կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-27 23:13
Աշխարհ

Պահն է լրջանալու, պահն է ազգի միասնականության հայեցակարգը ուղենիշ ընտրելու

Պահն է լրջանալու, պահն է ազգի միասնականության հայեցակարգը ուղենիշ ընտրելու

Յեղափոխական ամպիոնները իրենց դերը օրին կատարեցին, եւ առանց արիւնահեղութեան, երկրի իշխանափոխութիւնը յաջողութեամբ պսակեցին։ Ժամանակն է, որ մեր նոր կառավարութեան դէմքերը դադրին լոզունգային քաղաքականութիւն վարելէ եւ սկսին մշակել նորովի կառավարման եղանակ։ Նորովի չի նշանակեր, թէ հարկ է կազմաքանդել գործող դրոյթները եւ կառավարական հաստատութիւնները, ինչպէս օրինակ Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն ջնջումը եւ անոնց ներառումը այլ նախարարութիւններու մէջ։ Նորովի չ՚ենթադրեր, որ հիմնաւորուած ու կենսագրութիւն ունեցող պետութեան խորհրդանիշերը՝ ազգային օրհներգն ու դրօշակը ենթարկուին կամայական փոփոխութիւններու, ըստ անհատական նախասիրութիւններու կամ իբրեւ թէ գեղագիտական հիմնաւորումներու։ Պահն է լրջանալու, պահն է ազգի միասնականութեան հայեցակարգը ուղենիշ ընտրելու, պահն է բովանդակալից քաղաքականութիւն մշակելու եւ զայն գործադրութեան դնելու։

25 Մայիս 2019-ին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման նուիրուած տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոնշեալ հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբեր Վիգէն Թիւֆէնքճեանի խօսքը։

Հարիւր եւ մէկ տարիներ առաջ, այս օրերուն, հայութիւնը կ՚ապրէր իր հաւաքական կեանքին ամէնէն ճգնաժամային պահերէն մէկը։ Հայկական Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն, հայ ժողովուրդի ապագան՝ անոր լինելութիւնն իսկ, դրուած էր հարցականի տակ։ 1918-ի մայիսի վերջաւորութեան, Սարդարաբադի, Բաշ-Ապարանի, եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն, մենք ազգովին կը դիմագրաւէինք մահու եւ կենաց կռիւ մեր թշնամիին հետ։ Ինչպէս կ՚ըսէր Երեւանի զօրամասի հրամանատար Զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը 24 մայիս 1918-ին, «Հասել է րոպէն, երբ իւրաքանչիւր հայ՝ մոռանալով իր անձնականը, յանուն Մեծ Գործի՝ հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու աղջիկների պատուի պաշտպանութեան, պէտք է գործ դնի իր վերջին ճիգը՝ թշնամուն հարուածելու համար»։ Վերապրելու կամքով զինուած, մեր ժողովուրդը արիութեամբ կը նետուէր անհաւասար գուպարի մը մէջ եւ իր արիւնով իսկ կ՚իրականացնէր իր ամէնէն հին՝ բայց մշտապէս վերանորոգ դարաւոր երազը։ Այդ կռուէն յաղթական դուրս գալով, մեր ժողովուրդը կեանքին վերադառնալու, գոյատեւելո՛ւ իր վճռակամութիւնը յայտնեց աշխարհին, եւ պարզեց «վեց դարերու խաւարին վրայ դրօշ եռագոյն»։

Այդ թուականէն ասդին, ամբողջ մէկ դար, մենք տօնախմբեր եւ ոգեկոչեր ենք 28 Մայիսի խորհուրդը ու ներշնչուեր անկէ։ Օրացուցային սովորական թուականէ մը աւելի, երազներու խորհրդանիշ այդ թուականը ամէն տարի խթաներ է մեր կորովը, ուժեղացուցեր մեր կամքը, վերանորոգեր է մեր ուխտը։ Պահ մը կանգ առնելով այս թուականին, հաւաքաբար նայեր ենք ետեւ, ու անկախութեան խորհուրդին տեսլականով ընթացեր ենք յառաջ։

Այսօր եւս նոյն ոգիով կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձը։ 1991-ի վերանկախացումէն ասդին, մեր հայրենիքին մէջ փոխուած են պայմանները, ու մեր ժողովուրդը դարձեալ կ՚ապրի ազատ ու անկախ։ Խորհրդային կարգերէն ձերբազատուելով, Հայաստանը առաջին քայլը կ՚առնէր իրաւական պետութիւն դառնալու ճամբուն վրայ. սակայն այդ քայլին մղիչ ինքնավստահութիւնը կու գար 1918-էն, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն, որուն համար Արամ Մանուկեանի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Զօրավար Դրոյի նման դաշնակցականներ գերագոյն ճիգերով լարեցին իրենց կամքը եւ կուրծք տուին թշնամիին։ Անոնք իրենց խիզախութեամբ կարելի դարձուցին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկան եւ ապագան։ Փա՜ռք այդ լուսապսակ մեծերուն, այդ գլխագիր հայերուն յիշատակին։

Ինծի հասակակից սերունդը, ինչպէս վստահաբար զինք նախորդողները, աշակերտական գրասեղաններուն վրայ եւ մեր ակումբներու սրահներուն մէջ սորվեցաւ սիրել ու տօնել Մայիս 28-ը: Սփիւռքածին քանի՜ սերունդներ յեղափոխական երգերով եւ ազգային-ազատագրական պայքարի դրուագներուն ընդմէջէն միայն ճանչցան Հայաստանի անկախութիւնը: Քանի՜ անգամներ ու քանի՜ երդումներով հայ երիտասարդներ ուխտեցին ծառայել «Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին», եւ իրենց արեան կամ ազատութեան գնով իսկ իրականացուցին իրենց ուխտը: Քանինե՜ր տակաւին` աւելի չափահաս տարիքի մէջ շարունակեցին ցերեկ ու գիշեր ապագայ անկախ Հայաստանին ի սէր զոհել ամէն ինչ որ հարկաւոր էր, ամէն ինչ որ կարելի էր, միայն ու միայն մեր ժողովուրդը «ազատութեան ճանապարհէն» առաջնորդելու առաջադրութեամբ: Ու երբ 1980-ական թուականներուն, արագօրէն կը փոխուէին Հայաստանի` ինչպէս Խորհրդային Միութեան բոլոր երկիրներուն քաղաքական պայմանները, հասած էր պահը կրկին գերիշխան դառնալու։ Ձեզի ծանօթ են այն եղելութիւններն ու դէպքերը, որոնց հետեւանքով Խորհրդային Միութիւնը պատմութեան զառիվարէն թաւագլոր ինկաւ յաւիտենութեան գիրկը, եւ Հայաստան դարձեալ անկախացաւ: Հայրենիքէն ներս թէ այլուր, Մայիս 28-ը գտաւ իր արժանաւոր դիրքը ու իրաւամբ եղաւ հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ հաւատքին տօնը, դարեր տեւած մեր գոյակռիւին եւ մաքառումներուն յաղթանակի օրը, 21 Սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէին միակամ «այո»ի ոգիին օրը:

Ու եթէ տակաւին կը շարունակենք ազգովին նշել 1918 Մայիս 28 թուականը իբր մեր անկախութեան տօնը, պատճառն այն է, որ 1918-ին հիմնադրուած Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անոր երկու տարուան անկախ գոյավիճակը պարզապէս անցեալին պատկանող կենսագրութիւն մը չէ՛: Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղաւ նաեւ հի՛մքը մեր ներկայի անկախութեան, որովհետեւ ջարդարար թուրքէն ճողոպրած մեր ժողովուրդը եթէ կերտած չըլլար Մայիս 28-ը, եթէ չկազմուէր թէկուզ փոքրիկ Հայաստանը, պատմական Հայաստանի մեր հողերուն նման, այսօրուան մեր երկիրը գրաւեալ պիտի մնար մեր թշնամիներուն կողմէ: Անկրկնելի առիթ մըն էր որ կը ներկայանար մեզի 101 տարիներ առաջ, ու զայն կորսնցնելու պարագային, այլ աշխարհացրիւ եւ հայրենազուրկ ազգերու նման, կրնայինք դառնայինք ցիրուցան, վիճակ մը՝ որուն հետեւանքով ամէն օր պիտի տժգունէր մեր հայկականութեան հաւաքական դիմագիծը։ Արամ Մանուկեանի, Զօրավարներ Մովսէս Սիլիկեանի եւ Թովմաս Նազարբէկեանի կերտած Մայիս 28-եան յաղթանակը սակայն, հայ ազգին տուաւ այն ենթահողը, որուն վրայ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները կարողացան վերականգնել մեր երկրի անկախութիւնը: Անկախութեան երազը մեր սրտերուն մէջ պահած դարերու ուղեւոր ժողովուրդն ենք մենք, որ Մայիս 28-էն ետք ունեցաւ նաեւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ը: Այդ տեսիլքով տօնեցինք անկախութեան տօնը եօթանասուն Խորհրդային տարիներուն անընդմէջ, այսօրուան եւ մեր վաղուան մեր վերջնական յաղթանակին հաւատքով: Հետեւաբար, սիրելիներ, չկան Հայաստանի Ա., Բ., կամ Գ. հանրապետութիւններ։ Կայ միայն մէ՛կ Հայաստանի Հանրապետութիւն, այն որ գոյացաւ 1918-ին, եւ որուն շարունակութիւնը եղան Խորհրդային Հայաստանի եւ այսօրուան հանրապետութիւնները։ Նոյնիսկ եթէ այժմու մեր հանրապետութիւնը իրաւական եւ անմիջական շարունակութիւնը չէ 1918-ին ստեղծուած հանրապետութեան, սակայն անոր գաղափարական խարիսխը կու գայ 28 Մայիս 1918-էն։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով 1991-ին իր անկախութիւնը վերահաստատած Հայաստանի մօտ երեսուն տարիներուն վրայ, անվարան կը հաստատենք, թէ սկզբնական շրջանի խարխափումներէն յետոյ, վերջին քսան տարիներուն նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրուած է մեր երկրին մէջ։ Այսպէս, կազմակերպուած է ու մարտունակ հայկական բանակը, որ ամէն օր կը պաշտպանէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաննները։ Հայաստանի, բայց մանաւանդ Արցախի պետական ենթակառոյցներու ստեղծման կամ նորոգութեան համար ճշդուած Հայաստան համահայկական հիմնադրամի բոլոր յատկացումները մեր հայրենիքի պետականաշինութեան կը նպաստեն։ Կ՚արձանագրենք, որ ողջունելի էր Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակին որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրը, որ կ՚արտայայտէր համայն հայ ժողովուրդի պահանջներն ու դիրքորոշումները, եւ որ նոր թափ կու տար հայրենիքի եւ սփիւռքի հատուածներու միասնութեան։ Դրական կը գնահատենք նաեւ 2015-ի դեկտեմբերի հանրաքուէով ընդունուած Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնները, որոնցմով Հայաստանի վարչակարգը կը մտնէր նոր փուլ, երկրի կառավարութեան նախագահական վարչաձեւը փոխարինելով աւելի ժողովրդավարական խորհրդարանական համակարգով։ Թէեւ դանդաղ ու թերի, սակայն վերջին քսան տարիներուն զգալի վերելքի ճամբուն վրայ է երկրի տնտեսութիւնը, յատկապէս արհեստագիտական (technological) եւ զբօսաշրջիկութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական դրամի համեմատական կայունութեամբ։ Տակաւին, անցեալ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած Francophonie-ի 17-րդ գագաթնաժողովը նոր որակ տուաւ Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն եւ ամրապնդեց զանոնք։ Սփիւռքահայութեան հետ յարաբերութիւններու սիւնակին մէջ, երկքաղաքացիութեան օրէնքի մշակումը առիթ կու տար սփիւռքահային մէկ մասնիկը դառնալու հետզհետէ կայացող մեր պետութեան, այդպիսով իր հայրենական պատկանելիութեան վերացական կապը իրաւականօրէն ամրապնդելու համար։ Վերջապէս, հայակերտման մարզին մէջ, կը վկայենք, որ անկախ Հայաստանը պատմութեան գրքերէն դուրս գալով դարձաւ շօշափելի գոյութիւն մը, որմով սփիւռքահայ երիտասարդը այսօր կրնայ հայրենիքի մէջ ժամանակաւոր կեցութեամբ կամ այնտեղ վերջնական տեղափոխութեամբ, հայկականութիւնը դարձնել իր ինքնութեան կազմաւորման մէկ կարեւոր մասը։ Մէկ խօսքով, Հայաստանով հպարտանալու առիթներ չեն պակսիր մեզի այսօր։

Այսօրուան մեր տօնակատարութիւնը նաեւ կը տարբերի զինք նախորդողներէն երկու կարեւոր հանգամանքներով։ Անցեալ տարի, Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս, հայութիւնը ապրեցաւ հանգրուաններու տարի մը։ 2018-ին մենք հպարտացանք Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ հարիւրամեակը թեւակոխած ըլլալու նուաճումով. միաժամանակ, անցեալ գարնան Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին ապրած զարթնումը յուսադրիչ էր բոլորիս համար։ 2018-ի ապրիլ-մայիս ամիսներուն, հայ քաղաքացին փաստեց որ կրնա՛յ ծառանալ իրեն պարտադրուող քաղաքական կացութիւններուն դէմ, կրնա՛յ մերժել իբր կատարուած իրողութիւն իրեն ներկայացուող որոշումները, կրնա՛յ պարտադրել իր միահամուռ կամքը երկրի իշխանութիւնը վարողներուն։ Ողջունելի երեւոյթ էր հայ հանրութեան, եւ մասնաւորապէս հայ երիտասարդութեան այդ վճռակամութեան դրսեւորումը, որ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրագրման, այլեւ հայրենական ժողովուրդին ապագայ բարօրութեան հեռանկարները կը պարզէր մեր բոլորին։ Կ՚ակնկալէինք, որ այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը պիտի վերացնէր խորհրդային օրերը յիշեցնող հեռախօսային հրահանգներով երկիրը կառավարելու գործելաոճը, պիտի վերջակէտ դնէր այդ տարիներէն յամեցող յոռի երեւոյթներուն, ինչպիսիք են համատարած կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը, եւ խնամաշահական կապերով պաշտօններ շնորհելու կամ ստանալու դատապարտելի սովորոյթը։ Կ՚ուզէինք հաւատալ, որ նախկին վատահամբաւ՝ եւ նոյնիսկ յանցագործ իշխանաւորներու մերժումէն յետոյ, հայրենի մեր ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող Հայաստանի նոր կառավարութիւնը պիտի ձեռնարկէր երկրի տնտեսութեան բարեկարգումին, օրէնսդրութեամբ կանխարգիլելով մենաշնորհային դրոյթները, որոնցմով երկրի տնտեսական գլխաւոր հաստատութիւնները կը կեդրոնանան սակաւաթիւ անհատներու ձեռքերուն մէջ։ Կը փափաքէինք տեսնել, որ իշխանութեան երեք ճիւղերուն՝ գործադիրին, օրէնսդիրին եւ դատականին լրիւ տարանջատումը եւ իւրաքանչիւրին անկախութիւնը ի վերջոյ կազմէին պետութեան կառավարման ողնասիւնը։ Այս ակնկալութիւններով անցեալ գարնան Երեւանի հրապարակները ողողող հայ հասարակութիւնը այսօր կը սպասէ յիշեալ բարեկարգումներուն, որոնց իրագործումը ժամանակ կը պահանջէ։ Հասկնալի է, որ մէկ տարին բաւարար չէ տասնամեակներ գործող դրուածքները բարեշրջելու. այդպիսի հապճեպ նախաձեռնութիւններ կրնան թէ՛ սխալական ուղիներով ընթանալ, եւ թէ՛ վտանգաւոր ցնցումներ եւ հետեւանքներ ծնիլ։ Պարզ է, ուրեմն, որ Հայաստանի այսօրուան ղեկավարները եւ ապագան կերտողները պարտին մասնագիտացած փորձագէտներու հետ խորհրդակցելով ճշգրիտ ախտաճանաչումներ կատարել, ապա քաղաքական ոյժերու համագործակցութեամբ եւ հեռահաս ծրագրումներով ազդանշանը տալ աստիճանական եւ հիմնական փոփոխութիւններու մեկնարկին։ Այս մօտեցումն է, որ կ՚ուզենք տեսնել մեր երկրի իշխանութիւններուն վարքագծին մէջ։ Յեղափոխական ամպիոնները իրենց դերը օրին կատարեցին, եւ առանց արիւնահեղութեան, երկրի իշխանափոխութիւնը յաջողութեամբ պսակեցին։ Ժամանակն է, որ մեր նոր կառավարութեան դէմքերը դադրին լոզունգային քաղաքականութիւն վարելէ եւ սկսին մշակել նորովի կառավարման եղանակ։ Նորովի չի նշանակեր, թէ հարկ է կազմաքանդել գործող դրոյթները եւ կառավարական հաստատութիւնները, ինչպէս օրինակ Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն ջնջումը եւ անոնց ներառումը այլ նախարարութիւններու մէջ։ Նորովի չ՚ենթադրեր, որ հիմնաւորուած ու կենսագրութիւն ունեցող պետութեան խորհրդանիշերը՝ ազգային օրհներգն ու դրօշակը ենթարկուին կամայական փոփոխութիւններու, ըստ անհատական նախասիրութիւններու կամ իբրեւ թէ գեղագիտական հիմնաւորումներու։ Պահն է լրջանալու, պահն է ազգի միասնականութեան հայեցակարգը ուղենիշ ընտրելու, պահն է բովանդակալից քաղաքականութիւն մշակելու եւ զայն գործադրութեան դնելու։

Անկախութեան այս տօնը չի կրնար ամբողջական նկատուիլ, եթէ չտօնենք նաեւ հայկական հողը իր արեամբ ոռոգող ու պահող Արցախահայութեան պայքարը յանուն իր անկախութեան, անկախութիւն` որ ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, անկախութիւն` որ կը բխի քաղաքական նկատառումներէ, անկախութիւն` որ ի վերջոյ պիտի չքանայ Արցախի Հայաստանին միացումով: Հայաստանի անկախութիւնը լիակատար պիտի համարուի այն օրը, երբ Արցախը հասնի իր նպատակին, Ջաւախքն ու Նախիջեւանը մտնեն Հայաստանի սահմաններուն մէջ, եւ արեւմտահայաստանը` դադրի թուրքին պատանդ ըլլալէ:

Սարդարապատի յուշարձանին վրայ քանդակուած են հետեւեալ տողերը. «Անմահ է այն ժողովուրդը, որ ապրելու մտադրութեամբ նահատակուել է դարերով, բայց մեռնելու մտադրութեամբ չէ ապրել թէկուզ մի օր»: Այդ ժողովուրդը մե՛նք ենք: Մենք ենք դարձեալ, որ պիտի չբաւարարուինք այսօրուան անկախութեամբ. մե՛նք ենք դարձեալ, որ իրականութեան պիտի վերածենք մեր մեծագոյն երազը, մեր ազգային իտէալը, որ ամէն ժամանակներէ աւելի ի զօրու է այսօր: Անկախ Հայաստանի այսօրուան Հանրապետութեամբ, մենք գրաւականը ունինք հասնելու անմահօրէն ազատ, անկախ, ու մանաւա՛նդ միացեալ Հայաստանին:

Շնորհաւոր մայիս 28 բոլորիդ։

Կեցցե՛ն Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը։

 

Վիգէն Թիւֆէնքճեան