Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Ազատ օր
10 Յունիս 1909.
Լոյս տեսաւ դաշնակցական մամուլի ճակատը
լուսաւորող Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթը
Ն.
Յունիս 10ի այս օրը, 106 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ իր հրատարակութիւնը սկսաւ «Ազատամարտ» անունով թերթ մը։
Իր առաջին թիւերէն իսկ, ընտիր բաղադրութեամբ ու լաւ շաղուած խմորի պէս՝ «Ազատամարտ» յորդեցաւ մամլոյ սովորական կաղապարէն... Անիկա գլեց-անցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները։ Աւելի ճշգրիտ՝ անմիջապէս դարձաւ ամբողջական եւ լիարժէք մարմնաւորումը Հայ Թերթի։
«Ազատամարտ»ի հրատարակութեան նախաձեռնած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ 19ամեայ իր գործունէութեան ընթացքին, իր կեդրոնական օրգան «Դրօշակ»ով եւ շրջանային-տեղական օրաթերթերով՝ արդէն սեփական ուղին հարթած էր հայ մամուլի մեծ ընտանիքէն ներս։
«Ազատամարտ» լոյս աշխարհ եկաւ նորովի իմաստաւորելու եւ հարստացնելու հայկական օրաթերթի պատկերացումը։
«Ազատամարտ» եկաւ գտնելու մամուլի իւրայատուկ միջինը մէկ կողմէ կուսակցական-գաղափարական պաշտօնաթերթի, իսկ միւս կողմէ համաժողովըրդային ու մտաւորական ազատ բեմի առաքելութեամբ առաջնորդուող թերթի։
Իր այդ նուաճումով ալ «Ազատամար» դարձաւ դաշնակցական մամուլի ճակատը լուսաւորող այն օրաթերթը, որ նոր հորիզոններու բացաւ ամբողջ հայ մամուլը։
1909ին Օսմանեան Սահմանադրութիւնը նոր հռչակուած էր։ Պոլիսը արագօրէն կը վերագտնէր հայ մտքի եւ ստեղծագործ հոգիի եռուն հաւաքավայրի իր կենսունակութիւնն ու ազատութիւնը։ 1890ականներու երկրորդ կիսուն, Համիտեան գրաքննութենէն, հետապնդումներէն եւ հալածանքներէն խոյս տուած ու Պոլսէն հեռացած հայ մտաւորականութիւնը վերադարձած էր օսմանեան մայրաքաղաք։
Ամիսներու ընթացքին, նորովի թափով, հայկական Պոլիսը վերագտած էր իր շէնշող աշխուժութիւնը։
Նոյն ժամանակամիջոցին, հայոց աշխարհին պարտադրուած սահմանագծին միւս կողմը, Ցարական Ռուսաստանի տարածքին եւ յատկապէս Անդրկովկասի մէջ, մոլեգնած էր կայսերական յետադիմութիւնը եւ ձեռնարկած էր, ընդհանրապէս Ցարիզմի դէմ պայքարող յեղափոխականներու շարքին, նաեւ հայ ազգային ու յեղափոխական սերուցքին դէմ հակայարձակման...
Ցարական իշխանութիւնները ոստիկանական ճնշումի խստութեամբ հալածանքի եւ հարուածի տակ առած էին արեւելահայ զարթօնքի կենարար օճախ Թիֆլիսը։
Եւ եթէ 1900ականներու սկզբնաւորութեան սուլթանական ճնշումներէն խոյս տուած արեւմտահայ մտաւորականութիւնը իր առջեւ բաց գտած էր հայկական Թիֆլիսը, փարելով արեւելահայ մամուլի աշխատակցութեան, ժամանակի դառն ու հեգնական խաղով, 1908էն սկսեալ, հայկական Պոլիսը ի՛նք այս անգամ լայն ասպարէզ կը բանար ցարական հաշուեյարդարէն խոյս տուող արեւելահայ մտաւորականութեան առջեւ։
Թիֆլիսը, 1905ի Ռուսական Առաջին Յեղափոխութեան առաջացուցած ազատութեանց ալիքէն օգտուելով, արագօրէն իր վրայ կեդրոնացուցած էր հայ ազգային-ազատագրական պաքարի բովին մէջ հասակ նետած եւ թրծուած դաշնակցական մտաւորականութեան կենսունակութիւնը։
1906ին, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսաւ «Յառաջ» օրաթերթը, որ անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի կամ թիֆլիսեան անկուսակցական մամուլի էջերուն հռչակի տիրացած հեղինակաւոր գրողները.- Աւետիս Ահարոնեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գարեգին Խաժակ, Յոնան Դաւթեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս եուսուֆեան, Միքայէլ Վարանդեան, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ։ «Յառաջ» իր հրատարակութիւնը անխափան շարունակեց մինչեւ 1909ի ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ։ Իսկ այնուհետեւ, «Հորիզոն» անուանափոխուելով, անկուսակցական թերթի պաշտօնական կարգավիճակով՝ շարունակեց իր հրատարակութիւնը մինչեւ 1918։
Արեւմտահայ ճակատին վրայ եւ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին խստացող գրաքննութեան անշնչելի մթնոլորտին մէջ, Վանէն մինչեւ Տրապիզոն եւ Իզմիրէն մինչեւ Սոֆիա ու Պալքաններ, դաշնակցական տեղական մարմիններու եւ գործիչներու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած էին բազում թերթեր, որոնք սակայն սահմանափակ տարածում եւ հասողութիւն ունէին, դաստիարակչական եւ քարոզչական ազդու ներգործութիւն ունենալով հանդերձ։
Ազգային-քաղաքական զարգացումներու այդ խորապատկերին մէջ կը տեղաւորուի ծնունդը «Ազատամարտ»ին։
Անոր հրատարակութեան ձեռնարկելու որոշումը տուաւ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոն։ 10 Յունիս 1909ին լոյս տեսաւ «Ազատմարտ»ի առաջին համարը եւ անմիջապէս ոչ միայն շարժեց ընթերցող լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը, այլեւ՝ դարձաւ ժամադրավայրը ատենի հայ մտաւորականութեան ամէնէն վաւերական դէմքերուն։
Ռուբէն Զարդարեանի վստահուեցաւ «Ազատամարտ»ի արտօնատէր-խմբագրապետի պատասխանատուութիւնը։ Խմբագրական մարմնին մաս կազմեցին Շաւարշ Միսաքեան, Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Յակոբ Ճ. Սիրունի (Ճօլօլեան), Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան), Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձում Համբարձումեան, Ռուբէն Դարբինեան, Ներսէս Փափազեան, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեռնեան), Լեւոն Աղապապեան, Լեւոն Մոզեան եւ ուրիշներ։ Շատ աւելի ընդգրկուն եղաւ «Ազատամարտ»ի մնայուն աշխատակիցներուն շրջանակը, որոնց շարքին իրենց կարեւոր տեղը ունեցան Սիմոն Զաւարեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի ու Յակոբ Օշականի, Գարեգին Խաժակի եւ Ռուբէն Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Կոստան Զարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Զապէլ Եսայեանի, Լեւոն Շանթի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի տարողութեամբ վաւերական ու մեծանուն դէմքեր։
Արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտքի ու գրչի այդ ատենի հսկաներուն, փաստօրէն, իրարու մօտեցուց եւ զօդեց Դաշնակցական Ոգին՝ ոչ միայն իբրեւ սոսկ կուսակցական պատկանելութիւն, այլեւ իբրեւ հայ մտքի եւ հոգիի ազատ ու անկաշկանդ թռիչքին թափ տալու յանձնառութիւն եւ անսակարկ նուիրում։
Թէեւ հազիւ վեց տարի ապրեցաւ «Ազատամարտ»ը եւ փակուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին, այսուհանդերձ՝ անոր հրատարակութեան կարճատեւ շրջանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի «Ազատամարտ»ը նոր հորիզոններ բանայ ընդհանրապէս հայ մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական պաշտօնաթերթերու արդէն բազմանդամ ընտանիքին առջեւ։
«Ազատամարտ» դարձաւ իր ժամանակի ամէնէն տարածուն օրաթերթը՝ մինչեւ 12 հազար տպաքանակի արժանանալով։ Եղաւ արեւմտահայ հրապարակագրական լեզուի գեղարուեստական մշակման ախոյեանը։ Ստեղծեց արժանահաւատ լրատուութեան, թղթակցութեան եւ իրազեկման կենսունակ ոճ։ Ազգային-քաղաքական առաջնորդող խօսքի դրօշակիր դարձաւ ու գաղափարական արժէքներու եւ սկզբունքներու անկաշառ պաշտպանութեան, ինքնահաւատարմութեան ու պատասխանատու քննադատութեան աւանդոյթ մշակեց։ Ընդառաջեց հայ ընթերցողի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններուն՝ անոնց բաւարարման կողքին նախանձախնդիր ըլլալով, որ բարձրացնէ միջին ընթերցողին լեզուամտածողութեան եւ մշակութային-գեղարուեստական ճաշակին մակարդակը։
«Ազատամարտ» ուղի հարթեց նաեւ իր յաւելուածներով, որոնք յատկապէս գրական-մշակութային մարզերու մէջ իրենց խրախուսած նորարարութիւններով՝ Պոլսոյ հայ իրականութեան սահմաններէն շատ անդին անցան եւ թափ տուին Հայ Մտքի համընդհանուր թռիչքին ու ճառագայթումին։ Այդպիսի՛ն եղաւ յատկապէս գրական յաւելուածը, որ նաեւ իբրեւ առանձնատիպ լոյս տեսաւ «Բագին» անունով եւ իր 73 համարներով՝ կազմեց «Ազատամարտի սերունդ»ին փառքի դափնեպսակը
Թէեւ թրքական իշխանութեանց ձեռնարկած ցեղասպանութեան մեծ ոճիրին առաջին զոհերէն եղաւ «Ազատամարտ»ը, որուն հրատարակութիւնը խափանուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին, բայց Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1918ին, ան վերահրատարակուեցաւ նախ «Արդարամարտ», ապա՝ «Արիամարտ» եւ «Ճակատամարտ» անուններով, թրքական գրաքննութեան կաշկանդումներէն խուսափելով, մինչեւ որ Հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջնականապէս արգիլեցին անոր հրատարակութիւնը։
Աւելի քան հարիւր տարի անցած է «Ազատամարտ»ի ծնունդէն ասդին, բայց ոչ միայն դաշնակցական մամուլի, այլեւ ընդհանրապէս հայ մտքի եւ գրչի հետագայ թռիչքներուն մէջ միշտ ալ ոգեշնչման աղբիւր կը մնայ «Ազատամարտի Սերունդին» անզուգական խմբագրապետին՝ Ռուբէն Զարդարեանի պատգամը, որ առաւելագոյն խտութեամբ հանդիսադրուած է «Բագինին փառաբանութիւնը» խորագրուած անոր կուռ հրապարակումին մէջ.-
«Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը, որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տուաւ մեզի: ... Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ։ ... Դարերու նախատինքն ու ամօթն է, որ կը հրդեհենք։
«Բարձրագլուխ ու անյողդողդ՝ կանգնած ենք մահուան դէմ՝ մեր ահաւոր ցաւին հետ, որ մեր փառքն է միանգամայն, եւ հպարտութիւնն ունինք պատմութեանն աւանդելու դիւցազնութեանց ամէնէն սխրալին, հպարտութիւնն ունինք հետագայ դեռ տառապող մարդկութեան փոխանցելու ազատութեան ամէնէն հզօր սարսուռները»: