Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Թուրքիա ժամանած Հայաստանի քաղաքացիներու մասին յօդուածաշարքիս կը սկսիմ խնդրի ակունքներէն։ Նախքան յաջորդ յօդուածով քննելը, թէ ինչո՞ւ յատկապէս դէպի Թուրքիա, կ՚արժէ հարց տալ՝ ինչո՞ւ արտագաղթ։
Դէպի Թուրքիա գաղթը Հայաստանէն շատ աւելի մեծ արտագաղթի ալիքի մը մէկ ենթամասն է ընդամէնը։ Իսկ այդ ալիքը մեծ թափ հաւաքեց 1990-ականներու սկզբնաւորութեան, թէեւ նախապէս ալ արտագաղթողներ եղած էին։
Ահագնացող այդ արտագաղթը երեք հիմնական դրդապատճառներ ունէր. առաջին՝ 1988-ի աղէտալի երկրաշարժը, երկրորդ՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումը եւ անոր զուգակցող տնտեսական կարգի փոփոխութիւնը, երրորդ՝ դրացի Ատրպէյճանի հետ բռնկած պատերազմը։ Այս երեքը միասին Հայաստանը մի քանի տարուայ ընթացքին մխրճեցին լուրջ ուժանիւթային (էներգետիկ), տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամի մը մէջ, որուն հետեւանքները տակաւին մեծապէս զգալի են մերօրեայ Հայաստանի մէջ։
1988-ի դետկտեմբեր 7-ին, Սովետական Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Լենինականը (ներկայիս Կիւմրին) ու շրջակայ գիւղերն ու գիւղաքաղաքները կործանարար երկրաշարժի մը զոհ դարձան։ Յաջորդող երկու տարիներու ընթացքին մօտաւորապէս 200 հազար տուժածներ դուրս եկան այդ տարածքաշրջանէն, որոնց մօտաւորապէս քառորդը ոչ միայն անվերադարձ լքեց երկիրը, այլ դուռ բացաւ յաջորդող տարիներուն Հայաստան մնացած իր ազգականներու ու բարեկամներու արտագաղթին։ 50 հազարի մօտ այդ թիւը միայն որպէս երկրաշարժի անմիջական հետեւանք երկիրը լքողներու թիւն է։ Երկրաշարժը բնականաբար հիմնայատակ քանդած էր Կիւմրիի տնտեսութիւնը, եւ հոնկէ մինչեւ օրս շարունակուող արտագաղթը (Թուրքիա եկածներուն մէջ նշմարելի է կիւմրեցիներու ներկայութիւնը) մասամբ անոր հետեւանքն է (բայց նաեւ այն իրականութեան, որ երկրի ղեկավարութիւնը խստօրէն թերացած է երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու աշխատանքին մէջ, փոխարէնը թալանով զբաղած ըլլալով)։
Բայց նոյն տարուայ սկզբնաւորութեան, արդէն իսկ արտաքին քաղաքական ճգնաժամ մը եւս սկսած էր քիչ-քիչ իր ճամբան հարթել։ 1988-ի փետրուարի 20-ին, մեծաւ մասամբ հայաբնակ Լեռնային Ղարաբաղի տեղական ղեկավարութիւնը Սովետական կեդրոնական իշխանութիւններէն պահանջեց Ատրպէյճանի Սովետական Հանրապետութենէն անջատում եւ Հայաստանի Սովետական Հանրապետութեան միացում։ Յետագայ տարիներուն հայերու եւ ազէրիներու միջեւ պայքարը այնքան թեժացաւ, որ 1992-1994 տարիներուն արդէն իսկ վերածուեցաւ ամբողջական պատերազմի։ Պատերազմական վիճակ, Թուրքիոյ կողմէ փակուող սահման, տնտեսական յաւելեալ դժուարութիւններ... բնականաբար բոլորը պիտի նպաստէին արտագաղթի ալիքի մեծացման։
Վերջապէս, այս ամէնը տեղի կ՚ունենար նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որ դեռ նոր կը փորձէր ոտքի կանգնիլ։ Դարձեալ 1988-ին հռչակած էր իր անկախութիւնը փլուզուող Սովետական Միութենէն։ Քաղաքական վերափոխման կ՚ընկերակցէր արագ քայլերով տնտեսական կարգի վերափոխում մը, համայնավարականէն դրամատիրական-ազատականի անցում մը, որ համատարած մասնաւորեցման (privatization) իր ալիքով հիմը դրաւ մեծահարուստներու փոքր խաւի մը, միաժամանակ մասսայական գործազրկութիւն ու աղքատութիւն սփռելով աջ ու ձախ։
Այս բոլորին որպէս արդիւնք, միայն 1992-1994 ժամանակաշրջանին մօտաւորապէս երկրի բնակչութեան մէկ հինգերորդը դիմեց արտագաղթի։ Կ՚ըսուի, թէ մօտաւորապէս մէկ միլիոն քաղաքացիներ լքած են երկիրը այդ տարիներէն մինչեւ օրերս երկարող ժամանակաշրջանի ընթացքին։
Ահա՛, այս համատեքստի մէջ պէտք է ընկալել Հայաստանի քաղաքացիներու Թուրքիա ժամանումը։
Յաջորդիւ՝ ինչո՞ւ դէպի Թուրքիա։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ժամանակ