կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-01 11:04
Մշակույթ

Համազգայինի համագործակցությունը Պոլսի հայ համայնքի հետ

Համազգայինի համագործակցությունը Պոլսի հայ համայնքի հետ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Պոլսոյ հայ համայնքին հետ իր կապերը կը շարունակէ: 2018 Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան այցելեց Պոլիս եւ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ զանազան վարժարաններու, թերթերու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ: Համազգայինի երիտասարդական եւ մանկական ծրագիրները ներկայացուեցան Պոլսոյ մէջ, եւ գործակցութեան կարելիութիւնները ամրապնդուեցան:

Այս հանդիպումներու ծիրին մէջ 21-25 Յունուար 2019ին, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն երկու ուսուցիչներ՝ Ժերմեն Գանթարճըօղլու եւ Դալար Քէօսէօղլու, այցելեցին Պէյրութ եւ հինգ օրերուն ընթացքին շրջեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի բոլոր բաժանմունքները, ծանօթացան հայոց լեզուի ծրագիրին, դասաւանդման մեթոտներուն, օգտագործուած դասագիրքերուն եւ ուսուցիչներու հետ շփման մէջ մտան: Անոնք դասարաններ մտնելով հանդիպումներ ունեցան նաեւ աշակերտներուն հետ: Կէսօրէն ետք եւ երեկոյեան ժամերուն առիթը ունեցան Ճեմարանի ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելելու լիբանանահայ կեդրոններ եւ Լիբանանի տեսարժան վայրեր:

Յայտնենք, որ Պոլիսէն երկու երիտասարդներ դիմած են մասնակցելու Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ եւ տնօրէն պատրաստելու ծանօթ ծրագիրներուն:

Պոլսոյ հայկական գաղութը իր բոլոր հաստատութիւններով եւ հայկական վարժարաններով միշտ ալ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքի ծիրին մէջ իր կարեւոր բաժինը ունեցած է վերջին տարիներուն: Յուսալի է, որ ապագային այս կապերը աւելի՛ ամրապնդուին, եւ գործնական աշխատանքները շարունակուին: