կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-24 15:57
Հասարակություն

Հրայր Մարուխյանը և ՀՅԴ ֆեմինիզմը

Հրայր Մարուխյանը և ՀՅԴ ֆեմինիզմը

1981 թուականն էր երբ ես քաղաքացիական պատերազմի խառնակ օրերուն ձեւով մը աւարտեցի համալսարանը: Քանի մը ամիս անց ստացայ «Սեռական քաղաքականութիւն» գիրքը` 400 էջէն աւելի հաստ հատոր մը:

Հրայր Մարուխեանը ինծի ներկայացուց Քէյթ Միլլեթի աշխարհը: Ո՞վ էր այս կինը: Այս  գիրքը ի՞նչ գործ ունի ինծի  հետ, ինչո՞ւ ես: Ահա այսպիսի տափակ հարցեր  էին , որոնք կը զբաղեցնէին միտքս: Միայն աւելի ուշ հասկցայ, որ ան իր այս անմեղ քայլով ինծի ներկայացուցած էր  արմատական ֆեմինիզմի հիմնական գրութիւններէն մէկը:

«Սեռական քաղաքականութիւնը» կ՛ուսումնասիրէ կիներու նուաճման եւ հպատակեցման գործընթացները` գրականութեան եւ արուեստի մէջ: Քէյթ  Միլլեթի վերլուծութիւնը  կը թիրախաւորէ 4 հեղինակաւոր գրողներ` Դ. Հ. Լորենսը, Հենրի Միլերը, Նորման Մէյլերը ու Ժան Ժենէն, եւ  կը գծէ   գրականութեան հայրիշխանական առասպելներուն ահաւոր պատկերը եւ կը վերծանէ այդ առասպելներուն  հոգեբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ քաղաքականութեան մէջ  անծայր ընդգրկուածութիւնը:

Հրայր Մարուխեանը իր այս ժեսթով զիս կը մղէր  հասկնալու եւ մարտահրաւէր կը նետէր իր անյարմար հարցադրումով: Հարցադրում մը, որ մինչեւ այսօր կ՛ոգեշնչէ  զիս, բայց այդ պահուն խորապէս կ’անհանգստացնէր:

Քէյթ Միլլեթը հարց կու տար,  թէ արդեօք կարելի՞ է անցում կատարել  անհատական մտերմութեան պարունակէն դէպի լայն քաղաքականութեան պարունակ:

Ասիկա իրապէս մեծ քայլ էր: «Սեռական քաղաքականութիւն» եզրոյթը ներկայացնելով` Մելլեթ կ՛ըսէր, որ նախ պէտք է պատասխանել անխուսափելի այս հարցին. «Կարելի՞ է սեռերու միջեւ փոխյարաբերութիւնները դիտել քաղաքական լոյսի տակ»:

Պատասխանը կախուած է այն բանէն, թէ ինչպէ՛ս  կը սահմանենք քաղաքականութիւնը:

Անոր համար  սեռը կարգավիճակ էր` քաղաքական հետեւանքներով: Մաքս Ուեպըրի քաղաքականութիւնը` որպէս (herrschaft) հերշշաֆ, գերակայութեան եւ ենթակայութեան յարաբերութիւն է: Մելլեթ կ՛եզրակացնէր, որ ցարդ անքննարկելի կը մնայ յաճախ նոյնիսկ չճանչցուած, մեր ընկերային համակարգին  մէջ տիրող ծնունդի առաջնայնութեան խնդիրը, որ կայ անգիր կանոնակարգ մը, ուր տղամարդիկ կ՛իշխեն կիներուն վրայ:

Տղամարդը կը ղեկավարէ, կինը կ՛ենթարկուի։

Միլլեթի գիրքը զիս արթնցուց, փոխեց ընկալումս ե՛ւ կիներու, ե՛ւ իմ մասին : Ինքնաճանաչման անմոռանալի պահ էր, սակայն Հրայր Մարուխեանին`  գիրք նուիրելու ժեսթը լաւ մտածուած քայլ էր: Այս թուացեալ անմեղ աքթով ան կու տար բանալին, թէ ինչպէ՛ս հասարակութեան մէջ կարելի է ճանչնալ այն անհաւասարութիւնները, որոնք դիմակաւորուած են որպէս բնութիւն եւ կը հրաւիրեն զիս արժեւորելու  ֆեմինիստական քննադատութիւնը` որպէս վերլուծական գործիք,  փոխելու քաղաքական կեանքի բոլոր բնագաւառները, ապա այն  ներկայացնել եւ կիրարկել մեր կուսակցութեան մէջ, ֆեմինիզմը դարձնել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արդիականցման մէկ կարեւոր օղակը:

Եւ ասիկա ոչ միայն տեսականօրէն, այլեւ` մեր գործողութիւններուն մէջ:

Այժմ զարմանալին այն չէ, որ ֆեմինիզմին կը մերձենայի  Միջին Արեւելքի մէջ, այն ալ` պատերազմ ապրող երկրի մը մէջ, զարմանալին այն էր, որ ֆեմիզիզմի միանալու հրաւէրը կու գար դաշնակցական առաջնորդի մը կողմէ, տղամարդ առաջնորդի կողմէ: Այդպիսով, ես սուզուեցայ «ֆեմինիզմի» աշխարհին մէջ: Մեր կուսակցութիւնը կլանուած էր իր սոցիալ-դեմոկրատական ինքնութեան բիւրեղացման գործընթացով: Ես եւ ուրիշներ  զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ  կը գրէինք ժողովրդավարութեան անառարկելիութեան մասին, ընկերային արդարութեան մասին եւ յատկապէս երկուքի համադրութեան հրամայականին մասին` որպէս առողջ հասարակութեան հիմնասիւն, որ մենք կ՛երազէինք գեղեցիկ օր մը կառուցել:

Ամէն ինչ կարծես միայն մտաւոր վարժութիւն էր: Բայց ո՛չ, այդ հաստատումը  ճշմարտութենէն  մղոններ հեռու է:

Մենք  կը պատրաստուէինք այսօրուան: Այսօրուան Հայաստանին:

Ճիշդ է, որ մենք կիներու երթեր կամ բողոքի հանրահաւաքներ չենք ունեցած, բայց մենք յանկարծ բանալի գործերու վրայ էինք, կուսակցութեան մէջ եւ  համայնքէն ներս մենք կը գործէինք հաւասար հնարաւորութիւններով, որոնք մեծ չափով ընկեր Մարուխեանի արդիական մտածողութեան արդիւնքն էին,  մենք կը զգայինք անոր անվերապահ աջակցութիւնը, ան մեզի կու տար ինքնավստահութիւն` քանդելու տարիքային եւ սեռային  խտրականութեան պատերը, այլ խօսքով, մենք կը փորձէինք քողազերծել, թէ ինչպէ՛ս մեզ` կիներս կը նկարագրեն կամ  ալ կ՛անտեսեն հայոց պատմութեան մէջ: Մեզի յանձնուած էին  քաղաքական վերլուծութիւն, գրական քննադատութիւն, հանրային քննարկում նախաձեռնելու եւ այլ տարբեր առաքելութիւններ. եւ մենք կը խօսէինք ու կը գործէինք անվախօրէն:

Ասիկա փոքր յաղթանակ չէր:

Կարեւոր բան մը վրիպած է այն բոլոր մարդոց քով, որոնք կը յիշեն ու կը գրեն Հրայր Մարուխեանի մասին. վրիպումը դիտումնաւոր չէ, այլ հետեւանք է չիմացութեան:

Քիչեր գիտեն, որ Հրայր Մարուխեանը  նաեւ իր սրտով եւ մտքով ֆեմինիստ էր:

Իր տեսլական ծրագիրներու միջոցով, իր անձնական ներգրաւուածութեամբ մեզի` երիտասարդներուս, կիներուն եւ տղամարդոց, կը բաշխէր ուժ եւ դիմացը կը ստանար նոր ներուժ:

Այս տարիները մեր կուսակցութեան պատմութեան մէջ  նեղ բացուածք մըն էին, ուր յանկարծ մենք` կանայք, լիազօրուած էինք: Համոզուած եղէք, որ այս գործընթացին հակառակորդները շատ էին, բայց մենք երբեք չենք կանգնած այդ մարդոց դիմաց:

Ընկեր Մարուխեանը իր այս աշխարհայեացքով իմ եւ իմ ընկերներուն ուշադրութիւնը կը սեւեռէր  իշխանութեան սեռականացման խնդիրին վրայ, երեւոյթ մը, որ  կը սահմանփակէր մեր կուսակցութեան կարողութիւնները եւ զարգացման հնարաւորութիւնները:

Որպէս ֆեմինիստ` տարիներու ընթացքին ես փորձած եմ հասկնալ կիներու հպատակեցման, լուծի տակ պահելու համակարգուած եւ ոչ համակարգուած  գործընթացները:

Այսօր հայկական  քաղաքական իրականութեան մէջ, թէ՛  մեր կուսակցութենէն ներս եւ թէ՛ հայրենիքէն ներս, ընկերվարական ժ ծրագիր  ունենալը աւելի անհրաժեշտ է, քան երբեւէ:  Աշխարհայնացումի  որպէս հետեւանք` տնտեսական դաժան իրողութիւնները իրենց հետքերը կը ձգեն ողջ աշխարհի տարածքին: Հայաստանի մէջ կիրարկուող  տնտեսական քաղաքականութիւնը  ցնցումներ կը յառաջացնէ բոլորին համար, սակայն կիներու պարագային այդ ցնցումը անհամաչափ է: Տնտեսական արագ փոփոխութիւններու պատճառով տեղահանուած կիներ ամբողջ աշխարհի մէջ ծանրաբեռնուած են, աշխատանք չկայ, ընկերային ծառայութիւնները կը կրճատուին, կառուցուածքային բարեփոխումներ չկան, բարօրութեան ծրագիրները ձեւական են, կան միայն թուղթի վրայ:

Կիները ստիպուած են գաղթել,  ենթակայ են թրաֆիքինկի, տակաւին կ՛ենթարկուին սեռական բռնութեան եւ չեն կրնար վերահսկել վերարտադրման իրենց սեփական գործընթացները: Թիրախաւորուած վիժումները Հայաստանի համար աղէտ են: Այլ խօսքով, կիները մեր ժամանակներու մեծագոյն զոհն են:

Թէ ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ այս երեւոյթները եւ, աւելի կարեւոր,  ի՞նչ պիտի ընենք փոխելու համար իրավիճակը: Մենք պէտք չէ կորսուինք տեսական քննարկումներու մէջ, անիմաստ է:

Հրայր Մարուխեանը  ցոյց տուաւ ճամբան  40 տարի առաջ` Ֆեմինիզմի տեսութիւնը գործնականի վերածելու ճամբան:

Իմ կարծիքով, ֆեմինիզմը ներկառուցուած է ՀՅԴ ծրագրին մէջ: Տնտեսաքաղաքական վերլուծութիւնները, անշուշտ, կարեւոր են  հասկնալու համար տեղի ունեցող տնտեսական եւ քաղաքական փոփոխութիւնները, սակայն այդ վերլուծումը կը մնայ թերի, եթէ մենք չընդունինք վերլուծութիւն, որ կը ներառէ ֆեմինիզմի աշխարհընկալումը. մենք չենք կրնար արդարութիւն եւ բարեկեցութիւն բերել` առանց վերծանելու, բարձրացնելու հայ կնոջ, այս անգամ  որպէս արդի աշխարհի անդամ կնոջ մարդկային տարրական իրաւունքները եւ խնդիրները:

Մենք պէտք է ձեւաւորենք հայկական ֆեմինիզմը, խօսքս ծինաբանութեան մասին չէ :

ֆեմինիզմի մեր սեփական մօտեցումը  հնարաւորութիւն պիտի տայ լուսարձակի տակ դնելու հայ կնոջ շահագործման  եւ ճնշումի ենթարկման անհերքելի իրողութիւնը:

Մենք պէտք է խթանենք զրոյցը, երկխօսութիւնը եւ բանավէճը,  մատը դնենք իսկական վէրքին վրայ:

Ոչ միայն պետութիւնը, այլեւ ընտանիքը, արուեստը, փիլիսոփայութիւնը եւ կրօնը, նոյնիսկ մարդկային բնոյթը տարբեր են տարբեր քաղաքականութիւններու տակ:

Մեր քաղաքականութիւնը կը բացայայտէ մեզի եւ պետութեան մեր պատկերացումները, թէ ինչպէս մենք կը մտածենք լուծել հայ կնոջ իրաւունքներու խնդիրները` հատորներ կը խօսի մեր մասին:

Դաշնակցութեան ֆեմինիզմը մեր յաջողութեան գրաւականն է:

Ֆեմինիզմը մարդկութեան ազատագրման մասին է:

Հրայր Մարուխեանը այդ ազատագրման ջահակիրն էր:

Շատ քիչ մարդիկ գիտէին այդ մասին:

Ժամանակն է կասեցնելու այս իմաստով  վերջին 25 տարիներու ետքայլը:

Ժամանակն է բեմը տալ նաեւ կնոջ:

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ