կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-31 14:39
Հասարակություն

Ուշագրաւ հրատարակութիւն մը կորած լեզուի մասին

Ուշագրաւ հրատարակութիւն մը կորած լեզուի մասին

«Բա­­­ցի պոլ­­­սոյ բար­­­բա­­­­­­­ռէն եւ արեւմտա­­­հայե­­­րէնէն, հա­­­յերէ­­­նի նո­­­ւազա­­­գոյն երեք բար­­­բառներ դեռ կը խօ­­­սուին Թուրքիոյ մէջ։

Արթվի­­­նի Հո­­­փա եւ Պորչքա գա­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րու 23 գիւ­­­ղե­­­­­­­րը եւ անոնցմէ ձու­­­լո­­­­­­­ւած ներ­­­քին սփիւռքը կը խօ­­­սի համ­­­շէ­­­­­­­ներէն։

Ան­­­տի­­­­­­­յոքի Սա­­­ման­­­տաղ գա­­­ւառի Վա­­­քըֆ­­­լը գիւ­­­ղը եւ հոն­­­կէ ձու­­­լո­­­­­­­ւած քա­­­նի մը հա­­­րիւր հո­­­գի կը խօ­­­սին Քե­­­սապի բար­­­բա­­­­­­­ռով։ 

Նո­­­ւազ ծա­­­նօթ է Չան­­­քը­­­­­­­րըյէն դէ­­­պի Ամա­­­սիա եւ Արթվին եր­­­կա­­­­­­­րող ըն­­­դարձակ տա­­­րած­­­քի մը վրայ «փո­­­շա» կամ «լոմ» կո­­­չուած քոչ­­­ւոր ժո­­­ղովուրդի բար­­­բա­­­­­­­ռը։ Այս երեք լե­­­զու­­­ներն ալ կո­­­րուստեան շե­­­մին են։ Երեքն ալ իրա­­­րու հետ հա­­­ղոր­­­դակցե­­­լու կա­­­րելիու­­­թիւն չու­­­նե­­­­­­­նալու աս­­­տի­­­­­­­ճան օտա­­­րացած են եւ բա­­­ցի սի­­­րողա­­­կան մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կով քա­­­նի մը ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րէ երեքն ալ չեն ստու­­­գո­­­­­­­ւած։ Մեր բա­­­րեկամ Հու­­­րի­­­­­­­յէ Շա­­­հին այս պայ­­­մաննե­­­րու տակ ձեռ­­­նարկած է հսկա­­­յական գոր­­­ծի մը։ Առան­­­ձինն կրցած է պատ­­­րաստել համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերէ­­­նի կա­­­տարեալ քե­­­րակա­­­նու­­­թիւն մը։

Արեւ­­­մուտքի մէջ ար­­­դի լե­­­զուա­­­գիտու­­­թիւնը նման բնոյ­­­թի աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րով ծաղ­­­կած է։ Բազ­­­մա­­­­­­­հազար լե­­­զուա­­­գէտ­­­ներ տքնա­­­ջան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնով ու­­­սումնա­­­սիրած են քիչ ծա­­­նօթ խումբե­­­րու լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րը։ Եթէ ապա­­­գային Թուրքիոյ մէջ ալ լե­­­զուա­­­բանու­­­թիւն կո­­­չեալ գի­­­տու­­­թիւն մը ծաղ­­­կի, այդ գի­­­տու­­­թեան առա­­­ջին օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը եկած պի­­­տի ըլ­­­լան Հու­­­րի­­­­­­­յէ Շա­­­հինի նման­­­նե­­­­­­­րուն աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնով»։

Սե­­­ւան Նշա­­­նեան ահա այս տո­­­ղերով կը բնու­­­թագրէ եւ կ՚ող­­­ջունէ նո­­­րատիպ այն աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնը, որ ձօ­­­նուած է համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերէ­­­նի քե­­­րակա­­­նու­­­թեան եւ հա­­­զիւ վեր­­­ջերս մուտք գոր­­­ծած գրա­­­խանութնե­­­րու մէջ։

Հու­­­րի­­­­­­­յէ Շա­­­հին իբ­­­րեւ ման­­­կա­­­­­­­վարժ եր­­­կար ու տքնա­­­ջան աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քով յա­­­ջողած է գլուխ հա­­­նել այս ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը, որ իր տե­­­սակին մէջ եզա­­­կի է։ Նախ եւ առաջ այդ լե­­­զուն օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծող համ­­­շէնցի­­­ներ բա­­­ւական եր­­­կար վա­­­րանած էին իրենց արտնի լե­­­զուին ար­­­ժէք մը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու խնդրին մէջ։ Այդ է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, որ ժա­­­մանա­­­կի հո­­­լովոյ­­­թով նո­­­ւազած էր լե­­­զուի գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւնը եւ նոր սե­­­րունդնե­­­րը ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս հե­­­ռացած էին իրենց մայ­­­րե­­­­­­­նիէն։ Միւս կող­­­մէ սա­­­կայն գրա­­­կան գետ­­­նի վրայ լե­­­զուն վեր­­­ջերս կ՚ար­­­ժա­­­­­­­նանար որոշ ու­­­շադրու­­­թեան։ Այդ է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, որ «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը հրա­­­տարա­­­կած էր Մա­­­հիր Էօզ­­­քա­­­­­­­նի «Համ­­­շէ­­­­­­­նի հե­­­քեաթ­­­ներ»ը, իր բնա­­­գիրով եւ հա­­­յերէն տար­­­բե­­­­­­­րակով։

Միաժա­­­մանակ կը հրա­­­տարա­­­կուի «Կոր» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նը, որ իր կար­­­գին կը փոր­­­ձէ ընդլայ­­­նել Համ­­­շէ­­­­­­­նի բար­­­բա­­­­­­­ռի գո­­­յատե­­­ւու­­­մը։ Բո­­­լոր այս յատ­­­կութիւննե­­­րով ող­­­ջունե­­­լի գործ մըն է, որ լոյս աշ­­­խարհ կու գայ շնոր­­­հիւ Հու­­­րի­­­­­­­յէ Շա­­­հինի։

Սկզբնաղբյուրը` AGOS.com