Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը`Aztagdaily
Երաժշտութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ իր առանցքային դերը ունի: Ան հոգիները առինքնող եւ ազնուացնող ազդակ մըն է: Արուեստասէրները այս առումով կը փութան համերգային ծրագիրներու ներկայ գտնուիլ, որպէսզի ունկնդրեն եւ վայելեն երաժշտութեան հմայքը:
Այս նպատակով «Պէյրութ Չենց Ֆեսթիվըլ»-ը Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան համար 11-րդ տարին ըլլալով նախաձեռնեց հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնին` ընթացիկ դեկտեմբեր ամսուան 1-էն սկսեալ: Տարբեր համբաւաւոր երաժշտական խումբեր, երաժիշտներ եւ երգչախումբեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան եւ ամանորեան ու Ս. Ծննդեան խորհուրդը փոխանցեցին ունկնդիրներուն: Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը անմասն չմնաց այս փառատօնէն: Արդարեւ, շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական համերգ ներկայացուց` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Իւրայատուկ համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, զբօսաշրջութեան նախարարն ու իր կինը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ան նշեց, որ երաժշտական փառատօնի ամսուան աւարտին երաժշտութիւնը փոխադրեց մեզի այն սիրոյ աշխարհը, որուն համար կը տենչայ իւրաքանչիւր ունկնդիր: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի ելոյթը այս տարեկան փառատօնին յայտագիրին մաս կը կազմէ եւ ան կը փոխանցէ հայկական երաժշտութեան մշակոյթը մանուկներու հրեշտականման ձայներուն միջոցով: Ան գնահատեց խմբավար Զաքար Քէշիշեանին ճիգն ու բծախնդիր աշխատանքը` Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի բարգաւաճման ի նպաստ: Միշլին Ապի Սամրա շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին` համերգին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար եւ ըսաւ, որ նախարարին անձին մէջ տեսած են Լիբանան հայրենիքին եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ տածած սէրը Հայաստանի նկատմամբ ունեցած սիրոյն կողքին: Ան մաղթեց, որ նախարարը երկար տարիներ վարէ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնը, որովհետեւ ան յարմարագոյն անձն է այս նախարարութեան:
Զաքար Քէշիշեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրային` գործակցութեան համար:
Հուսկ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբին անդամները անմեղ ձայներով երգեցին «Թզուկներ ենք մենք», «Գճուճն ու ճուտ»-ը, «Նոր տարին մեզի հիւր եկաւ» ու «Կաղանդ պապան եւ նուէրները» երգերը եւ արժանացան ջերմ գնահատանքի:
Ապա բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը եւ կատարեց «Թալժ – թալժ», բազմալեզու «Լուռ գիշեր», երգերը, «Բեթղեհէմ փոքրիկ քաղաք» երգին տարբեր յօրինողներու` Լիուիս Ռենտըրի, Արմենուհի Կարապետեանի եւ Ստեփան Շաքարեանի մշակումները: Այս երգերուն դաշնակի կողքին երգչախումբին ընկերացաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սրինգի ուսուցիչներէն Կարօ Սվագճեան:
Այնուհետեւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին միացաւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Անոնք երգեհոնի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեցին Մակար Եկմալեանի յօինումով եւ դաշնաւորումով Ս. պատարագի «Հայր մեր», «Սուրբ Աստուած», «Մարմին Տէրունական», «Քրիստոս ի մէջ», «Սուրբ, սուրբ» եւ «Քրիստոս պատարագեալ» շարականները:
Այս իւրայատուկ համերգի աւարտին ներկաները ջերմ ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը արտայայտեցին: Համագայինի «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերը անգամ մը եւս յաջողեցան ունկնդիրներուն պարգեւել բարձրորակ, զուլալ երգեցողութեան կատարման պահեր եւ հոգեկան անդորրութիւն: