Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ armenianorthodoxchurch
Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Հետեւելով Մեծ Վարդապետին օրինակին, Նորին Սրբութիւնը լուաց միաբան հայրերուն ու Դպրեվանքի սաներուն ոտքերը ու ապա տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։
Իր պատգամին մէջ Հայրապետը ընդգծեց Քրիստոսի սէրը ու յայտնեց, որ ոտնլուայի արարողութեամբ կը շեշտուի սիրոյ հրամայականը։ Ան ըսաւ, որ Քրիստոս ոչ միայն զանազան առիթներով խօսեցաւ սիրոյ անհրաժեշտութեան մասին, այլ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով ցոյց տուաւ մարդուն, թէ սէրը կեանքին մէջ պէտք է մշտական ներկայութիւն դառնայ։ Սէրը մտածում չէ, այլ կեանքի որակ է։ Աստուած մարդուն Ինքզինք ճանաչելի դարձուց սիրոյ ճամբով. այլապէս մենք չենք կրնար զԱստուած տեսնել մեր մտքին կամ գիտութեան ճամբով, Աստուած Ի՛նքն է, որ Ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ ու դարձուց՝ Իր սէրը յայտնելով մարդուն նկատմամբ, ըսաւ Հայրապետը։
Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեցուց, որ Աստուած՝ Որդիին մարդեղացումով կամուրջ մը նետեց երկրին ու երկինքին միջեւ, որպէսզի մարդը սիրոյ երկխօսութեան ճամբով երկինք բարձրանայ։ Մենք նեղ հասկացողութեամբ պէտք չէ հասկանք Քրիստոսի պատուէրը, որ կ՚ըսէ սիրեցէք զիրար։ Քրիստոս ի՛նք սիրեց մեզ ու իր արիւնով մեզ Աստուծոյ որդեգիր զաւակները դարձուց, իսկ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը դարձաւ Հօր եւ զաւակի յարաբերութիւն։ Այդ յարաբերութեան խորքը, իմաստը ու նպատակը սէրն է եւ այդ սէրը գիտակի՛ց սէր է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մատնութիւնը, չարչարանքները եւ խաչելութիւնը խորհրդանշող «Խաւարման Գիշեր»ը: