կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-09-07 15:14
Սփյուռք

Պահպանել մեր դպրոցների հայկական դիմագիծը

Վերամուտի շնորհաւորական խօսքերուն կողքին պարտք կը համարենք անկեղծ վերանայում մը կատարել պատերազմէն տակաւ դուրս եկող սուրիահայ վարժարաններու ներկայ վիճակին, կարիքներուն, առաւելութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Անհրաժեշտ է արդարօրէն հաստատել, որ պատերազմի տարիներուն սուրիահայ բոլոր վարժարանները իրենց դռները բաց պահեցին հայ աշակերտին դիմաց, հակառակ ապահովական, նիւթական, կենցաղային բազմապիսի դժուարութիւններու: Ազգային իշխանութիւնը, միութիւններն ու յարանուանութիւնները ամէն ջանք ի գործ դրին, որ հայ պատանին ու երիտասարդը տնտեսական դժուարութիւններու բերումով դուրս չմնան հայ դպրոցէն: Այլ խօսքով՝ տնտեսական եւ ապահովական դժուարութիւնները յաղթահարեցին, միեւնոյն ատեն պահպանելով հայկական վարժարաններու ուսումնական բարձր մակարդակը:
Պատերազմին հետեւանքով, սակայն, յառաջացան այլ դժուարութիւններ, որոնք երբեմն համապատասխան ծրագրաւորումի եւ աշխատանքի բացակայութեան հետեւանքով անյաղթահարելի մնացին:
Գաղթի բերումով, հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կտրուկ անկում արձանագրեց, անկում արձանագրեց նաեւ փորձառու կրթական մշակներուն, յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն թիւը: Կարիքներուն համաձայն նորեր ալ չպատրաստուեցան…: Մենք մեր իւղով տապկուելու քաղաքականութիւն մը վարեցինք, որ ժամանակավրէպ սկսաւ դառնալ:
Ներկայ տուեալներով Սուրիոյ մէջ կը գործեն 27 հայկական վարժարաններ: Կարգ մը վարժարաններ աշակերտութեան թիւը բարձրացնելու համար իրենց դռները բացին նաեւ օտար աշակերտներու դիմաց, առանց նկատի առնելու այդ քայլին բացասական հետեւանքները՝ ընկերային, դաստիարակչական հարցեր, հայախօսութեան անկում, հայերէնի դասապահերուն հանդէպ անտարբերութեան աճ եւ այլն:
Ներկայիս կարգ մը դպրոցներու օտար աշակերտներուն թիւը կը գերազանցէ հայերունը: Ոմանք պիտի արդարացնեն այս արարքը, դիտել տալով, որ դպրոց պահելու համար պետական պայմաններուն համապատասխան աշակերտութեան թիւ պէտք է ունենալ: Հայ դպրոցը չի կրնար կաշկանդուիլ սոսկ պետական ծրագրին կամ օրէնքներուն գործադրութեամբ: Հայ աշակերտին կազմաւորումը աւելի՛ն կը պահանջէ:
Թող այլամերժութիւն չթուի հայեցի մթնոլորտի պահպանման մեր պնդումը: Հայ դպրոցին դերը լուսարձակի տակ առնելու կարիք կա՞յ կրկին:
Յուսահատի՞լ ուրեմն ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ: Թիւի նօսրացումը երբեմն կը նպաստէ որակի բարելաւման: Նուազ թիւով դասարանները իտէալական կրնան ըլլալ, մեծաթիւ ուսուցիչներու ալ չեն կարօտիր: Աւելին՝ կարելիութիւն կը ստեղծուի բարելաւելու ուսուցման որակը: Էականը հաւատք, ծրագիր ունենալն ու գործելն է:
Հայերէնաւանդ ուսուցիչներու տագնապը երգելու փոխարէն, ուրեմն, լուծումներ որոնենք: Հայագիտական Հիմնարկին մեծ դեր վերապահուած է բնականաբար: Այս հիմնարկին կը պարտինք ներկայ մեր հայերէնաւանդ ուսուցիչներու մեծամասնութեան գոյութիւնը: Հիմնարկը կարելիութիւն ունի օգտուելու սուրիահայ, հայրենի եւ սփիւռքահայ մեր մտաւորականներու փորձառութենէն ու ներգրաւելու Սուրիոյ տարբեր նահանգներէ ուսանողներ, օգտագործելով նոյնիսկ առցանց ուսման միջոցները: Այսպիսով կարելի է հայերէնաւանդ ուսուցիչներ պատրաստել Սուրիոյ տարբեր նահանգներուն համար՝ զիրենք գործուղելով հայկական վարժարաններ: Իսկ մեր վարժարանները գործ հայթայթելու են հայագիտականի երիտասարդ շրջանաւարտներուն, որպէսզի անոնք, փորձառուներուն կողքին, աստիճանաբար կատարելագործուին:
Այս բոլորին կողքին, հայերէնաւանդ ուսուցիչը պէտք է վարձատրել այնքան, որ ան արժանապատիւ կեանք ապրի եւ կարիք չունենայ երկրորդական աշխատանք որոնելով իր դասապահերը նուազեցնելու:
Մեր վարժարանները յաւելեալ հայացումի կը կարօտին, իսկ հայացումը լոկ մաղթանքներով իրականանալի գործելաոճ մը չէ: Դժգոհելու կամ տարուող աշխատանքներուն զուտ քարոզչական նկարագիր տալու փոխարէն, յաւելեալ ջանք թափենք ու հայագիտութիւն հրամցնենք մեր աշակերտներուն:
Բարի ու անփորձանք վերամուտ կը մաղթենք սուրիահայ բոլոր աշակերտներուն եւ լրջագոյն պատասխանատուութիւն ստանձնած տնօրէններուն, կրթական մշակներուն ու դաստիարակներուն:

Զարմիգ Բողիկյան