Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին կողմէ հայ մամուլի տարուան հռչակման առիթով կազմակերպուած Համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ 2-4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։
Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի շուրջ 100 տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։
Նորին Սրբութեան «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակման կոնդակին եւ համաժողովին բացման իր պատգամին, ինչպէս նաեւ համաժողովի ընթացքին ներկայացուած զեկոյներու լոյսին տակ, ներկաները հանգամանօրէն քննարկեց Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական հարթութեան վրայ ձեւաւորուելիք հայկական լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները, նորարար արհեստագիտութեան ներմուծած մարտահրաւէրները, ընկերային ցանցերու վրայ լրատուական գործունէութիւն ծաւալելու երեւոյթը, տեղեկատուական անվտանգութեան եւ հաւաստիութեան խնդիրները, միջազգային հանրային կարծիքի ստեղծման նպաստող գործօնները, մամուլ-ինքնութիւն եւ մամուլ-մշակոյթ կապը, մամուլի մէջ բազմակարծութեան եւ խօսքի ազատութեան դրսեւորման անհրաժեշտութիւնը, համազգային պահանջատիրութեան մէջ մամուլին ունենալիք դերը եւ մամլոյ առաքելութեան առնչուած այլ խնդիրներ։
Համաժողովը հաստատեց եւ նպատակայարմար նկատեց՝
-Մամուլ հասկացողութիւնը ժամանակակից աշխարհի նորարար պայմաններոն մէջ կը շարունակէ ապրիլ ձեւափոխութիւններու գործընթաց մը։ Հետզհետէ դէպի համացանցային մամուլ անցում կատարող դասական լրատուամիջոցները հասանելիութեան առաւելներ գրանցելով հանդերձ, յաճախ կը հատեն անպատասխանատուութեան սահմանը՝ բացարձակ ազատութեան սկզբունքին տակ խորքին մէջ անմակարդակ լրատուութիւն տարածելով։
-Մամուլը միայն տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ, այլ յստակօրէն կը կրէ դաստիարակիչ առաքելութիւն։ Այդ առաքելութիւնը սկսած է նօսրանալ ՝ լրագրողական մարդուժի բացակայութեան, լեզուի տիրապետումի առումով անմխիթար վիճակին եւ նուազող տպաքանակներուն ի տես։
-Բազմակարծութիւնն ու ազատ խօսքի իրաւունքի դրսեւորումը աւելի քան անհրաժեշտ են մամուլին համար։ Կառուցողական քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը յաճախ պէտք է երեւին հայ մամուլի էջերուն մէջ՝ մեր հանրային հասարակական կեանքի յոռի երեւոյթները սրբագրելու միտումով։
-Իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր մամուլներու բախումներու երեւոյթէն անդին ժողովուրդ-մամուլ կենդանի ու հետեւողական կապը կենսական նշանակութիւն ունի զանգուածային որեւէ լրատուամիջոցի համար։ Հրատարակչական աշխատանքներուն առընթեր, մամուլի ակումբներու ճամբով քննարկումներ կազմակերպելով մամուլը կը սատարէ այդ կապի յաւելեալ ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահելիութեան հաստատման առաջադրանքներու իրականացման։ Ժողովրդային խնդիրներու բարձրաձայնումն ու այդ հարցերուն մասին կատարուող արձագանգումները մամուլի էջերուն՝ աւելիով կը նպաստեն մամուլ-ժողովուրդ կապի մերձեցման։
-Համազգային տարողութիւն ունեցող հիմնահարցերը՝ Հայրենիքի հզօրացում, Արցախի միջազգային ճանաչում, Հայ Դատի պահանջատիրական ախատանքներ պիտի շարունակեն գրաւել հայ մամուլի առաջնային թեմաներու դիրքերը։ Այս հարցերը անհրաժեշտ է քննարկել համահայկական մակարդակի վրայ, այժմէական նշանակութիւն տալու համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ անոնց լուսաբանման։
-Մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւնները կը պահանջեն գործնական լուծումներ եւ համապատասխան միջոցներու որդեգրման քայլեր՝ հիմնադրամներու յառաջացում, լրագորղական մարդուժի պատրաստութիւն, լեզուի դասընթացքներ, փոխադարձ այցելութիւններ, եւայլն։
Այս հաստատումներն ու առաջադրանքները նկատի ունենալով, Համաժողովը կարեւորութեամբ ընդգծեց համահայկական մակարդակի վրայ համախմբումի նախաձեռնութեան շարունակականութեան ապահովումը։ Արդարեւ, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական հարթութեան վրայ համատեղ նոր ռազմավարութեան մը մշակումը եւ մանաւանդ հայ մամուլի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն լուծման ուղղութեամբ միասնաբար նախաձեռնութիւններու դիմելը հրամայական է այսօր։
5 Յուլիս, 2019
Անթիլիաս