կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-27 13:05
Աշխարհ

Լիբանանում մեծ շուքով նշվել է ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միության 45-ամյակը

Լիբանանում մեծ շուքով նշվել է ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միության  45-ամյակը

Աղբյուրը` Asbarez

26 Մայիս 1973ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հայութեան գոյատեւման եւ Հայ Դատի իրագործման համար մղուած պայքարներուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու համար հիմը կը դրուի Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ):

Այդ յայտարարութենէն անցած 45 տարիները մտաբերելով՝ կարելի է հաստատօրէն ըսել, որ նման միութեան ստեղծման նպատակը արդարացուած է, որովհետեւ ԼԵՄականներ գործօն ներկայութիւն եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ տարբեր բնագաւառներու եւ տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր ժամանակներու, սակայն միշտ հոն, ուրկէ հնչած է ահազանգը՝ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու:ինգաբթի, 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած ԼԵՄի 45ամեակի հանդիսութեան ընթացքին երիտասարդութեան կողմէ ԼԵՄ- Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեանին եւ օրուան պատգամախօս Անի Բագրատունիին խօսքերուն մէջ, ԼԵՄի հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչներ Երուանդ Փամպուքեանի եւ Տիգրան Ճինպաշեանի, ինչպէս նաեւ ԼԵՄի մէջ դերակատարութիւն ունեցած անձերէն Սեզար Զարմէնեանի, Մարալ Մխճեանի եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի տուած վկայութիւններուն մէջ կը հաստատուէր այս իրողութիւնը՝ տարբեր դիտանկիւններով եւ մօտեցումներով:

Յարութ Լափաճեան իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ նոր սերունդներու եւ յատկապէս երիտասարդութեան առողջ ազգային հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը ապագային սատարող ամէնէն էական ու նուիրական աշխատանքն է՝ աւելցնելով, որ երբ բազում են մարտահրաւէրները, նոր սերունդը պէտք է դաստիարակել եւ օժտել այնպիսի կարողութիւններով, որոնցմով ան պիտի յաջողի շրջանցել ո՛չ միայն երիտասարդութեան, այլ նաեւ ազգի գոյատեւման սպառնացող ամէն տեսակի դժուարութիւն:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ տրուեցան վկայութիւններ, ընթերցուեցան կենսագրականները նահատակ ԼԵՄականներուն, նաեւ վերանորոգուեցաւ Լիզպոնի անձնազոհ տղոց պայքարի ուղին շարունակելու ուխտը: Այս բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լոռի Գորեսեան, Պարոյր Սթանպուլեան, Արազ Էլէյճեան, Աւօ Մարտիրոսեան, Սոնիա Հաւաթեան, Արտակ Կէօքճեան, Քրիստ Բրուտեան եւ Լարա Սիւրմէնեան:

Օրուան պատգամաբերն էր Անի Բագրատունի, որ անդրադարձաւ 45 տարի առաջ ՀՅԴ Ի. Ընդհանուր ժողովին յղացուած գաղափարին՝ ստեղծելու երիտասարդական միութիւն մը: «ԼԵՄը հիմնուած է իբրեւ ՀՅԴի դաստիարակչական միաւոր: Միաւոր, որ նախ պիտի դաստիարակուի՝ ծանօթանալով ՀՅԴի պատմութեան եւ հերոսներուն: Միաւոր, որ պիտի սորվի ու հասկնայ ՀՅԴ Կանոնագիրն ու Ծրագիրը: Միաւոր, որ ամէն բանէ վեր պիտի դասէ հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը: Միաւոր, որ գործի մէջ խտրութիւն պիտի չդնէ: Միաւոր, որ պիտի գիտնայ ծառայել պատերազմի եւ խաղաղութեան մէջ: Միաւոր, որ Հայ Դատը պիտի դարձնէ իր մտասեւեռումի առարկան: Միաւոր, որուն մէջ պիտի թրծուի նաեւ ՀՅԴի հաւատարիմ համակիրը», ըսաւ ան: Ան շարունակեց, որ իր ծնունդէն երկու տարի ետք, սակայն, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով, միութիւնը փորձաքարի զարնուեցաւ եւ յաջող ու հպարտ դուրս եկաւ՝ ստանձնելով տարբեր պարտականութիւններ եւ ինքզինք արդարացնելով ամէն ճակատի վրայ: Ա. Բագրատունի աւելցուց, որ պատերազմը երկարեցաւ, սերունդներ փոխուեցան, եւ ԼԵՄը իր շարքերէն աննման տղաք զոհեց: Անկէ ետք Հայ Դատի պայքարի նոր փուլ թեւակոխեց հայութիւնը, հոն եւս ԼԵՄականը եղաւ դերակատար:

«Երբ կը յիշենք այս բոլորը, երբ կը մէկտեղենք այս բոլորը, միայն այն ատեն կ՛անդրադառնանք կատարուած գործին տարողութեան եւ կը զարմանանք ու կը հիանանք նոյն ատեն, թէ՝ այդ ի՜նչ մղում էր, ո՞ւր թաքնուած էր այդ քաջութիւնը, կազմակերպութիւնը մինչեւ 1973: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին նոր Սերոբ Աղբիւրներ, ԳԷորգ Չաւուշներ, Նիկոլ Դումաններ ծնած էին կարծէք: Իսկ Հայ Դատի մարտիկները կարծէք երէկ կը գործէին Դրօներու, Թեհլիրեաններու, Շիրակեաններու հետ, հակառակ անոր որ 50է աւելի տարիներ կը բաժնէին զիրենք անոնց ժամանակաշրջանէն», հաստատեց ան՝ հարց տալով, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար կացութիւնը առանց ԼԵՄին:

Անի Բագրատունի ըսաւ, թէ 45 տարի ետք կրնանք յայտարարել, որ ԼԵՄը արդարացուց իր հիմնադիրներուն կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը, յաջողեցաւ միշտ գործօն ու աշխոյժ ներկայութիւն ըլլալ լիբանանահայ գաղութին մէջ: Անդրադառնալով մերօրեայ ժամանակներուն՝ ան նշեց, որ ՀՅԴն պէտք ունի մտաւորականներու, քարոզչական աշխատանք տանողներու, նաեւ՝ մարտիկներու՝ աւելցնելով, որ մարտական ըլլալ չի նշանակեր զէնք գործածել գիտնալ, ատիկա դիւրին կրնայ ըլլալ, այլ կարեւորը ճիշդ ժամանակին գործածելն է կամ հարցերը լուծել առանց արիւնահեղութեան: Առ այդ, ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ԼԵՄականը ըլլայ զարգացած, ոչ անպայման ուսման առումով, մարզուած եւ պատրաստակամ, որպէսզի ամէն կացութեան մէջ տալիք ունենայ:

Իր խօսքը եզրափակելով՝ պատգամախօսը ըսաւ, որ այսօր ԼԵՄականը ունի անցեալի փորձառութեան ամուր հիմք, անկախ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործելու կարելիութիւն, բայց եւ այնպէս պարտաւոր է պայքար մղել համաշխարհայնացման, արհեստագիտութեան, այլասերումի, ապազգայնացման եւ ձուլումի դէմ, իսկ այս ճակատներուն վրայ յաղթանակ ապահովելու համար կարիք կայ համապատասխան ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան՝ միշտ պահելով դաշնակցական գաղափարական ու կազմակերպական պատրաստութեամբ հաւատաւոր երիտասարդի դիմագիծը: