կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-19 15:37
Առանց Կատեգորիա

Փակվում է պատմության այս փուլը ու գալիս է նորը

Փակվում է պատմության այս փուլը ու գալիս է նորը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ելոյթը Քուէյթում՝ ՀՅԴ օրուայ տօնակատարութեան ժամանակ

 Յարգելի´ ներկաներ,

Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնները սովորական տարեդարձներուն չեն նմանիր, առ նուազն իրենց մէկ յատկանիշով: Անոնք յիշատակի տօնախմբութիւններ չեն, որոնք կոչուած են կատարելու անցեալի փառաբանանքը, խնկարկելու անցեալի փառապանծ գործիչները եւ իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար ըլլան առիթներ՝ վերանորոգելու իր ատենին կատարած ուխտը՝ ծառայելու Հայաստանին եւ հայութեան: Ընդհակառակը անոնք առիթներ են խօսելու ընդհանրապէս կուսակցութեան գործունէութեան, իր կատարածներուն ու բացթողումներուն, իր յաջողութիւններուն ու ձախողութիւններուն մասին՝ տեւաբար ինքզինք բարելաւելու եւ գերազանցելու պայմանով: Բնական է, որեւէ հաւաքականութեան նման՝ Դաշնակցութիւնը ունեցած է իր լաւ ու վատ օրերը, ուրախութիւնը յաջորդած է տխրութեան ու սուգին կամ՝ հակառակը:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, առանց դադարի, Դաշնակցութիւնը ակնյայտ ներկայութիւն եղած է հայութեան հասարակական բեմին վրայ: Տարբեր ժամանակներու, տարբեր ուժեր անոր դէմ անխնայ պայքար տարած են զայն քայքայելու միտումով: Այս երեւոյթը ինքնին ցոյց կու տայ այն կարեւորութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ հայութեան համար: Հայութեան դէմ պայքարողը անպայման իր դէմ գտած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Ժամանակին, ազգային պետութիւններու կազմաւորման եւ հիմնադրութեան օրերուն, այդպէս էր. այդպէս է եւ հիմա: Վերջին տասնամեակներուն, համաշխարհային մասշտապի վրայ, հետեւողական պայքար կայ ի մասնաւորի գաղափարական, քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւններու դէմ՝ բոլոր աշխարհագրական հորիզոններուն վրայ: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք մանաւանդ թիրախ դարձած են աշխարհի մէջ գործող արհեստակցական միութիւնները՝ սենտիքաները, ձախակողմեան խմբաւորումները. միւս կողմէ՝ հետեւողական կերպով տկարացած են գործող կուսակցութիւնները, յաճախ՝ իբրեւ հետեւանք իրենց քաղաքական ընկալեալ գիծէն զգալի չափով շեղած ըլլալնուն համար: Համաշխարհային առումով տկարացած են պետական կառոյցները. պետութիւնը անցեալի նման չվայելեր իր քաղաքացիներու յարգանքը: Փոխարէնը ամէն տեղ ծիլ կ’արձակեն եւ արագօրէն կը զարգանան ծայրահեղական՝ մանաւանդ աջակողմեան շարժումները: Այս բոլորը մօտալուտ աղէտի մը նախանշաններն են, որուն առաջքը առնելու նախաձեռնութիւն մը տեսանելի չէ առայժմ:

Արդարեւ, ասոնք կը պատահին հետզհետէ քաղաքականօրէն անկայուն դարձող աշխարհի մը մէջ: Տեղական երկարատեւ պատերազմները, բազմաթիւ երկիրներէ ներս ներքին անապահովութեան աստիճանի մագլցումը բնականօրէն կը ստեղծեն լարուած մթնոլորտ մը: Նաեւ՝ շռայլ հարստութեան մէջ յղփացող եւ անոնց դիմաց՝ աղքատութեան մէջ տուայտող երկիրներու միջեւ վիհը աննախընթաց չափով լայն ու խորունկ դարձած է: Այս պատճառով յառաջացած գաղթականական հոսանքները ա՛լ աւելի կը սրեն կացութիւնը: Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն ու Ասիայէն գաղթականներ կը հասնին դրախտ կարծուած Եւրոպա, իսկ Հարաւային Ամերիկայէն ու Մեքսիքոյէն գործազուրկներ կը փորձեն հատել Միացեալ Նահանգներու սահմանը՝ արժանանալով բիրտ հակազդեցութիւններու:

Կարճ՝ մէկ կողմէն տնտեսական անհաւասարակշռութիւնը, միւս կողմէ՝ խորքին մէջ նոյնպէս տնտեսական պատճառներով ստեղծուող անապահովութիւնը պատճառ կը դառնան քաոսային վիճակի մը ստեղծման: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ այսպիսի կացութեան մը մէջ բախումներն ու պատերազմները աւելի հաւանական դարձած ըլլան: Այսպիսի վիճակի մը անմիջականօրէն հակազդելը, անշուշտ, կը պահանջէ աւելի կազմակերպ հաւաքականութիւններ, մանաւանդ՝ հայութեան նման փոքր ժողովուրդներու պարագային: Այսինքն՝ վտանգները դիմագրաւել կարենալու համար լաւ կազմակերպուած պէտք է ըլլալ, մինչդեռ տիրող պայմանները հետզհետէ հաւաքականութիւններու կազմակերպութիւնը ջլատելու կը միտին: Այս ձեռնոցը արագ պէտք է վերցնել, եթէ կամքը կայ կեանքը իբրեւ հայ արժանապատիւ կերպով ապրելու:

Ասիկա է, վերջիվերջոյ, Դաշնակցութեան հիմնական նպատակներէն գլխաւորը. հայը պէտք է կարելիութիւնը ունենայ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իր ազատ, անկախ ու ամբողջական հայրենիքին մէջ: Այս պարզ նախադասութեան մէջ կ’ամփոփուի կուսակցութեան ամբողջ ծրագիրը:

Պատմական կարճ ակնարկ մը մեր կուսակցութեան անցեալին վրայ անմիջապէս ցոյց պիտի տայ, թէ անոր ամբողջ ճիգը ծառայած է այդ գաղափարի կենսագործման:
Իր հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք դաշնակցական նուիրեալներ կ’անցնին Կովկասէն դէպի Արեւմտահայաստան օգնութեան հասնելու համար օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ կեղեքուող, հարստահարուող, ամէն տեսակի բարոյական, հոգեբանական ու ֆիզիքական տանջանքներու ենթարկուող հայրենակիցներուն: Վիպապաշտական թուող այս մօտեցումը կը յանգի օսմանեան սահմանադրութեան հռչակման, որ սկզբնական խանդավառութիւն ստեղծելէ ետք՝ վերջաւորութեան կ’աւարտի փաստօրէն թրքական ազգայնականութեան յաղթանակով: Օսմանեան կայսրութիւնը փոքրացած է, բայց Արեւմտահայաստանը վայրագօրէն պարպուած է իր հարազատ հայ ազգաբնակչութենէն: Արեւմտահայութեան մնացորդացը կ’ապաւինի Արեւելահայաստան կամ արտասահման:

Աղէտին կը յաջորդէ յարութիւնը: Ցեղասպանութեան մոխիրներու մէջէն, դարերու անհետացումէն ետք, Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ ծնունդ կ’առնէ նորագոյն ժամանակներու հայկական պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Առանց այդ գործողութեան այսօր հազիւ թէ հայկական հետք մնացած ըլլար միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Այդ ժամանակաշրջանի Հայոց պատմութիւնը արձանագրուած է փաստօրէն Դաշնակցութեան ժողովական ատենագրութիւններուն մէջ: Ամբողջական Հայաստանը ստեղծելու հիմնաւորեալ յոյսերուն մէջ մոլորելէ ետք՝ Հայաստանը կը դառնայ խորհրդային հանրապետութիւն՝ չդիմանալով խորհրդային եւ քեմալական ուժերու միացեալ ճնշումին: Հալածուած ըլլալով՝ Հայաստանի դաշնակցական ղեկավարութիւնը կը բռնէ աքսորի ճամբան: Ան պիտի վերադառնայ շուրջ եօթանասուն տարիներու ակամայ բացակայութենէ ետք:

Այդ բացակայութիւնը սակայն պարապի անցած ժամանակ մը չէ: Ցեղասպանութենէն ազատած ու տարագիր դարձած հայկական խեղճացած ու անգլուխ զանգուածները կ’երերան երկրագունդի մակերեսին վրայ: Դաշնակցութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունի այդ զանգուածներու քաոսային կացութիւնը կարգի բերելու եւ այդ խեղճութենէն կազմակերպ ու միջազգային բեմին վրայ դերակատար ու հաշուառելի ուժի մը վերածելու հսկայական գործին մէջ:
Այդ լայնածիր աշխատանքը կը տարուի գործելով ուղղակի զանգուածներուն մէջ: ՀՕՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը եւ Համազգայինը կը տանին բարեսիրական, մարմնակրթական, կրթական ու մշակութային աշխատանքները: Աւելի ուշ, երբ այլեւս յայտնի կը դառնայ, որ հայրենադարձութիւնը իրականացնելու համար տարուած բոլոր ճիգերուն հակառակ՝ հայութեան սփիւռքեան վիճակը երկար պիտի տեւէր, Հայ Դատի յանձնախումբերը շրջապատին հետ կը պահեն քաղաքական յարաբերութիւններ՝ հիւրընկալ պետութիւնները իրազեկ պահելով հայութեան վիճակին եւ պահանջներու մասին:

Արդիւնքը մեր առջեւն է. կենսունակ երիտասարդութիւն, դպրոցական ցանցեր, աշխուժ մշակութային կեանք, Հայաստանի հետ կենդանի յարաբերութիւններ. ինչպէս նաեւ, հիւրընկալ աշխարհասփիւռ երկիրներէ ներս վարկ ապահոված բազմաթիւ մանր ու աւելի մեծաթիւ հաւաքականութիւններ, որոնց գումարը կը կազմէ հայութեան ներկայացուցած ուժին պատկառելի մէկ համեմատութիւնը: Դաշնակցութեան աքսորի եօթը տասնամեակները յումպէտս չեն վատնուած:

Այստեղ կարճ փակագիծ մը բանալով խօսինք այն ահաւոր պայքարի մասին, որ համայնավար կեդրոնը վարեց Դաշնակցութեան դէմ տասնամեակներ շարունակ: Դաշնակցութիւնը բացայայտօրէն կը վարէր ազգային քաղաքականութիւն, ինչ որ, ըստ տառի գոնէ, կը հակադրուէր խորհրդային իշխանութիւններու դաւանած հասարակական հաւատամքին: Բայց եւ այնպէս, նախորդ դարու եօթանասունական թուականներու Պաղ պատերազմի ձիւնհալով՝ այդ պայքարը մեղմացաւ՝ առանց երբեք բոլորովին դադրելու: Այս մեղմացման սատարեց թերեւս նաեւ Լիբանանի տասնըհինգամեայ պատերազմի ընթացքին Դաշնակցութեան վարած քաղաքականութիւնը, որ որդեգրուեցաւ փաստօրէն հայկական քաղաքական բոլոր հոսանքներուն կողմէ: Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները, քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, օժանդակութեան ձեռք երկարեցին լիբանանահայութեան: Պատերազմի աւարտին Լիբանանի բոլոր քաղաքական հոսանքները, որոնք մասնակից դարձած էին պատերազմին, հիւսեցին հայութեան տարած քաղաքականութեան գովքը:

Թող նշուի ի դէպ, որ Դաշնակցութեան այս քաղաքականութիւնը, սկզբնական շրջանին յատկապէս, անմիջականօրէն գրկաբաց չընդունուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ: Անոնց մեծամասնութիւնը պիտի նախընտրէր կողմերէն մէկուն հետ գործակցիլ, առանց մտածելու, որ ատիկա կրնար առաջնորդել նաեւ լիբանանահայութեան պառակտումին, որ հազիւ տասնամեակ մը առաջ յատուկ ճիգով վերջ գտած էր Ցեղասպանութեան 50ամեակի առիթով: Աւելին՝ դաշնակցական շարքայիններու կարեւոր մէկ համեմատութիւնն ալ նոյն կարծիքին էր:
Ասիկա մեզի կ’առաջնորդէ մտածելու ժողովրդավարութիւն եւ կուսակցութիւն բառերու յարաբերակցութեան մասին: Ժողովրդավարութիւն չի նշանակեր անպայման, որ կուսակցութեան մը համար ժողովուրդի կամքը որեւէ պարագայի անմիջապէս գործադրելի պէտք է ըլլայ: Դաշնակցութեան նման ժողովրդավարութեան հաւատացող կուսակցութիւն մը ժողովուրդի ծառայ ըլլալով հանդերձ՝ այդ զանգուածին նաեւ քաղաքական ուղի ցոյց տալու, անոր քաղաքական առաջնորդութիւնը վարելու պարտաւոր է. ատիկա երբեմն կրնայ հակադրուիլ ժողովուրդի պարագայական կամքին: Հասարակական կազմակերպութիւններուն մէջ կուսակցութիւն մը, մանաւանդ եթէ փորձառու կուսակցութեան մը մասին է խօսքը, սկզբունքով քաղաքական աշխատանքի մասնագէտն է: Անոր մտածելակերպն ու աշխատանքը չեն կրնար փոխարինուիլ հասարակական որեւէ այլ կազմակերպութեան ճիգով: Եթէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան Դաշնակցութիւնը անսար ժողովրդային ձայնին, այսօր Լիբանանը աւելիով պարպուած կ’ըլլար իր հայկական տարրէն:

Ահա ներհայկական համեմատական հաշտութեան ա՛յս մթնոլորտին մէջ է, որ Դաշնակցութիւնը հայրենիք վերադարձաւ: Դաշնակցութիւնը ատենին աքսորի ճամբան բռնած էր խորհրդային կարգերու բրտութեան պատճառով, իսկ ութսունական թուականներուն բացայայտ, բայց՝ անաղմուկ կը վերադառնար հայրենիք Սպիտակի երկրաշարժի վաղորդային՝ 1988ի Դեկտեմբերէն ետք, երբ Ստեփանակերտի ու Երեւանի մէջ արդէն սկսած էր ղարաբաղեան շարժումը: Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ էութեամբ մխրճուեցաւ ղարաբաղեան պայքարին մէջ, միաժամանակ աստիճանաբար ամրապնդելով Հայաստանէն ներս իր ներկայութիւնը:

Ղարաբաղեան ազատագրական կռիւը ունեցաւ յաջող ելք: Իսկ Հայաստանը շարժումի առաջին վայրկեանէն բռնեց Խորհրդային միութենէն անկախացման ուղին: Յաճախ Դաշնակցութիւնը կը քննադատուի ըսելով, թէ ան դէմ եղած է անկախացման գործընթացի նախաձեռնութեան: Ասկէ աւելի անհեթեթ քննադատութիւն չի կրնար հնչել. Դաշնակցութիւնը տասնամեակներ շարունակ առանձին կրեց անկախութեան ջահը, վառ պահելով զայն, հակառակ այդ հարցին շուրջ ծագած բոլոր փոթորիկներուն: Դաշնակցութեան միակ առարկութիւնը այն էր, թէ փոփոխութիւնը պէտք է կատարուի առանց ցնցումի եւ թէ տնտեսութեան պետական կառավարումէն ուղղակի այլ տնտեսական համակարգի մը անցումը պէտք է ըլլայ աստիճանական, այլապէս վիճակը կը դառնայ անհակակշռելի: Այդպէս ալ եղաւ՝ դժբախտաբար: Հետեւանքը՝ տեղի ունեցաւ ազգային հարստութեան մեծ թալանը պատասխանատու անհատներու կողմէ:
Ղարաբաղի պատերազմը հազիւ դադար առած՝ սկսաւ Դաշնակցութեան դէմ մեծ հալածանքը Հայաստանի առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ: Այս հանգրուանը աւարտեցաւ նախագահի իր պաշտօնէն փաստօրէն պարտադրուած հրաժարումով, երբ երկրի գերագոյն հրամանատարը պատրաստակամութիւն յայտնեց տեղի տալ ազերիական պահանջներուն առջեւ: Նոր սկիզբի մը յոյսը բեկուեցաւ 1999ի Հոկտեմբեր 27ի Ազգային Ժողովէն ներս մինչեւ այսօր իր ամբողջութեան մէջ չբացայայտուած ահաբեկչական արարքով, որուն զոհ գացին հինգ պետական մարդիկ, որոնց կարգին խորհրդարանի նախագահն ու Հանրապետութեան վարչապետը:

Նկատի ունենալով երկրի պայմանները՝ 1998-էն սկսեալ Դաշնակցութիւնը առաջնորդուեցաւ հետեւեալ սկզբունքով. իբրեւ ընդդիմութիւն երկրէն ներս կարելի չէ բարեփոխումներ յառաջացնել, իսկ իբրեւ կառավարութեան մասնակից, կարելի է առնուազն ճիգ թափել ազդելու քաղաքական որոշումներուն վրայ. ի հարկ է, գործակցութիւնը կարելի չէ այն պարագաներուն, ուր հիմնական ազգային սկզբունքներ ու շահեր նկատի չեն առնուիր իշխանութիւններուն կողմէ: Այս քաղաքականութեան շնորհիւ, Դաշնակցութեան հետապնդումով, փոխուեցաւ սահմադրութեան համապատասխան յօդուածը եւ քուէարկուեցաւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հրապարակուեցաւ համահայկական հռչակագիրը, սահմանադրական խորքային բարեփոխումներով անցում կատարուեցաւ դէպի կառավարման խորհրդարանական համակարգ, ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Իսկ երբ, առանց որեւէ խորհրդակցութեան, սկսաւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու գործընթացը Դաշնակցութիւնը հրաժարեցաւ կառավարութենէն առարկելով, որ համաձայնութեան որոշ կէտեր խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն հայկական հիմնական շահեր:

Սակայն այս ամբողջ տեւողութեան, ըլլա՛յ որպէս կառավարութեան մասնակից, ըլլայ իբրեւ ընդդիմութեան իւրօրինակ կողմ, կուսակցութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը եղած է երկրի կայունութիւնը, առանց որուն չի կրնար տնտեսական զարգացում տեղի ունենալ. ընդհակառակը՝ նկատի ունենալով որ երկիրը կը գտնուի կիսապատերազմական վիճակի մէջ, ներքին հարցերու սրման պարագային լուրջ կերպով կը վտանգուի Արցախը: Այսպէս՝ երբ 2004ի ապրիլին ներքին բախումներու ուրուականը ներկայացաւ, Դաշնակցութիւնը յաջող նախաձեռնութեամբ մը կանխեց այդ տագնապի հաւանական շիկացումը: Դժբախտաբար նոյն արդիւնքին կարելի չեղաւ յանգիլ չորս տարի ետք՝ 2008ի փետրուար-մարտին, հակառակ Դաշնակցութեան կրկնուող յորդորներուն եւ աշխուժ յարաբերական աշխատանքին: Իսկ 2018ի ապրիլին, վերջին վայրկեանի արդիւնաւէտ միջամտութեամբ Դաշնակցութիւնը կրցաւ առաջքը առնել ներքին բախումներուն, որոնք Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցի նախօրեակին այլեւս անխուսափելի կը նկատուէին:

Մեր օրերուն, ընթացիկ տարուայ Մայիսի իշխանափոխութենէն ետք, Դաշնակցութիւնը որոշ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի: Իր երկար պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը յաճախ գտնուած է այդպիսի վիճակներու մէջ ու միշտ ալ կրցած է իր յստակատեսութեամբ, խիզախութեամբ, ի հարկին՝ ինքնասրբագրումով եւ իր ուժեղ կանոնագրի օժանդակութեամբ, ճիշդ հունի մէջ վերադարձնել իր ուղին: Անցելապաշտութիւն չէ հաւատալ, թէ ան ա՛յս անգամ ալ ինքզինք կրկին դուրս պիտի բերէ ներկայ անախորժ վիճակէն, որուն ստեղծումին պատճառը բազմաթիւ քաղաքական եւ ընկերային յարաչափերու (պարամետր) արժէքային զուգադիպութիւնն է: Այդ յարաչափերէն ամէնէն կարեւորն ու լուրջ մտահոգութեան արժանին, հաւանաբար դաշնակցական որոշ թիւով երիտասարդներու վրայ ներկայի քաղաքակրթական հանգրուանին, մարդկային յարաբերութիւններու ու վարուելակերպի նոր սովորութիւններու ազդեցութիւններն են, որոնք զիրենք բաւական կը շեղեն դաշնակցականի ընկալեալ զուսպ կերպարէն:

Անշուշտ միայն երիտասարդութիւնը չէ, որ ենթակայ է այդ ազդեցութիւններուն: Մանաւանդ ցեղասպանութենէն ու տարագրութենէն ի վեր՝ հայութիւնը կ’ապրի գրեթէ ամբողջ երկրագունդը ընդգրկող աշխարհագրական գօտիներու մէջ, իւրաքանչիւր հատուած ենթարկուելով տեղական ազդեցութիւններու, որոնք իրարմէ առաւել կամ նուազ չափով տարբեր են: Թէեւ համաշխարհայնացումը յատկապէս, երիտասարդութեան մօտ մեծ համեմատութեամբ կը հարթէ այդ տարբերութիւնները, սակայն անոնց մնացորդը բաւարար է հայութեան տարբեր մասնիկներուն միջեւ պարբերաբար հարցեր ստեղծելու համար: Կարելի եղածին չափ միատարր հայութիւն պահելը կամ ստեղծելը ազգային, պետական եւ կուսակցական կառոյցներու պարտաւորութիւնն է: Ասիկա՛ պէտք է ըլլայ համահայկական հանրային դաստիարակութեան հիմնական նպատակակէտը:

Կասկած չկայ, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը իր պատրաստութեամբ, ապրումներով, ակնկալութիւններով, բծախնդրութեամբ ու համարձակութեամբ գերազանցօրէն դաշնակցական հաւատաւոր ու պահանջատէր հաւաքականութիւն է: Բայց եւ այնպէս իր ստացած ազգային-կուսակցական դաստիարակութեան կողքին՝ անոր աշխարհագրական խայտաբղէտ միջավայրը, պայմաններու բերումով, խորունկ ազդեցութիւն գործած է անոր էութեան վրայ. հաւանաբար շատ աւելի խորունկ, քան առաջինը, այսինքն՝ ազգայինն ու կուսակցականը: Ասիկա անխուսափելիօրէն այսպէս եղած է, քանի անհատները առհասարակ իրենց առօրեայ միջավայրին մէջ աւելի ժամանակ կ’անցնեն, քան հայկական մթնոլորտին մէջ. օտար միջավայրի քարոզչական միջոցները չափազանց աւելի ուժեղ են, քան երկար ժամանակէ ի վեր արդիականացման կարիքը ունեցող, կուսակցական կամ ընդհանրապէս ազգային դաստիարակութիւնն ու քարոզչութիւնը: Այս երեւոյթը պարագայական չէ. ան կը խոստանայ յետ այսու ընկերակցիլ գալիք բոլոր սերունդներուն: Իսկ ինչի՞ մէջ կը կայանայ շրջապատի դաստիարակութիւնը: Այդ շրջապատը քանի մը տասնամեակէ ի վեր կը կիրարկէ գեղեցիկ գաղափարներու թեմաներով գովազդային դաստիարակութիւնը: Գործածուող բառապաշարը օտար չէ գաղափարական դաստիարակութեան ենթակայ ականջներուն. ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, բնապահպանութիւն, մարդկային իրաւունքներ, թափանցիկութիւն, արդարութիւն եւայլն: Տարբերութիւնը այն է սակայն, որ մեր աշխարհին մէջ այդ վեհ գաղափարները տիրապետող ուժերու կողմէ կը գործածուին իբրեւ յաւելեալ տիրապետութեան ձգտումը իրականացնող պայքարի նոր միջոցներ: Գաղափարները տարբեր չեն մեր դաւանած գաղափարներէն: Մանրամասնութիւն մը կայ սակայն, որ առհասարակ նկատի չ’առնուիր. այն է, թէ շատ յաճախ ազգայինի եւ համաշխարհայինի առաջնահերթութիւնները չեն համընկնիր եւ այդ պարագային ընտրութիւնը կը դժուարանայ. ազգային գոյութեան պայքա՞ր, թէ մարդկային իրաւունքներ. ապահովութի՞ւն, թէ ընկերային արդարութիւն. կը ստեղծուի առաջնահերթութիւններու շփոթ: Կը պատահի այն, որ վճռական մէկ պահու ընտրանքը դժուար ըլլալով՝ անկարելի կը դառնայ դրական արդիւնքի մը ձեռքբերումը. իսկ երկմտանքի մէջ մտնող բազմութիւն մը առհասարակ կ’առաջնորդուի ամլութեան: Կարեւոր է առաջնահերթութիւններու յստակացումը՝ բոլորին համար:
Եթէ այս մտածումները ճիշդ են, ապա կը գտնուինք շատ լուրջ կացութեան առջեւ: Կարելի չէ բացարձակապէս կուռ կազմակերպութիւն ունենալ առանց առաջնահերթութիւններու գիտակից ու կարեւոր համեմատութեամբ միատեսակ ընկալման: Այլապէս ժամանակը կը վատնուի տեւական ու անհետեւանք ներքին քննարկումներով ու վիճաբանութիւններով՝ աշխատանքային բաժինը թողնելով լուսանցքի վրայ:

Ամէն թիւրիմացութեան առաջքը առնելու համար անմիջապէս ըսենք, որ լոկ քարոզչութեան նպատակներով օգտագործուող վերոյիշեալ եւ դեռ այլ շատ գաղափարներ անվիճելիօրէն վեհ գաղափարներ են՝ հանդիսանալով մարդկային հազարամեակներու քաղաքակրթութեան դրական եզրակացութիւնները. ճիշդ այդ պատճառով ալ գրաւիչ են եւ կրնան շահագործուիլ այլ՝ ոչ այնքան ալ առողջ նպատակներ իրականացնելու համար: Սակայն ինքնին հասկնալի է, թէ քարոզչութեան ենթարկուողը պէտք է, որ առ նուազն կարենայ զանազանել շիտակ խօսքը՝ կեղծիքէն. կարեւորը նուազ կարեւորէն: Դժբախտաբար այս ունակութեան պակասը յաճախ կը զգացուի:

Կեղծիքի օրինակները բազմաթիւ են: Ժողովրդավարութեան անունը «Արաբական գարուն»ի հանդերձանքը հագուելով կարճ ժամանակի մէջ քանդեց արաբական աշխարհի մէկ ճակատը: Նոյնիսկ բացարձակ սուտը անպատիժ գործածուեցաւ՝ քանդելու համար Իրաքը: Նախապէս նոյն գեղեցիկ խօսքերը գործածուած էին քանդելու համար Եուկոսլաւիան. աւելի ուշ՝ նոյն լոզունքները գործածուեցան ծաղկաւոր կամ գունաւոր յեղափոխութիւններով Վրաստանը եւ Ուքրաինան պոկելու համար Ռուսաստանի ազդեցութեան ծիրէն: Հայաստանը զերծ չմնաց այս բառախաղերէն: Նոյնիսկ ռահվիրայական դիրք գրաւեց: Ատենին՝ արժէքներու առաջնահերթութիւնը ձախաւերութեամբ շրջելով՝ բնապահպանական շարժումը առաջնորդեց Մեծամօրի ատոմական ելեկտրակայանի փակումին, որ անուղղակիօրէն Հայաստանէն արտագաղթի առաջին ու մեծագոյն ալիքին հիմնական պատճառներէն մէկը հանդիսացաւ:

Միաժամանակ յստակօրէն տեսանելի է, որ այս գաղափարները դաւանողները՝ զանոնք յաճախ արտահանման համար միայն նկատի ունին: Իրենց երկիրներէն ներս, անշուշտ, ժողովրդավարութիւն վայելելու բոլոր օրինական եւ աւանդական պայմանները լիովին բաւարարած ըլլալով հանդերձ, առկայ ուղղորդուած հանրային տեղեկատւութիւնն ու տնտեսական կարողականութեամբ պայմանաւորուած քարոզչական մարզի մենաշնորհը շատ բան կը պակսեցնեն իսկական ժողովրդավարութենէն: Այս վարկածին անուղղակի ցուցիչը յաճախ ընտրական արդիւնքն է, երբ տուեալ երկրին ու մարդկութեան ճակատագիրը, համաժողովրդային օրհնութեամբ եւ ընտրուեամբ, կը յանձնուի այլանդակ էակներու: Նոյն երկիրները կ’արհամարեն իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ ուրիշներուն պարտադրուած բնապահպանական նորմերը: Թափանցիկութիւնն ալ, կ’երեւի, միայն ուրիշներու համար նախատեսուած է, քանի իրենց երկիրներէն ներս թափանցիկութիւն կիրարկողները կը ստիպուին այլ վայրերու մէջ քաղաքական ապաստան խնդրել: Շարքը կարելի է շարունակել: Միայն միամիտները կրնան այլեւս հաւատալ գեղեցիկ տարազումներու տիեզերական անմեղութեան:

Ամէն մարդ ի վիճակի է տեսնելու, թէ ինչ կը կատարուի այսօր աշխարհի մէջ: Կը բաւէ … աչքերը բաց պահել: Կարեւոր է, որովհետեւ մեր օրերուն շատերու կարգին՝ նաեւ հայութի՛ւնն ալ թիրախ է: Այս իրողութիւնը համահայկական ուժերու լարում կը պահանջէ, ինչպէս երեսուն տարիներ առաջ Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին: Հայաստանն ու Սփիւռքը զերծ պէտք է մնան ազգավնաս ցնցումներէ: Թիկունք պէտք է կանգնիլ հայոց պետականութեան հզօրացման ճիգերուն, որովետեւ ան հայութեան անլոյծ խնդիրներու լուծման հիմնաքարը կը կազմէ: Այսպիսի պայմաններու մէջ Դաշնակցութիւնը իր, կայունութեան երաշխաւորի, դերին մէջ մնալու պարտադրանքին տակ է:

128 տարիներու վերիվայրումներուն դիմանալով, նկարագիր պահպանելը բացառիկ տոկունութեան փաստ է: Դաշնակցութիւնը ձեւը միշտ գտած է արդիականանալով հանդերձ՝ պահպանել իր հիմնական յատկանիշները: Վերջին երեսնամեակին Հայաստանի մէջ իր խարխափումները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները անոր կու տան իրաւունքը իր հաստատուն տեղը վերագրաւելու հայրենի իրականութեան մէջ: Նայուածքները ուղղուելու են դէպի ապագան, բայց նաեւ դէպի անցեալը, ապագայի գործը հիմնելով նախկին երկար, շա՜տ երկար փորձառութեան վրայ: Սլացք՝ դէպի ապագան եւ վերադարձ՝ դէպի անցեալի կուսակցութեան երկարակեցութիւնը կարելի դարձուցած ներքին արժէքներուն, որոնք ամփոփուած են Դաշնակցութեան ծրագրին, կանոնագրին եւ անոր պատմութեան մէջ. հայրենասիրութիւնը, ազգին եւ կուսակցութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը, արդարամտութիւնը, կարգապահութիւնը, գաղտնապահութիւնը, խիզախութիւնը, ընկերասիրութիւնը, ժուժկալութիւնն ու գործելու անսպառ ունակութիւնը: Բայց մանաւանդ՝ նորէ՛ն կանոնագիրը. յարգանքը՝ անոր տառին ու ոգիին հանդէպ. մանաւանդ ոգիի՛ն հանդէպ: Դաշնակցական անհատները յաճախ իրերամերժ անհատականութիւններ են. այդպիսիները կազմակերպական կեանքի որոշ վայրկեաններու իրարու կապուած կը մնան միայն Դաշնակցութեան կանոնագրով. հաւանաբար՝ վերջինիս բարոյական անգթութեան շնորհիւ. անոր պատճառած բարոյական սարսափով. այդտե՛ղ պէտք է փնտռել Դաշնակցութեան ուժին եւ երկարակեցութեան գաղտնիքը. առանց այսպիսի յատկանիշներու Դաշնակցութեան դիմադրողականութեան բարձր աստիճանը անբացատրելի է: Այդ յատկանիշներով դեռ երկար, շա՜տ երկար ճամբայ պիտի կտրէ ան, պարզապէս որովհետեւ դեռ շատ ընելիք կայ:

Այս լեզուով կը խօսի նաեւ քանի մը օր առաջ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի վերջին ընտրութիւններէն ետք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան լոյս ընծայած յայտարարութիւնը, որ կ’աւարտի հետեւեալ ձեւով.

«Փակւում է պատմութեան այս փուլը ու գալիս է նորը: Մենք մուտք ենք գործում այդ նոր պատմութեան մէջ համազգային կուռ կառոյցով, ապագայի մեր երազանքով ու պայքարելու վճռականութեամբ»:

Կը մնայ թեւերը անմիջապէս սոթտել եւ վերսկսիլ աշխատանքի:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Քուէյթ, 15 դեկտեմբեր 2018