Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններ համակարգող խորհուրդը (CCAF) իր տարեկան ընթրիքի նախօրեակին, Մարսելի նախկին քաղաքապետ, ընկերվարական երեսփոխան եւ «Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակ»ի փոխնախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի «Լը Մոնտ»ի մէջ 31 Յունուարին լոյս տեսած բաց նամակով մը կը դատապարտէ ֆրանսական իշխանութիւններուն դիրքորոշումը Արցախի նկատմամբ:
Փիւփոնի կ՛ըսէ, թէ մինչ Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոն, յարգելով իր երկու նախորդներուն աւանդութիւնը՝ պիտի մասնակցի 5 Փետրուարի CCAF-ի տարեկան ընթրիքին, հաճոյալի ըլլալու համար հայ համայնքին, ատոր ետին սակայն թաքնուած է Ֆրանսայի պաշտօնականացուած (ֆրանսերէն բնագիրին մէջ ըսուած է institutionnalise, այսինքն պետական եւ պաշտօնական կառոյցներու, հիմնարկներու մակարդակով – «ՆՅ») անարդարութիւն մը հանդէպ հայութեան եւ յատկապէս՝ Արցախի։
Ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս հայութեան՝ Փիւփոնիի համար անհասկնալի է, որ մինչ քաշելով-քաշքշելով 2001ին Ֆրանսայի մէջ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող միայն յայտարարական (declarative -«ՆՅ») օրէնք մը, ատոր կողքին ցայսօր չէ որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնք մըն ալ:
Բայց Փիւփոնիի համար ներկայի հրատարապ հարցը Ֆրանսայի դիրքորոշումն է Արցախի նկատմամբ: «Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակ»ի փոխնախագահը նախ եւ առաջ չի հասկնար, թէ որպէս Մինսկի խումբի համանախագահ, «կողմնակցութենէ» խուսափելու պատճառաբանութեամբ՝ Ֆրանսա ինչպէ՞ս չի զօրակցիր Արցախի եւս բանակցութիւններուն մասնակցելուն, մինչ վերջինս այս հակամարտութեան առանցքային տարրն է: Կը քննադատէ նաեւ Ֆրանսայի երկդիմի կեցուածքը, որ մինչ Պաղեստինի կամ Թայուանի նման պետականութեան յաւակնող տարրերու նկատմամբ այլ քաղաքականութիւն կը վարէ, Արցախի միջազգայնօրէն ճանաչման ուղղութեամբ բոլորովին ալ դիրքերու վրայ է։
Փիւփոնի նաեւ զայրացած է, որ Ֆրանսայի որոշ նահանգապետներ դատական գործընթացներու ձեռնարկած են այն քաղաքապետներուն կամ համայնքապետներուն դէմ, որոնց գլխաւորած քաղաքները կամ համայնքները գործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրած են Արցախի այս կամ այն քաղաքին կամ համայնքին հետ: Զայրանալով հանդերձ, Փիւփոնի այնքան ալ չի զարմանար, որովհետեւ՝ ըստ իրեն, «քանի մը տարիէ ի վեր, մեր երկիրը նոր ուղղութիւն տուաւ իր արտաքին յարաբերութիւններուն՝ նախապատուութիւնը ընծայելով գործառնութեանց դիւանագիտութեան»: Եթէ ֆրանսացի երեսփոխանին համար հասկնալի է ատիկա երկրին բարօրութեան տեսանկիւնէն, նոյնքան ալ անընդունելի է, երբ խնդրոյ առարկայ խօսակիցը կամ գործակիցը մենատէր մըն է կամ մենատիրական վարչակարգ մը, ինչ որ նաեւ Ատրպէյճանի պարագան է։
Փիւփոնի կ՛արծարծէ ֆրանսական ռազմական արդիւնաբերութեան ընկերութիւններու Ատրպէյճանի կատարած զէնքի եւ զինուորական արհեստագիտական սարքաւորումներու վաճառքի հարցն ալ՝ ընդգծելով, որ ատիկա ԵԱՀԿի սահմանած արգելքին եւ Եւրոպական Միութեան Դեկտեմբեր 2008ին որդեգրած որոշումի բռնաբարում մը կը հանդիսանայ: Արդարեւ, այդ փաստաթուղթերով կ՛արգիլուի Ատրպէյճանին զէնք եւ զինուորական արհեստագիտութիւն վաճառել:
Փիւփոնիի նամակը կը վերջանայ հետեւեալ տողերով.
«5 Փետրուարին, ուրեմն խօսքին կախարդանքը,- որուն վարժ է մեր նախագահը, բաւարար պիտի չըլլայ արդարացնելու մեր հարաւկովկասեան քաղաքականութեան «անկողմնակալութիւնը» եւ բացատրելու՝ թէ մինչ (Արցախի հետ) բարեկամութեան համաձայնագիրներուն դէմ նախաձեռնուած դատական արարքները թշնամական քայլեր չեն, Ատրպէյճանին սպառազինութեան վաճառքը կը հանդիսանայ բարեկամական քայլ։
Իրականութեան մէջ, կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել պաշտօնականացուած անարդարութեան, արդարութեան գոյներով շպարուած անիրաւութեան, արժէքներու պղծումին վրայ, արժէքներ՝ առանց որոնց մեր արտաքին քաղաքականութիւնը կը կորսնցնէ իր օրինականութիւնը եւ կը քանդէ իր ազդուութիւնը: Ո՞վ կրնայ պնդել, որ Ստեփանակերտի հետ ֆրանսական յաճախ համեստ քաղաքներու կնքած գործակցութեան համաձայնագիրները կրնան սպառնալ խաղաղութեան ներկայ գործընթացին եւ միւս կողմէ ալ՝ Պաքուին «մահ» վաճառելը կը նպաստէ տարածաշրջանի իրավիճակի կայունացման։
Դադրեցնենք քանի մը միլիոն եուրոյի սիրոյն Կովկասի մէջ Ֆրանսայի վստահելիութեան եւ ազդեցութեան այսպիսով մսխումը. վերջ տանք մեր երկրի վայելած վստահութեան փճացումին՝ ոչ միայն հայոց մօտ,- որոնք այսօր կը կառուցեն իրենց ժողովրդավարութիւնը,- այլ նաեւ՝ ատրպէյճանցիներու, որոնք այդ ժողովրդավարութիւնը պիտի կառուցեն վաղը: Կովկասցիները աւելի լաւին արժանի են, Ֆրանսա՛ն ալ»։
Թարգմանությունը` «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-ի