Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անցնող տարին «Հայ մամուլի տարի» էր: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Հայ մամուլի տարի»-ն առիթ էր հանգամանօրէն եւ միացեալ ձեւաչափով հայ մամուլին առջեւ ծառացած բազմատեսակ խնդիրները քննարկելու: Սփիւռքի նախարարութեան վերաձեւափոխումով անցումային ժամանակաշրջան յառաջացած էր, որ իր կարգին լրատուամիջոցներու համախմբուած աշխատանքները առկախած էր: «Հայ մամուլի տարի»-ն լիարժէք ծառայեց նաեւ այդ համախմբումի վերականգնման:
Այս առիթով Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած համահայկական ժողովը յաջողեցաւ համախմբել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի առաջին դէմքերը: Ծաւալեցաւ մասնագիտական քննարկում. տրուած ըլլալով, որ Հայաստանի ներքաղաքական մթնոլորտը թէժ էր, եւ այդ բոլորին մէջ հայկական լրատուադաշտը կ՛ունենար հիմնական դերակատարութիւն` իրադրութիւններու արտացոլման եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդելու նպատակով, այդ պատկերը հարազատօրէն տեղափոխուեցաւ համաժողով, երբ բանավէճերը յատկանշեցին այս նիւթերուն անդրադարձող քննարկումները:
Կարեւորը այն էր, որ համաժողովէն բխած առաջարկներու եւ յատկապէս համախմբումի աշխատանքներուն շարունակականութիւն ապահովելու համար վերահաստատուեցաւ համակարգող խորհուրդ, որ արդէն իսկ նիստեր կը գումարէ նախապատրաստելու համար յաջորդ համահայկական ժողովը եւ համադրելու համար վերջին համաժողովէն բխած առաջարկներու գործադրութիւնը:
Վեհափառին կողմէ «Հայ մամուլի տարուան» հռչակման ընդառաջ եւ «Ազդարար»-ի հիմնադրութեան 225-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործում. ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» թեմայով գիտաժողովը: Գիտաժողովը կազմակերպած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանը: Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ մատենագիտականութեամբ եւ վերաշեշտեց հայ թղթային մամուլի հրատարակութեան անփոխարինելի կարեւորութիւնը: «Ազդակ»-ի եւ Ազգային գրադարանի միջեւ կայացած համաձայնութեամբ «Ազդակ»-ի գրեթէ 95-ամեայ հաւաքածոն պիտի օժտուի մատենագիտութեամբ: Թուայնացուած արխիւին առընթեր մատենագիտական բաժինը հիմնովին պիտի ծառայէ, որ «Ազդակ» վերածուի տարբեր ոլորտներու վերաբերող գիտաշխատութիւններու շատ կարեւոր սկզբնաղբիւրի մը:
Թէ՛ տեղեկատուական խնդիրներ քննարկող լրագրողական համախմբումներու եւ թէ՛ նաեւ մամլոյ մատենագիտական շտեմարաններ ամբարելու առումով «Ազդակ» «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով կայացած համաժողովներն ու գիտաժողովները եւ այնտեղ հնչած տեսակէտները թէ բխած յայտարարութիւնները պիտի նկատէ ուղենշային նիւթեր` հետագայ համագործակցութիւնները զարգացնելու եւ անոնց հիման վրայ նոր ծրագիրներ մշակելու առումով:
Ամէնէն յուսալին համաժողովին եւ յատկապէս գիտաժողովին տեսանելի դարձած երիտասարդ մարդուժն էր, ինչ որ հեռանկարայնութիւնը շեշտեց մամլոյ հետագայ աշխատանքները ո՛չ միայն նորարար եղանակներով շարունակելու, այլ նաեւ բովանդակային նոր լիցքեր հաղորդելու տեսակէտէն:
Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն ամէնէն հեղինակաւոր խմբագիրներուն համատեղումը այս աշխատանքներուն մէջ կը վկայէ այն մասին, որ իրաւամբ տեղեկատուական ոլորտին մէջ կայացած է համահայկականութիւն` առնուազն բազում խնդիրներ համատեղ քննարկելու եւ միասնաբար անոնց յաղթահարման համար ուղիներ որոնելու եւ ինչու չէ ծրագիրներ իրականացնելու:
Ուշացող համահայկական օրակարգի ձեւաւորումն ու անոր ընդառաջ նոր կառուցակարգումներու նախագծումները կատարելու համար մամլոյ համախմբումները ոլորտային-մասնագիտական համախմբուածութեան օրինակ կրնան ծառայել: Մամուլը արդէն ո՛չ միայն ձեւաւորած է համահայկական օրակարգ, այլ նաեւ տարբեր առիթներով քննարկած եւ իրականացման ուղիներ ճշդած:
Այս բոլոր երեւոյթները նկատի ունենալով կարելի է արձանագրել, որ «Հայ մամուլի տարի»-ն լիարժէք ծառայեց իր նպատակին: Կը մնայ ուղենշային բանաձեւերու գործնականացման եղանակներն ու ծրագիրներու իրականացման աշխատանքները վերանորոգ թափով շարունակել: Մի՛շտ համախումբ:
«Ա.»
aztagdaily.com