կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-07-14 17:17
Հասարակություն

Հայաստանի Կեդր. դրամատունը լուր չունի, որ գալ տարի հարիւրամեակ է

Հայաստանի Կեդր. դրամատունը լուր չունի, որ գալ տարի հարիւրամեակ է

Աղբյուրը՝ arfd.am

Քանի մը օր առաջ, 11 Յուլիսին, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, թէ որոշած է յառաջիկայ տարի հրապարակել նոր թղթադրամներ, որովհետեւ «ՀՀ գալիք տարի նշելու է դրամաշրջանառութեան՝ ՀՀ ԴՐԱՄի ներդրման 25ամեակը, որի ընթացքում ձեւաւորուել են աւանդոյթներ, որոնք օրինակելի եւ ուսուցանելի են դարձել նաեւ միջազգային մակարդակում»։ Կեդր. դրամատունը կ’աւելցնէ, որ ներկայիս գոածածուող 2րդ սերունդի թղթադրամները «աստիճանաբար իրենց տեղը կը զիջեն նոր թղթադրամներին՝ սահուն կերպով դուրս բերուելով շրջանառութիւնից»։
Առ այս, Կեդր. դրամատունը որոշած է հրապարակել հետեւեալ նոր դրամանիշերը. 1000 դրամ՝ Պարոյր Սեւակի, 2000 դրամ՝ Տիգրան Պետրոսեանի, 5000 դրամ՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի, 10,000 դրամ՝ Կոմիտասի, 20,000 դրամ՝ Այվազովսկիի եւ 50,000 դրամ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի պատկերներով։ Իսկ Հինգշաբթի օր ալ (Յուլիս 13), Կեդր. դրամատունը մրցոյթ յայտարարեց նոր հրապարակուելիք թղթադրամներու գեղագիտական ձեւաւորման կապակցութեամբ։

Բնական է, որ որեւէ պետութիւն պարբերաբար նոր պատկերներով դրամանիշեր հրապարակէ։ Իւրաքանչիւր երկիրի դրամանիշի վրայ կը տեսնենք պատկերները այն դէմքերուն, որոնք տուեալ երկրի պատմութեան, մշակոյթին ու արժէքային համակարգի զարգացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցեր են, կամ տուեալ ժողովուրդի հոգեկերտուածքին մաս կը կազմեն։ Խորհրդային օրերու ռուբլիին վրայ Լենինի նկարը կար ու կար (բնականաբար այս կամ այն ցարին նկարը պիտի չ’ըլլար…). Անգլիոյ եւ Գանատայի դրամանիշներուն վրայ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիին նկարն է (բայց ոչ անգլիական ֆութպոլի հերոս Պոպի Չարլթընինը), Թուրքիոյ պարագային՝ Աթաթուրքն է բազմած (բնականաբար Յակոբ Մարթայեանի նկարը պիտի չդնէին…), հնդկական ռուփիին վրայ Մահաթմա Կանտին է, իսկ ամերիկեաններուն վրայ՝ նախագահներու եւ անկախութեան սերունդի դէմքերու նկարներն եւ այսպէս շարունակաբար։

Նոր դրամանիշերու հրապարակման իմաստով ալ՝ Հայաստանը բացառութիւն չէ… սկզբունքով։
Բայց երեւի…բացառութիւն է։

Տեսէք թէ ինչ տեղի կ’ունենայ։ Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով որոշում կայ յաջառիկայ տարուան Մայիսին նշելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը եւ այս կապակցութեամբ ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով (որուն բաղկացուցիչ կազմին նկատմամբ այս յօդուածագիրը եւ իրեն գաղափարակիցները լուրջ վերապահութիւններ ունին), որուն պարտականութիւնն է պետական մակարդակով նախաձեռնութիւններ առնել ու կազմակերպել։

Հետեւաբար, կ’ակնկալուի, որ պետական ներքին տրամաբանութիւն մը գործէ այս ծիրէն ներս։

Բայց տրուած ըլլալով, որ Հայաստան «բացառութիւն է» (ինչպէս վերը ըսինք), Կեդրոնական դրամատան համար յառաջիկայ տարին կը յատկանշուի… հայկական դրամանիշի՝ ԴՐԱՄի որդեգրումի 25ամեակով եւ վերջակէտ։ Կեդրոնական դրամատան մարդոց ու 3րդ սերունդի դրամանիշներու հարցով կազմուած յատուկ յանձնախումբին համար գոյութիւն չունի հայկական պետականութեան ստեղծումի 100ամեակ, որուն համար արժէր 3րդ սերունդի թղթադրամները զարդարել նոյն այդ պետականութիւնը կերտած անձերու դիմանկարներով. այսինքն, մասնայատուկ կերպով՝ Արամ Մանուկեան ու անձեւ քաոսէն պետութիւն ստեղծած չորս վարչապետները, Դրոն, զօր. Սիլիկեանն ու Թովմաս Նազարբէկեանը։

Մեր բոլորին անվերապահ յարգանքին արժանի դէմքեր են Պարոյր Սեւակը եւ Կոմիտասը։ Յարգանքի պակաս իբրեւ թող չմեկնաբանուի, բայց ծուռ նստինք շիտակ խօսինք, Այվազովսկին, Տիգրան Պետրոսեանը եւ Ուիլեըմ Սարոյեանը այդքա՞ն անկիւնադարձային դէմքեր են, որոնց նկարները արժէ երկրի մը դրամանիշին վրայ զետեղելը։ Հապա՞ Գրիգոր Լուսաւորիչը… Եթէ խնդիրը հասաւ վերջինին, հո՛ն եւս սայթաքում կայ, որովհետեւ հայոց քրիստոնէացման, կամ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն պարտադրելու հարցին մէջ, Գր. Լուսաւորիչը պարզապէս գործիք մըն էր. հոն կար քաղաքական որոշում եւ քաղաքական կամք, որուն հեղինակը միայն ու միայն Տրդատ Բ. թագաւորն էր։

Այս յօդուածագրին տրամաբանութիւնը այն չէ, որ «անգլիացիները Պոպի Չարլթընին նկարը չեն դրած, մենք ինչո՞ւ Տիգրան Պետրոսեանինը դնենք», կամ Սուրիան Ապուլ ‘Ալա ալ Մաարրիին նկարը չէ դրած, մենք Պարոյր Սեւակինը ինչո՞ւ դնենք»։ Մեզի չի խառնուիր այս կամ այն պետութեան առած քայլը այս ծիրէն ներս։ Ինչպէս ըսինք, իւրաքանչիւր պետութիւն իր թղթադրամները կը զարդարէ նկարներով այն դէմքեըուն, որոնք այդ ժողովուրդին արժէքային համակարգին, պատմական անկիւնադարձային դէպքերուն կամ դէմքերուն սերտօրէն կ’առնչուին։

Մեր արծարծած խնդիրը այն է, որ երբ յառաջիկայ տարին 100ամեակն է Մայիս 28ին հռչակուած Հայաստանի անկախ պետականութեան եւ պետականօրէն կը պատրաստուինք նշելու այդ յոբելեանը, Կեդր. դրամատան ղեկավարութիւնը թերթ չի՞ կարդար, լուր չունի՞ նման իրադարձութենէ մը. ո՞ր մոլորակին վրայ կ’ապրին արդեօք Կեդր. դրամատան կառավարիչ պաշտօնատարները։ Իրենց համար 2018ին կայ ու չկայ ԴՐԱՄի շրջանառութեան 25ամեա՞կն է միակ յիշատակութեան արժանին։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն Կեդր. դրամատան ղեկավարութիւնը կատարելապէս զուրկ է պետական ու ազգային վարքագիծի որեւէ նշոյլէ. բան մը, որ ինքնին ախտավարակ հոգեբանութեան ու մտածելակերպի հետեւանք է։

Պետականազուրկ ժողովուրդ մը պետականութիւն ունեցաւ 28 Մայիս 1918ին։ Գտնուեցաւ կազմակերպութիւն մը, որ իր քաղաքական կամքով ու գաղափարական սկզբունքներով, յաջողեցաւ այդ օրերուն աներեւակայելի անկիւնադարձ մը ստեղծել մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ։ Այս կազմակերպութիւնը (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը) մեր ժողովուրդին տուաւ այն ղեկավար դէմքերը (ոմանք դաշնակցական, ուրիշներ՝ ոչ), որոնք ցուցաբերեցին համապատասխան կամք, թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ քաղաքական իմաստով։ Նոյն այդ դէմքերը ունին անուն։ Կրկնութեան գնով դարձեալ թուենք ոմանց անունները՝ Արամ Մանուկեան, զօր. Մովսէս Սիլիկեան, զօր. Դանիէլ Բէկ Փիրումեան, Դրօ, չորս վարչապետները՝ Յովհաննէս Քաջազնունի, Ալեքսանդր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան եւ ուրիշներ։

Հետեւաբար, համահունչ ըլլալու համար 100ամեակի առիթով դրսեւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ներքին տրամաբանութեան եւ որոշումին, ՀՀ Կեդր. դրամատունը պարտաւո՛ր է վերատեսութեան ենթարկելու նոր թղթադրամներուն կապակցութեամբ իր քանի մը օր առաջուան որոշումը, եւ կայացնէ նոր որոշում՝ 3րդ սերունդի թղթադրամները զարդարելու պետականութիւն կերտած սերունդի վերոնշեալ ներկայացուցիչներու նկարներով։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ Ազգային ժողովը պարտաւոր են իրենց խօսքը ունենալու Կեդր. դրամատան այս իրապէ՛ս խռպոտ եւ իրապէ՛ս անկապ որոշումին կապակցութեամբ։ Սթափեցէ՛ք պարոնայք։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
13 Յուլիս 2017