կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-13 16:23
Առանց Կատեգորիա

2019-ը՝ Հայ մամուլի տարի

2019-ը՝  Հայ մամուլի տարի
Տարւոյն սկիզբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. 2019-ը յայտարարեց «Հայ մամուլի տարի»։ Ողջունելի նախաձեռնութիւն մը։ Թէեւ տակաւին յստակ չէ, թէ ի՞նչ բովանդակութիւն պիտի ունենայ ան։ Խօսք կայ՝ Ապրիլին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք գիտաժողովի մը մասին։ Թէեւ կաթողիկոսութեան մը պաշտօնը չէ նման նախաձեռնութիւն ստանձնելը, սակայն համասփիւռքեան հովանաւոր այլ կազմակերպութեան մը չգոյութեան՝ պէտք չէ դժգոհիլ նման յանձնառութենէ։
 
Այն ինչ որ ներելի է եւ նոյնիսկ քաջալերելի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ քաղաքական պատմական դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ, անընդունելի էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան, որ իր գոյութեան տասը տարիներուն ընթացքին՝ երկու տարին անգամ մը կազմակերպեց լրագրողներու համագումար մը, որ ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ գրեթէ սփիւռքահայ լրագրողներու համագումարի, տեղական լրասփիւռները անհեթեթ գտնելով նախարարութեան միջամուխ ըլլալը Հայաստանի լրագրողներու ներքին գործերուն։ 
 
Աւելին՝ իբրեւ պետական գերատեսչութիւն, Սփիւռքի նախարարութիւնը կը թերանար մամուլի գործիչներու անկախութիւնը ապահովելու իր դերին մէջ։ Մոնթէսքիէօէն ի վեր իշխանութեան երեքի անջատումի սկզբունքը ամրագրուած է ամէնուր. լրասփիւռները կը հանդիսանան իշխանութեան չորրորդ յենարանը։ Գործադիր իշխանութեան անդամ նախարարութեան կողմէ անոր հովանաւորչութիւնը կը մատնէր այդ նախաձեռնութեան քարոզչական նպատակը։ 
 
Մինչեւ 2008 թուականը չորս լրագրական համագումարներ կազմակերպուած են Հայաստանի Լրագրողներու եւ տեղեկատուական այլ միութիւններու կողմէ։ Սակայն, նախկին իշխանութիւնը շատ լաւ գիտէր լրասփիւռները գործածել ի նպաստ իրեն, ուրեմն, Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրումէն ետք ան ձեռք առաւ այս կալուածը։
Լրագրութեան հայաստանեան համագումարները շատ լաւ օրինակ են հասկնալու թէ ի՛նչ ծուղակներէ պէտք է խուսափիլ։ Բայց, արդեօք կարելի՞ է։ Ընդհանրապէս իշխանութիւնը, կուսակցութիւնները ունին իրենց հովանաւորած կամ գանձատրած լրասփիւռները։ Ուրեմն, իսկական մարտահրաւէր է անկախ մամուլ ունենալը եւ պահելը, որ ազատութիւնը ունի քննական եւ քննադատական միտքեր արտայայտելու։
 
Եւ ահա բուն հանգոյցը. անկախ ըլլալու համար՝ ներքնապէս անկախ եւ յանձնառու ըլլալէ զատ, պէտք է նաեւ նիւթապէս անկախ ըլլալ գոյատեւելու, արդիականանալու, ընկերային, գիտական, մշակութային նորութիւններու մասին արտայայտուելու, նոր սերունդ պատրաստելու համար։ 
 
Եւրոպական լրասփիւռներու համագումարներու պարագային գլխաւոր նիւթը տնտեսական անկախութիւնը եւ շահաբերութիւնն է։ Մինչ այժմ հայկական պետութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած լրագրական համագումարներուն միշտ գերիշխած է ազգայինը, գաղափարախօսականը, միջազգայինը, քարոզչականը, իսկ տնտեսականը մնացած է յետին անկիւն մը։ 
Բարեբախտաբար, Արամ վեհափառը իր «Հայ մամուլի տարուան» պատգամին մէջ կը յիշէ տնտեսական բաժնին կարեւորութիւնը եւ դիմելէ ետք հոգեւոր առաջնորդներուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ազգային իշխանութիւններուն, ընդգծելու համար մամլոյ դերը, կոչ կ՚ուղղէ.
– «…Ունեւոր ազգայիններուն, հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատւութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու՝ հայ մամուլին արդիականացման եւ վերակազմակերպման սատարող ծրագրերու իրագործման»։ 
 
– «Խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու յատկապէս Սփիւռքի մէջ…»։
Վերապատրաստութեան թեման ալ փշոտ հարցերէն է սփիւռքահայ մամուլին։ Այս երեւոյթներուն անդրադարձը եւ գիտակցութիւնը շատ կարեւոր յառաջընթաց է։

Ժ. Չ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

«Նոր Յառաջ»