Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երկուշաբթի, 2 Օգոստոս 2021ին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէին այցելեցին ու անոր հետ հանդիպում ունեցան հիւրաբար Լոս Անճելըս այցելող ընկերներ Սինոն Սիմոնեան (Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նախագահ) եւ Սեւան Դանիէլեան (Հ.Յ.Դ. Հիւս. Իրանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ)։
Ընկ. Դանիէլեան տեղեկութիւններ տուաւ իր շրջանէն ներս Դաշնակցութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ համայնքին մասին։
Իր կարգին, ընկ. Սիմոն Սիմոնեան Կեդր. Կոմիտէին տեղեկութիւններ փոխանցեց Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին։ Ան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ երկրէն ներս տիրող տագնապին, ինչ կը վերաբերի ապահովական խնդիրներուն, ատրպեճանական նորագոյն յարձակումներուն եւ հայկական շահերը պաշտպանելու իմաստով կառավարութեան անկարողութեան մասին։ Ան մանրամասն խօսեցաւ տիրող տագնապալի վիճակը հանգուցալուծելու ուղղութեամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան թափած ճիգերուն ու այդ ծիրէն ներս ալ Ազգային ժողովէն ներս, «Հայաստան» դաշինքի անդամի հանգամանքով տարուող աշխատանքներուն մասին։
Ընկերներ Սիմոնեան եւ Դանիէլեան շնորհաւորեցին նորընտիր Կեդր. Կոմիտէն ու յայտնեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ անոր գործունէութեան նկատմամբ։