Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի ելոյթը Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) երկրորդ համագումարին կը շարունակէ հրապարակային քննարկումներու, աւելի շատ գրառումներու տեսքով ողողել համացանցը: Բնականաբար ալ այդպէս պիտի ըլլար:
Միանգամայն յստակացնենք, որ Տէր Պետրոսեանի մօտեցումով պէտք չէ հայեացքներու մօտեցումները ընդհանրացնել, բացարձակացնել եւ մտածողութիւններուն անհեթեթութիւնը ընդգծելու համար սեփական միտքէն դուրս այլ տեսակէտի սով նկատել ու անվերջ շեշտել միակ դեղատոմս հրամցնողի ինքնաառանձնաշնորհումը:
Այլ խօսքով «ոչ մէկ թիզ հողական»-ներ «Պանք օթոմական»-ներ (7 դեկտեմբեր 2017) կամ ազգը ֆիտայացնողներ, Սթամպուլը արեան ծով դարձնողներ (1 նոյեմբեր 1997) տէրպետրոսեանական որակումներուն դիմաց պէտք չէ առաջարկ ընողը, ուղերձ փոխանցող կամ քայլ առնողը այս պարագային պիտակաւորել իբրեւ դաւաճան, իբրեւ հայրենի տարածքներու վաճառական, իբրեւ ծախուած, իբրեւ ապազգային մարդ: Տէր Պետրոսեանի գործած սխալը պէտք չէ վերադարձնել:
Բանավէճը լուրջ է եւ լրջանալու պահը զգացողը նման ծայրայեղականացումներով, բացարձակացումներով եւ աժանագին որակումներ օգտագործելով ոչ միայն ինքնահակասական դրութեան մէջ կը դրուի, այլ նաեւ չի նպաստեր առողջ բանավէճի կայացման:
Բայց կը թուի, որ այս ոճէն ձերբազատուելու ճիգը չէ արդիւնաւորուած Տէր Պետրոսեանի մօտ: 1997-էն մինչեւ 2016 թուաբանութիւնը կը գումարէ 19 տարի, որ բաւարար չէ եղած այս կարեւոր բացթողումը սրբագրելու առաջին նախագահին համար: Ազգը ֆիտայացնողը դարձած է ոչ մէկ թիզ հողական, իսկ Սթամպուլը` Պանթ Օթոման:
Այս բաժինը շեշտելը կարեւոր է այն առումով, որ առաջին նախագահի մօտ որքան ալ գիտականութեան, սառնասիրտ պետական մարդու զուտ պետական շահեր հետապնդելու ցուցադրականութիւնը կը շեշտուի, նոյնքան տուրք կը տրուի ժողովրդահաճութեան, փոփուլիզմին: Բայց անցնինք:
Առաջին նախագահին խօսքը, կը թուի, որ հիմնականին մէջ հետեւեալ նպատակը կը հետապնդէ:
Այն, ինչ որ այսօր բանակցային օրակարգի վրայ է արցախեան հակամարտութեան առումով, ինք առաջադրած է 19 տարի առաջ: Օրին, եթէ «պատերազմի համակարգ»-ը զինք ընկալած ըլլար, աւելի ամուր դիրքերէ կ՛ընթանար լուծումի. մինչ, այսօր աւելի թոյլ հայկական կողմ մըն է, որուն կը հրամցուի հարցի լուծման փուլային տարբերակը: Այս պարզունակ բացատրութիւնը ունի իր մարդկային-հոգեբանական հիմնաւորումները: Բնականաբար մարդ ինքնագոհունակութիւն կը զգայ եւ կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ իր ըսածները այսօր իբրեւ առաջարկ քննարկումի լայն ենթահող գրաւած են, եւ աւելի՛ն, կը մեկնաբանուին միջնորդ պետութիւններու կողմէ երկու կողմերուն իբրեւ փոխզիջումնային լուծման տարբերակ: Այս ինքնագոհունակութիւնը անմիջական շրջապատին հետ կիսելը կրնայ նկատուիլ շատ բնական եւ գուցէ չափազանցուած, երբ կ՛օգտագործուի իբրեւ նախաբան այս պարագային պատկանած կուսակցութեան բարձրագոյն համագումարին եւ անկէ նաեւ իբրեւ ուղերձ` բոլորին:
Աւելի մանրամասն համեմատութիւն մը 1 -11- 97-ին եւ 17- 12- 16-ին պիտի նկատէ ընդհանրութիւններ, այլ տեղեր փակագիծերու բացումներ, եւ բերուած օրինակներու նմանութիւններ: Այս վերջինի պարագային իսրայէլեան օրինակի գերակայութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը ակներեւ է: Տէր Պետրոսեանը կ՛ուզէ վերածուիլ Փերես-Ռապինի եւ խաղաղասէրի կերպարով յանձնուիլ պատմութեան: Ուրկէ նաեւ իր անտեղի հակադրութիւնները իբրեւ թէ ռազմատենչերու եւ պատերազմի կուսակցականներու դէմ:
Անձնական ինքնագնահատականներու այս բաժինը բաւական շեշտուած է երկու փաստաթուղթերուն մէջ ալ. բնականաբար կան նաեւ քաղաքական ուղերձներ այդ բոլորի ճամբով: Գուցէ իրաւամբ, ելոյթը շատ մեկնաբանուեցաւ իբրեւ ուղերձ Մոսկուային. ռուսական գերմիջնորդութեամբ վերստին արծարծման նիւթի վերածուած քազանեան փաստաթուղթը, որ մօտաւորապէս մատրիտեան նորացուած սկզբունքներու մասին է, առիթ է վերստին յիշեցնելու Տէր Պետրոսեանի փուլային լուծման տարբերակի համաձայնութիւնը եւ ատով իսկ Մոսկուային փոխանցելու իր համաձայնութիւնը լաւրովեան ծրագիրին: Աւելի բացատրողական կ՛ըլլայ այս ուղերձի հաւանականութիւնը, երբ Տէր Պետրոսեան կը ճշդէ նաեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ բարի դրացիութիւն կարգախօսով մասնակցելու ընտրարշաւի նիւթը: Այսինքն` ՀԱՔ-ը պէտք է խորհրդարանին մէջ ունենայ իր կշիռը` իրականացնելու համար հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը, որմէ ետք նաեւ հարցերը լուծէ Անգարայի հետ:
Քաղաքական այլ ուղերձներ եւս կարելի է նկատել, բայց հիմնական դիտարկումը կը կեդրոնանայ հետեւեալ կէտին վրայ:
«Պատերազմ թէ՞ խաղաղութիւն» յօդուածին մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը հարցադրէր` կարելի՞ է արդեօք յաւերժօրէն կամ թէկուզ երկար ժամանակով պահպանել սթաթիւս քոն եւ Ղարաբաղի խնդիրի չլուծուած վիճակը: Եւ յետոյ կը պատասխանէր. «Սթաթիւս քոն երկար ժամանակով պահպանել հնարաւոր չէ, որովհետեւ դա թոյլ չեն տայ ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ո՛չ էլ Հայաստանի տնտեսական կարողութիւնները»:
Իսկ 17 դեկտեմբերի ելոյթին մէջ կը հաստատէր. «Այսօր բանակցութիւնների սեղանին, ըստ էութեան դրուած է կարգաւորման փոխզիջումային նոյն առաջարկը, ինչ 1997 թուականին, այն է` որոշ տարածքների զիջման դիմաց Ղարաբաղին միջազգայնօրէն ճանաչուած միջանկեալ կարգավիճակ շնորհելու, իսկ վերջնական կարգավիճակի հարցը ապագային թողնելու տարբերակը` երաշխաւորուած ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գծում խաղաղապահ ուժերի տեղակայմամբ»:
Եթէ ընդունինք Տէր Պետրոսեանի համոզմունքը, որ միջազգային հանրութիւնը թոյլ չի տար երկար ժամանակով պահպանել սթաթիւս քոն, ապա բնականաբար հարց պիտի տանք, թէ ինչո՞ւ կը հանդուրժուի սթաթիւս քոյի երկար պահպանումը:
Պատասխանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նոր ելոյթի մէջբերուած բաժինին մէջ է. միջազգային խաղաղապահ ուժերու բաղադրութեան շուրջ միջազգային համաձայնութիւն մը գոյանալու պարագային է միայն, որ կ՛արագանայ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը կամ ընդհանրապէս խնդիրի լուծման կարեւորագոյն փուլերու առաջ շարժելու գործընթացը:
Ուրեմն, մինչ այդ իբրեւ բանակցող կողմ, այն ալ յաղթած կողմ պաշտօնապէս յայտարարելը, թէ պատրաստ է փոխզիջումներու կամ տարածքներ միջանկեալ կարգավիճակի դիմաց լուծման տարբերակին համաձայն ըլլալու, քաղաքականօրէն, մեղմ ըսելաձեւով ճիշդ չի նկատուիր:
Հայկական դիւանագիտութիւնը այս հանգրուանին կը շարժի միջազգային ընտանիքի արծարծած պահանջներուն հետ իր մօտեցումները համատեղելու ընդհանուր մարտավարական մօտեցումներով: Այն է` բացառել ուժային միջոցները, շփման գիծին վրայ տեղադրել վերահսկողութեան մեքանիզմներ, պահպանել 94-ի հրադադարը, շարունակել բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ, ընդարձակել ԵԱՀԿ-ի անձնական ներկայացուցիչի լիազօրութիւնները:
Իսկ աւելի հեռահար կտրուածքով, եւ այս առիթով արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի բնորոշումով, եթէ փուլային տարբերակի մասին է խօսքը, ապա ուրեմն հայկական կողմի մօտեցումն է
Ա.- Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախ կարգավիճակը:
Բ.- Վերադարձնել Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքները Արցախի Հանրապետութեան:
Գ.- Սկսիլ գործընթաց Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման:
Ահա դեղատոմսերը հարցի լուծման: Յաղթող կողմը կարգավիճակը յստակացնելէ եւ արցախեան գրաւուած տարածքներուն վերատիրանալէ ետք է, որ Արցախ-Ազրպէյճան սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններու կը ձեռնարկէ:
Իսկ այս մօտեցումը պատերազմ թէ խաղաղութիւն մտածողութեամբ ստեղծուած երկուութեան հետ կապ չունի: Քաղաքականութեան մէջ խիստ կարեւոր է թայմինկի օգտագործումը: Բանակցային նիւթերու արծարծումը ունին իրենց պահերը, հասունցող` աշխարհաքաղաքական իրադրութիւններուն հետ: 19 տարի առաջ եւ անընդհատ նոյն արծարծումները կատարելը քաղաքական այս տրամաբանութեան մէջ կրնայ չդիտարկուիլ:
«Ա.»
aztagdaily.com