Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Այո՛, անցնող շաբաթը, ժողովրդային լեզուով, կատակ չէր։
Սկսինք թուել, ոչ անպայման ժամանակագրական կարգով.
Առաջին, Սեպտեմբեր 2ին, Արցախը պետականօրէն նշեց իր անկախութիւնը։
Երկրորդ, երկու օր վերջ, Հայ օգնութեան միութիւնը Ստեփանակերտի մէջ բացումը կատարեց Սօսէ մանկապարտէզին՝ այդ առիթով կազմակերպելով նաեւ հարիւրաւոր ՀՕՄուհիներու այցելութիւնը Արցախ, աշխարհի չորս ծագերէն։ Այս ձեռնարկը կայացաւ պետական մասնակցութեամբ՝ նախագահի մակարդակով։
Երրորդ, նոյն օրը, Երեւանի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց խորհրդաժողով մը՝ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ոտնձգութիւններուն դէմ մեր ընելիքներուն մասին ընդհանուր նիւթով։
Չորրորդ, դարձեալ Արցախի անկախութեան 26րդ տարեդարձին առիթով, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութիւնը Եռաբլուրի մէջ տօնախմբեց այս անկիւնադարձային թուականը, միաժամանակ՝ կազմակերպեց նորագիրներու երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին Հ.Յ.Դ.ին միացան աւելի քան 100 երիտասարդներ։
Հինգերորդ, Մ. Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը Պէյրութի մէջ գումարեցին իրենց խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ հրապարակային զեկոյցով մը ներկայացան հանրութեան։
Վեցերորդ, Սեպտեմբեր 5ին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ.՝ «Վահան Նաւասարդեան» անուանակոչուած կեդրոնի շէնքին բացումը, որ ֆինանսաւորուած էր Հ.Յ.Դ. Գանատայի կառոյցին կողմէ։
Եօթերորդ, այս բոլոր ձեռնարկներու ընթացքին, տպագիր կամ սփռուող մամուլին տրուած հարցազրոյցներու կամ ելոյթներու ճամբով, հանրութեան տրուեցան լայն լուսաբանութիւններ, որոնց հիմնական առանցքը բնականաբար Հայաստանի ամրապնդումը, Արցախի ռազմաքաղաքական դիրքերուն ուժեղացումը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ մեր կատարելիք աշխատանքային դաշտի ընդհանուր արժեւորումն էր։
Ութերորդ, Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ զինուորական ճարտարարուեստի արտադրութիւններու իւրայատուկ ցուցահանդէս, որ իրականութեան մէջ մեր թշնամիներուն ուղղուած պատգամ մըն էր՝ ամէն բանէ առաջ։
Իններորդ, եւրոպական մամուլը լայնօրէն արձագանգեց Ատրպէյճանի կողմէ ելեւմտական ապօրինի գործառնութիւններու մասին լուրերուն, յստակ դարձնելով այն հանրայատ փաստը, որ աւելի քան 2 միլիառ տոլարի այս գործառնութիւնները կը ներառեն նաեւ այն կաշառքները, որոնք տրուած են զանազան քաղաքական գործիչներու։
Թերեւս (հաւանական տասերորդը…) եռօրեայ խորհրդաժողով մը անհրաժեշտ է այս բոլորին հանրագումարը ընելու, վերլուծելու եւ անհրաժեշտ դասերը քաղելու համար։ Սակայն փորձենք արագ նշումներ կատարել, թարմացնելու համար լուրերու այս տեղատարափին մէջ կքող յիշողութիւնները։
Առաջին հերթին, Արցախի անկախութեան պաշտօնական նշումին, ԼՂՀ նախագահը, վարչապետը եւ խորհրդարանի նախագահը իրենց ներկայութեամբ ու մասնակցութելամբ իսկ յստակօրէն «յայտարարեցին», թէ կառչած կը մնանք Արցախի ժողովուրդին կամքի արտայայտութիւնը հանդիսացող անկախութեան։
ՀՕՄը իր նախաձեռնութեամբ «յայտարարեց», թէ յանձնառու կը մնայ Արցախի մէջ ընկերային ու կրթական կարիքներուն նկատմամբ, եւ թէ այս կեցուածքը կը միտի աւելիով կազմակերպել հանրային կեանքը։
Եռաբլուրի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան 7 կէտերու մէջ խտացուց Դաշնակցութեան կեցուածքը Արցախի կապակցութեամբ։ Առաջին, յարգել 1991ին անկախութեան եւ անկէ ետք սահմանադրական հանրաքուէով արձանագրուած ժողովրդային կամքը եւ որեւէ լուծում, որ չ’ապահովեր ԼՂՀ անկախ կարգավիճակը եւ հողային ամբողջկանութիւնը, ընդունելի չէ։ Ան նաեւ եզրափակեց ըսելով. «Այսօր մենք այստեղ, Եռաբլուրում հաւաքուել ենք ոչ միայն նշելու Արցախի Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձը, այլ այս առիթով՝ այստեղ հանգչող մեր հերոսների շիրիմների մօտ՝ վերանորոգելու մեր ուխտը, որ հաւատարիմ ենք մնալու իրենց ուղուն, հաւատարիմ ենք մնալու իրենց ճանապարհին. չենք թողնելու, որ իրենց գերագոյն զոհողութիւնը ի զուր տեղը կատարուած լինի։ Իրենց սկսած գործը հասցնելու ենք աւարտին»։
Նոյն կեցուածքը արտայայտուեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի կողմէ, Երեւանի մէջ կայացած խորհրդաժողովին։ Ասոր յաջորդած մամլոյ հարցազրոյցներուն ընթացքին, թէ՛ Արմէն Ռուստամեան եւ թէ՛ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ընդգծեցին նաեւ, որ Ատրպէյճան իրականութեան մէջ բանակցող կողմ չէ։ Ընդգծուեցաւ նաեւ օտար երկիրներու զանազան քաղաքներու եւ Ստեփանակերտի միջեւ «քոյր քաղաքներու» դրութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ճնշամիջոց ԼՂՀի անկախութեան ճանաչման համար։
Այս խորհրդաժողովին իրենց զեկուցումներով մասնակցեցան նաեւ զինուորական ու քաղաքական փորձագէտներ, որոնք ընդգծեցին Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն նկատմամբ մեր կողմէ որդեգրուած զինուորական եւ քաղաքական քայլերը։
Իրականութեան մէջ, այս խորհրդաժողովը նաեւ պատգամ մըն էր Պաքուին, որ հայ քաղաքական ու զինուորական միտքը արթուն կերպով կը հետեւի դէպքերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային, Հայաստան ի վիճակի է մարտավարական ճշդումներ կատարելու իր առնելիք քայլերուն մէջ։
Մ. Արեւելքի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը առիթ մը հանդիսացաւ, ընդարձակ զեկուցումներու եւ քննարկումներու ճամբով, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեր քաղաքական, յարաբերական ու քարոզչական աշխատանքներուն մէջ յաւելեալ յստակացումներ մտցնենք։
Քանի մը օր առաջ, երբ այս նիւթով խօսակցութիւն մը կ’ունենայինք ընկերոջ մը հետ, ան կատարեց հետեւեալ կարեւոր մատնանշումը. Թուրքիան սանձարձակ «կ’արշաւէ» արաբական աշխարհին մէջ, գրեթէ առանց հայկական դիմադրութեան, որովհետեւ ուժերը եւ մանաւանդ միջոցները անհաւասար են։ Սակայն եթէ մենք յաջողինք արաբական քանի մը բանալի պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հետ մեր կողմէ ճշդուած յատուկ օրակարգով հանդիպումներ ունենալ, Թուրքիան անպայման նեղ կացութեան պիտի մատնուի։
Իրականութեան մէջ, իրապաշտ է այն մօտեցումը, որ արաբական աշխարհը ինքն իր մէջ կ’եռայ՝ շրջանային տագնապներուն բերումով։ Իսկ Թուրքիան դերակատար է արաբական այս խոցելի իրավիճակին մէջ։ Հետեւաբար, անիրականանալի պէտք չէ թուի 40 մեթր հեռաւորութենէն հայկական կօլ մը թրքական դարպասէն ներս։ Սա ինքնին ցոյց կու տայ Մ. Արեւելքի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքային դաշտի ընդարձակութիւնը, ուր դժուարութիւններուն կողքին կան նաեւ համապատասխան կարելիութիւններ։
Մէկ խօսքով, այս խորհրդաժողովը հայ քաղաքական միտքի զարգացումին համար նոր խթան հանդիսանալու ամէն պատճառ ունի։
Ցարդ մեր կատարած նշումներուն կապակցութեամբ, կը մնայ շատ կարեւոր բան մը։ Հայկական տպագիր կամ սփռուող մամուլը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, պարտաւոր է քննարկումներու, վերլուծումներու, կլոր սեղանի առողջ բանավէճի կամ այլ միջոցներով, հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու այս անցնող շաբթուան իրապէ՛ս հեւքոտ անցուդարձերուն վրայ։
Այս ընելով, մեր մամուլը նախ անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները կու տայ եւ ներքին տրամաբանութիւնը կը բացատրէ մեր ժողովուրդին։ Երկրորդ, այս ձեւով նաեւ, մեր մամուլը մտած կ’ըլլայ իր իսկական դերին մէջ՝ հանրային կարծիքը «հաւաքագրել» ու զինուորագրել Հայաստանի համար առանցքային խնդիրներու շուրջ։ Եւ երրորդ, մեր մամուլը այս ընելով, նպաստած կ’ըլլայ մեր ժողովուրդի քաղաքական դաստիարակութեան եւ բարձրացուցած կ’ըլլայ անոր քաղաքական գիտակցութեան մակարդակը։ Երկու շաբաթ առաջ այս յօդուածագիրը անդրադարձած էր քաղաքականացումի անհրաժեշտութեան, չէ՞։ Ահաւասիկ բացատրութեան փորձ մը՝ թէ ինչ կը հասկնանք քաղաքականացում ըսելով։
(Փակագիծ. մինչեւ ե՞րբ մեր մամուլը պիտի վխտայ ինքնաշարժի արկածներու, այս կամ այն տան մէջ օձերու յայտնաբերումին, կամ թէ ո՞ր պաշտօնեան ինչքանո՞վ վաճառած կամ գնած է իր ինքնաշարժը ու նման կեղծ լուրերով)։
Այնպէս որ, մտքերու փոթորիկ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը կայ հայկական ընդհանուր միջավայրէն ներս, մանաւանդ երբ աչքի առջեւ ունենանք անցնող շաբաթը, որ իրապէս…կատակ չէր։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Լոս Անճելըս
7 Սեպտեմբեր 2017