Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
1921 թուականի այս օրը՝ Յուլիս 5ին, տխրահռչակ բռնատէր Ստալինի հրահանգով՝ համայնավար Ռուսաստանը կործանարար որոշում մը պարտադրեց հայ ժողովուրդին։
5 Յուլիս 1921ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, գործադրելով Քրեմլի ղեկավարութեան վրայ մենակալութիւն հաստատած Ստալինի հրահանգը՝ այսպէս կոչուած Ռուսական Կոմունիստական Կուսակցութեան Կ. Կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոն ապօրինի որոշում մը կայացուց եւ Լեռնային Ղարաբաղը անջատեց Հայաստանէն ու բռնակցեց Ատրպէյճանին։
Պատմական ու հանրագիտական տեղեկանքով՝ «1921 թ. Յուլիսի 4ին Ռուսաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կովկասեան Բիւրոն, Վրաստանի մայրաքաղաք Թբիլիսիում հրաւիրում է լիագումար նիստ, որի ընթացքում …հաստատւում է Լեռնային Ղարաբաղի Հայկական Խ.Ս.Հ. մաս հանդիսանալու փաստը։ Սակայն, Մոսկուայի թելադրանքով եւ Ստալինի անմիջական միջամտութեամբ, Յուլիսի լոյս 5ի գիշերը, վերանայւում է նախորդ օրուայ որոշումը եւ, փոխարէնը, ընդունւում է Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Ադրբեջանի կազմում ընդգրկելու եւ այդ տարածքում ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում՝ չպահպանելով նոյնիսկ ընթացակարգը։
…Աւելի՛ն. ամէն ինչ արուեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն ընդհանուր սահման չունենայ Հայաստանի հետ։ Խորհրդային ողջ ժամանակահատուածում Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չհաշտուեց այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարիներ պայքարեց Մայր Հայրենիքին վերամիաւորուելու համար։
«Արցախն Ադրբեջանին անմիջապէս բռնակցելուց յետոյ՝ սկիզբ առաւ ազգային-ազատագրական պայքարը։ 1920ական թթ. Արցախում հակա-ադրբեջանական շարժումը ղեկավարելու նպատակով ստեղծուեց «Ղարաբաղը՝ Հայաստանին» միութիւնը։ 1927 թ. Նոյեմբերի սկզբներին միութիւնը հազարաւոր թռուցիկներ է ցրել՝ Ղարաբաղը Հայաստանին նշանաբանով։ 1962 թ. Ստեփանակերտի աւտոշարասեան 300 աշխատաւորներ բողոք-նամակ գրեցին Խ.Ս.Հ.Մ. Գերագոյն Խորհրդի նախագահութիւն, կուսակցութեան Կենտկոմ եւ Մինիստրների Խորհուրդ։
Նամակում ներկայացուեց մարզի գաղութային վիճակը եւ առաջարկուեց Լ.Ղ.Ի.Մ.ը վերամիաւորել Հ.Խ.Ս.Հ.ին։ 1962 թ. մի շարք մտաւորականներ նմանօրինակ նամակով դիմեցին Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկոմին։ Այսպիսի դիմումները կրում էին պարբերական բնոյթ եւ յղւում էին թէ՛ Լ.Ղ.Ի.Մ.ից, թէ՛ Հ.Խ.Ս.Հ.ից։ Միայն Լեռնային Ղարաբաղից Կենտկոմին հասած դիմումների տակ ստորագրել էին 45 հազար աշխատաւորներ։ Փաստօրէն, չնայած Լ.Ղ.ն ապօրինաբար բռնակցուել էր Ադր.Խ.Ս.Հ.ին, այն երբեք չէր կորցնում անկախանալու եւ Մայր Հայաստանին միաւորուելու ձգտումը ։
Այնուհետեւ՝ 1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան Շարժումէն ասդին, շատ մելան հոսած է ստալինեան այդ կամայական, ապօրինի եւ, մանաւա՛նդ, անարդար որոշումին պատմական լուսաբանման եւ անխուսափելի սրբագրման համար։
Հայ քաղաքական միտքը, երկու ուղղութիւններով, իր քննարկումներն ու վիճարկումները կեդրոնացուցած է խորհրդայիններու այդ որոշման իրաւական արժեւորումին վրայ։
Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւորած ու դատապարտած է այդ որոշման կամայական, ապօրինի եւ անարդար բնոյթը։ Ստալինեան որոշումին մէջ իրաւական որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունեցած եւ պարզապէս մեծապետական շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ատրպէյճանին։
Երկրորդը՝ հիմնաւորած է իրաւագիտական տարազումը Արցախեան Հարցի բանակցային լուծման համար հայկական կողմին առաջադրած եւ պաշտպանած տեսակէտին։
Ի պատասխան ատրպէյճանական կողմի այն հետեւողական պնդումին, թէ իբր յանուն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանի կազմին, հայկական կողմը իրաւաբանօրէն կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, անհիմն ու անհեթեթ է ամէն խօսակցութիւն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին։
Արդարեւ, եթէ 1921ին Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարուած էր մէկ մասը Ատրպէյճանի, այդ քայլը իրաւաբանօրէն նախ եղած էր ապօրինի, ապա՝ բռնակցումը կատարուած էր ի սպաս Խորհրդային Ատրպէյճանի, այլ ոչ թէ անկախ Ատրպէյճանի։
Ապա՝ բռնակցումը կատարուած էր խորհրդային սահմանադրական պայմաններով, որոնք 1991էն ետք կորսնցուցին իրենց իրաւական հիմքը, երբ նոյնինքն Ատրպէյճան մերժեց ճանչնալ խորհրդային կարգերը եւ դուրս եկաւ Խորհրդային Միութենէն, նախքան անոր պաշտօնական լուծարումը։
Այլ խօսքով՝ նոյնինքն 5 Յուլիս 1921ի խորհրդային պաշտօնական որոշումէն մեկնելով, անոր անարդար բնոյթը շեշտելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը իրաւական ամէն հիմք ունի կառչած մնալու այն փաստին, որ Լեռնային Ղարաբաղը իրաւականօրէն բնաւ մաս չէ կազմած Ատրպէյճանին։
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ Ռուսական Կայսրութեան անկումէն յետոյ, Կովկասի մէջ սկսած պետութիւններու կազմաւորման հանդրուանին, Լեռնային Ղարաբաղը 1918-20 թուականներուն կռուախնձոր դարձաւ՝ մէկ կողմէ իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, միւս կողմէ, թրքական զօրքերու ներխուժման պայմաններուն մէջ ձեւաւորուած նորաստեղծ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ։
Այդ ատեն ծայր առաւ հայեւթաթարական դաժան պատերազմ մը, որու ընթացքին Արցախը հերոսաբար պաշտպանեց ինքզինք եւ պապենական իր հողը։
Անդրկովկասի թաթարներուն Իթթիհատի կողմէ «հրամցուած» Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունակաբար հողային պահանջներ ներկայացուց Անդրկովկասի հայկական շրջաններուն նկատմամբ:
Թրքական կանոնաւոր զօրքերն ու Ատրպէյճանի մուսաւաթական զօրամիաւորները, օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի եւ Ռուսաստանի Ցարական Կայսրութեան անկման հետեւանքով ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն, փորձեցին իր աւարտին հասցնել հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ 1915ին գործադրուած ցեղասպանութեան ոճիրը։
1918էն 1920, համաթրքական մեծ պետութիւն մը հիմնելու հրէշածին ծրագրով տարուած՝ թրքացեղ այդ զօրքերը բնաջնջեցին հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, կազմակերպեցին հայերու ջարդեր Պաքուի եւ Գեանջայի մէջ:
Բայց նոյնինքն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թուրքեւազերիական զօրքերը բախեցան լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած նահանջի դիմեցին՝ հակառակ անոր, որ Արցախի ատենի մայրաքաղաք Շուշին 1920ի Մարտ 23ին հրկիզուած ու թալանուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը կոտորուած։
Ճիշդ այդ ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ համարեց միջամտել աննախընթացօրէն ողբերգական բնոյթ ստացած հակամարտութեան։
1920ի Դեկտեմբեր 1ին, Ազգերու Լիկայի 5րդ Կոմիտէն, իր 3րդ Ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն, միաձայնութեամբ որոշեց մերժել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը՝ Ազգերու Լիկային անդամակցելու։
Օրին, Ազգերու Լիկան նաեւ որոշեց, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն շուրջ համաձայնութեան յանգեցան հակամարտութեան առընչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ Ատրպէյճանը։ Այսպէ՛ս, 1918-20 թուականներուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ։
Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին հետեւեցաւ քաղաքական նոր քարտէսի սահմանագծումը։
1920ի Դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն յետոյ, Կարմիր Բանակի զօրքերը, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցին խաղաղ լուծումը, ժամանակաւորապէս գրաւեցին Լեռնային Ղարաբաղը:
Միաժամանակ՝ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս յետոյ, Ատրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական Կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ ճանչցաւ ՙվիճելի տարածքներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանին Հայաստանի անբաժանալի մասը ըլլալը: Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին ատրպէյճանական այդ յայտարարութեան պահուն, հայկական տարածքները իրողապէս մաս չէին կազմեր Խորհրդային Ատրպէյճանին։
«Վիճելի տարածքներ»ու նկատմամբ իր յաւակնություններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ատրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ, 1921ի Յունիս 21ին, Խորհրդային Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժանելի մասը:
Հանրագիտական աղբիւրները կ՚եզրակացնեն, որ Հայաստանի կառավարութեան ընդունած համապատասխան Դեկրետը լոյս տեսաւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի խորհրդային մամուլի էջերուն։ Պաքուի «Աշխատաւոր» թերթը, որ Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի օրգանն էր, 1921ի Յունիս 22ին լոյս ընծայեց Դեկրետը։ Այդպիսով, տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի միացումը Հայաստանին, ինչ որ միջազգային-իրաւական իմաստով Անդրկովկասոի մէջ, կոմունիստական վարչակարգի ընթացքին, եղաւ վերջին օրինական ակտը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ։
Միացման այդ ակտը ողջունեցին ինչպէս միջազգային հանրութիւնը, այնպէս ալ Ռուսաստանը, ինչ որ ամրագրուեցաւ Ազգերու Լիկայի ժողովի բանաձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգերու Լիկայի գլխաւոր քարտուղարին՝ Ազգերու Լիկայի անդամ-պետութիւններուն ուղղուած տեղեկանք-նոթին եւ ՌԽՖՍՀ արտաքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատի /նախարարութեան (իշխանութեան բարձրագոյն մարմնին) Խորհուրդներու XI նստաշրջանին ուղղուած 1920-21 թթ. տարեկան զեկոյցին մէջ։
Շուտով, սակայն, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը, համաշխարհային կոմունիստական յեղափոխութեան օժանդակելու իր քաղաքականութենէն մեկնելով եւ Թուրքիոյ վերապահելով «Արեւելքի մէջ յեղափոխութեան ջահակիր»ի դերը, ըստ այնմ փոխեց իր վերաբերմունքը վերջինիս ազգային ծագումով մերձաւոր Ատրպէյճանի եւ ՙվիճելի տարածքներու խնդրին, այդ շարքին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, Մոսկուայի ցուցմունքով, վերսկսաւ խօսակցութիւններ ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն մասին:
ՌԿ/բ/Կ Կովբիւրոյի պլենումը, արհամարհելով Ազգերու Լիկային որոշումը եւ մերժելով ժողովրդական հանրաքուէն՝ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման ժողովրդավարական մեխանիզմ, 1921ի Յուլիս 5ին, Ստալինի անմիջական ճնշումին տակ եւ ի հակադրումն միացման ակտի, արարողակարգային խախտումներով որոշում տուաւ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղի բռնի անջատման մասին՝ այդ հայկական տարածքներուն վրայ Ադրբեջանական ԽՍՀ կազմին մէջ լայն իրաւասութիւններով ազգային ինքնավարութիւն կազմաւորելու պայմանով:
Ահա՛ նման՝ ապօրինի, կամայական եւ անարդար որոշումի մը կայացման չարաբաստիկ թուականն է 1921ի Յուլիս 5ը։
Ն.