Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սեպտեմբեր 2-ին համայն հայութիւնը, հայրենական հողերէն մինչեւ Սփիւռքեան գաղթօճախները, շնորհաւորեցին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձը։ Բնականաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը միացաւ ժողովուրդին՝ նշելու համար Արցախի անկախութեան տօնը։
Իր դիմատետրի էջով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Արցախի հերոսական ժողովուրդը, ընդգծելով՝«Այսօր Սովետական Ադրբեջանից Արցախի անկախութեան հռչակման օրն է։»
Անհաւատալի էր վարչապետին այս ընդգծումը։ Միաժամանակ մտահոգիչ է անոր քաղաքական, իրաւական եւ տարածքային հետեւանքներուն հաւանականութիւնը։
Հայաստանի վարչապետը, որ ցարդ չէ բացայայտած իր կառավարութեան նպատակային եւ վարքագծային կեցուածքը Արցախեան հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ, պաշտօնապէս եւ Հայաստանի կառավարութեան անունով, կը յայտարարէ, թէ Արցախ անկախացաւ Ատրպէյճանէն։ Այսինքն, Արցախ մէկ մասն էր Ատրպէյճանին եւ անջատուեցաւ անկէ։ Այսինքն, Արցախ մաս կը կազմէր Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան։ Այլ խօսքով, Արցախեան հարցի կապակցութեամբ Ատրպէյճանի առարկութիւնները իրաւացիութիւն կը պարունակեն։
Վարչապետին այս հաստատումը լաւագոյն պարագային քաղաքական խռպոտ ձայնի մը արձագանքն է, որ կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներու առաջնորդել մեր ժողովուրդը՝ ի վնաս Արցախի հողային ու ինքնորոշման իրաւունքներու հաստատման երթին։
Ատրպէյճանին պատմաշինական բանահիւսութեան ջաղացքին արատ ջուր կը հայթայթէ վարչապետին հաստատումը։ Ան գլխիվայր կը շրջէ պատմական իրողութիւնները եւ սատար կը հանդիսանայ պատմական փաստերու նենգափոխման։
Այսպէս, այսօր Արցախը կը բոլորէ 28-ամեայ ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ անկախութեան իր հպարտ նուաճումը։ Այս նուաճումը կը պատկանի ժողովուրդի մը որ, հայրենական ու սփիւռքեան բոլոր հայորդիներու մասնակցութեամբ, իր ազատագրական պայքարը սկսաւ 1988ին։ Այս ժողովուրդը 1923-էն ի վեր իրեն պարտադրուած բռնութեան կապանքները թօթափեց՝ հռչակելով իր անկախութիւնը 1991ի Սեպտեմբեր 2-ին:
Իր ժողովուրդով, նահատակներով, քաջարի բազուկով եւ ազատատենչութեամբ, Արցախ պարտադրեց իր ազգային ազատ ինքնորոշման կամքը եւ նուաճեց իր անկախութեան իրաւունքը:
Ուստի, իբրեւ անկախ երկիր թէ իբրեւ վախճանականօրէն Հայաստանի մէկ անքակտելի մասը, Արցախի հայրենական ինքնութիւնը անառարկելի է՝ քաղաքական թէ իրաւական առումներով: Արցախ պատմական Հայաստանի տասնըհինգ նահանգներէն մէկն էր: Երբ մեր պատմութեան ընթացքին օտար ներխուժող հորդաները կը մասնահատէին Հայաստան աշխարհը, Արցախ պահպանեց իր հայկական իւրայատուկ հողատարածք մը ըլլալու ինքնութիւնը: Պարսկական կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին Արցախ գոյատեւեց իբրեւ անջատ ու կիսանկախ իշխանապետութիւն՝ մելիքութիւն:
Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ժամանակ, Արցախ սեփական ուժերով ինքզինք կառավարող շրջան էր։ Իր լեռնային ու դաշտային տարածքներով ու հայ ազգաբնակչութեամբ, Արցախ նորանկախ հայրենիքին մաս կազմելու իր տենչերն ու աշխատանքները միշտ վառ պահեց։ Իսկ հայրենի կառավարութիւնը նիւթական եւ զինուորական միջոցներով սատարեց Արցախի միացման տենչերուն եւ աշխատանքներուն։
Սովետական շրջանին, Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ բոլշեւիկները եւ թուրք քեմալականները միասնաբար քաղաքական առեւտուրի վերածեցին հազարամեակներով հայապատկան հողատարածքները: Այս երկու ուժերու քաղաքական սին հաշիւներով, հայութենէն խլուեցան Կարսն ու Արտահանը, Նախիջեւանը, եւ մանաւա՛նդ Արցախը:
Սակայն նախ քան այդ, սովետական իշխանութիւնները արար աշխարհին կը յայտարարէին, որ Արցախը խորհրդային Հայաստանին անբաժանելի մասն է: Հայաստանի խորհրդայնացումէն երկու օր անց, ազգութիւններու կոմիսար Եոսիֆ Ստալին «Փրաւտա»-ի 4 Դեկտեմբեր, 1920 համարին մէջ կը գրէր. «Խորհրդային Ատրպէյճանը ինքնակամօրէն կը հրաժարի հիւսիսային շրջաններէն եւ կը յայտարարէ Զանգեզուրի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Խորհրդային Հայաստանի»:
Այս «ուրախ» լուրը հաղորդելով` Ստալին կ՛եզրափակէր. «Դարաւոր թշնամանքը` որ կար Հայաստանի եւ զինք շրջապատող մահմետական երկիրներու միջեւ, վերջ գտաւ մէկ հարուածով` եղբայրական համերաշխութեան հաստատումով Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի աշխատաւորներու միջեւ»:
Հազիւ քանի մը ամիս ետք, Մարտ 1921-ի Մոսկուայի դաշնագրով Ստալին հայապատկան հողերը զիջեցաւ Ատրպէյճանին: Ապա, նոյն տարուան Հոկտեմբերին, Կարսի դաշնագրով սովետներն ու քեմալականները վերահաստատեցին գրեթէ նոյնութեամբ Մոսկուայի դաշնագրի պայմանները:
Նոյն ժամանակներուն, 1920-ի Դեկտեմբերին, Ազգերու Լիկայի ենթայանձնախումբը, քննելէ ետք Ղարաբաղի կացութիւնը, որոշում կայացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մինչեւ վերջնական կարգաւորումը, Ղարաբաղը կը ճանչնայ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն վերջնական պատկանելիութիւնը պէտք է հիմնուի ազգագրական տուեալներու վրայ: Բոլոր կողմերը, ներառեալ` Ատրպէյճան, համաձայնեցան այս որոշումին:
Իր կարգին, հակառակ Մոսկուայի դաշնագրի պայմաններուն, Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, Հայաստան Յունիս 1921-ին Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժան մասը:
Այսուհանդերձ, Հայաստանը տկար ու անճիտուած պահելու քեմալական նպատակներուն ընթացք տալու Մոսկուայի տրամադրութիւնները սակարկութեան նժարի վրայ կը պահէին Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութեան խնդիրը: Հարցին լուծումը ընթացք գտաւ 1923-ին, երբ Ստալինի հաւանութեամբ որոշուեցաւ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ Լեռնային Ղարաբաղը վերածել ինքնավար մարզի:
Այս կարգադրութեամբ, Մոսկուա ընդունեց Արցախի հողային անջատ ինքնութիւնը եւ, առ այդ, 1923ին Արցախ վերածուեցաւ «ինքնավար մարզ»ի, որուն վարչական տնօրինումը յանձնուեցաւ նորաստեղծ Ատրպէյճանին: (Պէտք է արձանագրել որ պատմականօրէն ու իրաւականօրէն Ատրպէյճան գոյութիւն չէ ունեցած նախապէս: Միայն 1918ին էր որ Ատրպէյճան ի յայտ եկաւ իբրեւ երկիր եւ պետութիւն:)
Թէ՛ Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները եւ թէ Արցախի ժողովուրդը բողոքեցին Մոսկուայի 1923ի վարչական տնօրինումին դէմ: Իրականութեան մէջ այս Մոսկովեան տնօրինումը արդիւնք էր Եոսիֆ Սթալինի «ազգութիւններու քաղաքականութեան», որ կը միտէր մասնահատել ազգային փոքրամասնութիւնները եւ զանոնք իրարու դէմ լարել:
Սակայն հայկական կողմը անընդհատ շարունակեց իր բողոքները Արցախի հարցով։
Ի տես շարունակուող Հայկական բողոքներուն եւ դիմումնագրերուն, 1989ի Յունուարին Մոսկուա վերափոխեց Արցախի կարգավիճակը՝ Արցախը վերածելով «ազգագրական-հողային վարչատարածքային միաւոր»ի, որուն վերահսկումը յետ այնու պիտի կատարէր Մոսկուան եւ ոչ թէ Պաքուն:
Իբրեւ Մոսկուայի վերահսկողութեան ենթակայ միաւոր, Արցախի վարչատարածքային իշխանութիւնը, հետեւելով Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան եւ միութենէն անջատման օրէնքներու տրամադրութեանց, յատուկ հռչակագրով մը յայտարարեց Արցախի անկախութիւնը Սեպտեմբեր 2, 1991-ին։ Ապա, Դեկտեմբեր 10, 1991-ին ձեռնարկեց հանրաքուէի, որ կատարուեցաւ օտար դէտերու ներկայութեան: Սոյն հանրաքուէի ճամբով Արցախի ժողովուրդը ջախջախից մեծամասնութեամբ որդեգրեց Արցախի անկախութիւնը:
Արդ, Սովետական շրջանին Արցախ երբեք ատրպէյճանական հողատարածքին մասը չէ եղած, որպէսզի հռչակէր իր անկախութիւնը Ատրպէյճանէն։
Անշուշտ Ատրպէյճան պիտի ուզէր որ այդպէս ըլլար: Բայց այդպէս չէր, չէր կրնար ըլլալ ու պիտի չըլլայ, որովհետեւ Հայաստա՛նն է Արցախը եւ ոչ թէ Ատրպէյճանը։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս Հայաստա՛նն է Նախիջեւանը, Կարսը, Արտահանը, Սասունը, Վանը, եւ ոչ թէ Թուրքիան...։
Սեդօ Պոյաճեան
Սեպտեմբեր 2, 2019
Լոս Անճելըս