Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` 24 մարտին կէսօրին «Վանայ ձայն»-ի «Դէմ յանդիման «Քորոնա»-ի տագնապին» յայտագիրին ընդմէջէն, զոր վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, անդրադարձաւ այսօր տիրող կացութեան` յատկապէս շեշտելով լաւատեսութեան կարեւորութիւնը` ապրելու համար:
Մարդկութեան վրայ «Քորոնա» ժահրի ունեցած ազդեցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ մեր սերունդն ու մեզմէ տարեց սերունդը համաճարակներու նման ցնցումներ չեն ապրած. «Սակայն հաստատ անցեալին պատահած են նման համաճարակներ, Ա. Աշխարհամարտ, Բ. Աշխարհամարտ, տարբեր անուններով համաճարակներ, որոնք շատ աւելի մեծ թիւով մարդկային զոհեր հնձած են: Բայց այդ օրերուն ընկերային ցանցերը, քարոզչական մեքենան այսքան չէր արդիականացած եւ երկվայրկեանի դրութեամբ տեղեկութիւնները հասանելի չէին մարդոց, ուստի անոնք չէին անդրադառնար կացութեան տարողութեան: Բայց այսօր, ի յայտ եկած այս «Քորոնա» ժահրը առողջ որեւէ մտքի մէջ հարցադրումներ կը ստեղծէ, եւ կը վերադարձնէ գիտակցական տարիքի այն հարցումներուն, որ մենք մինչեւ օրս ի՛նչ ըրած ենք, եւ կ՛արժէր այդքան բան ընել. յանկարծ ոչինչէն կը ծնի բան մը, որ, թէեւ իր չափով ոչինչ է, սակայն ազդեցութեամբ ահարկու եւ սարսափազդու: Առաջին օրէն մտքիս մէջ հետեւեալը զարգացաւ. Բազմահարիւր, բազմահազար թրիլիոններ ծախսուեցան զէնք գնելու համար` զիրար սպաննելու նպատակով, բազմամիլիառ գումարներ ծախսուեցան հիւլէական ռումբի վրայ, թէ ո՛վ կրնայ հակառակորդ պետութիւնը քանի մը անգամով քանդել եւ ինչքան մարդ սպաննել:
Բազմամիլիառ գումարներ ծախսուեցան, որպէսզի մարդիկ կարենան ճարտարարուեստ ստեղծել, կարենան գործ ստեղծել եւ կարենան գումարներ ապահովել դրամատուներու մէջ: Մարդիկ զիրար սպաննեցին դիրք ունենալու համար, մարդիկ նկարուեցան դիրք ունենալու համար, մարդիկ պաշտամունքի առարկայ դարձան, հարուածեցին այլոց, որոնք իրենց կարգին կրնային պաշտամունքի առարկայ դառնալ: Զուտ փոքր ծաւալի վրայ` քինախնդրութիւններ, ոխեր, ժառանգի հարցեր, անիմաստ վիրաւորանքներ, փոխադարձ ոճիրներ, գողութիւն, աւազակութիւն, խուլիկանութիւն:
Հսկայ պետութիւններու մեծ ղեկավարներ, որոնք կը յոխորտային իրենց ունեցած ուժով, այսօր նստած են իրենց պալատներուն ամէնէն հեռաւոր մէկ անկիւնը, փոքր սենեակի մը մէջ ինքնամեկուսացած` վախնալով միայն իրենց սեփական կեանքին վրայ: Այսօր ամենազօրեղը անգամ անզօր է: Ներկայիս շատ բաներ կը գրուին դաւադրութեան մասին, տնտեսական ու քաղաքական շահերու մասին, նոյնիսկ այս ահաւոր համաճարակին, այս աննախատեսելի կացութեան մէջ տակաւին մարդիկ գրիչ կը շարժեն` մտածելով, թէ ինչպէս կրնան քանդել: Տակաւին մարդիկ, պարզ քաղաքացիէն ու անոր առողջութենէն անդին կը փորձեն տեսնել, թէ իրենք` իբրեւ պետութիւն վաղը ի՛նչ պիտի ընեն տնտեսական այս կամ այն գործառնութեան համար: Այո՛, տակաւին կան մարդիկ, որոնք այս առիթէն օգտուելով կը փորձեն քարոզչական, ցուցադրամոլական ելոյթներ ունենալ, կը փորձեն իրենց ըրածը տարածել այնպէս, որ վաղը անիկա իրենց վերադարձուի` իբրեւ քաղաքական կամ նիւթական շահոյթ: Այո՛, կան գործատէրեր, որոնք այս առիթէն օգտուելով, իրենց գործարանները կ՛աշխատցնեն, որպէսզի կարենան դիմակներ, ձեռնոցներ ու դեղեր պատրաստել ու դրամ դիզել` մոռնալով, որ երկվայրկեան մը ետք անոնք կրնան հոս չըլլալ այլեւս, որ երկվայրկեան մը ետք իրենք իրենց զաւակներուն կտակել անգամ պիտի չկարենան, որովհետեւ կա՛մ զաւակը մահացած պիտի ըլլայ, կա՛մ ինք մահացած պիտի ըլլայ: Հիմնականը այս է. եւ եթէ բարիք մը կայ այս հսկայական, աներեւակայելի, աննախատեսուած չարիքին մէջ, այն է, որ մարդ անհատը վերադառնայ իր մարդկայնութեան, եւ ըսէ, որ ինք ոչինչ է, եւ որ չ՛արժեր ամբողջ կեանք մը անցընել դիմացինը հարուածելով, դիմացինը շահագործելով: Բոլորս ալ հասարակ մահկանացուներ ենք` հողէն եկած, դէպի հող գացող: Այս մասին մենք այսօր պէտք է կարենանք մենք մեզ համոզել եւ ոչ թէ այսօր համոզենք, որ վաղը երբ այս համաճարակը աւարտի, դարձեալ վերադառնանք մենք մեր անցեալի սովորութիւններուն: Ինքնամփոփուինք, լաւապէս գիտնանք, որ այսուհետեւ հիմնականը մարդուն մարդկայնութիւնն է: Հիմնականը մարդուն վերաբերումն է` մարդուն հանդէպ: Ընտանիքներ քանդուեցան անցեալին` ոխի եւ քէնի պատճառով, այսօր ընտանիքներ կը քանդուին, որովհետեւ չեն կրնար զիրար տեսնել, կամ որովհետեւ վարժութիւնը չունէին զիրար տեսնելու, եւ հիմա անհանգիստ կը զգան, որ տան մէջ երկուքէն աւելի մարդ կայ: Զաւակները իրենց ծնողները կը ճանչնան: Ծնողները իրենց զաւակները կը ճանչնան, ընտանիքները միաւորուեցան: Զգացինք, որ բոլորս նոյն խրամատին մէջն ենք: Մեծահարուստը, հանրապետութեան նախագահը, բանակի հրամանատարը, ֆութպոլիստը, մեծ արուեստագէտը, երգիչը, երգչուհին, յեղափոխականը, հակայեղափոխականը, բոլորս ալ նոյնն ենք: Այս ժահրը հաւասարեցուց մարդկութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
«Քորոնա» ժահրի բուժման յատուկ պատուաստի պատրաստութիւնը շահագործելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Աստուած ստեղծած է բարի մարդը: «Բարին Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, բայց բարին ճանչնալու համար, չարը` սատանան միշտ գոյութիւն ունեցած է, անցեալէն: Եւ չարը միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ աշխարհին մէջ: Սակայն այս ժահրը պիտի սորվեցնէ մարդոց, որ սատանան ալ այսօր ենթակայ է իրեն: Այո՛, քաղաքական շահեր պիտի ըլլան: Այո՛, պիտի խօսուի, որ այսինչ պետութիւնը ինք եղաւ առաջինը, որ յաջողեցաւ ժահրի դարմանը գտնել, այնպէս, ինչպէս միլիառներ ծախսեցին, որպէսզի իմանան, թէ ո՛ր պետութիւնը պիտի կարենայ լուսին ելլել: Ելա՛ն, վե՞րջը: Ելլողն ալ մահացաւ` կա՛մ հիւանդութենէ, կա՛մ տարիքի բերումով: Փոխարէնը եթէ մենք կարենայինք առողջապահական առումով պաշտպանել մարդ անհատը` իբրեւ էակ, եթէ այդ բազմամիլիառ գումարները ծախսէինք առողջապահական եւ կենսոլորտային մարզին մէջ, թերեւս այսօր այս ժահրին չէինք հանդիպեր: Բնականաբար քաղաքական շահեր պիտի ըլլան, պիտի ըլլան դրամատէրեր, որոնք պիտի օգտուին այս պատուաստին, դարմանին մենաշնորհը առնելու հանգամանքէն, որպէսզի աւելիով շահին եւ իրենց գումարներէն աւելի ուշ վերադարձնեն` բարեսիրական նպատակներով: Այդ ալ այսօր ընդունելի է: Մենք այսօր այլ տեղ ենք եւ իբրեւ հայութիւն` տարբեր բան ունինք խօսելիք եւ մտածելիք», շեշտեց ան:
Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին, «Քորոնա» ժահրի տարածումի կանխարգիլման մէջ կառավարութեան որդեգրած քայլերուն եւ լիբանանցիներուն կողմէ կառավարութեան ցուցմունքներուն գործադրութեան յանձնառութեան մասին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Լիբանանի մէջ սովորութիւն է ամէն ինչ քննադատել եւ չմտածել, որ եթէ ես ըլլամ վարչապետ, նախագահ կամ բանակի հրամանատար, ի՛նչ կրնամ ընել: «Քորոնա» ժահրի տարածումին առաջին կամ երկրորդ օրը «Ազդակ» օրաթերթով գրած էի առաջնորդող յօդուած մը, որուն մէջ հաստատած էի, որ այս պայքարը քաղաքական գործ չէ: Այս հարցին մէջ քաղաքականութիւն խաղալ եւ կէտ շահիլը ոչ ոքի համար օգտակար է: Անիմաստ բան է խօսիլ օդանաւը Իրանէ՞ն եկաւ, թէ ոչ: Օդանաւերը Ֆրանսայէն ալ եկան: Իտալիոյ մէջ Չինաստանէն աւելի է համաճարակին տարողութիւնը: Հզօր Եւրոպան իր վարչապետներով, թագուհիներով, իր թագաւորներով մեկուսացման խուցերուն մէջ է: Անիմաստ ըսի ըսաւը, անիմաստ չափազանցութիւնները տեղ չունին այսօր: Այսօր տեղին չէ այս տագնապին մեծամտութեամբ մօտենալը: Տակաւին առաջին օրերուն, երբ կարելիութիւնը կար սովորական ժողովներ գումարելու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը, որուն անդամ եմ, հանդիպում մը ունեցաւ թէ՛ դպրոցական ցանցերու տնօրէններու եւ պատասխանատուներու հետ, թէ՛ կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ, եւ թէ ՄԱԿ-ի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պատասխանատուներուն հետ: Ի միջի այլոց հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչը, որ հաստատեց, թէ Լիբանանը ցարդ ամէնէն լաւ դասակարգումին մէջ է` «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին առումով: Անշուշտ այս մէկը ամիս մը առաջ տեղի ունեցաւ: Լիբանանի պետութիւնը` ենթադրելով, որ Իրանէն ժամանած օդանաւուն մէջ կրնայ վարակ ըլլալ, անմիջապէս կարծր որոշումներ տուաւ: Սակայն Լիբանանի մէջ շարունակեցին ըսել, որ Իրանէն եկողները վարակ փոխանցեցին: Լաւ այլ տեղերէ Լիբանան հասնողնե՞րը: Այսօր աշխարհի մէջ ո՞ւր մնաց, որ չըլլայ այս վարակը. մեր սիրելի Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր` անունը չլսուած կղզիներու մէջ: Կառավարութիւնը տուաւ որոշումներ, որոնք եթէ շաբաթներ առաջ տրուէին պատկերը այլ կրնար ըլլայ, բայց եթէ օրին փակուէին վաճառատուները, այս անգամ մարդիկ պիտի բողոքէին իրենց ապրուստին մասին, ինչ որ արդար է եւ իրենց իրաւունքն է: Քաղաքացիները արդէն իսկ կ՛արտայայտուին այդ մասին եւ իրաւունք ունին: Սակայն երբ պետութիւնը կը յորդորէ քաղաքացիներուն, որ իրենց բնակարաններուն մէջ մնան, սակայն լիբանանցին կ՛երթայ Ֆարայա, Ֆաքրա ձիւնով խաղալու, կամ ծովեզերք կ՛երթան հարիւրաւոր մարդիկ եւ կը քալեն, երբ անոնք կը պտտին, շուկաներուն մէջ կը խռնուին, ապա ի՛նչ կրնայ ընել պետութիւնը: Իսկ եթէ այս օրինազանցները ձերբակալուին եւ բանտարկուին, այս անգամ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանները, տարբեր շարժումներ, իրաւաբաններ պիտի յայտնուին: Այսօր ո՞ւր են քննադատողները: Ես ոչ ոք կ՛այպանեմ, բայց պէտք է լաւապէս գիտնալ, որ այսօր վիճակը քաջութիւն, հերոսութիւն չ՛ենթադրեր, այլ լիբանանցիին համար լրջանալու պահ է այլեւս: Մենք շատ անլուրջ եղած ենք մեր կեանքին մէջ, ամէն իմաստով: Պատերազմի եւ խաղաղութեան օրերուն, նիւթական մեր գործառնութեան մէջ, դրամատուներու մէջ գումարներով եւ այլն: Պիտի քննադատուինք, կը քննադատուինք, շատ դիւրին է քննադատելը, սակայն հիմնականը այսօր ինքնապաշտպանութիւնն է: Իւրաքանչիւրս կոչուած է պաշտպանելու իր սեփական առողջութիւնը, սեփական կեանքը: Եթէ մենք մեզմէ հրաժարած ենք, իրաւունք չունինք այլոց վարակելու: Հետեւաբար ինքնազսպումը, ինքնապաշտպանութիւնը, սեփական առողջութիւնը, անձնական որոշումով վարակումը կանխարգիլելու ճիգը կարեւոր են: Մարդ ինքզինք պիտի հականեխէ, որ շրջապատը չվարակէ», ընդգծեց ան:
«Քորոնա» ճգնաժամային շտապի գործունէութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այս համաճարակը քաղաքականացնելը ճիշդ չէ: «Արդէն երկիրը տնտեսական ահաւոր տագնապի մէջ էր եւ արդէն մենք, իբրեւ կուսակցութիւն, մտահոգ էինք, քայլեր առած էինք եւ կը շարունակէինք առնել` մեր գէթ դժուար կացութեան մէջ եղող հայերուն որոշ օժանդակութիւն հայթայթելով: Հոս կ՛ուզեմ շեշտել, որ երբեք պէտք չէ բարդոյթը ունենալ, որ մենք հայերուն հետ կ՛աշխատինք: Տակաւին երեք չորս օր առաջ պատկերասփիւռի կայան մը նուիրատուութիւն կազմակերպած էր: Նկատեցինք, որ իւրաքանչիւր երեսփոխան, մեծահարուստ, հաստատութիւն, իր գիւղի, իր շրջանի հիւանդանոցին, յանձնախումբի մը, միութեան մը, եկեղեցւոյ մը, հաստատութեան մը, դարմանատան մը նուիրատուութիւն կը կատարէ: Կային նուիրատու հայեր ալ, որոնք նուիրեցին Լիբանանի կարմիր խաչին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին, այլ հաստատութիւններու: Մենք հարց չունինք, ուրախ ենք, որ այդ մէկը կատարեցին: Բայց այդ բարդոյթը պէտք չէ ունենանք, որ մենք ալ մեր ժողովուրդին համար կը գործենք: Վերջին հաշուով հայր մը նախ իր ընտանիքին կը հոգայ, ապա դրացիներուն: Պէտք չէ ապրիլ այն բարդոյթը, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ ոչ հայ լիբանանցին, երբ տեսնէ, թէ հայերը հայերուն կ՛օգնեն: Մաքասետը սիւննիներուն կ՛օգնէ, յունական հիւանդանոցը յոյն ուղղափառ համայնքի զաւակներուն կ՛օգնէ, շիիներուն բուժարանները նախ շիիներուն կ՛օգնեն: Եթէ մենք մեր կարելիութիւններով կարենանք մենք մեզի օգտակար ըլլալ, ո՛չ մէկ անպատեհութիւն, ո՛չ մէկ բարդոյթ, ո՛չ մէկ ծանուցողական ելոյթ: Լիբանանահայութեան մօտ կան որոշ զգայնութիւններ. ինչո՞ւ միւսը եւ ոչ թէ ես, կամ հակառակը: Ներկայիս այս տագնապալի վիճակին մէջ մեզի համար առաջնահերթը Լիբանանի հայութեան ֆիզիքական առողջութեան ապահովութիւնն է: Հետեւաբար, առանց սովորական այդ քաղաքավարական արարողութիւններուն, առանց հաշուի առնելու, թէ այս գաղութը կը բաղկանայ երեք յարանուանութիւններէ, երեք կուսակցութիւններէ, զանազան բարեսիրական միութիւններէ, զանազան այլ տեսակի միութիւններէ, երբ զգացինք, որ համաճարակը շատ արագ կրնայ տարածուիլ, եւ հիմնուեցանք առողջապահութեան նախարարին ու վարչապետին փոխանցած այն տեղեկութիւններուն վրայ, թէ այդ հարցը դիմագրաւելը այդքան ալ դիւրին չէ, շատ արագ կերպով որոշեցինք ունենալ ընդլայնուած ժողով մը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայկական երեսփոխանական պլոքին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին, մեր անմիջական հովանաւորութեան տակ եղող հաստատութիւններու տնօրէնները` ԼՕԽ, ԱՖՀԻԼ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ, եւ ունեցանք լայն խորհրդակցութիւններ, որմէ ծնունդ առաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը:
Ճիշդ է, որ այս շտապը մեր ծնունդն է, սակայն անիկա ողջ լիբանանահայութեան համար է: Առ այդ, Շտապի կազմութեան յաջորդ օրն իսկ ժողովի հրաւիրուեցան Ճինիշեան, Գարակէօզեան, ԼՕԽ կառոյցները, որպէսզի կարենանք աշխատանքը ներդաշնակել: Հանդիպումներ ունեցանք Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր տիրոջ հետ: Կապի մէջ եղանք Հայ աւետարանական համայնքի պատասխանատուներուն հետ: Շտապը հանդիպեցաւ լիբանանեան մակարդակի երեք հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպում ունեցանք Ռամկավար կուսակցութեան, Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան հետ: Այս հանդիպումները չեն միտիր բաներ խնդրել, այլ ըսել, որ այս շտապը կայ, բոլորին համար է, ունի ծրագիրներ եւ կը միտի ներդաշնակել աշխատանքները: Բոլոր ունկնդիրներէն կը խնդրեմ այս աշխատանքը զուտ կուսակցական պիտակով չըմբռնել: Դաշնակցութիւնն է ընողը, ընկեր Յակոբն է խօսողը: Այսօր այս մօտեցումները պէտք է մէկդի դնել, որովհետեւ խնդիրը ոչ իմ քովս է, ոչ այլ կուսակցութեան մը պատասխանատուին, եւ ոչ ալ այլ երեսփոխանի կամ նախարարի մը, ո՛չ վեհափառին քովն է, ո՛չ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ մօտ է, եւ ո՛չ ալ վերապատուելիին քովն է: Բոլորս հաւասար ենք եւ բոլորս մեր առաւելագոյն ճիգը պիտի ընենք հասնելու բոլորին` միշտ ի մտի ունենալով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական կանխարգելիչը պիտի ըլլայ, իր անձնական հականեխիչը պիտի ըլլայ: Այս կացութիւնը հերոսութիւն չ՛ենթադրեր: Այս օրերուն չես կրնար հերոսանալ:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, բոլորի՛ն, հայախօս եւ ոչ հայախօս հայերուն` մնացէ՛ք ձեր տուները: Այս մասին պատկերասփռուած կոչեր շրջանառութեան մէջ են արդէն: Մեր խնդրանքն է, որ մեր ժողովուրդը տունը մնայ: Օրերը դժուար են, գործ չկայ, կարիքները մեծ են: Այսօր շփացածութեան, անտեղի քննադատութիւններու կամ դիմատետրային մրցոյթի ատենը չէ: Դիմատետրի իմ անձնական էջիս վրայ մէկը հարց տուած է. «Դուն սենեակդ հանգիստ նստած ես, մեր մասին կը մտածե՞ս»: Այո՛, անշուշտ կը մտածեմ: Եթէ չմտածեմ ես իմ գրասենեակս չեմ երթար, բայց հարց չէ, ես երթամ, դուք տո՛ւնը մնացէք: Մենք մեր ակումբներուն պատուիրած ենք մեծ թիւով հաւաքները նուազագոյնի իջեցնել, սակայն բոլորին թելադրած ենք հեռաձայնները բաց պահել` շեշտելով, որ տղաքը ներկայ ըլլան, որպէսզի եթէ թաղին մէջ կայ մայրիկ մը, որ պէտք չէ դուրս ելլէ, ձեզի հեռաձայնէ եւ դուք հասնիք իրեն: Մենք այս հարցին մէջ զգուշ ենք: Պիտի խնայենք նաեւ մեր տղոց կեանքին, որպէսզի կարենան իրենք շարունակել: Մենք այսօր, գետնի վրայ, ինչպէս բոլոր միութիւնները, ունին տղաք, որոնք իրենց մայրերն ու հայրերը տունը ձգած են եւ կը հաւատան, որ բոլորին ծնողները տունը պէտք է մնան, եւ իրենք երթան անոնց քով: Աճպարարութեան, իմաստակութեան, խելք տալու բոլոր փորձերը պէտք է վերջ գտնեն: Այսօր շահագործումի եւ փոխադարձ շահագործումի ատենը չէ: Մենք ալ գիտենք, որ անգործներուն թիւը մեծ է, վաճառատուները փակ են, մեր պաշտօնեաները ամսական աշխատավարձ պիտի չստանան: Ասիկա հաւաքական ցաւ է, հաւաքական տագնապ է: Այս վիճակները շահագործելու, նստելով աւելորդաբանութիւն կատարելու, անտեղի գրառումներ կատարելու փոխարէն` լրջանանք: Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ վաղը մեզմէ մէկը մահանայ, թաղումին ներկայ պիտի չկարենանք ըլլալ: Քահանայ մը պիտի ընկերակցի մահացողին, ու ան հանգիստ պիտի ննջէ: Այդքան լուրջ է խնդիրը: Չեմ ուզեր սարսափեցնել, սակայն իբրեւ պատասխանատու մարդ չեմ կրնար չզգուշացնել: Ինքնագովութեան եւ այլոց դէմ խօսելու չեմ հաւատար: Փաստը այդ է, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին կոչ ուղղեցի, որ եթէ հայերը իրենց քուէն մեզի պիտի չտան, հայկական միւս կուսակցութիւններուն թող քուէարկեն: Այսօր խաղի ատեն չէ: Երբ կ՛ըսենք տո՛ւնը մնացէք, ժողովուրդին համար կ՛ըսենք: Զգուշ պէ՛տք է ըլլալ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Երկրին տնտեսական տագնապէն դուրս գալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք կը հաւատայ, որ ամէն ճգնաժամ իր պայմանները ունի: «Այսօր առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդի ֆիզիքական, առողջապահական կացութեան կայունութիւնն ու պաշտպանութիւնն է, երկրորդը սնունդն է: Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ արդէն իսկ յաջողած ենք ապահովել հականեխիչներու եւ դեղորայքի որոշ մթերք: Այդ նիւթերը ամբարելու ընթացքին մէջ ենք եւ գալիք օրերուն մեր տղաքը զանոնք պիտի բաժնեն կարիքաւոր ընտանիքներուն` տուն առ տուն: Տան զանգը պիտի հնչեցնեն եւ տան դիմաց պիտի զետեղեն սնտուկները: Երկրորդ, մենք որոշած էինք տնտեսական որոշ օժանդակութիւն կատարել: Ծրագիրի առաջին բաժինը այն էր, որ ինչպէս Նոր տարուան առիթով նուէրներ բաժնեցինք, հիմնականին մէջ` կենցաղային եւ սնունդ, այսօր դարձեալ նոյնը կատարենք: Սակայն նկատի ունենալով, որ այսօր հականեխումի անհրաժեշտութիւն կայ, սրահներու մէջ պիտի համախմբուին 20-30 երիտասարդներ, որոնք անհրաժեշտը պիտի ընեն, ապա պիտի փոխանցենք մեր շրջաններուն, եւ ընկերները տուն առ տուն պիտի ցրուեն այդ տուփերը: Իտէալական է, բայց մտահոգիչ է: Այսօր կը ծրագրենք, որ այդ աշխատանքը կատարելու փոխարէն բաժնենք կտրօններ, որոնք ըլլան թուագրուած եւ առիթ տան ընտանիքներուն, որ տարբեր թուականներու, տարբեր վաճառատուներէ կատարեն իրենց գնումը, որ հիմնականին մէջ պիտի ըլլայ ուտեստեղէն` ո՛չ ծխախոտ եւ ո՛չ ալ ոգելից ըմպելիներ:
«Տարբեր համայնքներ եւ բարեսիրական միութիւններ արդէն իսկ օժանդակութեան իրենց աշխատանքը կը կատարեն, հետեւաբար իմ խնդրանքս պիտի ըլլայ, որ այն ընտանիքները, որոնք բոլորէն կ՛օգտուին, չշահագործեն այս օժանդակութիւնները եւ կարիքաւոր այլ ընտանիքներու բաժին ձգեն:
Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ: Աշխատանքը պիտի ներդաշնակուի եւ մենք բոլորին պիտի հասնինք: Այսօր պահն է հաւաքական պատասխանատուութեան, հանգանակութեան պիտի չդիմենք, ռատիոթոն ալ պիտի չկազմակերպենք: Բայց եւ այնպէս կը հաւատանք, որ այսօր կան մարդիկ, որոնք ի վիճակի են եւ պարտաւոր են օգնելու: Շնորհակալ ենք անոնց, որոնք օգնած են` անհատներ, բարերարներ, մեծահարուստներ կամ այրիի լուման տուողներ: Մեր ժողովուրդը տալու մէջ համբաւ ունի: Այսօր օրերը դժուար են, դրամատուները փակ են, կանխիկ դրամի խնդիր կայ: Այո՛, հսկայական գնումներ ունինք ընելիք: Համայնքները կը ներդաշնակեն մեզի հետ այս աշխատանքը` չէքով: Կան անձեր` արդէն իսկ տրամադիր են օգնելու: Կոչ կ՛ուղղեմ, որ մեր նիւթապէս աւելի բախտաւոր բարեկամները այսօր եւս գիտնան, որ այս ժողովուրդը մե՛ր ժողովուրդն է: Այս ժողովուրդը այն ժողովուրդն է, որ պէտք է ապրի, եւ եթէ չապրի` մենք ենք պատասխանատուն:
«Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին բարերար մը իմացուց, թէ ինք պատրաստ է ամէն ձեւով օժանդակելու: Այսօր առաւօտեան` ան առանց պատասխանի սպասելու, պէտք եղածը ղրկած էր արդէն, եւ ուրախ եմ ըսելու, որ նախապէս իր կատարած օժանդակութիւններէն շատ աւելին էր: Ա՛յս է հաւաքական գիտակցութիւնը: Մենք պիտի չդիմենք` ո՛չ թէ մերժուելու վախէն մեկնած, այլ գիտակցելով այն իրականութեան, թէ այսօր այնպիսի վիճակի մէջ ենք, որ կ՛ուզենք յարգել մեր բարերարներուն արժանապատուութիւնը, որ իրենց չյիշեցնենք, որ ժողովուրդը կարիք ունի: Ինքը, ես, միւսը, բոլորս կոչուած են այս առաքելութիւնը մեր ուսերուն առնելու, այսօր երբեք կարելի չէ մոռնալ ու անտեսել Արագածի ծերուկ, բայց ամէն օր մեզի աղօթող մամիկը, այն երեխան, որ «Զուարթնոց» կեդրոնի մէջ մեզմէ ոեւէ մէկը եթէ տեսնէ աչքերը այնքան կը փայլին ու կը ճառագայթեն, այն երիտասարդը, որ մայրը հայրը տունը ձգած ակումբին վարը կը սպասէ, որ մէկը իրեն դիմէ, իսկ ինք անմիջապէս հասնիլ, այն հայրիկը, որ նահատակ զաւակ ունի: Նախանցեալ օր Պուրճ Համուտէն կուսակցական ընկեր մըն է հեռաձայնեց` 85 տարեկան է: Անունը պիտի չտամ, ամէն մարդ զինք կը ճանչնայ, պատերազմին հերոսութիւններ ըրած մարդ է: Ըսաւ հետեւեալը. «Ընկե՛ր Յակոբ, ես 85 տարեկան եմ, օրերս երկար չեն: Այսօր պատրաստ եմ, ի՛նչ կ՛ուզեմ ընեմ: Ես տանիմ տուները ապրանք բաժնեմ, որովհետեւ եթէ ինծի բան մը ըլլայ, ազգը բան մը չի՛ կորսնցներ»: Այս եւ նմանօրինակ մարդոց համար ես չեմ կրնար այսօր պարզապէս դիտել, արձանագրել, որ ինչ աղուոր մարդ է: Պիտի տամ: Ունեցածէս պիտի տամ: Չունեցածէս պիտի տամ: Օրերը կ՛անցնին, բոլորս բոլորիս համար ենք: Օգնութեան խաչը տարեցներու ճաշի դրութիւն մը ունէր: Այսօր կը մտածենք այդ տարեցները այլեւս ԼՕԽ-ի կեդրոն չբերել, որովհետեւ երբ 200 տարեց կեդրոն գան` զիրենք վտանգած կ՛ըլլանք: Ճաշը պիտի պատրաստուի եւ մեր տղաքը անոնց տուները պիտի տանին: Հայաստանի անկախութեան հռչակման օրերուն` բանակի կերտման եւ մեր պետութեան հզօրացման համար, կամ Պուրճ Համուտի կերտման ընթացքին մարդիկ իրենց ոսկիները տուած են, որպէսզի դպրոց եւ եկեղեցի շինուի, պետութիւնը հզօր մնայ: Ամբարեցինք ոսկի, արծաթ, ադամանդ. հիմա չենք կրնար դրամատուն երթալ դարակը բանալ, որ այդ ոսկիները առնենք: Սակայն բուն ոսկին, բուն ադամանդը մեր ժողովո՛ւրդն է: Առանց անոր ամէն ինչ անիմաստ է, եթէ չըլլայ ժողովուրդը այդ ոսկիներով որո՛ւ համար պիտի զարդարուինք: Եկեղեցի ունենանք. ահա՛ չենք յանդգնիր եկեղեցի երթալ: Աստուած ամէն տեղ է:
Մենք բոլորս պատասխանատու ենք եւ պարտաւոր ենք այս դժուար փուլին` բոլորով կարենալ դիմադրել: Դիմագրաւել դժուարութիւնները, այլապէս` հաւատացէք, որ պատմութեան պիտի անցնինք: Այսօր իսկական հարստութիւնը մեր հաւաքական գոյութեան պաշտպանութիւնն է: Ինչպէս մեր վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէ. «Մենք պատմութեան մայր էջին վրայ պէտք է ըլլանք, եւ ոչ թէ լուսանցքին»:
Այն ազգայիններուն, այն հայերուն, որոնք դժբախտաբար առիթ չեն ունեցած հայերէն սորվելու, հայերէն լսելու եւ դժբախտաբար այսօրուան ըսուածները պիտի չհասկնան, թո՛ղ անոնց ծանօթները իրենց բացատրեն ըսուածները, որպէսզի անոնք ալ իմանան, որ մենք այս տեսակ ժողովուրդ ենք: Մենք իրարմով զօրաւոր ենք, իրարու համար կ՛ապրինք եւ մենք ունինք երիտասարդներ, որոնք ուրիշներու համար պատրաստ են զոհուելու` մէկ կողմ ձգելով իրենց հայրերն ու մայրերը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց, որ մարդ անհատի առողջութիւնը պաշտպանելու այս փուլին, առաջին գնահատանքը բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն կ՛ուղղուի` ուր ալ գտնուին անոնք: «Կը գնահատեմ մեր հայ բժիշկները, հայ հիւանդապահները, որոնք մէկ կոչով հաւաքուեցան մեր շուրջ: Չվախցան դարմանատուներու մէջ ըլլալէ: Այսօր բացումը կատարուեցաւ «Ազատամարտ» ակումբի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» դարմանատան, ուր բժիշկներ ներկայութիւն պիտի ըլլան: Քանի մը օրէն «Աղբալեան» ակումբին մէջ ալ պիտի բացուի դարմանատուն: Երբ մարդիկ շտապի թիւին հեռաձայնեն, բժիշկները պիտի պատասխանեն, պէտք եղածը կը կատարեն, անհրաժեշտ կարծիքները կամ դարմանումը կու տան, եթէ պէտք է հիւանդանոց փոխադրուի` կը կատարեն այդ մէկը: Բարեբախտաբար տակաւին մեր շրջանակներուն մէջ «Քորոնա»-ի պարագայ չէ արձանագրուած: Պատահած է, որ մարդիկ կասկածած են, բժշկական քննութիւն կատարած եւ իմացած, որ վարակուած չեն:
Գնահատանքի խօսք կ՛ուղղեմ նաեւ մեր քաջ տղոց, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք, ո՛ր ակումբին մէջ, ո՛ր կուսակցութեան համար ալ աշխատին, ո՛ր համայնքին համար ալ գործեն, ո՛ր միութեան համար ալ ծառայեն: Անոնք անծանօթ զինուորներն են: Անոնց հայրերուն շունչին տակ մենք մեծցած ենք, զաւակներն ալ հոն մեծցած են, մեր զաւակներն ալ հոն պիտի մեծնան: Անոնց ալ պատի՛ւ: Այսօր անոնց ճակատէն խօսքով կը համբուրենք, օրը երբ գայ` իսկապէս կը համբուրենք: Բոլորին վարձքը կատա՛ր: Դարձեալ կ՛ըսեմ. լրջութեան պահն է, աւելորդաբանութիւններէ հեռու մնանք: Մենք մեզ եւ դիմացինը զզուեցնելու կացութենէն հեռու մնանք: Աշխատանքի վայրկեան է: Աշխատանքի ժամ է: Բոլորս պատասխանատու ենք, մեծահարուստէն մինչեւ ամէնէն թշուառ անհատը` իւրաքանչիւրը ինքն իր չափով, իր կարելիութիւններով:
«Ձեր ալ վարձքը կատա՛ր: Շնորհակալութիւն: «Վանայ Ձայն»-ը հսկայ գործ կը կատարէ մեր ժողովուրդը արթնցնելու եւ «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման մեթոտներ սորվեցնելու իմաստով, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդին բարոյականը բարձր պահելու, որովհետեւ մեզի համար ատիկա կարեւոր է: Հակառակ դժուարութեան, մենք պէտք չէ տխուր մթնոլորտ ստեղծենք: Յիշենք, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին մարդիկ ծննդաբերեցին, մարդիկ մկրտութիւն կատարեցին, մարդիկ պսակուեցան, մարդիկ քէֆ ըրին: Այսօր չենք կրնար համախմբուիլ, սակայն հակառակ այս դժուարութիւններուն, իւրաքանչիւրին տունը ուրախութեան մոմը թող վառած մնայ: Մութը անիծելու փոխարէն` մոմը վառած պահենք: Առողջութի՛ւն բոլորին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
Հարցազրոյցը արտագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
aztagdaily.com