Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լեռնալիբանանի մէջ նախանցեալ օր արձանագրուած միջադէպը ցնցեց երկիրը` ապահովական իրավիճակի մասին յոռետեսներու փաղանգի շարքերը խտացնելով: Համեմատական անդորրին նկատմամբ շատ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը հազիւ զարգացած` Լիբանանը կը հարուածուի նման դէպքերով, որոնց աւարտը զոհեր են: Անդառնալի կորուստներ, որոնք շատ ծանր հետեւանք կ՛ունենան եւ կ՛անթեղեն կրակներ մարդոց հոգեբանութեան եւ հարցերը ընկալելու գիտակցութեան մէջ:
Լիբանան այն երկիրը չէ, որ քաղաքական բանավէճերու մշակոյթ կայացած է: Մշակոյթ, որ կրնայ սահմանազատել տարակարծութիւնը բախումէն, քաղաքական հակոտնեայ դիրքը` զինեալ ընդհարումներէն:
Հետեւաբար որեւէ հատուածային դիրքորոշում, տուեալ համայնքին վրայ տիրութիւն ընող ուժերու մրցակցութեան մէջ յօգուտ մէկուն կամ միւսին դիրքորոշում` անմիջապէս կ՛առաջնորդէ կայծակնային լարուածութեան:
Իսկ լարուածութիւնը, անիկա ըլլայ միջհամայնքային թէ ներհամայնքային, վտանգաւոր է Լիբանանի մէջ: Լարուածութիւնը կ՛աւարտի բախումով, զինեալ ընդհարումով, հետեւաբար նաեւ` զոհերով:
Սակայն լիբանանեան հասարակութեան կա՛մ այս, կա՛մ այն ուժին շուրջ համախմբուած երիտասարդութիւնը յարատեւօրէն չի գիտակցիր, որ միջղեկավարական կամ միջաւատապետական վէճի յառաջացուցած մթնոլորտին մէջ ներքաշուիլն ու ծայրայեղ միջոցի դիմելը կրնան արժել կեանքեր, երիտասարդ կեանքեր: Եւ եթէ անմիջապէս բուռն դատապարտանքի ալիք չբարձրանայ նման միջոցներու դիմելու երեւոյթին դէմ եւ եթէ իրաւապահ մարմիններու կողմէ զսպիչ գործողութիւններ չկազմակերպուին, նման միջադէպեր կրնան արագօրէն բռնկիլ եւ տարածուիլ: Տարածուիլ եւ վերահսկողութենէ դուրս գալ:
Լիբանանեան այս տխուր իւրայատկութիւններուն իրազեկ է ամէնէն առաջ քաղաքական ղեկավարութիւնը: Հետեւաբար որեւէ ղեկավար լաւ կը գիտակցի, որ ամէն անգամ, որ մրցակցութեան մէջ եղող ուժերէն մէկուն կամ միւսին ի նպաստ դիրքորոշում կը պաշտօնականանայ, անպայման պիտի ակնկալէ ծանրագոյն հետեւանք:
Դիւանագիտաքաղաքական գերազանց նրբութիւն կ՛ենթադրէ բոլոր կողմերուն միջեւ հանդարտեցնողի դեր վերցնելը, մանաւանդ եթէ զբաղեցուած կամ առաջադրուած պաշտօնը համալիբանանեան եւ համապետական բնութագիր ունի:
Այս հանգամանքները նկատի ունէր Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որ 25 յունիսին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ զարմանք կը յայտնէր վերջերս երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական բանավէճերուն համար, որոնք ապարդիւն են եւ միայն երկրին մէջ տիրող իրավիճակը կրնան սրել ու քաղաքական ուժերուն միջեւ գժտութիւն յառաջացնել:
Պլոքը կը քննադատէր երկխօսութեան չգոյութիւնը` երեւոյթը նկատելով ապառողջ իրավիճակ մը, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ համերաշխութեան հաստատման ու իմաստութեան մօտեցում չի դրսեւորեր: Մեկնելով այս իրականութենէն` Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ կ՛ուղղէր քաղաքական ուժերուն քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով երկրին բարօրութեան համար աշխատանքին թափ տալու` յատկապէս նկատի ունենալով շրջանային խոցելի վիճակը:
Փաստօրէն ահազանգ էր, որ կը հնչեցնէր Հայկական երեսփոխանական պլոքը, ինչպէս հնչեցուցած էր քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին եւ մնայուն ընթացքին` հարցերուն բացառապէս քաղաքական լուծում տալու առումով:
Այստեղ էականը բռնութենէն հեռու մնալու հրամայականն է: Քաղաքական ապարդիւն բանավէճերու ստեղծման փորձութենէն հրաժարումը, ուժի ցուցադրութեան համար հասարակութիւնը վտանգելու մեծ կարելիութենէն խուսափումի անհրաժեշտութիւնը:
Այլապէս ալ բռնկուն տարածաշրջանի մէջ պետական-քաղաքական ղեկավարութենէն կ՛ակնկալուի լարուածութիւնները չէզոքացնող, անդորրի հաստատման նպաստող, բայց մանաւանդ երկրին անվտանգութեան սպառնացող անկումային իրավիճակէն դուրս գալու մեկնարկ ձեւաւորող ծրագիրներու գործադրութեան անյապաղ ձեռնարկումը:
Այս բոլոր անհրաժեշտութիւնները կ՛ընդգծէր Հայկական երեսփոխանական պլոքը: Լեռնալիբանանի տխուր միջադէպէն ուղիղ 5 օր առաջ:
«Ա.»
aztagdaily.com