կարևոր
5893 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-13 11:10
Քաղաքական

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Հալէպ հասաւ Լիբանանահայութեան մարդասիրական օժանդակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Հալէպ հասաւ Լիբանանահայութեան մարդասիրական օժանդակութիւնը

Կիրակի, 12 Մարտի յետմիջօրէին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի հասաւ լիբանանահայութեան կողմէ առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը։

Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանը, թեմի Նպաստից Մարմնի ներկայացուցիչներն ու պատասխանատու ազգայիններ։

Նոյն բեռնակառքով առաքուած էր նաեւ «Ճինիշեան» հիմնարկի ապահոված նպաստը։

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր․ Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ այս առիթով ըսաւ․« Երկրաշարժի առաջին օրէն լիբանանահայութիւնը եւս տագնապեցաւ։ Մենք կապի մէջ էինք տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ՝ իմանալու աղէտի տարողութիւնն ու ժողովուրդին կարիքները։ Ճիշդ է որ տարբեր երկիրներու մէջ կ՛ապրինք, բայց վերջին հաշուով մէկ ժողովուրդ ենք։ Այնպէս ինչպէս սուրիահայութիւնը մեր տագնապներուն ընթացքին մեզի կը հասնէր, մենք ալ մեր կարգին օժանդակութեան մեր բաժինը բերինք։ Անմիջապէս գործի հրաւիրեցինք մեր Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինը, որուն մաս կը կազմեն կուսակցութիւնը, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը եւ ուղեկից միւս միութիւնները ու համապատասխան աշխատանք տարինք կարելի բոլոր միջոցներով մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու։ Կը յուսանք որ սուրիահայութիւնը այս դժուարութիւնները կը յաղթահարէ եւ ժպիտը կրկին կ՛ուրուագծուի բոլորին դէմքին»։

Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան բարձր գնահատեց լիբանանահայ գաղութին այս ներդրումը։ Ապա աւելցուց. «Աղէտի առաջին օրէն, ինչպէս բոլոր հայ գաղութները, այնպէս ալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր․ Կոմիտէի հերթապահը կապի մէջ մտաւ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու մեր ժողովուրդին։ Սուրիահայութիւնը պատերազմի օրերէն մինչեւ այսօր դժուար օրեր կը դիմագրաւէ։ Յուսանք այս աղէտը վերջինը կ՛ըլլայ եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի ժողովուրդները բարւոք օրեր կը դիմաւորեն։ Շնորհակալութիւն լիբանանահայութեան»։

Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեան ժողովականութեան եւ ողջ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր Կոմիտէին եւ լիբանանահայութեան այս կեցուածքին համար, դիտել տալով որ «Սուրիահայութիւնը անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ապրեցաւ սարսափելի օրեր։ Թեմի արտակարգ իրավիճակի մարմինը եւս գործի լծուեցաւ ամոքելու ժողովուրդին ցաւը եւ կազմակերպելու օժանդակութեան աշխատանքները։ Թող Աստուած իր հովանիին տակ պահէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդները»։

Ապա Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան անդամները փոխադրակառքը բեռնաթափեցին եւ օժանդակութիւնը տեղափոխեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահ, որպէսզի յառաջիկայ օրերուն տրամադրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։