Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սեւակ Արծրունին «Արևելք»-ում գրում է.
«Երբ մօտդ կը որոտան ռումբերը եւ կը սուլեն հրթիռները՝ գլխուդ վրայ, երբ ամենօրեայ կեանքը լոյսի, հացի ու ջուրի նման ամենաէական պահանջներու զրկանքներուն կը հասնի, նման պայմաններու մէջ, երբ առջեւդ առիթ կը բացուի՝ մէկ օրուայ մէջ թողել պահու մշուշապատ իրականութիւններն ու երթալ, թէկուզ ընդմիշտ, թէկուզ աշխարհի միւս ծայրը, առանց երկար մտածելու, ամենադիւրին, ամենահեշտ ու ձեռնտու տարբերակով, որ նաեւ կը փայլփլի շողշողուն յոյսերով ու ախորժալի խոստումներով, դուն… կ\'երթաս:
Կը ձգես դժուարահաս ու տարբեր տաղտուկներու ու փնփնթոցներու տակ ծածկուած Հայաստան հաստատուելու ծեծուած ու յանկարծ անմիջուկ թուացող երազը… եւ կ\'երթաս:
Ափսոսալով Հալէպի մէջ թողած հազարամեայ ամբարուած արեւելեան անսպառ պերճանքները՝ մէկ վարկեանուան մէջ կը լքես հայրերու գերեզմանները, հայ ընտանիքի եւ եկեղեցւոյ աւանդական կեանքի իբր թէ ամէն բանէ բարձր դասուող արժանիքները, եւ «եալլա», վերջնական ու անդարձ, կը մեկնիս Գանատա: Տանելով ամէն բան՝ կին ու երեխայ, յուշ- յիշողութիւն, սեփական եւ երբեմն ալ… միութենական կանխիկ խնայողութիւնները:
Կ\'երթաս՝ ետեւդ թողելով նաեւ հարիւր տարի ծեծուած «Դէպի Երկիր» ճոռոմ լոզունգը, կ\'երթաս հեռու, շատ հեռու եւ կ\'երթաս արագ:
Եւ ինչո՞ւ մեկնիլ Հայաստան, երբ այդ ծրագիրը լքելու համար կան այնքան շատ ու պէսպէս պատճառներ ու արդարացումներ, պահի պատրուակներ՝ «մահանաներ». հայաստանցիներու կոշտութիւնը, նորեկ «ախպար» -ի յիմար երեւոյթը: Լաւագոյն պատրուակն անշուշտ բոլորի մօտ պատրաստ է՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ու ազատական արժէքներու պակասը, երբ ատոնցմով այնքան «լեցուն ու հարուստ» էին սուրիական կեանքը Ասատներու երկրին մէջ…եւ Միջին Արեւելքի մէջ առ հասարակ:
Ահա մեր հարիւրամեայ հայապահպանութեան, հայ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ դաստիարակած պահպանողական հանրութիւնը: Ահա մեր ազգասէր հաստատութիւններու ստեղծած հասարակութիւնը: Ահա Գանատայի մէջ ու Միջին Արեւելքի մէջ գործող մեր եկեղեցական, մշակութային, կուսակցական վերնախաւի հարիւրամեայ աշխատանքի ստեղծած արդիւնքի ամփոփումը:
Ոչ ոք իրաւունք ունի քննադատել Սուրիան լքող հայու՝ արտասահման պատսպարուելու բնական ցանկութիւնը: Ոչ ոք: Եւ բոլորս պարտաւոր ենք գլուխ խոնարհել բոլոր անոնց առջեւ, որոնք տակաւին այսօր, երբեմն նոյնիսկ զէնք ի ձեռին, կը կանգնին Սուրիոյ մէջ մեր համայնքային հաստատութիւններու գոյութեան կողքին:
Մահուան սարսուռի ու խելայեղ փախուստի ժամանակ, բնականաբար քեզ կը նետես այնտեղ, ուր քու երեխաներն ու սիրելիները իրենց փրկուած կը զգան վերահաս վտանգէն: Սակայն լքելէ ետք վտանգի վայրը, առաջին բանը որ կը մտածես՝ հիմա որ կտրուեցայ իմ ծննդավայրէս, ո՞ւր երթամ: Այստեղ կը սկսի բացայայտուիլ մեր ազգայնական սփիւռքի մակերեսային ու դատարկ ընդերքի խեղճ ու սնանկ բովանդակութիւնը: Երէկ տակաւին սովամահ ու շրջափակուած հայրենիքին ազգասիրութեան դասեր շռայլող սփիւռքահայ վերնախաւին հարց կու տամ, կա՞յ, ստեղծուեցա՞ւ գոնէ մէկ կառոյց, մարմին, միջհամայնքային յանձնախումբ, հիմնադրամ, որ պարտականութիւն ստացաւ կազմակերպել սուրիահայութեան ընթացող ու ահագնացող տեղահանութիւնը եւ հիմնաւորումը հայրենիքի մէջ:
Հայաստանի մէջ ստեղծուեցան ծրագիրներ՝ իշխանական եւ կուսակցական հիմքերու վրայ, որոնք ձախողեցան եւ ընդմիջուեցան: Կա՞ն գնահատանքներ, կա՞ն շարունակուող ջանքեր ձախողման պատճառներու եւ աւելի իրատեսական ու արդիւնաւէտ նոր նախագիծեր կեանքի կոչելու:
Սփիւռքահայ ազգայնականները իրենց ազգային-հայրենասիրական երգերով գացին Գանատա, իսկ իրենց կուսակցական կազմակերպութիւնները Գանատայի մէջ, իրենց վաղանցիկ կառոյցներու հիւծումը երկարաձգելու, միջկուսակցական ազդեցութիւններու մրցոյթը ամէն բանէ աւելի բարձր համարելով, պարտք զգացին Գանատայի իշխանութիւններու հետ միասին կազմակերպել Սուրիոյ մէջ բայց նաեւ Հայաստանի մէջ, Քուէյթի մէջ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ պատսպարուած սուրիահայութեան մասսայականօրէն Գանատա տեղափոխելու գործը:
Կը դատապարտեմ, բոլորիս, ի սփիւռս եւ ի հայրենիք, ի ցոյց կ\'ընեմ մեր համատարած անպատասխանատու, անլուրջ վերաբերմունքը կործանուող Միջին Արեւելքի բիւրաւոր հայերու կորուստի համար: Ունինք հայրենիք, անկախ երկիր, ուր ես չտեսայ փողոցը քնացած կամ վրաններու տակ բնակուող թէկուզ մէկ սուրիահայու: Չտեսայ դպրոցէն, համալսարանէն, առողջական խնամքէն, հացէն զրկուած թէկուզ մէկ սուրիահայ երեխայի կամ կնոջ: Փոխարենը տեսայ երկար հերթեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու, որուն դիմողներու ճնշող մեծամասնութիւնը կը հետապնդէր մէկ նպատակ, հայկական անձնագրով մեկնիլ Գանատա, Ամերիկա եւ Շուէտ…:
Կը դատապարտեմ բոլորին, մահ ի սիրտ ու խորը կսկիծով, որովհետեւ այսօր տակաւին, Միջին Արեւելքի մէջ մնացած հայութիւնը, իր մէջ ունի բաւարար ներուժ, ինչպէս հայրենի գրող Պերճ Զէյթունցեանը կ\'ըսէ՝ հասնիլ իր վրէժին, «Թուրքերու քիթին տակ ստեղծելով, ուժեղ, բարեկեցիկ, օրինապահ երկիր, ուրկէ մարդ չ\'ուզէ հեռանալ…»
Իսկ Հայաստանի մէջ հայու առջեւ կանգնած դժուարութիւններու մասին, պատմել պէտք չէ՝ գիտենք… Սակայն հայրենիք վերադարձը կարմիր գորգի վրայ պիտի չըլլար, ու՞ր մնաց երբ կը խօսէինք, կը գոռայինք Արաքսէն այն կողմ հայրենիք վերադառնալու ծրագրերէն…
Ես ալ կը հաւատամ կազմակերպուած սփիւռքի՝ Հայաստանին թիկունք կանգնելու իրողութեանը: Սակայն այդ խօսքը կը վերաբերի հաստատութիւններուն, որոնք այս դէպքով բացայայտեցին իրենց նպատակազուրկ ըլլալը: Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ մարդուն, ան իր հայկականութիւնը կրնայ յաւերժացնել միայն հայ երկրի մէջ:
Հասկնանք վերջապէս՝ սփիւռքը ճակատագիր մը չի կրնար ըլլալ, այն անցողիկ իրողութիւն մըն է: Սփիւռքահայութեան զանգուածներու առջեւ առկայ են ճակատագրի ընդամէնը երկու խտրութիւններ՝ օտարացում կամ հայրենադարձութիւն: Առաջինը կը փայլփլի յաւերժ պարտութեան շողշողուն յոյսերով ու ախորժալի խոստումներով: Երկրորդը լեցուն է անհատնում դժուարութիւններով: Ընտրէք՝ որը կ\'ուզէք, բայց ի սէր Աստծոյ, վերջ տուէք անիմաստ ու դեղնած ազգայնական լոզունգներուն ու բարոյախօսութեան չվերջացող դասերուն: Անոնք հայրենազրկութեան alibi-ներ չեն համարուիր, արդէն 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-էն ի վեր»: