս կը զօրակցին Հայ դատի շահերը կորովի կերպով առաջ մղելու համար։ 

- Աւանդաբար ԱՀԴՅն գործած կամ շփուած է առաւելաբար ԱՄՆի օրէնսդիր իշխանութեան հետ, քան գործադիրին։ Ինչո՞ւ այսպէս եղած է։

- Մեր կեդրոնացումը եղած է արդիւնք ձեռք բերելը։ Ամերիկայի քաղաքական համայնապատկերին մէջ մենք կը փորձենք մեր կարելիութիւնները լծակի վերածել, որպէսզի մեր նպատակները իրագործենք։

Իբրեւ երկրի սահմանադրական ազատութիւնները վայելող համայնք, աչքի առջեւ ունենալով դաշնակցային համակարգին մէջ փոխադարձ հակակշիռները, ինչպէս նաեւ երկրի արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւնները ձեւաւորող տուեալները, մենք շատ յաճախ կրցած ենք շինիչ փոփոխութիւններ մտցնել գործադիրի քաղաքականութեան մէջ զանազան միջոցներով։ Այս միջոցներէն են Սպիտակ տան եւ դաշնակցային զանազան օղակներուն հետ մեր ուղիղ կապերը։ Թէեւ աւելի յաճախ կը նկատենք, որ Քոնկրէսին հետ մեր գործը կ’արդիւնաւորուի օրէնսդրական մարզէն ներս, որ իր դրսեւորումը կ’ունենայ վարչակազմի քաղաքականութեան մէջ։ Տամ երկու աչքառու օրինակներ. մէկը` Հայաստանի եւ Արցախին օժանդակութիւնը, միւսը՝ Ատրպէյճանի դէմ սեղմումներ հաստատող 907րդ պարբերութիւնը։

Թէեւ պէտք է նշենք, որ ամերիկեան սահմանադրութիւնը լայն իրաւասութիւններ կու տայ Քոնկրէսի զոյգ պալատներուն (Ներկայացուցիչներու տուն եւ Ծերակոյտ) ոչ միայն օրէնքներ մշակելու իմաստով, այլ նաեւ դաշնակցային մակարդակի յատկացումներ ընելու համար. մեր պարագային՝ Հայաստանին եւ Արցախին։ Ծերակոյտը կենսական դեր ունի մեր աշխատանքներուն համար, որովհետեւ սահմանադրութիւնը անոր տուած է դաշնագրեր եւ նախագահական նշանակումները վաւերացնելու լիազօրութիւն, օրինակ՝ թէ ով պիտի գրաւէ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը։

Գալով գործադիրին` մենք աշխուժ կապի մէջ ենք պետական բաժանմունքին

(այսպէս կը կոչուի ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութիւնը - «Դ.») եւ կառավարական այլ օղակներուն հետ։ 

Կը խորհիմ, որ օրէնսդիր իշխանութեան հետ մեր աշխատանքը (Քոնկրէսի զոյգ պալատներու 535 անդամներով) շուքի տակ կը ձգէ Սպիտակ տան  եւ գործադիրի այլ օղակներուն հետ մեր գործը։ Իրականութեան մէջ զոյգ ուղղութիւններով մենք շատ գործունեայ ենք։  

Մեր համայնքին դրուածքը յատկապէս շատ կը պատշաճի քոնկրէսական խաղի կանոններուն։ Մեր մղումները բարձր են. մենք շատ լաւ կազմակերպուած ենք, տարածուած գրեթէ բոլոր՝ 50 նահանգներուն մէջ, մենք աշխուժօրէն կը գործենք քոնկրէսական հարիւրաւոր ընտրաշրջաններէ ներս։ Մեր այս ընդարձակ ներկայութիւնը կենսական է, որպէսզի օրէնսդրական գործընթացին մէջ կարենանք գործի լծել մեր ընտրազանգուածը։ Իրականութեան մէջ մենք Ուաշինկթընի մէջ ճանչցուած ենք իբրեւ ազդեցիկ խմբաւորում, որ ընտրազանգուածէն հազարաւորներ կրնայ գործի լծել արագօրէն։

Մեր աշխարհագրական տեղաբաշխումը (մեր համայնքի այլազանութիւններէն մին) մեծ ուժ է։ Այն փաստը, որ մեր համայնքները (օրինակ` Ֆրեզնոն Քալիֆորնիոյ, Ուոթըրթաունը Մէսէչուսեցի, Շիքակոն Իլլինոյի մէջ) Քոնկրէսէն ներս ներկայացուած են ուժեղ դէմքերով, կը նշանակէ, որ ԱՀԴՅն աւելի ազդեցութիւն եւ կարելիութիւններ ունի մեր վարքագծային թիրախներուն հասնելու համար։

Նոյնն է պարագան Ծերակոյտին հայախիտ նահանգներու մէջ։ Միակ տարբերութեամբ, որ կան քիչ թիւով հայերով բնակեցուած նահանգներ (ինչպէս` Այտահոն), սակայն նոյնիսկ այդ տեսակ վայրերու մէջ, երբ ունինք թէեւ փոքրաթիւ, բայց կազմակերպուած համայնքներ, կրցած ենք քաղաքական յաջողութիւն արձանագրել։ 

- Օտար, ինչպէս նաեւ հայաստանեան մամուլին մէջ ԱՀԴՅն կը բնութագրեն իբրեւ «հայկական լոպպի», մինչ յանձնախումբը ինքզինք կը համարէ «ժողովրդային արմատներով» կազմակերպութիւն։ Կրնա՞ք լուսաբանել։ 

- ԱՀԴՅն ամերիկեան լոպպիինկ է։ Երբ տիրութիւն կ’ընենք մեր իրաւունքներուն (հաւաքներու, տեսակէտներու արտայայտման, մեր դժգոհութիւնները կառավարութեան հասցնելու իմաստով), մենք կը գործենք իբրեւ ամերիկացիներ։

Մեր թշնամիները (Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները)` իբրեւ օտար կողմեր, կը փորձեն ազդեցութիւն ձեռք ձգել Ամերիկայի վրայ։ Հետեւաբար կ’ուզեն մեզ ներքաշել իրենց մակարդակին, որպէսզի մենք երեւանք իբրեւ «նուազ ամերիկացի», թերեւս ալ որպէսզի իրե՛նք երեւին իբրեւ նուազ օտար։ Այս պատճառով է, որ իրենք միշտ կը ձգտին ԱՀԴՅն ցոյց տալու իբրեւ օտար լոպպի մը։ Իրականութիւնը անշուշտ այն է, որ մենք կը գործենք ԱՄՆի մէջ 1890ականներէն ի վեր, երբ կան ընտանիքներ, որոնց արդէն չորրորդ, հինգերորդ եւ նոյնիսկ վեցերորդ սերունդն է, որ մասնակից է քաղաքացիական գործունէութեան։

Անգարայի եւ Պաքուի համար «դժբախտութիւնը» այն է, որ մենք ամերիկահայեր ենք, որոնք գործունեայ են երկրի ժողովրդավար գործընթացներուն մէջ։ Դժբախտաբար, սակայն (եւ անակնկալ մը չէ), որ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կառավարող ուժերը շատ բան չեն գիտեր, թէ ճիշդ ի՛նչ է ժողովրդավարութիւնը։ Սակայն բոլոր անոնք, որոնք մեզ լաւ կը ճանչնան եւ կը գործակցին մեզի հետ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, գիտեն, թէ ընտրուած պաշտօնատարներու հետ մեր աշխատանքը հարազատօրէն ամերիկեան է։

- Նկատուած է, որ ԱՀԴՅն կ’աշխատի թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ՛ հանրապետական պաշտօնատարներու հետ։ Միւս կողմէ ուրիշներ յանձնախումբը «մօտիկ» կը համարեն մէկ կամ միւս կուսակցութեան։ Յանձնախումբին համար ո՞րն է չափանիշը։

- ԱՀԴՅն Հայկական դատը առաջ մղելու աշխատանքին լծուած է, դատ մը, որ մօտաւորապէս երկու միլիոն ամերիկահայերուն սրտամօտ է։ Մինչ մենք սերտօրէն կը գործակցինք հիմնական երկու կուսակցութիւններուն (Դեմոկրատ եւ Հանրապետական), ինչպէս նաեւ Անկախ կուսակցութեան հետ, մենք ջատագովը չենք այս կամ կողմին։ Մեր համայնքներուն մէջ բազմաթիւ գործիչներ ունինք, որոնք ջերմ դեմոկրատ կամ հանրապետական են, եւ մենք կը յարգենք զիրենք։ Հետեւաբար յանձնախումբը կը հաւատայ, որ, երկկուսակցական ուղղութեամբ մեր շահերը առաջ մղելով, սերտօրէն գործակցելով թէ՛ Հանրապետական եւ թէ՛ Դեմոկրատ կուսակցութեան հետ, մենք արդիւնքի կը հասնինք Հայաստանի ու Արցախի համար։ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի՝ Ներկայացուցիչներու տան գրեթէ միաձայնութեամբ (405 թեր, 11 դէմ), իսկ Ծերակոյտի բոլոր 100 քուէներով քուէարկուիլը վկայութիւնն է մեր մօտեցումին իմաստութեան։  

- Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի անկախութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի օժանդակութեան հարցերով ԱՀԴՅն ի՞նչ կրցած է իրագործել անցնող քանի մը տարիներուն։

- Քոնկրէսէն ներս ցեղասպանութեան ճանաչման` գրեթէ միաձայնութեամբ քուէարկուիլը հրաշք չէր։ Ատիկա ուղղակի արդիւնքն էր ժողովուրդի մակարդակով այն աշխատանքին, որ յանձնախումբը կազմակերպած էր տասնամեակներէ ի վեր։ Երբ կը նայիք ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող այս աշխատանքին, իւրաքանչիւր գլխաւոր ճիգի ետին կանգնած էր ԱՀԴՅն իր հազարաւոր զօրակցողներով եւ կամաւորներով, ամբողջ երկրի տարածքին։

Գալով Արցախին` ԱՀԴՅն կուռ օրակարգ մը ձեւաւորած է` զօրակցելու համար Արցախի Հանրապետութեան ազատ եւ անկախ գոյութեան։ Մեր շրջանային եւ տեղական յանձնախումբերը միշտ պատնէշի վրայ գտնուած են, որպէսզի ապահովեն Արցախի ճանաչումը ամբողջ Ամերիկայի տարածքին։ Ասի փոքր աշխատանք չէ եւ ցոյց կու տայ յաձնախումբին անկոտրում նուիրումը Արցախի ժողովուրդին, որուն զաւակները նոյնիսկ զոհեցին իրենց կեանքը, որպէսզի ազատագրուին Ատրպէյճանի լուծէն։ 

Արցախի կապակցութեամբ անցնող քանի մը տարիներուն մենք գործած ենք հետեւեալ ուղղութիւններով.

Առաջին` մղած ենք ամերիկեան իշխանութիւնները, որպէսզի Արցախի ականազերծման համար աշխատող «HALO Trust» կազմակերպութեան համար ուղիղ օժանդակութիւն ցուցաբերեն։ 

Երկրորդ` դիմած ենք խաղաղութեան կիզակէտով մշակուած նախաձեռնութիւններու (Ռոյս-Էնկել ծրագիրը), որ լուսարձակի տակ կ’առնէ Ատրպէյճանի ռազմամոլ նկարագիրը։

Երրորդ` ԱՀԴՅն գործակցած է Քոնկրէսէն ներս շահագրգիռ եւ մեզի մօտիկ կողմերու հետ, որպէսզի առաջ մղէ Արցախ ճամբորդելու եւ հաղորդակցութեան օրինագիծը։ Այս մէկը կը միտի բնականոնացնելու դաշնակցային օրէնսդիր եւ գործադիր պաշտօնատարներու ճամբորդութիւնը դէպի Արցախ եւ հաղորդակցիլը այնտեղի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։

Չորրորդ` ԱՀԴՅն հիւրընկալեց Արցախի բազմաթիւ պաշտօնատարներ Քափիթոլ Հիլի մէջ այդպէս կը կոչուի Քոնկրէսի շէնքը - «Դ.»), որպէսզի Արցախը մասնակից դառնայ վարքագծային քննարկումներուն Ուաշինկթընի մէջ։

Հինգերորդ` ԱՀԴՅն քաջալերեց Քոնկրէսի անդամներու` Արցախ այցելութիւնը, բան մը, որ դժբախտաբար չի քաջալերուիր ամերիկեան Պետական բաժանմունքին կողմէ։ 

Վեցերորդ` յանձնախումբը առաջնորդեց Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին հակաօդային «Iron Dome» համակարգերու վաճառքին խափանումին ճիգերը։

Եօթերորդ` Ծերակոյտէն ներս մեր բարեկամներուն հետ գործակցաբար խափանեցինք Մէթիու Պրայզայի` Պաքուի մէջ դեսպան նշանակումը։

Վերջին օրինակը, որ կրնամ տալ, յանձնախումբը ճիգեր թափեց, որպէսզի ամերիկեան 45 միլիոն տոլարի ուղղակի օժանդակութիւն տրուի Արցախին։ Այժմ մենք կրկնապատկած ենք մեր ճիգերը, որպէսզի Ամերիկան զօրակցի Արցախի մէջ տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն։

Գալով Հայաստանին տրուող օժանդակութեան` անցնող երեք տասնամեակներուն ընթացքին մենք պայքարի առաջնագիծին վրայ էինք` 2.5 միլիառ տոլարի ամերիկեան օժանդակութիւն ապահովելով Հայաստանին։

Ամերիկեան այս օժանդակութիւնը գործածուած է բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս՝ Արարատի մարզէն ներս ոռոգման համակարգերէն եւ գիւղական ճամբաներու նորոգութենէն մինչեւ կանանց առողջապահական կեդրոններ։ Անցեալ տարի մենք բուռն թափով զօրակցեցանք Քալիֆորնիայէն քոնկրէսական տիկ. Ճէքի Սփիրի օրինագիծին, որ կ’առաջադրէր աւելցնել Հայաստանին տրուող օժանդակութիւնը։ Այս ճիգերուն շնորհիւ օրինագիծը որդեգրուեցաւ, եւ ներկայ ելեւմտական տարուան ընթացքին Հայաստան պիտի ստանայ ամերիկեան յաւելեալ օժանդակութիւն։ Ասիկա հարիւրաւոր օրինակներէն մէկն է, ուր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը կանգնի Հայաստանի ժողովուրդին կողքին Ուաշինկթընի մէջ։

- Թրամփի ներկայ վարչակազմին հետ ԱՀԴՅն յարաբերութեանց ի՞նչ խողովակներ ունի, յատկապէս` Սպիտակ տան կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգերու իմաստով։

- Ինչպէս նախորդ տասնամեակներուն, այժմ եւս մենք կը մնանք յանձնառու, ինչ կը վերաբերի նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհուրդին եւ Պետական բաժանմունքին հետ` վարքագծային բոլոր հարցերուն կապակցաբար։ Միաժամանակ կը գիտակցինք, որ ներկայիս վարքագիծ-քաղաքականութիւն ճշդելու գործընթացը կը տարբերի նախորդ վարչակազմերու մեթոտէն։ Այս ոչ ուղղափառ դրուածքին մէջ մենք ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով կը փորձենք ազդել որդեգրուելիք քաղաքականութեան վրայ` երբեմն վստահելով մեզի բարեկամ հանրապետական քոնկրէսականներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու, որպէսզի մեզի նպաստաւոր թիրախներու հասնինք եւ խափանենք վնասակարները։

- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք յանձնախումբին եւ Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ դեսպանատան յարաբերութիւնները։

- ՀՀ դեսպանատան հետ մեր կապերը շինիչ են։ Ներկայիս դեսպանը ազդեցիկ դիւանագէտ մըն է` իր առաքելութեան յստակ գիտակցութեամբ։ Անցեալին Հայաստանէն կատարուած դեսպանական նշանակումները եղած են կուսակցական նկատառումներով, կամ նշանակուած են այնպիսի դէմքեր, որոնք յաւակնած են համայնքային ղեկավարումի։ Սա սխալ էր։ Հայաստանի դեսպանատունը ամէն իրաւունք ունի խօսելու Հայաստանի կողմէ, սակայն չի կրնար խօսիլ ամերիկահայերու անունով, չի կրնար համայնքի ղեկավարի դերին յաւակնիլ կամ քաղաքական գործունէութիւն ունենալ Ամերիկայի տարածքին։

Վստահ եմ, որ հետագային պիտի շարունակուի ներկայիս ընթացքը՝ լուրջ աշխատանք լուրջ դեսպանի մը հետ Ուաշինկթընի մէջ։  

- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ԱՀԴՅի ներկայիս օրակարգը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ճանաչման եւ հատուցման։

- Մեր ռազմավարական թիրախն է ԱՄՆն արդարութեան խափանումի դիրքերէն մղել հոն, ուր հայութիւնը յաջողի հասնելու արդարութեան՝ կատարուած ոճիրին համապատասխան։ Քոնկրէսական ճանաչումը կարեւոր քայլ մըն էր այս ուղղութեամբ։ Թուրքիոյ կողմէ Սպիտակ տան պարտադրուած «բերան փակելու» մերժումը յաջորդ քայլն է։ Այդ կէտէն մենք ջատագովը պիտի ըլլանք ամերիկեան աւելի ներգործօն քաղաքականութեան մը, որ սուղ գին վճարել տայ Թուրքիոյ` իր ուրացման համար, միաժամանակ` մեկուսացնել Անգարան, որպէսզի չկարենայ խափանել արդարութեան երթը։

Ասոր զուգահեռ` պիտի շարունակենք քանդել այն արգելքները, որոնք կը ցցուին այն ամերիկահայերուն դիմաց, որոնք կփորձեն իրաւական հատուցում ստանալ  ցեղասպանութեան օրերու արդար պահանջներու իմաստով։ Իսկ աւելի լայն իմաստով` պիտի շարունակենք իրաւական լուծումներու հետապնդումը Հայկական իրաւական կեդրոնին (Armenian Legal Center) կողքին, անհատական, համայնքային եւ ի վերջոյ համազգային մակարդակներու վրայ։

- Ներկայիս ի՞նչ են ԱՀԴՅին առաջնահերթութիւնները։

- Մեր յանձնախումբին ճշդած 2020ի առաջնահերթութիւնները կը ներառեն ռազմավարական նախաձեռնութիւններ, որոնք բոլորն ալ ի վերջոյ թիրախ ունին ստեղծելու Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան մը, պետութիւն մը, որ խաղաղօրէն ապրի տարածաշրջանէն ներս, զինակցի Մ. Նահանգներու հետ եւ համարկուի ազգերու համաշխարհային ընտանիքին։

Հայաստանի տնտեսական զարգացումին զօրակցելու նպատակով ԱՀԴՅն կ’աշխատի ԱՄՆ-Հայաստան կրկնակի հարկերը զանց առնող համաձայնագրի մը մշակումին։ Ներկայիս Հայաստան նման համաձայնագիր չունի ԱՄՆի հետ։

Հայաստանի կրթական համակարգը ուժեղացնելու համար ԱՀԴՅն աշխատած է` իրականացնելու համար 145 միլիոն տոլարի յատկացում մը, որ ուղղուած ըլլայ Հայաստանի հանրային դպրոցներուն մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան զարգացումի, հազարամեակի մարտահրաւէրներու ծրագրի ծիրէն ներս։ Մենք կ’ուզենք, որ Հայաստանի հանրային դպրոցներու աշակերտներուն հասանելի ըլլան այսպիսի յատկացումները, որոնք նաեւ աւելի քան 100 դպրոցներ վերանորոգելու առաջադրանքը ունին։ 

Քաջալերելու համար այն անհատները, որոնք կ’ուզեն իրենց հանգստեան թոշակները Հայաստանի մէջ ստանալ, ԱՀԴՅն նախաձեռնած է օրինագիծի մը մշակման (US-Armenia Social Security Totalization Agreement)։ Նման համաձայնագիր մը պիտի ներդաշնակէ ծերութեան թոշակի հարցը Հայաստանի եւ Մ. Նահանգներու միջեւ՝ մեծապէս դիւրացնելով պարագան այն ամերիկահայերուն, որոնք կ’ուզեն իրենց պատմական հայրենիքը հաստատուիլ ու հոն ստանալ իրենց թոշակները։ Այս մէկը հրաշալի պատեհութիւն մը պիտի հանդիսանայ։ 

Յանձնախումբը նաեւ աշխատած է կորովի կերպով հետազօտելու Երեւան-Լոս Անճելըս ուղիղ թռիչքներու կարելիութիւնները` ցարդ կատարուած ամէնէն խոր հետազօտութիւնը այս նիւթով։ Նման ուղիղ թռիչքները տնտեսական մեծ օգուտներ կրնան տալ Հայաստանին՝ յաւելեալ զբօսաշրջութիւն եւ պիզնես։

Բազմաթիւ այլ նախապատուութիւններ եւս կան, սակայն վերջապէս կ’ուզեմ նշել ԱՀԴՅին յատուկ ծրագիր մը` երիտասարդ ամերիկահայերը ունենալով իբրեւ նպատակ։ Մենք ամէն տարի աւելի ու աւելի զարկ կու տանք մեր ամառնային վարժողական ծրագիրներուն, օրինակ՝ ԱՀԴՅի «Լէօ Սարգիսեան» ամառնային ծրագիրը, ուր տաղանդաւոր ամերիկահայ համալսարանականներ աշխատանքային փորձառութիւն կը շահին Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, Ուաշիկնթընի մէջ։ Մենք զարկ տուած ենք նաեւ «Յովիկ Աբօ Սաղտըճեան» ծրագրին, որուն շնորհիւ  ամերիկահայ համալսարանաւարտներ աշխատանքի կը տեղաւորուին հանրային քաղաքականութեան հարիւրաւոր բնագաւառներէ ներս՝ քաղաքական, կառավարական, մինչեւ միտիա եւ այլն։

- Շնորհակալութիւն Ձեզի` այս սպառիչ տեղեկութիւններուն համար։

Լոս Անճելըս,  ապրիլ 2020

 

«Դրօշակ», թիվ 4 (1638), ապրիլ, 2020 թ.