Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Քուեյթահայությունը հանդիսավորությամբ նշել է ՀՅԴ 129-ամյակըՙ Yerkir.am-ը տեղեկանում է Քուեյթի Ազգային Առաջնորդարանից:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ «Հ. Դժոխք» Պատանեկան Միութիւններուն, «Արի՛ք Միանանք, Յառաջ Գնանք» կարգախօսով, Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2019ին, քուէյթահայութիւնը հանդիսաւոր կերպով նշեց ՀՅԴ 129րդ ամեակը։
Հանդիսութիւնը կը վայելէր Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի հովանաւորութիւնը։
Հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ընկ. Յակոբ Տէր խաչատուրեանը։ Սոյն նախաձեռնութեան նաեւ ներկայ էին ՀՅԴ Բ.ի անդամ Ընկ. Յակոբ Խաչերեանը, Քուէյթի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանը, ՀՀ Հիւպատոս Վարդգէս Յովսէփեանը, Քույէթի ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային շունչով տոգորուած Քուէյթահայեր, երիտասարդներ ու պատանիներ։
Օրուան յայտագրի բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ տարազաւոր քոյրերու ու եղբայրներու հանդիսաւոր տողանցքով, ուր հնչեցին՝ Քուէյթի, Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները, պատանեկան երգչախումբի երգեցողութեամբ։
Օրուան բեմավար՝ Ընկ. Ճորճ Արապաթլեան, բացման իր խօսքով այս օրը յայտարարեց՝ հաշուետուութեան ու ուխտի վերանորոգման օր, ապա անդրադառնալով ՀՅԴ-ի ծաւալած 129 ամեայ գործունէութեան ըսաւ《Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ծննդեան օրէն իսկ, ֆետայիին զէնքով, մտաւորականին գրիչով ու ռանչպարին բահով ծառայեց հայ ազգին ու հայրենիքին: Անոր մտահոգութեան առանցքը եղաւ հայ ազգին արժանավայել գոյատեւումը՝ իր իսկ հողին վրայ: Հարենիքէն ներս թէ դուրս՝ ամենատարբեր եղանակներով աշխատեցաւ, որ հայ մարդը երբեք չկորսնցնէ իր ազգային ինքնութիւնը. պահպանէ հայոց լեզուն, պատմութիւնը, հաւատքն ու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ՝ ընտանեկան սրբութիւնն ու աւանդական բարքերը»:
Իսկոյն, յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ պատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Տիկին Ժաննա Սերոբեանի։
Այս առթիւ ՀՅԴ Քուէյթի Պատկան Մարմնի Ներկայացուցիչ Ընկ. Ներսէս Սարգիսեան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն ըսելով «Երբ հաւաքուած ենք ՀՅԴ 129րդ ամեակի առթիւ, չենք կրնար շրջանցել մեր անցեալի եւ ներկայի արժէքներու մասին խորհրդածելը, զանոնք ոգեկոչելը եւ մեր համեստ տուրքը փոխանցելը ՀՅԴ-ի քրտնաթոր վաստակին։
129 տարիներու կենսափորձով, Դաշնակցութիւնը ստեղծեց ինքնուրոյն եւ հայ ազգի էութիւնը արտացոլացնող արժէհամակարգ, գաղափարախօսութիւն, որուն հիմնական առանցքները եղան՝ ազգային արժէքները, ընկերային արդարութիւնը, հայրենիքի եւ պետականութեան գաղափարները, ժողովրդավարութիւնն ու յեղափոխութիւնը, յանուն ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման իր ծրագրային նպատակին»։
Ապա գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ Տիկին Կիլտա Իյճեանին կողմէ, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» բանաստեղծութենէն հատուածի մը ներկայացումով։
Արդարեւ, ՀՅԴ Բ․-ի Ներկայացուցիչ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանգամանօրէն իր պատգամը փոխանցեց հանդիսականներուն ըսելով « Հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, մենք չենք կրնար վհատիլ, իրաւունք չունինք յուսահատելու։ Որպէս ղեկավարութիւն մեր պարտականութիւնն է պահել լաւատեսութիւնը եւ վճռակամութիւնը, յառաջ նայելու, կառուցողական լուծումներ գտնելու եւ վստահութիւն ներշնչելու մեր երիտասարդութեան մօտ, որպէսզի պայքարը անխափան շարունակուի եւ անոնց կիզակէտը միշտ դառնայ Հայրենիքը։
Ուստի, պարտինք մեր բոլոր իրագործումները կատարել ազգովին եւ միացեալ ուժերով բազմապատկել զանոնք։ Ստեղծել ազգային օրակարգ, որպէսզի հայրենի պետականութիւնը պինդ ու ծաղկուն պահենք։ Ամէն ջանք թափենք, որ արեան գնով ձեռք բերուած արցախեան յաղթանակը միջազգայինօրէն ամրագրուի, մինչեւ անոր միացումը Հայաստանին։ Օժանդակենք Ջաւախահայութեան, իրենց մարդկային ու ազգային փոքրամասնական իրաւունքներու պաշպանութեան պայքարին մէջ։ Իսկ սփիւռքի հայութեան՝ հաղորդենք նոր կենսունակութիւն եւ հայակերտման մեր գործին նոր թափ եւ վճռակամութիւն տանք։
Պարտինք ազգովին բռնցքուիլ, որպէսզի անխաթար պահենք կազմակերպուած հայու կերպարը՝ յանդուգն, ուղղամիտ, արդիական, յառաջդիմական եւ մանաւանդ իր դատին աներեր կառչած»։
Ապա Սարգիս Կիրակոսեանի «Օրհներգ Մերօրեայ Ասպետներուն» ազգայնաշունչ քերթուածը մատուցուեցաւ Ընկհ. Մարիա Սարգիսեանի կատարողութեամբ։
Հայրենասիրական ճոխ երգացանկով մը ելոյթ ունեցան այս առիթով յատուկ հրաւիրուած հայրենի երգչուհի՝ Նարէ Գէորգեանն ու յեղափոխական երգերու Լիբանանահայ մեկնաբան՝ Վիգէն Տիշչէքէնեանը ընկերակցութեամբ 《Արազ》նուագախումբին, որոնք մեծապէս խանդավառեցին ներկաները։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հոգեշնո՛րհ Հայր Սուրբը, որ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին ըսաւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաքելութեան առանցքը կը կազմէ ազգային արժէքներու պահպանումը, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի սատարումն ու զանոնք զօրացնելու նպատակադրումը: Քուէյթի հայ գաղութը՝ իր եկեղեցիով ու դպրոցով տասնամեակներ շարունակ վայելած է եւ մինչեւ օրս կը վայելէ այս կազմակերպութեան գուրգուրանքը: Ա՛յս եղած է Դաշնակցութեան սրբազան առաքելութիւնը ամէնուրեք: Հետեւաբար, ոչ մէկուն խորթ թող չթուայ, երբ այսօր Դաշնակցական երիտասարդներ իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն յանուն ազգային արժէքներու պահպանման, մերժելով որեւէ նահանջ հայոց լեզուի եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ուսուցման գործընթացին մէջ, որովհետեւ անոնք դաստիարակուած են այդ արժէքներով: Անոնք քաջ կը գիտակցին, որ ինչպէս հայրենիքի, այդպէս ալ սփիւռքի ողջ տարածքին ազգային այդ արժէքներն են, որոնք մեզ հայ պահած են ու պաշտպանած՝ օտարանալու կամ ապազգայնանալու վտանգէն»։
Վերանորոգ թափով եւ ազգային վառ զգացումներով լիացած քուէյթահայերը մեկնեցան սրահէն, ՀՅԴ 130րդ ամեակը յաւելեալ յանձնառութեամբ եւ վճռակամութեամբ դիմաւորելու խոստումով։
Թղթակցութիւն՝ Մարիա Սարգիսեան