կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-18 20:30
Հասարակություն

Համշէնական ապրումներ

Համշէնական ապրումներ

Վեր­­­­ջին առա­­­­ւօտս է Գա­­­­յագէօյի մէջ, կէ­­­­սօրո­­­­ւայ դէմ Հո­­­­փա եւ վեր­­­­ջը Տրա­­­­պիզոն պէտք է հաս­­­­նիմ, որ դէ­­­­պի Պո­­­­լիս թռիչք առ­­­­նեմ։ Գիւ­­­­ղին մօ­­­­տակայ Քե­­­­մալ Փա­­­­շա կ՚եր­­­­թամ, հա­­­­զիւ թէ պի­­­­տի նստիմ սրճա­­­­րան, ար­­­­դէն նստե­­­­լիք տեղ ալ չկայ։ Յան­­­­կարծ խնդու­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րես քա­­­­ռասուննոց մարդ մը ոտ­­­­քի կը կանգնի եւ թե­­­­ւերը բա­­­­նալով բարձրա­­­­ձայն կը գո­­­­չէ, «Վա՜յ, վայ վայ դուն ուրկէ՞ եկար մեր կող­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Եկուր հա­­­­լա քիչ մը խօ­­­­սինք։ Ճանչնամ քե­­­­զի, սոհ­­­­պեթ ընենք»։ Ես ամաչ­­­­կոտ, իր եր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րած ցածր աթո­­­­ռին վրայ կը նստիմ եւ ձեռ­­­­քը կը թօ­­­­թուեմ։ Առա­­­­ջին հար­­­­ցումը «Ուրկէ՞ ես»։ Ես ալ կ՚ըսեմ թէ սու­­­­րիացի հայ մըն եմ եւ կ՚ու­­­­զեմ բա­­­­ցատ­­­­րել թէ իրա­­­­կանու­­­­թեան մէջ մենք Տիք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նակերտցի ենք։ Բայց … յան­­­­կարծ ձայ­­­­նը փո­­­­խուե­­­­ցաւ, ժպի­­­­տը գնաց եւ սկսաւ անար­­­­գել, թէ ին­­­­չեր ըսաւ, ամէն ինչ խառն է։ Առաջ կար­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­ցի կա­­­­տակ է ըրա­­­­ծը, երբ ըսաւ՝ «Մենք դուք նոյ­­­­նը չենք»։ Եր­­­­բեք չի կար­­­­ծես մենք համ­­­­շէնցի­­­­ներս եւ դուք հա­­­­յերդ ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­կան ենք։ Նման լե­­­­զու­­­­ներ ու­­­­նինք, բայց մենք ձեզ­­­­մէ չենք եկած։ Դուք ոճ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գործ էք։ Դուք մեզ ջար­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցիք։ Մենք իբր ազգ Խո­­­­րասա­­­­նէն ենք։ Դուք դա­­­­ռեր առաջ մե­­­­զի գե­­­­րի դար­­­­ձուցիք եւ ստի­­­­պուած ձեր լե­­­­զուն սոր­­­­վե­­­­­­­­­­­­­­­ցանք։ Մեզ փոր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցիք ջնջել, բայց մենք ազա­­­­տուե­­­­ցանք եւ այս կող­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րը հա­­­­սանք։ Լե­­­­զուն ալ պա­­­­հեցինք, գի­­­­տես ին­­­­չո՞ւ, որ­­­­պէսզի ոճիր­­­­նիդ միշտ յի­­­­շենք» եւ ու­­­­րիշ բա­­­­ներ ալ ըսաւ ու ըսաւ։ Գլուխս պայ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­լու աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճան հա­­­­սաւ, քա­­­­նի որ այսպէս բան բնաւ չէի սպա­­­­սէր։ Ոչ թէ իր պատ­­­­մութեան չէի հա­­­­ւատար։ Ո՛չ, ամէն պատ­­­­մութիւն կա­­­­րելի է բայց չէի սպա­­­­սեր այդ զիս չի ճանչցող խնդու­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րես մար­­­­դը այդքան զայ­­­­րոյթով եւ ատե­­­­լու­­­­թեամբ լե­­­­ցուն աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով նա­­­­յէր ին­­­­ծի պէս մէ­­­­կու, որ չէր ճանչնար։ Այդքան զայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ցած կը խօ­­­­սէր որ ըսի. «Ըն­­­­կեր քու մեծ հայրդ իմ մեծ հօր կը ճանչնա՞ր»։

Երեսս նա­­­­յեցաւ շո­­­­ւարած եւ ես շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեցի. «Նա­­­­յիր անոնք զի­­­­րար չճանչցան, բայց մենք միասին ար­­­­դէն նստած ենք եւ կրնանք զի­­­­րար ճանչնալ։ Դուն էիր, որ ին­­­­ծի ճանչնալ ու­­­­զե­­­­­­­­­­­­­­­ցիր, չէ՞։ Եկուր փոր­­­­ձենք»։ Աւե­­­­լի զայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ «Քու հետդ գործ չու­­­­նիմ։ Դուք բո­­­­լորդ ար­­­­դէն ոճ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­գործ էք…»։ «Ի՞նչ ատե­­­­լու­­­­թիւն է այս։ Ուրկէ կու գայ այսքան զօ­­­­րաւոր» կը մտա­­­­ծէի, բայց ինք ար­­­­դէն աւել­­­­ցուց. «Քե­­­­զի ալ խրատ, ես տեղդ ըլ­­­­լամ պա­­­­յու­­­­սակս կ՚առ­­­­նեմ կը վե­­­­րադառ­­­­նամ տունս։ Այս կող­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րը քե­­­­զի հե­­­­տաքրքրող բան չկայ։ Մենք նոյ­­­­նը չենք։ Այս տե­­­­ղերը քե­­­­զի չեն»։ Ճարս կտրաւ եւ ոտ­­­­քի կանգնե­­­­լով ըսի «Ալ ին­­­­չու սոհ­­­­պեթ ու­­­­զե­­­­­­­­­­­­­­­ցիր։ Ես այս տե­­­­սակ սոհ­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­թի պէտք չու­­­­նիմ» եւ հե­­­­ռացայ։ Իմի­­­­ջայ­­­­լոց ըսեմ թէ ար­­­­դէն այս բո­­­­լոր եր­­­­կու կամ երեք վայրկեան­­­­նոց մե­­­­նախօ­­­­սու­­­­թեան ըն­­­­թացքին բո­­­­լոր սրճա­­­­րանը մե­­­­զի կը հե­­­­տեւէր եւ մի քա­­­­նի ան­­­­գամ փոր­­­­ձած էին մի­­­­ջամ­­­­տել։ Մի քա­­­­նի հո­­­­գի պո­­­­ռացած էին իրեն, թէ իրա­­­­ւունք չու­­­­նէր այսպէս խօ­­­­սիլ օտա­­­­րի մը կամ հիւ­­­­րի մը հետ։ Բայց ապար­­­­դիւն։ Մար­­­­մինս կը դող­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ղար այս անակնկա­­­­լէն։ Ես երեք օր էր, որ այս կող­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րը եկած էի եւ ոչ ոքին աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ հան­­­­դարտու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ զատ բան մը չէի տե­­­­սած։ «Այ՜յ մի­­­­նակ մարդ։ Դժբախտ եւ ան­­­­բախտ մարդ, քե­­­­զի ինչ եղած է որ հո­­­­գիդ ատե­­­­լու­­­­թեամբ լե­­­­ցուն է։

Բայց, այս բո­­­­լորը պատ­­­­մութեանս վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թիւնն է։ Պատ­­­­մեմ սկիզ­­­­բէն։

*

Ամէն ինչ «Վո­­­­վա»ով սկսաւ։ Եղ­­­­բօրս Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նէն բե­­­­րած եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու քա­­­­սէթը ան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­դար մեծ խան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­վառու­­­­թեամբ կը լսէինք։ 2007-ի օրերն էին, նո­­­­րու­­­­թիւն էր այդ ձայ­­­­նագրու­­­­թիւնը, մա­­­­նաւանդ համ­­­­շէ­­­­­­­­­­­­­­­նի բար­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ռով հա­­­­յերէ­­­­նը։ Կ՚ըսէին թէ Սեւ ծո­­­­վի ափե­­­­րուն թուրքեր կա­­­­յին, որ հա­­­­յերէն կը խօ­­­­սին, թէ իրենց շա­­­­ղած հա­­­­ցի խմո­­­­րին վրայ խա­­­­չի նշան կը գծեն փու­­­­ռը նե­­­­տելէն առաջ, թէ իրենց համ­­­­շէնցի կ՚ըսեն։ «Վո­­­­վա» ալ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­մի համ­­­­շէնցի եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը անընդհատ մտիկ ընե­­­­լով կը փոր­­­­ձէի հա­­­­յերէն բա­­­­րերը հա­­­­նելու­­­­կի պէս գտնել։

Վեր­­­­ջէն եղաւ նաեւ Շա­­­­ֆաքի հետ ծա­­­­նօթու­­­­թիւնս։ Պո­­­­լիս եկած էի պտոյ­­­­տի։ Եղ­­­­բօրս հետ սրճա­­­­րան նստած կը զրու­­­­ցենք։ Մա­­­­տու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ղը կ՚եր­­­­թայ կու գայ եւ երե­­­­սին ժպի­­­­տը մնա­­­­յուն է։ Վեր­­­­ջէն որ վճա­­­­րելու ժա­­­­մանակ կու գայ, այն ատեն մե­­­­զի կը հարցնէ, թէ որ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղացի ենք։ «Ես Գա­­­­նատա­­­­յէն, եղ­­­­բայրս Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նէն հա­­­­յեր ենք» կ՚ըսեմ։ Կ՚ըսէ թէ մեր խօ­­­­սած լե­­­­զուն մա­­­­սամբ կը հասկնայ։ Թէ իր մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի լե­­­­զուն ալ նման բա­­­­ռեր կը պա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէ։ Ինք համ­­­­շէնցի է, Հո­­­­փայի կող­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րէն։ Կար­­­­ծես բնա­­­­կան էր զայն սի­­­­րել։ «Վո­­­­վա»ի լե­­­­զուն կը խօ­­­­սէր։ Իմ առա­­­­ջին բա­­­­րեկամս դար­­ձաւ Պոլ­­­­սոյ մէջ եւ ես տա­­­­կաւին մի քա­­­­նի ամիս վերջ էր որ հոս պի­­­­տի փո­­­­խադ­­­­րուէի 2010-ին, ամուսնա­­­­նայի սի­­­­րածս կնոջ հետ, որ հոս կը բնա­­­­կէր։

Հի­­­­մա ես նո­­­­րից ու­­­­թը տա­­­­րի վերջ երկրորդ ան­­­­գամն է, որ Գա­­­­յագէօյ եկած եմ։ Դար­­­­ձեալ Շա­­­­ֆաքի ծնող­­­­քի տունն եմ։ Ան­­­­ցեալի կրկնու­­­­թիւն մըն է կար­­­­ծես։ Նոյն սի­­­­րուն հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­սիրու­­­­թիւնը եւ բա­­­­րիու­­­­թիւնը, նոյն գիւ­­­­ղի բնու­­­­թիւնը, կա­­­­նաչու­­­­թիւնը իր թէ­­­­յի պար­­­­տէզնե­­­­րով։ Հո­­­­փայէն կէս ժամ հե­­­­ռաւո­­­­րու­­­­թեամբ, 120 համ­­­­շէնցի ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով բնա­­­­կեցո­­­­ւած գիւ­­­­ղը զմայ­­­­լե­­­­­­­­­­­­­­­լի բնու­­­­թիւն ու­­­­նի։ Առ­­­­տու որ աչքդ բա­­­­նաս այդ բարձր կա­­­­նանչ կա­­­­նանչ լեռ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ամէն կողմ կար­­­­ծես հո­­­­գիդ կ՚օրհնեն եւ քեզ կը յի­­­­շեց­­­­նեն թէ ապ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­լը սուրբ է։

Դար­­­­ձեալ թէ­­­­յի հա­­­­ւաքու­­­­մի ժա­­­­մանակն է։ Ար­­­­դէն անոր հա­­­­մար եկած եմ վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս։ Լման ու­­­­թը տա­­­­րի երա­­­­զած եմ որ այս գիւ­­­­ղը պի­­­­տի վե­­­­րադառ­­­­նամ թէ­­­­յի հա­­­­ւաքու­­­­մը եւ համ­­­­շէնցի­­­­ները դար­­­­ձեալ նկա­­­­րելու հա­­­­մար։ Եւ ամէն մէկ տա­­­­րի թէյ հա­­­­ւաքե­­­­լու ժա­­­­մանա­­­­կը եկաւ ան­­­­ցաւ ու ես չկա­­­­րողա­­­­ցայ ետ գալ։

Քումսա­­­­լը, Շա­­­­ֆաքին եղ­­­­բօր աղ­­­­ջիկն է, ու­­­­թը տա­­­­րեկան գե­­­­ղեցիկ աղ­­­­ջիկ մը եղած է։ Առա­­­­ջին գա­­­­լուստիս ան դեռ նո­­­­րածին էր օրօ­­­­րոցին մէջ։ Այդ սու­­­­սիկ փու­­­­սիկ նո­­­­րածի­­­­նը հի­­­­մա իր երեք տա­­­­րեկան եղ­­­­բօր կը նա­­­­յի։ Յա­­­­ճախ ճա­­­­շի ժա­­­­մանակ խո­­­­հանոց կը վա­­­­զէ. «Դա­­­­նակ մը բեր» կամ «Ամա­­­­նը մոռ­­­­ցանք» կամ… մե­­­­ծերը ըսե­­­­լուն պէս։ Ո՛չ մի գան­­­­գատ կամ երես շրջել։ Նոյ­­­­նիսկ սկսած է դու­­­­ռե­­­­­­­­­­­­­­­րու շրջա­­­­նակէն մագլցիլ։ Սկիզ­­­­բը որ նկա­­­­րելու սկսայ տան մէջ միշտ կը նե­­­­տուէր նկար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուս մէջ ու մեծ ժպի­­­­տով քա­­­­մերա­­­­յիս կը նա­­­­յէր։ Մէկ ան­­­­գամ եւ միայն մէկ ան­­­­գամ իրեն կը բա­­­­ցատ­­­­րեմ թէ պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րի բնա­­­­կան ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լը գե­­­­ղեցիկ բան մըն է եւ բնա­­­­կան ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար նկա­­­­րուած ատեն աւե­­­­լի լաւ է քա­­­­մերա­­­­յին չնա­­­­յիլ եւ մոռ­­­­նալ թէ մէ­­­­կը քեզ կը նկա­­­­րէ։ Այս որ կը բա­­­­ցատ­­­­րեմ իրեն ատ­­­­կէ վերջ նկար­­­­ներս աւե­­­­լի բնա­­­­կան կը դառ­­­­նայ։ Խե­­­­լացի աղ­­­­ջիկ է Քումսալ։ 

Ան­­­­ցեալ ան­­­­գամ հար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նիք կար։ Օգոս­­­­տոս ամիս էր։ Թէ­­­­յի վեր­­­­ջին հա­­­­ւաքու­­­­մի ժա­­­­մանակ։ Հար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը Օգոս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սին կ՚ըլ­­­­լան ընդհան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պէս։ Ար­­­­դէն գիտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով որ ես նկա­­­­րիչ եմ, փե­­­­սային ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը խնդրած էր, ար­­­­դեօք կրնա­­­­յի՞ հար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը նկա­­­­րել։ Ին­­­­ծի հա­­­­մար մեծ պա­­­­տիւ եւ առիթ էր համ­­­­շէնցի հար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նիք նկա­­­­րել։ Հար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նիքն ալ իրենց կեան­­­­քի մէկ մասն է։ Ես միայն կը դի­­­­տեմ եւ իբր ակա­­­­նատես կը նկա­­­­րեմ։ Ին­­­­չո՞ւ չէ։

Այս ան­­­­գամ հար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նիք չկայ, բայց 85 տա­­­­րեկան ծե­­­­րուկ մայ­­­­րիկ մը մա­­­­հացած է այս առ­­­­տու։ Թա­­­­ղու­­­­մը վա­­­­ղը առ­­­­տու պի­­­­տի ըլ­­­­լայ։ Մահ ու թա­­­­ղում, ասոնք ալ կեան­­­­քի մէկ մասն է։ Իրենք թող իրենց առօ­­­­րեան ապ­­­­րին իր անու­­­­շութեամբ ու տխրու­­­­թեամբ, ես ալ նկա­­­­րեմ։ Ցոյց տամ թէ մահն ալ հար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նիքի չափ մար­­­­դուս բնա­­­­կան կեան­­­­քին մաս մըն է։ Խան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­վառ կը սպա­­­­սեմ որ սու­­­­գի տու­­­­նը եր­­­­թանք։ Տար­­­­բեր պատ­­­­ճառնե­­­­րով չի յա­­­­ջողիր այդ գի­­­­շեր։ Երկրորդ օր թա­­­­ղու­­­­մէն առաջ սու­­­­գի տու­­­­նը կ՚եր­­­­թանք եւ Շա­­­­ֆաքի հօր Սա­­­­յիթի մի­­­­ջոցաւ հան­­­­գուցեալի տղուն հետ խօ­­­­սելով ան կը հա­­­­մոզո­­­­ւի թէ եթէ մի քա­­­­նի նկար քա­­­­շեմ թա­­­­ղու­­­­մի պա­­­­հուն, լաւ բան մը ըրած կ՚ըլ­­­­լամ։ Ես պատ­­­­րաստ, բայց անսպա­­­­սուա­­­­ծը կը պա­­­­տահի։ Հան­­­­գուցեալին աղջկան ամու­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­նը կ՚ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լէ նկա­­­­րել։ Սխալ է թա­­­­ղու­­­­մը նկա­­­­րել եւ վերջ։ Յու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հատու­­­­թիւնը երե­­­­սէս կը վա­­­­զէ։ Շա­­­­ֆաքի հայ­­­­րը Սա­­­­յիթը նոյնպէս շատ ջղայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցած։ «Ծօ՜ ի՞նչ կ՚ըլ­­­­լար։ Խա­­­­թըր չէ մնա­­­­ցած։ Իմ հիւ­­­­րիս ինչպէ՞ս կրնայ ոչ ըսել։ Մի քա­­­­նի պատ­­­­կեր քա­­­­շէիր, ի՞նչ պի­­­­տի վնաս ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նար հան­­­­գուցեալին» կ՚ըսէ։ Այդքան ջղայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցած է, որ կը որո­­­­շէ թա­­­­ղու­­­­մին չեր­­­­թալ։ Ինչ որ կը փոր­­­­ձեմ չեմ յա­­­­ջողիր։ «Վնաս չու­­­­նի։ Դուն տե­­­­ղացի ես։ Դուք իրար­­­­մով էք միշտ, ես օտար։ Այ­­­­սօր կամ, վա­­­­ղը չկամ։ Դուն պէտք է եր­­­­թաս թա­­­­ղու­­­­մին» անար­­­­դիւնք։ «Ես յա­­­­մառ եմ եւ պի­­­­տի չեր­­­­թամ» կ՚ըսէ։ Շատ կը տխրիմ թէ իմ երե­­­­սէս ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­թիւն եղած է։ Վերջ ի վեր­­­­ջոյ եր­­­­կուքս ալ կը հա­­­­մաձայ­­­­նինք թէ «Հա­­­­շուենք թա­­­­ղում չկար, չնե­­­­ղուինք» մտա­­­­ծելը աւե­­­­լի իմաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­լի է եւ այդպէս կը վե­­­­րադառ­­­­նանք թէ­­­­յի ար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

Կէ­­­­սօրէ ետք է։ Վրա­­­­ցի երեք աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տաւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ար­­­­դէն առ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւայ 5.00-էն քա­­­­ղու­­­­մի սկսած են եւ ար­­­­դէն ահա­­­­գին պառ­­­­կեր թէ­­­­յի տե­­­­րեւ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով լե­­­­ցուն կշռե­­­­լու տա­­­­նիլ պէտք է։ Չէ­­­­թինը, Սա­­­­յիթի մեծ տղան վրա­­­­ցի գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէ մէ­­­­կուն հետ պզտիկ բեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տար մե­­­­քենայ կը լեց­­­­նեն պար­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ետե­­­­ւը, հինգս միասին կ՚իջ­­­­նենք ար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րու բար­­­­ձունքէն վար։ Վտան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր քա­­­­րոտ, նեղ եւ դարձդար­­­­ձիկ ճամ­­­­բայ է։ Բայց Չե­­­­թինը վարժ է այս ճամ­­­­բուն։ Վար որ կը հաս­­­­նինք ահա­­­­գին խառ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­ճաղանջ կայ։ Մեր բեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տարի նման ու­­­­րիշ շատ բեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տար­­­­ներ կան։ Եր­­­­կու կշիռ կայ, մէ­­­­կը գոց շտե­­­­մարա­­­­նի մը մէջ, որ կը պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նի «Չայ­­­­քուր»ին այ­­­­սինքն կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թեան։ Միւ­­­­սը բա­­­­ցօթեայ եւ սե­­­­փական ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րուն։ Եր­­­­կու տեղն ալ պար­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րը կշիռք կ՚առ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւին, հա­­­­ւաքո­­­­ւած բեր­­­­քը կ՚ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւին տետ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կին մէջ, «Չայ­­­­քուր»ը շտե­­­­մարա­­­­նին մէջ կը պար­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւին։ Մինչ այդ սե­­­­փական ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րու գնած թէ­­­­յի տե­­­­րեւ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը մեծ բեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տար մե­­­­քենա­­­­ներուն մէջ։ Թէ ի՞նչ է տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւնը եր­­­­կուքին։ Կը բա­­­­ցատ­­­­րեն թէ ամ­­­­բողջ հա­­­­ւաքած թէ­­­­յը կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թեան չես կրնար ծա­­­­խել։ Կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թիւնը սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափա­­­­կում կը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տէ ամէն մէկ քա­­­­ղու­­­­մի շրջա­­­­նին։ Օրի­­­­նակի հա­­­­մար Սա­­­­յիտենց 15 թոն բեր­­­­քէն կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թիւնը գրե­­­­թէ 6 թոն կ՚ըն­­­­դունի գնել։ Մնա­­­­ցածը այ­­­­սինքն 9 թո­­­­նը երեք յա­­­­տուկ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րուն կը ծա­­­­խուի։ Տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւնը գի­­­­նին մէջ է։ Կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թիւնը՝ «Չայ­­­­քուր»ը գրե­­­­թէ 60 ղրուշ աւե­­­­լի կը վճա­­­­րէ քի­­­­լօ մը թէ­­­­յին։ Հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տուած եւ ըն­­­­դունուած գի­­­­ներ են, ամէն մարդ գի­­­­տէ կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թեան գնա­­­­ծէն դուրս, որ­­­­քան ալ ու­­­­զես յա­­­­տուկ ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րուն ծա­­­­խէ։ Մէկ տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւն մըն ալ կայ, այդ ալ «Չայ­­­­քուր»ը 30 օր վերջ կը վճա­­­­րէ։ Միւսնե­­­­րը տեղ­­­­ւոյն վրայ կրնան վճա­­­­րել, այ­­­­սինքն դրա­­­­մատան հա­­­­շուիդ դրամդ պառ­­­­կեցնել։ Բայց քա­­­­նի որ թէ­­­­յի քա­­­­ղու­­­­մը եւ առեւ­­­­տուրը միայն ամարն է եւ իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր քա­­­­ղը տա­­­­սը օր կը տե­­­­ւէ, այ­­­­սինքն միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բար տա­­­­րուայ մէջ միայն երե­­­­սուն օր, շա­­­­տերը վճա­­­­րումնե­­­­րը տա­­­­րուայ 12 ամիս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կը կա­­­­պեն։ Այ­­­­սինքն ամ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կանի նման եկա­­­­մուտ կ՚ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նան։

Վրա­­­­ցի գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ամէն կողմ են։ Չար­­­­քաշ են, արագ կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տին։ Միայն Սա­­­­յիթենց գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը չէ, բո­­­­լորն ալ դժո­­­­ւար եւ ծանր գործ կը տես­­­­նեն։ Այդ թէ­­­­յի ար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րը այդքան խիտ, ցե­­­­խոտ եւ փշոտ են եւ միշտ լեռ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու բարձրու­­­­թեան վրայ, որ տո­­­­կուն պէտք է ըլ­­­­լաս որ դի­­­­մանաս ամա­­­­ռուայ այդ արե­­­­ւուն տակ։ Կտրէ կտրէ եւ տոպ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կը լե­­­­ցուր, չի վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­նալիք գործ։ Բայց կ՚ընեն եւ երեք հո­­­­գի օրա­­­­կան մէկ թոն թէյ կը քա­­­­ղեն։ Ու­­­­թը տա­­­­րիներ առաջ առա­­­­ջին այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­թեանս Շա­­­­ֆաքի մայ­­­­րը՝ Այ­­­­շէն ալ իր վրա­­­­ցի գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հետ ան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­դար կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տէր։ Կը քա­­­­ղէր եւ պար­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը լեց­­­­նէր։ Իրեն պէս ալ շատ կի­­­­ներ ու­­­­րիշ ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէ, նոյ­­­­նը։ Այս ան­­­­գամ Այ­­­­շէն դադ­­­­րած է աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քէն։ Ար­­­­դէն նոր թոռ­­­­նիկ մը ու­­­­նի եւ ան­­­­հանգիստ ու տա­­­­րեց մօ­­­­րը կը հո­­­­գայ։ Հի­­­­մա վրա­­­­ցի գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն միայն նա­­­­խաճաշ եւ կէ­­­­սօրո­­­­ւայ ճաշ կը պատ­­­­րաստէ։ Այդ ալ դժո­­­­ւար է։ Ամէն առա­­­­ւօտ քա­­­­ղու­­­­մի ժա­­­­մանակ Սա­­­­յիթը կամ Չե­­­­թինը պէտք է 4.00 կամ 4.30-ին սահ­­­­ման եր­­­­թան վրա­­­­ցի գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­ներ առ­­­­նեն, տուն բե­­­­րեն, նա­­­­խաճաշ տան եւ 5.00 կամ 5.30-ին ար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րը հասցնեն, որ անոնք գոր­­­­ծի սկսին։ Իսկ ուշ կէ­­­­սօրէ վեր­­­­ջե­­­­­­­­­­­­­­­րը դար­­­­ձեալ մէ­­­­կեր­­­­նին զա­­­­նոնք սահ­­­­ման պէտք է հասցնէ, որ անոնք Պա­­­­թու­­­­մի եր­­­­թան իրենց ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Բայց գան­­­­գատ չկայ։ Ոչ Սա­­­­յիթենց կող­­­­մէ, ոչ ալ վրա­­­­ցինե­­­­րու։ Վրա­­­­ցինե­­­­րու հետ որ խօ­­­­սեցայ ու­­­­րախ են աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տելէ։ «Մեր եր­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­րը գործ չկայ եւ ան­­­­գործու­­­­թիւնը շատ է։ Նոյ­­­­նիսկ որ կա­­­­րենաս գործ գտնել օրա­­­­կանդ 60 ԹԼ.-ի չափ է։ Հոս, թէ­­­­յի քա­­­­ղու­­­­մին առօ­­­­րեայ 200 ԹԼ. կը գան­­­­ձենք իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւրս։ Այո, դժո­­­­ւար գործ է, կը յոգ­­­­նինք, բայց թող գործ ըլ­­­­լայ եւ այսպէս թող ըլ­­­­լայ։ Հոգ չէ կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տինք, ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք կը պա­­­­հենք»։ Ասոր ալ մէջ պզտիկ գաղտնիք մը կայ։ Տա­­­­րիներ առաջ վրա­­­­ցինե­­­­րը օրա­­­­կանով կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տէին։ Հի­­­­մա, Սա­­­­յիթին եւ Չե­­­­թինի նման­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ամէն մէկ հա­­­­ւաքո­­­­ւած քի­­­­լոյին 65 ղրուշ կը վճա­­­­րեն։ Գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւորը որ­­­­քան կ՚ու­­­­զէ հա­­­­ւաքել, իր որո­­­­շումն է եւ ան­­­­շուշտ գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւորն ալ միշտ ջանք կը թա­­­­փէ, որ աւե­­­­լի լաւ ապ­­­­րուստ մը հա­­­­նէ։ Այ­­­­սինքն ծու­­­­լութիւ­­­­նը փոր չի կշտաց­­­­ներ եւ այսպէս եր­­­­կու կողմն ալ հան­­­­գիստ յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւն մը կը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տէ։

Վրա­­­­ցինե­­­­րը Թուրքիայի ամէն կողմ կ՚եր­­­­թան աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տելու։ Մա­­­­նաւանդ թէյ հա­­­­ւաքու­­­­մի։ Ռի­­­­զէ, Ար­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­ւի, Արթվին եւ ու­­­­րիշ տե­­­­ղեր։ Առա­­­­ջին Սեւ Ծով այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­թեանս Գա­­­­յագէօյի­­­­ւէն զատ Ար­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­ւի ալ եր­­­­կու կամ երեք օր կե­­­­ցած ու նկա­­­­րած էի։ Հոն ար­­­­դէն բա­­­­ւական վրա­­­­ցի աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հետ ծա­­­­նօթա­­­­ցած եւ նկա­­­­րած։ Մէկ լման շէնք մը Ար­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­ւիի ետե­­­­ւի թա­­­­ղերուն մէջ լե­­­­ցուն էր վրա­­­­ցի գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով։ Հինգ կամ վեց հո­­­­գի ամէն մէկ սե­­­­նեակի մէջ, ամէն ինչ բա­­­­ժանե­­­­լով կ՚ապ­­­­րէին։ Ամ­­­­բողջ օրը գործ ար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րու բար­­­­ձունքնե­­­­րուն վրայ, իսկ երե­­­­կոնե­­­­րը միս մի­­­­նակ իրենք իրենցմով սե­­­­նեակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ թխո­­­­ւած կի­­­­ներ ալ կա­­­­յին։ Նոյն պատ­­­­մութիւնն էր։ Իրենց երկրի տնտե­­­­սու­­­­թեան տկա­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րը զա­­­­նոնք ան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­դար Սեւ Ծո­­­­վի ափե­­­­րը կը նե­­­­տէր։ Հաց մըն է, որ պէտք էր շա­­­­հէին։ Ար­­­­դեօք ու­­­­թը տա­­­­րի հե­­­­րի՞ք չէ որ մարդկա­­­­յին վի­­­­ճակի բա­­­­րելա­­­­ւում մը ըլ­­­­լայ, այլ ո՛չ թէ ճա­­­­կատագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան դժբախ­­­­տութիւ­­­­նը սե­­­­րունդէ սե­­­­րունդ յա­­­­րատե­­­­ւէ։ Ո՞վ կրնայ գուշակել։

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

Ակօս